ՏԱՐԵՎԵՐՋԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ

2019 թուականն ալ իր աւարտին հասաւ: Մարդկութեան դարաւոր պատմութեան էջերէն մէկը եւս կը փակուի այսօր, բացուելու համար նոր էջ մը: Դարեր շարունակ նոյն գործընթացը կատարուած է, դարեր շարունակ մարդիկ հրաժեշտ տուած են հինին՝ դիմաւորելով նորը: Այս բոլորին մէջ սակայն ամենէն իւրայատուկ երեւոյթը՝ ՄԱՐԴն է, որ դարերու թաւալքին մէջ մնացած է նոյնը՝ իր կազմախօսութեամբ, սակայն կրած է հոգեւոր, մտաւոր եւ բարոյական հսկայ եւ երբեմն ալ լուրջ փոփոխութիւններ:

Դարեր շարունակ թիւերը փոխուած են, մէկին յաջորդած է երկուն, երկուքին յաջորդած է երեքը, երեքին՝ չորսը, եւ այս օրէնքով թիւերը փոխուած են, 365 օրերը լրացած են եւ նոր 365 օրերու շարք մը բացուած է: Թիւերու այս շարունակական փոփոխութիւնները եկած հասած էին 2019-ին, որն այսօր ինք եւս փոխուելով հրաժեշտ կու տայ մարդկութեան եւ անոր կու գայ փոխարինել 2020-ը:

Նոր թուականը շատերուն համար հետաքրքրական կը թուի, ոմանց համար ոգեւորիչ, ոմանց համար խորհրդաւոր, իսկ շատերու համար ալ ո՛չ էական: Վերջիններու պարագային եթէ ո՛չ էականը պայմանաւորուած է անտարբերութեամբ, բնականաբար բացասական երեւոյթ է, իսկ եթէ պայմանաւորուած է անով, որ թիւերու փոփոխութիւնը էապէս ոչի՛նչ կրնան փոխել մարդուն մէջ՝ եթէ մարդը չուզէ փոխուիլ, այդ պարագային այդ ո՛չ էականի տրամաբանութիւնը կառուցողական է: Եւ ընդհանրապէս այդ վերջին խումբին պատկանողներն են, որոնք իրենց ո՛չ էական կառուցողական տրամաբանութեամբ, նոր տարին կը դիմաւորեն պարզութեամբ, սովորական օրուան մը նման՝ արտաքնապէս, սակայն ներքնապէս կ՚ապրին հաշուեյարդարի եւ ինքնաքննութեան մթնոլորտ մը, ուր կը փորձեն առողջ տրամաբանութեամբ եւ գիտակից մօտեցումով հասկնալ, թէ անցնող 365 օրերու ընթացքին ի՛նչ կրցան ընել, ի՛նչ յաջողութիւններու հասան, ի՛նչ բաներու մէջ ձախողեցան, ի՜նչ բաներ կրնային ընել՝ բայց չյաջողեցան կատարել, եւ նման բազմաթիւ հարցադրումներով կ՚ամփոփեն անցնող 365 օրերը՝ նշելու համար նոր 365 օրերու մուտքը: Այս բոլորը բնականաբար անհատական գետնի վրայ:

Այս տրամաբանութեամբ փորձենք ակնարկ մը նետել, թէ անցնող 365 օրերու ընթացքին ազգովին ի՜նչ իրադարձութիւններու եւ նորութիւններու ականատես եղանք: Բնականաբար այս գրութեան սահմաններուն մէջ ընդհանուր ակնարկ չենք կրնար նետել բոլոր իրադարձութիւններուն, այլ՝ պիտի փորձենք ամփոփ ծաղկաքաղ մը կատարել եւ փորձել ամփոփ ձեւով վերլուծել իրադարձութիւնները:

Այսպէս.

