Վասն Ու­սու­մի Եւ Կրօ­նի

Քանի տարեկան ըլլալս չեմ յիշեր, հաւանաբար՝ 7 կամ 8: Տակաւին Էշրեֆիէ կը բնակէինք, ու կը յաճախէի Ղազար Չարըգին դպրոցը, որ տակաւին բարերարի մը անունը չէր կրեր եւ ճանչցուած էր յայտնի կուսակցական գործիչ, մտաւորական, տնօրէն Ղազար Չարըգին անունով (յետագային «Եփրեմեան», իսկ աւելի ուշ՝ «Չաթալպաշեան»):

Եկեղեցին տակաւին թիթեղաշէն էր: Չեմ յիշեր՝ ո՛ր սուրբին անունը կը կրէր: Վստահաբար՝ ո՛չ տէր հօր անունը, թէեւ ան սուրբի մը բարութեամբ, նուիրեալ կղերական մըն էր:

Տարիներ ետք նուիրեալ ազգայինի մը նուիրատուութեամբ եկեղեցին դարձաւ քարաշէն եւ բարերարին անունով կոչուեցաւ «Սուրբ Յակոբ»:

«Ղազար Չարըգ» յաճախած վերջին տարիս էր: Խումբ մը հայ գործաւորներ սկսան քանդել եկեղեցին, իսկ մենք՝ փոքրերս, զարմանքով կը դիտէինք այդ «ահռելի» տեսարանը: Լսած էինք, որ կը քանդեն հայոց եկեղեցիները, սակայն չէինք կրնար երեւակայել հայ եկեղեցիի մը հայերու ձեռքով քանդուիլը: Անշուշտ աւելի ուշ մեզի տեղեկացուցին պատճառը: Անհամբեր էինք տեսնելու նոր, քարաշէն եկեղեցին, սակայն նախքան աւարտի եկեղեցիին կառուցումը՝ ծնողներս տարին զիս «մեծ դպրոց» մը. սկսայ յաճախել «Ն. Փալանճեան» ճեմարան:

Երկրորդ դասարանի աշակերտ էի:

***

«Ղազար Չարըգ» դպրոցին բակը, ամէն առաւօտ, նախքան մուտք գործէինք դասարան, պարտադիր մեզի կը խմցնէին դգալ մը ձկան իւղ, որմէ անմիջապէս ետք կը ստանայինք նարինջի կտոր մը, որ պիտի չէզոքացնէր մեր բերանին անախորժ համն ու հոտը:

Ձկան իւղի եւ նարինջի արարողութեան կը յաջորդէր եղունգներու մաքրութեան ստուգումը: Ճերմակ, մաքուր թաշկինակ մը կը զետեղէինք մեր երկու ձեռքերուն 8 մատներուն եւ 2 բութամատերուն միջեւ: Ուսուցիչներէն մէկը քննելէ ետք 8 մատներու եղունգներուն մաքրութիւնը, մեր  ձեռքերը հակառակ կողմը դարձնել կու տար եւ կը ստուգէր նաեւ 2 բութամատերու եղունգները եւ թաշկինակին մաքրութիւնը: Այդ տարիներուն թուղթէ թաշկինակէն գաղափար չունէինք եւ պարտադիր էր,  որ հետերնիս ունենայինք մաքուր թաշկինակ մը:

Առողջական եւ մաքրութեան «քննութենէն» ետք խմբովին կ՚երգէինք «Հայր մեր»ը, ապա հոգեպէս եւ մարմնապէս «մաքուր»՝ կը բարձրանայինք մեր դասարանները:

Կիրակիները, պատարագին ներկայ գտնուիլ, դպրաց դասին մաս կազմել ու «շապիկ» հագուիլը պարտադիր էին: Դպրապետը մեր հայերէնի ուսուցիչ Յակոբ Սարգիսեանն էր: Դասարանը այնքան ալ խիստ չէր, սակայն չէինք համարձակեր փախուստ տալ կիրակիներու մեր դպրութեան պարտականութենէն: Քանի մը ուսուցիչներու նման՝ անկարգներուն կամ դասը լաւ չպատրաստողներուն համար գաւազանի օգնութեան չէր դիմեր: Այդ տարիներուն բնական երեւոյթ էր ծեծը: Ափերնիս կը բանայինք եւ նայած յանցանքի ծանրութեան՝ 5 կամ 10 գաւազանի հարուածներ կը ստանայինք:

Մանկութեանս խելօք աշակերտ եղած եմ: Դասերս օրը օրին կը պատրաստէի, եւ գաւազանի հարուածներու «արժանանալս» շատ հազուադէպ էր:

