ՏԻԿԻ՛Ն, Կ՚ԱՂԱՉԵՄ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ…

Ինչ լաւ է դպրոցական ըլլալը, մտահոգութիւնդ դաս սորվիլն է, Ծնունդ-Զատիկ արձակուրդ եւ տակաւի՜ն… Երեք ամիս ալ ամրան արձակուրդ։

Մենք ընտանիքով անպայման երկրէն դուրս կ՚երթայինք։ Եւ քանի, որ սփիւռք ենք՝ սփռուած ենք ամէն կողմ, ծնողքս կը նախընտրէին ազգականներու հետ անցընել ամառնային արձակուրդները՝ թէ՛ իրենք՝ մեծերը կը տեսնուէին եւ թէ մենք՝ զարմիկ-զարմուհիներու նոր սերունդը կը մտերմանայինք։

Եւ քանի, որ մօրաքոյրս Հալէպ ամուսնացած էր, Յորդանանի ճամբով կ՚երթայինք Դամասկոս, ապա Հալէպ։ Բայց դեռ Հալէպ չհասած պիտի հասցնէինք տեսնել Յորդանան ապրող մեր ազգականները, հօրս կողմէն հօրեղբօրս ընտանիքը իր զաւակներով, հօրաքոյրս՝ իր ընտանիքով։ Մօրս կողմէն՝ մօրեղբայրս, ընտանիքը եւ մօրս հօրեղբայրը եւ ընտանիքը։ Ամէն տեղ ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութիւն կ՚ունենայինք եւ… կը բռնէինք Հալէպի ճամբան։

Իրիկուան եօթին կ՚ելլէինք Ամմանէն, Դամասկոս ինչպէս կ՚ըսեն պատառ մը կ՚ուտէինք եւ անպայման կ՚ըմբոշխնէինք իրենց նշանաւոր պաղպաղակը՝ պիստակով… Տակաւին բերնիս ջուրերը կը վազեն, երբ կը յիշեմ։ Իսկ Հալէպ՝ տասներկուքի մօտերը։ Շատ տաք կ՚ընէր եւ կը նախընտրէինք գիշերով ճամբորդել։

Ժամանակին Երուսաղէմէն ճամբայ կ՚ելլէին առտուն, Ամման նախաճաշ կ՚ընէին, կէսօրին Դամասկոս կը ճաշէին եւ իրիկիւնը կը հասնէին Պէյրութ՝ պարահանդէսի։ Այս յաճախ լսած եմ մեր մեծերէն, որոնք երանիներ տալով այդ օրերուն՝ կը պատմէին։

Մեր ժամանակ այդպէս չէր… Ա՜խ, այս սահմանները, Աստուած առանց սահմաններու ստեղծեց աշխարհը… Իսկ մենք ինչ ըրինք ու կ՚ընենք…

Իսկ հիմա՞… Աւելի լաւ է լռել…

Ընդհանրապէս հայրս մինչեւ Դամասկոս մեր հետ կու գար, ապահով վարորդի մը յանձնելով կը դառնար իր գործին եւ արձակուրդի աւարտին շաբաթ մը կու գար եւ միասին կը վերադառնայինք։

Որքան ալ ապահով եւ փորձառու վարորդ ըլլար մեզ տանողը, մայրս կ՚իյնար մտահոգութիւններու գիրկը։ Եթէ վարորդին քունը տանի, ի՞նչ պիտի ընենք։ Եթէ մեր վարորդին չէ, այլ դիմացէն եկող վարորդին քունը տանի եւ զարնէ մեր ինքնաշարժին… Եւ այսպիսի հազար ու մէկ հարցումներ ուղեղին մէջ հանգիստը կը խանգարէին։

-Չէ՛, այս վերջին անգամն է, որ առանձին պզտիկները առած կ՚երթամ, առանց Հրանդին ա՛լ տեղէս չեմ շարժիր։

Եւ մայրս ստիպուած ինքնաշարժին ետեւի բազմոցին եղբօրս ու իմ մէջտեղը կը նստէր, որովհետեւ երկուքս ալ կ՚ուզէինք գլուխնիս իր ուսերուն դնել, իսկ ինք երկուքս թեւերուն մէջ առած աւելի ապահով կը զգար։

Արդէն կէս ժամ է, որ ճամբայ ելած ենք։ Դեռ չորսուկէս ժամ ունինք…

Մայրս մեր հետ բարձրաձայն կը խօսի, իբր թէ մեր ձայնէն վարորդը արթուն կը մնայ։ Պայուսակէն շաքար-շոքոլա կը հանէ եւ կը հրամցնէ վարորդին ալ անշուշտ, ջուր կ՚առաջարկէ՝ «Թող խմէ քունը փախի» ըսելով, յետոյ պտուղին կարգը կու գայ։ Բայց այս բոլորով չի բաւարարուիր… Ամէն բան պէտք է ընել, որ վարորդը յանկարծ չքնանայ… Փորձանքը վայրկեանի մէջ կը պատահի։

-Ներեցէք, ամուսնացա՞ծ էք…

-Այո, տիկին։

-Օ՜հ, ինչ լաւ, զաւակներ ունիք։

-Չորս զաւակ, տիկին։

-Աստուած պահէ, ամուսնացա՞ծ են։

-Ոչ տիկին, դեռ դպրոց կ՚երթան։

-Տղա՞յ են, թէ աղջիկ։

-Երկու տղայ, երկու աղջիկ։

-Ի՜նչ կ՚ըսէք, ինչ լաւ բռներ է հաշիւը։

-…

-Ուրեմն ձեր տիկինը շատ զբաղած է զաւակ մեծցնելով։

-Այո։

Ու ալ ի՞նչ հարցնէ մայրս, կը սկսի երգել.

