ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ
Ուաշինկթընի մէջ, այս ամրան, տեղացիներն ու հարիւր հազարաւոր զբօսաշրջիկներ առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու հայկական մշակութային ժառանգութեան:
Հանրայայտ Սմիթսոնեան «Ազգայի՛ն կեանք» ամէնամեայ փառատօնը այս տարի նուիրուած է նաեւ Հայաստանին: Երգի ու պարի, նկարչութեան, գորգագործութեան ու կաւագործութեան, արուեստի ու արհեստագործութեան այլ ճիւղերու հետ մէկտեղ պիտի ներկայացուին նաեւ հայկական խոհանոցի առանձնայատկութիւնները:
Փառատօնին ծիրէն ներս, Ուաշինկթընի կեդրոնը պիտի տեղադրուին հարիւրաւոր տաղաւարներ, ուր օրեր շարունակ՝ Յունիս 27-Յուլիս 1 եւ Յուլիս 4-8, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն շուրջ հարիւր արուեստագէտներ, ձեւաւորողներ, երաժիշտներ ու արհեստագործներ պիտի ցուցադրեն հայ մշակութային ժառանգութիւնն ու իրենց աշխատանքները՝ այցելուները մասնակից դարձնելով անոնց ստեղծման:
Փառատօնի հայկական բաժինի համակարգող Հալի Պաթուէն կը նշէ, որ հիանալի առիթ պիտի ստեղծուի՝ Հայաստանի մասին տեղեկանալու անմիջականօրէն հայերէն, ծանօթանալու հայկական յայտնի հիւրասիրութեան աւանդոյթներուն, ցանկութան պարագային՝ լաւաշ թխելու, խորոված պատրաստելու, կամ նկարելու եւ բացայայտելու հայկական ասեղնագործութեան գաղտնիքները: Նաեւ, փորձելով հայկական գինի, միաժամանակ ծանօթանալու 6100 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական գինեգործութեան աւանդոյթներուն ու ժամանակակից արտադրութեան:
Պըրպենքի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Սմիթսոնեան «Ազգայի՛ն կեանք» փառատօնի տնօրէն Սապրինա Լին Մոթլին եւ Պաթուէն այլ մանրամասնութիւններ ներկայացուցին նախատեսուող մեծածաւալ ձեռնարկին մասին: Անոնք նշեցին, որ բազմիցս եղած են Հայաստան, քաջածանօթ են եւ հիացած հայկական մշակոյթով, որ ոգեշնչած է զիրենք 2018-ի փառատօնին թեման ընտրելու Հայաստանն ու հայկականը: Անոնք ընդգծեցին, որ բացառիկ առիթ պիտի ստեղծուի՝ աշխարհին ներկայացնելու հայերուն անցեալը, ներկան ու ապագան՝ աւանդոյթներու եւ նորարութիւններու միջոցով:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնն ու Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կը նախատեսեն ստեղծել աշխատանքային խումբ, որ պիտի օգնէ կազմակերպիչներուն լաւագոյնս ներկայացնելու ազգայինը:
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Ասպարէզ»