ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սովորաբար Բուն Բարեկենդանը կը տօնուի Մեծ պահքին նախորդող առաջին կիրակի օրը: Ընդունուած է զայն անուանել նաեւ «հայկական դիմակահանդէս»:

Բարեկենդան բառը ստուգաբանօրէն կը նշանակէ «բարի կենդանութիւն». այսինքն՝ ան աղերս է, խնդրանք եւ մաղթանք՝ ըլլալու բարի, առողջ, կենսալից:

Տօնը կը նշուի փետրուարին, գարնանամուտէն առաջ: Հետեւաբար՝ Բարեկենդանի ծէսի կիզակէտն է նպաստել ձմրան դժուարութիւնները յաղթահարելն ու դիմաւորել գարունը՝ որպէս երկրագործական նոր տարի, նոր կեանքի սկիզբ։ Դժուար է ըսել յստակ ժամանակաշրջանը, թէ այս տօնը ե՛րբ մտած է հայկական միջավայր: Ինչպէս բոլոր հին ժողովուրդներու մօտ, այնպէս ալ հայերու մշակոյթին մէջ, ան ծնած է հասարակութեան կենցաղային կեանքէն, հետեւաբար, պէտք է ըսել, որ ան ծնած է մեր ժողովուրդի հետ:

Տօնին բնորոշ բոլոր արտայայտումները ենթադրել կու տան, որ նախաքրիստոնէական շրջանին, հաւանաբար, ան եղած է հայկական Ամանորը:

Այս տօնին յատուկ են ուրախութիւնն ու խրախճանքը, կերուխումը, հիւրասիրութիւնները, այցելութիւնները, թատերական ներկայացումները, երգ ու պարը: Ամենակարեւորը այն է, որ ան հաւաքական տօն եղած է. ի տարբերութիւն այլ տօներու, Բարեկենդանը միակը եղած է, երբ տան բոլոր անդամները հաւաքուած են տօնական սեղանի շուրջ, միասնաբար զուարճացած, ուրախացած եւ դիմաւորած կեանքի ու բնութեան նոր սկիզբը՝ գարունը: Տօնական խրախճանքները տեւած են երկու շաբաթ: Հասարակութեան բոլոր անդամները մասնակցած են տօնական արարողութեան, որովհետեւ ան հաւաքական աղերսի արտայայտութիւն է, միմեանց նկատմամբ հոգատարութեան եւ սիրոյ դրսեւորման լաւագոյն առիթը համար-ւած է: Բարեկենդանին յատուկ են նաեւ ընտանեկան միասնութիւնները՝ հարսանիքները, որպէս նոր ընտանիքի եւ մարդկային սերունդի շարունակութեան բեղմնաւորման տօն, որպէս բնութեան երեւոյթներու արգասաւորման ժամանակահատուած։

Տօնին բնորոշ դիմակահանդէսի նպատակը կերպարանափոխուիլն ու նոր՝ մինչ այդ անյայտ երեւոյթով կարողանալ ապրիլն է: Երբեմն ան ձգտման արտայայտութիւն է, ինչպիսին որ կ՚ուզէր ըլլալ տուեալ անձնաւորութիւնը: Երբեմն այլ մարդիկը (յատկապէս իշխանաւորներն ու կղերականները) ծաղրելու բողոքի արտայայտութիւն է, անոնց սխալները վերհանելու եւ սրբագրելու հնարաւորութիւն կը հետապնդէ, յաճախ նաեւ բնութեան չար ոգիները վախցնելու նպատակ ունի: Եւ, վերջապէս, կերպարանափոխուած մարդը անճանաչելի է, հետեւաբար ան-մընացորդ զուարճանալու առիթ է, հասարակութեան բարոյական սկզբունքներէն ամբողջութեամբ ազատ ըլլալու եւ իր ուզածը կատարելու միակ հնարաւորութիւնն է:

Աւանդոյթի համաձայն, տօնի համար, իւրաքանչիւր ընտանիք պարտաւոր էր իր հնարաւորութեան չափով նուիրաբերել ընտանիքի բարիքներէն՝ անպայման անասուն մը մորթել եւ հնարաւորինս ճոխ ու առատ սեղաններ պատրաստել:

Յաճախ կատակով տօնը կ՚անուանեն «փորեկենդան»: Մառաններէն կը բերուէր առատ գինի. մրգեր, չիրեր, ընկուզեղէն ու շարոցներ: Տօնի յատուկ են փաթթիլլան (տապակած բլիթ՝ մէջը հորած պանիր կամ ղավուրմա), գաթա, հալւա, բխբխիկ, ձուածեղի տեսակներ, փուռդիկ (պանրային միջուկով հացատեսակ), հայկական տնական երշիկ, միջուկով կոլոլակ, խորոված, տհալ-ղավուրմա, բրինձով փլաւ, խաշիլ (փոխինձով եւ չորթանով ճաշ), պանիրով հաց, մածնապուր, աղանձ:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Իտալիոյ մէջ նշուող Վենետիկի դիմակահանդէսը նոյն բարեկենդանն է։ Անոնք զայն վերածած են ազգային մեծ փառատօնի, իսկ մենք մոռացութեան մատնած ենք մեր ամենասիրելի տօնը: Պատանեկութեան տարիներու լաւագոյն յիշատակներէն է Բարեկենդանը: Անշուշտ, կամեցողութեան պարագային, հնարաւոր է զայն վերականգնել:

Բուն Բարեկենդանը առաջին հերթին հոգեւոր տօն է, որ կը նշուի Մեծ պահքի նախորդող առաջի կիրակի օրը: Ան կը ներկայացնէ Ադամի դրախտային երանաւէտ ու անվիշտ կեանքը, որու ընթացքին Աստուծոյ պատգամ ունէր՝ օգտուիլ բոլոր բարիքներէն՝ բացի Դրախտի գիտութեան ծառի պտուղէն: Բայց ան գործեց առաջին մեղքը, որու համար արտաքսուեցաւ դրախտէն: Բուն Բարեկենդանին յաջորդ կիրակին կը կոչուի Արտաքսման կիրակի: Բարեկենդանով կը սկսի ապաշխարութեան, զղջման ժամանակաշրջանը՝ մինչեւ Սուրբ Յարութեան տօնը։

Բարեկենդանը հիմնականին եկեղեցիէն դուրս կը նշուի: Սուրբ Պատարագէն յետոյ մարդիկ կրնան իրենց ճոխութիւններ թոյլ տալ, վայելել տօնին բնորոշ ճաշերն ու ուրախութիւնը, հագնիլ ազգային դիմակներ ու ազգային երգ ու պարի ուղեկցութեամբ խաղեր խաղալ:

Հին ժամանակներ Բուն Բարեկենդանի խաղերու ժամանակ նաեւ կենդանիներու մասնակցութիւն եղած է՝ ձիերով աղջիկ փախցնել, կոխ եւ այլն: Այս տօնախմբութեան կը մասնակցին նաեւ կուսակրօն հոգեւորականները:

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019