-«Նուպարին պօյը չինար է, Աչքերը նուշ ու խումար է…», հետս երգեցէք, որպէսզի մարդը չքնանայ։

Բայց մենք արդէն երազ տեսնելու ճամբուն վրայ ենք։

-«Երեք օրուայ լուսնի նման, նանանանա նանանանա»։

Մօրս գլուխը ուսերուն կ՚իյնայ եւ յանկարծ նոյնիսկ քունին մէջ յիշելով իր սրբազան պարտականութիւնը վարորդին արթուն պահելու, աշխուժացած կը վերսկսի հարցնել.

-Ամուսնացա՞ծ էք։

-Այո, տիկին։

-Զաւակներ ունի՞ք։

-Այո, տիկին։

-Ամունացա՞ծ են։

-Ոչ տիկին, դեռ դպրոց կ՚երթան։

-Քանի՞ զաւակ ունիք։

-Չորս զաւակ։

-Սարօ, Անուշ, երգեցէք… Մարդը պէտք չէ քնանայ… «Նուպարին պօյը չինար է, Աչքերը նուշ ու խումար է… Նանանանա, նանանանա…»։

Տասն-տասնհինգ վայրկեան ալ կ՚անցնի… Մայրս դարձեալ կ՚արթննայ.

-Ամուսնացա՞ծ էք։

-Այո, տիկին, չորս զաւակ ունիմ։

-Օ՜հ, ինչ լաւ, աղջիկ, թէ տղայ։

-Երկու աղջիկ, երկու տղայ, դեռ դպրոց կ՚երթան։

-Է՜հ, շուտ կը մեծնան։ «Նուպարին պօյը չինար է, Աչքերը նուշ ու խումաաար, նանանանա, նանանա՜»։

Արդէն երկու ժամ է, որ ճամբայ ելած ենք, բայց դեռ երեք ժամ ունինք։ Մայրս տասն-տասըհինգ վայրկեաննոց անուշ մրափ մըն ալ առած է ու դարձեալ տեղէն կը ցատկէ.

-Կարծես կէս ճամբան կտրած ենք, Աստուած ուզէ քանի՞ ժամէն կը հասնինք։

-Կը կարծեմ երեք ժամէն պակաս, կը պատասխանէ վարորդը։

-Շատ լաւ է, Աստուած մեր հետ է։ Սարօ, Անուշ երգ մը երգենք մարդը չքնանայ…

-Մամ, դուն երգէ… Ձգէ քնանանք։

-Մամ կը բաւէ մարդուն հարցումներ ընես… Հիմա մեզի դուրս պիտի նետէ եւ իրաւունք ունի։

-Ինչո՞ւ, նայէ երբ հետը կը խօսինք, ինչ յարգուած կը զգայ ինքզինք խեղճ մարդը։ Ամէն նստող գլուխը կը դնէ կը քնանայ… Մենք ալ աղուոր-աղուոր կը խօսինք։

Եւ մայրս քունին դէմ պայքարելով կը դիմադրէ յանուն մեր ապահովութեան… Բայց ի՞նչ խօսի այս մարդուն հետ, Հրանդը ըլլար քիչ մը քաղաքականութիւն, քիչ մըն ալ տնտեսական վիճակ՝ հինգ ժամը կը գլորէր… Բայց ինք ի՞նչ խօսի… Յիսուն տարի առաջ արաբական երկրի մէջ կնոջ մը կը վայելէ՞ր քաղաքականութենէ խօսիլ կամ տնտեսութիւնը քննարկել, այդ ալ անծանօթ վարորդին հետ։ Բայց պէտք է խօսի, որ մարդը չքնանայ։ Եւ այդ կիսարթուն վիճակին մէջ մէկ անգամ եւս ընտանիքին մասին հարցնելու եւ «Նուպարին չինար պօյը» գովերգելու անզուգական գաղափարը առաջ կու գայ… Ընտանիքը սրբութիւն է եւ մարդը կ՚ուրախանայ, որ մենք հետաքրքրուած ենք… Ուրեմն առաջ։

-Ըըըը՜, ներողութիւն, ամուսնացա՞ծ էք…

-Տիկին, կ՚աղաչեմ, Աստուծոյ համար… Ձգեցէք հանգիստ քշեմ… Ամուսնացած եմ, չորս զաւակ ունիմ, երկու աղջիկ, երկու տղայ, դեռ դպրոց կ՚երթան, տիկինս լաւ մայր է, լաւ կին է… Աստուծոյ սիրոյն, ձգեցէք, որ գործս ընեմ… Մի՛ վախնաք, կը հասկնամ ձեզի, բայց այս գործս է տարին 365 օր… Ես ցերեկը կը քնանամ, որպէսզի գիշերը աշխատիմ… Աստուծոյ համար… Ամուսնացած եմ, չորս զաւակ ունիմ, դեռ դպրոց կ՚երթան… Աստուծոյ համար…

Եւ առաւօտեան հինգին «Նուպարին չինար պօյին հետ» մենք անփորձանք հասանք Հալէպ…

Կարեւորը մայրս չձգեց, որ վարորդը քնանայ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

23 դեկտեմբեր, 2024, Երուսաղէմ

Հինգշաբթի, Յունուար 2, 2025