ԱԿՆԱՐԿ - 96 - ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ (ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ)

Յաճախ կը խօսինք եւ կը լսենք անորոշութեան մասին, բայց թերեւս մեզմէ շատերը չեն մտածած, թէ խորքին մէջ ի՛նչ է անորոշութիւնը, կամ ուրկէ՞ կու գայ:

Բառարանները անորոշութիւնը կը բացատրեն որպէս անստուգութիւն, տարտամութիւն, անյստակութիւն: Այս երեք բառերը առանձինն եթէ նկատի ունենաք, ապա երեք տարբեր բացատրութիւններ կրնայ ըլլալ ունենանք, որ սակայն նոյն իմաստին եւ նոյն ըմբռնումին կը հասցնեն մեզ:

ա. Անորոշութիւնը, արդարեւ, անստգութիւն է այն ատեն, երբ մարդ չի՛ գիտեր գալիքը, չի՛ գիտեր, թէ յաջորդ քայլին ի՛նչ կրնայ պատահիլ իր հետ: Ոմանք, այս կէտին վրայ կեդրոնանալով, կու գան ըսելու, որ կեանքը անորոշութեան ծով մըն է, ուր մարդուն կը սպասեն բազմաթիւ անորոշութիւններ:

Կեանքը անորոշ կրնայ ըլլալ այն մարդուն համար, որ չի՛ գիտակցիր իր կոչումին՝ առաջին հերթին, եւ երկրորդ, ո՛չ մէկ նպատակ ունի իր կեանքին համար: Նման պարագաներու, կարելի է ըսել, որ կեանքը տուեալ մարդոց համար անորոշութիւններու ծով է: Բայց միւս կողմէն երբ նայինք, երբ մարդ գիտակցած է իր կոչումին, իր կեանքին համար նպատակներ ունի, ապա այդ մարդուն համար կեանքը կը դադրի անորոշութիւններու ծով մը ըլլալէ, որովհետեւ յստակութիւնն ու կարգաւորուածութիւնը անորոշութեան թշնամիներն են:

բ. Անորոշութիւնը տարտամութիւն է այն ատեն, երբ մարդ թէեւ որոշակիօրէն կը գիտակցի իր կոչումին եւ նպատակներ ունի, սակայն որոշ պարագաներու եւ հանգամանքներու բերումով տարտամութեան մէջ կը յայտնուի, որով ինքնաբերաբար ինքզինք նետած կ՚ըլլայ անորոշութեան գիրկը: Կեանքը, ըսուած է, թէ պայքար է, իսկ իւրաքանչիւր պայքար իր մէջ կրնայ անկումներ եւ վերելքներ ունենալ: Իր մղած պայքարներէն յաղթական դուրս կու գայ ա՛յն մարդը, ով գիտէ իւրաքանչիւր անկումէ ետք դարձեալ ոտքի ելլել եւ շարունակել պայքարիլ, հասնելու համար իր նպատակին: Իսկ երբ մարդ առաջին կամ երկրորդ անկումէն ետք տարտամութեան մէջ յայտնուի, այդպիսով ինքզինք կը գտնէ անորոշութեան մէջ, ուրկէ դուրս ելլելէ շատ դժուար կ՚ըլլայ:

գ. Անորոշութիւնը անյստակութիւն է, երբ մարդ չունի յստակ նպատակ, յստակ ծրագիր: Ոմանք պիտի ըսեն, թէ նպատակն ու ծրագիրը ի՞նչ կրնան ընել երբ անորոշութիւն կը տիրէ ամէնուր: Պատասխանը պարզ է, երբ մարդ նպատակ ունի եւ ծրագիրներ մշակած է իր կեանքի ընթացքին համար, ապա նոյնիսկ անորոշութեան մէջ կրնայ ինքզինք կանգուն եւ հաստատուն պահել:

Ընդհանրապէս անորոշութիւնը որպէս բացասական երեւոյթ կը ներկայացուի, եւ այդպէ՛ս ալ է: Բայց կայ նաեւ անորոշութեան դրական երեսն ալ, որ անորոշութեան մէջ յայտնուած մարդը, շատ յաճախ իր առջեւ բացուող նո՛ր դռներ եւ նոր հնարաւորութիւններ կը գտնէ: Բնականաբար խօսքը այն մարդոց մասին է, որոնք անորոշութեան մէջ յայտնուելով իրենց ձեռքերը չեն ծալեր, այլ՝ կը փորձեն ելք մը, միջոց մը գտնել անորոշութենէն ձերբազատելու համար: Հետեւաբար, որոշ պարագաներու մարդ պէտք է լաւագոյնս օգտագործէ անորոշութեան վիճակները, որպէսզի յաղթական եւ նոր ձեռքբերումներով կարենայ դուրս գալ տուեալ վիճակէն:

Շատեր խօսած են անորոշութեան մասին: Այսպէս օրիակ, Էմմանուէլ Քանթ կը գրէ. «Թէեւ մենք չենք կրնար ճանչնալ իրերը իրենց իրական գոյութեան մէջ, սակայն մենք կրնանք հասկնալ անոնց ազդեցութիւններն ու հանգամանքները մեր գիտակցութեան մէջ»։ Այսինքն, մարդ յաճախ կրնայ չհասկնալ կամ չըմբռնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի իր չորսդին ֆիզիքապէս, սակայն իմացապէս, իր գիտակցութեան մէջ ո՛չ միայն կրնայ գիտակցիլ, այլեւ հետեւութիւններ ընելով կրնայ դրական եզրակացութիւններու եւ լուծումներու հասնիլ, ինչ բանի ուրիշ պայմաններու մէջ դժուար թէ կարենար հասնիլ:

Անորոշութեան մէկ վատ կողմը այն է, որ շատ յաճախ իրեն գերի դարձած մարդիկը կը տանի անձնասպանութեան: Մարդիկ, յաճախ, երբ կեանքի մէջ դժուարութիւններու հանդիպին, կամ մի քանի անգամ ձախողին ձեռնարկած որեւէ մէկ գործի մէջ, առաջին հերթին կ՚իյնան յուսահատութեան գիրկը: Յուսահատութեան այդ վիճակը սակայն, եթէ ճիշդ ձեւով չդարմանուի, ապա կը վերածուի անորոշութեան, իսկ անորոշութիւնը յուսահատութեան հետ միասին, մարդս կը մղեն անձնասպանութիւն գործելու: Այդ պատճառով է, որ ընդհանրապէս ընկերաբանները անորոշութիւնը կը ներկայացնեն ո՛չ անպայման կայուն վիճակ մը մարդուն կեանքին մէջ, այլ հանգրուան մը, որ ծնունդ է տուեալ ժամանակահատուածի մը, կամ տուեալ արտաքին պայմաններու եւ ազդակներու: Վերը նշեցինք, որ երբ մարդ իր կեանքին մէջ նպատակ ունի, աւելին, երբ մարդ գիտակից է իր կոչումին, ապա անորոշութեան այս վիճակները, որոնք մերթ ընդ մերթ կը յայտնուին իր կեանքին մէջ, զանոնք կը ծառայեցնէ նոր հնարաւորութիւններ գտնելու եւ ունենալու համար, եւ ո՛չ թէ յանձնուելու եւ յուսահատելու:

Անորոշութեան դէմ պայքարի թիւ մէկ եւ ամենէն զօրաւոր բանալին կամքն է: Կամքի տէր մարդն է, որ ի վիճակի եւ ի զօրու է նպատակադրել ու կանոնակարգել իր կեանքը, գիտակցիլ որպէս մարդ իր ունեցած պարտաւորութիւններուն՝ հանդէպ իր ընտանիքին, իր անմիջական միջավայրին, իր հայրենիքին եւ մարդկութեան ընդհուր առմամբ:

Անորոշութեան դիմաց չընկճուելու համար, հետեւաբար, մարդ պէտք է իր կամքը զօրացնէ եւ սորվի ու ջանայ նպատակ ունենալ իր կեանքին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 դեկտեմբեր 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2024