- 2019 թուականը առաձնայատուկ էր անոր, որ մեր ժողովուրդի մեծերէն երկուքին՝ Կոմիտաս Վարդապետին եւ Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան 150-ամեակն էր: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ հայանուն երկու մեծերուն նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ ծրագիրներ իրագործուեցան, յօդուածներ ու գիրքեր գրուեցան, տեղի ունեցան դասախօսութիւններ եւ զրոյցներ, որոնց ընդմէջէն վերյիշելով անմահանուն այդ երկու մեծութիւնները, մեր միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ վերաթարմացուցինք եւ շատ յաճախ մեր անոնց մասին ունեցած գիտելիքները աւելցուցինք: Սակայն, հետաքրքրական է իմանալ, թէ քանինե՞ր յիշելով անմահանուն այդ երկու մեծութիւնները, գէթ պահու մը համար կանգ առին եւ նայեցան իրենց շրջապատին, ուր կան բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք ի՜նչ-ի՜նչ պատճառներով մթութեան մէջ մնացած են: Միւս կողմէ, չեմ գիտեր, թէ քանի՞ ձեռնարկի ընթացքին կամ յօդուածի կամ գիրքի մէջ նշուած է, թէ ի՜նչ դժուարութիւններ կրած են Թումանեանն ու յատկապէս Կոմիտաս Վարդապետը, որ իւրայիններուն կողմէ մերժուած ու հալածուած էր: Եւ անոնց ունեցած դժուարութիւնները եւ կրած հալածանքը նկատի ունենալով՝ պահու մը համար մեր շուրջը նայելով փորձեցինք նկատել, թէ այսօր եւս կան քանի՜-քանի՜ Կոմիտասներ ու Թումանեաններ, որոնք նեղութեան ու հալածանքի մէջ են:

Արդարեւ անցեալի մեծութիւնները յիշելն ու յիշատակելը, ձեռնարկ իրականցնելն ու յօդուած եւ գիրք գրելը անոնց մասին, գիտաժողովներ կազմակերպելը անոնց նուիրուած բաւարար չէ, աւելին՝ գոհացուցիչ չէ այսօրուան մեր իրականութեան մէջ: Մենք ներկա՛ն է, որ կ՚ապրինք, ներկա՛յի մարդիկն ենք մենք. անցեալը յիշել, անցեալի մեծերով հպարտանալ՝ արժան եւ իրաւ է այն ժողովուրդներուն, որոնք գիտեն յարգել ու մեծարել իրենց մեծութիւնները, սակայն այդքանով բաւարարուիլը կը խամրեցնէ այդ մեծութիւններուն իսկական արժէքը, որովհետեւ անոնց տարած աշխատանքին շարունակութիւնը չկայ. հետեւաբար, ապրելով այսօրուան մեր ներկայ իրականութիւնը, պէտք է արժեւորենք մեր այսօրը, մեր այսօրուան մեծութիւնները, անոնց առիթ տալով գործելու, ստեղծագործելու, արարելու, որպէսզի նախնիներէն մեզ աւանդ մնացած հարստութիւնը, ա՛լ աւելի հարստացած կերպով փոխանցենք մեզմէ ետք եկողներուն:

- Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մօտակայքը տեղի ունեցաւ դէպք մը, որ շատեր փորձեցին անուանել մշակութային դրսեւորում: Խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որպէս թէ կը փորձէին բեմականացնել տարիներ առաջ գրուած մէկ-երկու բանաստեղծութիւններ: Գաղափարը եւ կամեցողութիւնը արդար են, բայց այն ինչի որ ականտես եղանք, կ՚անդրանցնէր բարոյականութեան եւ մշակութային ամէն տեսակի դրսեւորում: Այդտեղ մշակոյթ չկար, այդտեղ կար պոռչտուք, այդտեղ կար անբնական շարժումներու հաւաքածոյ մը, այդտեղ կար ոռնոց, այդտեղ կար լկտիութիւն: Իսկ այս բոլոր թուարկածներս փորձել կոչել մշակոյթ կամ արդի մշակոյթի դրսեւորում, արդիւնք է պարզապէս մեր Հայ Մշակոյթը լաւապէս չճանչնալուն: Արդի մշակոյթ, ազատ մշակոյթ, ազատ մտածելակերպ եւ գործելաոճ, բնականաբար այսօրուան մեր իրականութեան գլխաւոր պահանջքներն են, ունենալու համար զարգացած պետութիւն մը, սակայն զարգացած պետութիւն ունենալու համար երբ կը դիմենք լկտիութեան, այդտեղ պետութեան մասին խօսիլ պարզապէս ամօթալի է: Յոյսով ենք, որ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնը նոր բացուող տարիին աւելի զգոյշ կ՚ըլլայ եւ խելամիտ կերպով կը վարուի նման երեւոյթներու հետ, որպէսզի մեր ունեցած հրաշալի եւ հարուստ մշակոյթը նման անմիտ եւ մշակոյթէ մղոններով հեռու երեւոյթները չմթագնեն մեր իրակա՛ն մշակոյթը:

- Մշակոյթի մասին անդրադարձայ, այս ալ ըսեմ: Քանի մը շաբաթ առաջ, որոշ «մշակոյթի գործիչ»ներ իրենց ստորագրութիւները դրին՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահի ազատ արձակման: Այսօր, թէ՛ Հայաստանէն ներս եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ բոլորն ալ գիտեն, թէ ի՜նչ աւերներ ու ոճրագործութիւններ կատարած է յիշեալ անձնաւորութիւնը, եւ այդ բոլորը իմանալով հանդերձ ստորագրութիւն դնել, ի պատասխան այդ երեւոյթին ժողովուրդը երբ իր արդար ցասումը յայտնեց այդ «մշակոյթի գործիչ»ներուն նկատմամբ, վերջիններս նեղացան, ըսելով թէ Հայաստանի մէջ ազատ խօսք չկայ... իրենք պարզապէս իրենց կարծիքն է, որ արտայայտած են: Բարի, յարգելիներս, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ եթէ Հայաստանի մէջ ազատ խօսքի հնարաւորութիւն չըլլար, դուք չէիք կրնար ձեր ստորագրութիւնները որեւէ տեղ դնել, եւ, ամենէն կարեւորը, ազատ խօսք ունենալը, անձնական կարծիք յայտնելը բան մըն է, իսկ ոճրագործ մը պաշտպանելը այլ բան է: Մեր ժողովուրդը հազիւ կրցաւ իր գլուխը ազատել եւ ազատ շունչ մը քաշեց, ձգեցէք, որ իր ազատութիւնը վայելէ: Եւ խնդրանք մը, եթէ ձեր տրամաբանութիւնը այդպիսին է, դուք ձեզ «մշակոյթի գործիչ» մի՛ կոչէք, որոհետեւ հեռու էք այդպիսին ըլլալէ:

- Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, դժբախտաբար սուրիահայութիւնը տակաւին կը մնայ անորոշ իրավիճակի մը մէջ: Պատերազմական գործողութիւնները հայաբնակ շրջաններէն հեռու են (Գամիշլիի եւ շրջակայքի պարագան մէկ կողմ դրած)՝ այո, բայց երկրի մէջ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմանները արդէն իսկ սպառած են մարդոց համբերութիւնն ու դիմացկոտութիւնը, բայց որովհետեւ շատերը հնարաւորութիւն չունին դուրս գալու՝ ինչ-ինչ պատճառներով, ստիպուած կը շարունակեն մնալ այնտեղ: Ինչ կը վերաբերի մնալու, վերաշինելու, տոկալու եւ այլնի կոչերուն, պիտի փափաքէի այդ կոչերը արձակողները իրե՛նք երթան ու ապրին այնտեղ, որպէսզի հասկնան ի՛նչ ըսել է «մնացէ՛ք, դիմացէ՛ք». խօսելով չէ, մաշկի վրայ զգալով է: Յուսալը, որ նոր բացուող տարին լաւն ու բարին բերէ՝ ատիկա բնական բարեկամեցողութիւնն է մեզմէ իւրաքանչիւրիս, հետեւաբար յուսա՛նք, որ լաւն ու բարին շուտով այցելեն Սուրիա, խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւեն մեր արաբ եղբայրներուն ու մեր հայրենակիցներուն:

- Դժբախտաբար Լիբանանն ալ անմասն չմնաց «Արաբական գարունէն», բայց այդ գարունը իւրովի ապրեցաւ: Բաւական մտահոգիչ է Լիբանանի պարագան: Լիբանանահայութիւնն ալ, ըլլալով զգալի մէկ մասնիկը այդ երկրին, բնականաբար ինք եւս մատնուած է անորոշութեան: Արդարեւ, աշխատանքի չգոյութիւնը կամ նուազումը, տնտեսական ճգնաժամը, սնանկացման մտավախութիւնը դարձած են մեր հայրենակիցներու առօրեայ մտահոգութիւնները: Յուսանք, որ բացուող նոր տարին նոր յոյս եւ նոր լոյս կը բերէ Լիբանանին:

- Ցաւով կ՚արձանագրեմ, որ 2019-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) որոշում կայացուց Հայկական Դպրոց մը եւս փակելու: Այդ որոշումի պայմաններուն եւ պատճառներուն ծանօթ չեմ, բայց երեւոյթը մէկ բան կը յուշէ, որ վաղ թէ ուշ սփիւռքի մեր կրթական գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները նոյն ճակատագիրին պիտի ենթարկուին, որովհետեւ համատարած ձուլումին դիմացը առնելու ո՛չ մէկ գործնական միջոցի կը դիմենք, պարզապէս խօսքեր, ճառեր, յորդորներ, ժողովներ ու համագումարներ է, որ կ՚իրականցնենք, բայց իրական գետնի վրայ ոչինչ կը կատարուի: Եւ եթէ այսպէս շարունակուի, հեռու չէ այն օրը, երբ ականջալուր պիտի դառնանք այլ դպրոցներու փակման լուրերուն:

- Դեկտեմբեր 2019-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն՝ Կոստանդնուպոլսոյ դարաւոր Սուրբ Աթոռը ունեցաւ իր գահակալը, յանձին՝ Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին, որ դարձաւ Պոլսոյ գահին 85-րդ գահակալը: Յուսանք, որ Մաշալեան Պատրիարքը յաջողութեամբ կը կարողանայ իրեն վստահուած առաքելութիւնը ի գլուխ հանել, խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն բերելով պոլսահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

- Տարեվերջին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Հայ դատի հետ կապուած որոշումներ կայացուց, յատկապէս 1915 թուականին հետ կապուած: Այդ որոշումները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցան մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ. բնական երեւոյթ է, բայց պահ մը մտածենք, թէ ինչո՞ւ հիմա, այս հանգրուանին ԱՄՆ-ը նման որոշումներ կայացուց, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ: Ի վերջոյ ե՛րբ պիտի սորվինք, որ քաղաքականութիւն կոչուած բանը, աշխարհի ամենէն անբարոյ երեւոյթն է, եւ այդ երեւոյթը ճիշդ չհասկնալն ու ճիշդ չըմբռնելը պարզապէս մեզ անորոշութեան կը մղէ:

- Ի վերջոյ, Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը շարուանկեն իրենց աշխատանքները: Ճիշդ է, որ մամուլը կ՚ողողուի այլազան եւ տարատեսակ լուրերով, թէ այս իշխանութիւններն ալ նախորդներուն նման են, թէ ասոնք եւս թալանող են եւ ստախօս: Բնական է գիտնալ, թէ նմանատիպ լուրերու աղբիւրը ուրկէ՞ է..., այդ մասին չեմ ուզեր խօսիլ: Միւս կողմէ, այն որ այս իշխանութիւններուն մէջ եւս կան անյաջողներն ու ստախօսները, ատիկա հաստա՞տ է, թէ՞ որ ամէն լաւութիւն ու բարութիւն մէկ տեղ չեն ըլլար: Յստակ է, սակայն, որ երկրին մէջ փոփոխութիւն կայ դէպի դրականը, ինչ որ նշամրելի է փողոցներուն մէջ քայլող քաղաքացիներու դէմքերէն: Մանրամասնութիւններու մասին չեմ ուզեր անդրադառնալ. պարզապէս պէտք է առիթ տանք այս նոր իշխանութիւններուն, որպէսզի աշխատին, որպէսզի փորձեն վերականգնել այն ամբողջ աւերը, որ նախորդներուն ժամանակ գործուած է. իսկ եթէ ժողովուրդը տեսնէ, որ այսօրուան իշխանութիւններն ալ նախորդներուն նման զբաղուած են ստախօսութեամբ, կեղեքումներով եւ թալանով, հետեւաբար ինչպէս որ ժողովուրդը այս իշխանութիւնները իշխանութեան բերաւ, նոյն ձեւով ալ պատմութեան աղբանոց կ՚ուղարկէ, եթէ հասկնայ, այս իշխանութիւնները իրենցմէ սպասուածը չեն իրականացներ:

Բարի Նոր տարի ձեր բոլորին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

31 դեկտեմբեր 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2020