ԱԿՆԱՐԿ - 98 - ՀՆՈՏ ՆՈՐԸ

«Դուն կ՚ուզես կարկատաններո՞վ ապրինք։ Բայց մենք չենք կամենար հին տիկի մէջ նոր գինի լեցնել» (Ստեփան Զօրեան)

Տարի մը եւս թաւալեցաւ մարդկութեան կեանքին մէջ:

2024-ը դարձաւ 2025:

Մարդիկ վերջնականապէս ճանապարհեցին 2024-ը, ոմանք ուրախութեամբ, ոմանք տրտմութեամբ, ոմանք խինդով, ոմանք թախիծով, ոմանք խնդալով եւ ոմանք ալ լալով: Անդին, մարդիկ ուրախութեամբ, նոր յոյսերով, ոգեւորող սպասումներով դիմաւորեցին Նոր տարին:

Այս իրողութիւնը կարծէք արդէն սովորական երեւոյթի վերածուած է, եւ ամէն տարեփակի ու տարեբացի, նոյն զգացումները, նոյն ապրումները, նոյն սպասումները, նոյն թախիծները, նոյն յոյզերը, մէկ խօսքով՝ նոյն, նոյն նոյն…:

Մարդկային ընկերութիւնը ըսէք վերածուած է մարդամեքենայի մը, որ կը շարժի առանց ճիգ մը ընելու նոր ու տարբեր բան մը յառաջացնելու իր կեանքին մէջ:

Սովորութիւն մըն է կ՚անցնի ու կ՚երթայ…, վաղը լոյսը կը բացուի եւ ամէն բան կը շարունակէ իր հունով ընթանալ:

Շատեր այս հոգեվիճակով է, որ կը ճանապարհեն ու կը դիմաւորեն հին ու նոր տարիները:

Մեքենայական շնորհաւորանքներ, սովորական կերուխումի սեղաններ, նախապէս պայմանաւորուած կամ ապսպրուած նուէրներու փոխանակում, որպէս «պարտականութիւն» կատարուող այցելութիւններ, ճաշարաններու մէջ գոռում-գոչումներով «ճոխ» «անիմաստ եւ անհամ» ձեռնարկներ, տարբեր երկիրներու մէջ՝ տարբեր մշակոյթիներով Նոր տարուան դիմաւորում, եւ այլն, եւ այլն:

Այս բոլորը կրնանք համոզումով ըսել, որ ոչի՛նչ կու տան մարդուն, որովհետեւ մարդը անասուն էակ մը չէ, այլ՝ ասուն էակ մը, որ հարուստ է զգացումներով, յոյզերով, տրամաբանութեամբ եւ բանականութեամբ, եւ իր էութեամբ վերը յիշատակուած մանրուքներէն շա՜տ աւելի բարձր եւ վեհ է: Ափսոս, սակայն, որ սովորութիւն դարձած այդ մանրուքները, դատարկած են զինք իր իսկական էութենէն:

Տակաւին, մարդը իր էութեամբ եւ խորքով նորին ձգտող էակ մըն է, որ առանց նորութեան չի՛ կրնար գոյատեւել, չի՛ կրնար շարունակել իր կեանքը: Նորութիւնը մարդուն կեանքին մէջ կենսական պայման մըն է ինքզինք ըլլալու եւ որպէս ասուն էակ շարունակելու ապրիլ իր կեանքը:

Նորութեան այդ զգացումը, գիտակցութիւնը եւ միաժամանակ պատասխանատուութիւնը զգալու ամենէն լաւ եւ յարմար առիթը Նոր տարիներն են, որ դժբախտաբար վերջին տասնամեակներուն կորսնցուցած են նորի այդ զգացողութիւնը կարենալ փոխանցելու իրենց ազդեցութիւնն ու զօրութիւնը:

Մօտիկ անցեալին մարդիկ Նոր տարիներուն տարբեր ձեւով, աւելի պարզ, անկեղծ եւ անմեղ ձեւով կը մօտենային, անոնց մէջ ո՛չ թէ կերուխում, նուէրներ, այցելութիւններ եւ խրախճանքներ կը տեսնէին, այլ՝ նորոգուելու, թարմանալու, ուժ, նոր թափ եւ նոր մղում ստանալու առիթ կը նկատէին Նոր տարիները:

Մարդը, սակայն, ինչքան «զարգացաւ», ինչքան իր կեանքին պայմանները դիւրացան, այնքան մարդը սկսաւ օտարանալ ինքնիրմէն, վերածուելով տարբեր արարածի մը, որ խորթ է իր կոչումին, իր էութեան:

Այսպէս, տարիներէ ի վեր մարդկութիւնը Նոր տարիներ կը նշէ՝ կարծէք լոկ սովորութեան ուժին պարտադրանքով: Անդին, Նոր տարիներ կը նշէ մարդկութիւնը, մինչ ինք նորէն հեռու կը մնայ եւ կը յամառի կառչած մնալ հինին, ի՛ր մէջ եղող հինին, որ զինք տարուէ տարի կը հինցնէ, կ՚այլափոխէ, կ՚օտարացնէ իր մարդ կոչումին:

Եթէ ուզենք կամ փորձենք անուն մը, կամ նկարագրական մը տալ անցնող Նոր տարիներու մարդոց վիճակին, ապա դժուար պիտի չըլլայ զայն ներկայացնել երկու բառով միայն՝

ՀՆՈՏ ՆՈՐԸ…:

Այ՛ո, հնոտ նորը, որովհետեւ՝

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, բայց չեն ուզեր հինին հրաժեշտ տալ:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, բայց չե՛ն ուզեր նորոգուիլ:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, բայց հինը պինդ-պինդ գրկելով կը պտտին:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, միւս կողմէ կը մերժեն հրաժարիլ հիներէն:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, միւս կողմէ կը շարունակեն նոր գինին հին տիկերու մէջ լեցնել (հմմտ. Մր 2.22):

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, բայց կը յամառին հին ընկալումները պահպանել:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, բայց ամօթ կը համարեն նորոգութիւնը:

Մէկ կողմէ մարդիկ Նոր տարին կը դիմաւորեն, սակայն կ՚ամչնան մէկ քայլ իսկ յառաջանալ դէպի նորը:

Իւրաքանչիւր նոր բանի հմայքը իր մէջ կլանող ուժ մը ունի, որ մարդիկը կը գերեվարէ: Միակ բացառութիւնը Նոր տարուան հմայքն է, որ հակառակ նորերու ՆՈՐը ըլլալուն, մարդիկ կ՚անտեսեն զայն, կամ ալ կը սարսափին այդ հմայքէն, չե՛ս գիտեր թէ ինչո՛ւ: Մինչ այդ նորը պէտք է առիթ դառնայ մարդուն՝ վերանորոգուելու, սթափելու, թօթափելու հինը եւ նորով զինուելու, որպէսզի կարենայ իր գոյապայքարը արժանապատուօրէն շարունակել:

Շնորհաւոր բոլորիդ Նոր տարին, յոյս ունենալով որ մեր Սիրելի՛ ընթերցողները այս շնորհաւորանքը մեքենայական չե՛ն նկատեր, այլ՝ անկեղծ սիրտէ բխած բարեմաղթանք որպէս կ՚ընդունին…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2025