Տուներնիս դպրոցէն եւ եկեղեցիէն բաւական հեռու էր. քալելով կ՚երթայինք դպրոց եւ ստիպուած էինք ամէն առաւօտ կանուխ արթննալ: Բաւական ճամբայ ունէինք կտրելիք: Կիրակին միակ օրն էր, որ կը փափաքէինք քիչ մը աւելի ուշ արթննալ, սակայն այդ օր պատարագին ներկայ գտնուիլը պարտադիր ըլլալուն՝ քանի մը ժամ աւելի երկար քնանալու հաճոյքէն կը զրկուէինք եւ կ՚ուղղուէինք եկեղեցի, ուր կը հասնէինք նախքան պատարագին սկսիլը:

Անհամբեր կը սպասէինք տէր հօր քարոզին, որպէսզի գետնի գորգին վրայ նստելով՝ հանգստացնէինք մեր յոգնած ոտքերը: Ստիպուած էինք ուշի-ուշով հետեւիլ քարոզին: Դպիրներուն  ներկայութիւնը չէր ստուգուեր, սակայն դպրապետին աչքէն բան չէր փախչեր: Շատ լաւ գիտէր, թէ ո՛վ ներկայ էր եւ ո՛վ՝ բացակայ: Երկուշաբթի օրերը եկեղեցիէն բացակայած աշակերտները կը համտեսէին գաւազանի քանի մը հարուած:

Ամէն Երկուշաբթի Կիրակիի քարոզին «քննութենէն» կ՚անցնէինք: Տէր հօր արտասանած քարոզի մասին դպրապետին հարցումներուն  ճշգրիտ չպատասխանողները նոյնպէս կ՚արժանանային Յակոբին գաւազաններուն: Ի՞նչ էր քարոզին նիւթը: Տէր հայրը ո՞ր մարգարէին մասին խօսեցաւ այդ օր: Ի՞նչ տօն էր այդ Կիրակի:

***

Անհամբեր կը սպասէինք Ծաղկազարդին, որուն կը յաջորդէին Աւագ շաբաթը, Զատիկը եւ երկար արձակուրդը:

Աւագ շաբթուան ընթացքին, բացի Կիրակի օրերու պատարագներէն, ամէն երեկոյ ստիպուած էինք յաճախել եկեղեցի եւ ներկայ գտնուիլ ժամերգութիւններուն:

Մասնաւոր տպաւորութիւն գործած  է վրաս Դռնբացէքի արարողութիւնը:

Ամէն տարի կնքահայր կը նշանակուի փոքրիկ երեխայ մը, որպէսզի բանայ 40 օր փակ մնացած եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը:

Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ տարի մը ժամկոչը ձեռքէս բռնելով՝ զիս առաջնորդեց դէպի խորան, որպէսզի բանամ վարագոյրը:

«Բա՛ց, բա՛ց», գրեթէ պոռալով հրամայեց, երբ շուարած աջ ու ձախ կը նայէի, անտեղեակ, թէ ի՛նչ կ՚անցնի կը դառնայ:

Ծնողքս նիւթական կարողութիւն չունէին նուիրատուութեամբ մը կնքահայրութեան դիմելու, սակայն այդ օր նշանակուած փոքրիկ կնքահայրը անորոշ պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, իսկ ես, որ այդ վայրկեանին խորանին ամենամօտը կը գտնուէի, այդ տարուան կնքահայրութեան բախտը վիճակուեցաւ ինծի, եւ բացի խորանին վարագոյրը:

Հաւատացեալ ծնողներս երջանիկ էին:

Աւագ Հինգշաբթի՝ Ոտնլուայ եւ Խաւարում: Մինչեւ ուշ գիշեր, կէս քուն, կէս արթուն ներկայ կ՚ըլլայինք այդ յուզիչ ժամերգութեան: Իւրաքանչիւր աւետարանի ընթերցումին հանգոյց մը կ՚աւելցնէինք մեր ձեռքի դերձաններուն, իսկ աւելի ուշ՝ «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»:

Ներկաներէն շատեր իրենց աչքերու արցունքները կը սրբէին: Յիսուս Քրիստոս իր չարչարանքներուն ժամանակ կը դիմէ իր մօրը՝ Մարիամ Աստուածածնին:

«Ո՞ւր ես… մա՛յր իմ»:

Աւագ Ուրբաթ՝ Թաղման արարողութիւն:

Յիսուսի դագաղին տակէն անցնիլը «հաճելի» խաղի մը վերածուած էր փոքրերուս համար: Չեմ յիշեր՝ քանի՛ անգամ կ՚անցնէինք դագաղին տակէն: Հաւանաբար՝ մինչեւ դպրապետին նշմարելն ու մեզ եկեղեցիէն դուրս հանելը:

***

Յաջորդող տարիներուն, երբ սկսայ ճեմարան յաճախել, Կիրակի առաւօտները կանուխ արթննալու պարտադրանքին տակ չէի գտնուեր: Տարին միայն մէկ անգամ, Միջինքի օրը, Չորեքշաբթի, մեզ քալելով կը տանէին «Սուրբ Նշան» եկեղեցի, որուն համար ոչ միայն չէինք գանգատեր, այլ կ՚ուրախանայինք: Քանի մը դասապահէ ինքնաբերաբար ազատած ըլլալու երջանկութիւնը կը վայելէինք:

Ճեմարան ո՛չ ձկան իւղ խմելու եւ ո՛չ ալ եղունգներու մաքրութեան քննութենէ կ՚անցնէինք, սակայն ամէն առաւօտ, նախքան մեր դասարանները ուղղուիլը, «Հայր մեր»ով, կամ «Առաւօտ լուսոյ»ով կը սկսէր մեր օրը:

Կիրակի օրերը Սուրբ Պատարագի ներկայ գտնուելու սովորութիւնս ինքնաբերաբար մոռցուեցաւ, սակայն տօնական օրերուն, ծնողքիս ընկերակցութեամբ, ներկայ կ՚ըլլայինք պատարագին: Ճիգ չէի թափեր օրուան պատարագիչ տէր հօր կամ բարձրաստիճան կղերականին քարոզները ուշադրութեամբ ունկնդրելու: Յաջորդ օրը ոչ ոք պիտի հարցնէր, թէ ո՛ր մարգարէին մասին էր այդ օրուան քարոզը:

***

«Շատ տարիներ ահա անցան,
Մանկութեան օրեր… երազ դարձան»  (Պ. Շ)

Արդէն իսկ հասուն երիտասարդ եմ: Նետուած եմ կեանքի ասպարէզ:

«Ղազար Չարըգ»ին դպրոցը իր բարերարին անունով կը կոչուի «Չաթալպաշեան»: Եկեղեցին քարաշէն է եւ կը կոչուի «Սուրբ Յակոբ»: Ճերմակ մօրուքով ծերունի տէր հայրը հեռացած է այս աշխարհէն: Իրեն փոխարինած է սեւ մօրուքով երիտասարդ քահանայ մը:

Լիբանանի ոսկի տարիները կը վայելենք: Երջանիկ տարիներ, երբ անսպասելիօրէն վրայ կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ պատերազմը:

Բազմահազար լիբանանահայերու նման ես ալ իմ կարգիս կը բռնեմ  գաղթի ճամբան եւ կը հաստատուիմ երկրագունդին հակառակ կողմը:

Մեր քով ցերեկ է, ծննդավայրս՝ գիշեր: Հոն արդէն իսկ Երկուշաբթի է, մեր քով՝ տակաւին Կիրակի:

Ծաղկազարդի Կիրակի:

Ընտանիքով եւ հարազատներով գացած ենք եկեղեցի: Մեծ թիւով փոքրիկներ, ձեռքերնին՝ իրենց հասակին մեծութեամբ մոմեր, կը մասնակցին Ծաղկազարդի թափօրին, որմէ ետք տեղի կ՚ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը:

Այս տարուան եկեղեցւոյ վարագոյրը բացող «կնքահայրը» եղբօրս թոռնիկն է: Միեւնոյն տեսարանը: Նոյն տարիքն էի, երբ տարիներ առաջ բացի թիթեղաշէն եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը:

Ինծի պէս շուարած չէր: Պատրաստուած էր եւ համարձակօրէն կը բանար վարագոյրը:

Սուրբ Զատիկ:

Աւելի քան 60 տարիներ անցած են:

Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց շքեղ եկեղեցին սկսած է նեղ գալ՝ ընդունելու բազմահարիւր  հաւատացեալները, եւ տօնական օրերուն «Ֆերահեան» վարժարանի «Աւետիսեան» մարզադաշտը կը գործածուի որպէս եկեղեցի, իսկ դպրոցի եւ եկեղեցւոյ շրջափակը տօնական օրերուն այնքա՜ն կը յիշեցնէ Անթիլիասի մայրավանքը, ուր մինչեւ օրս բազմահազար հաւատացեալներ իրարու կ՚աւետեն Յիսուսի յարութեան տօնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս, 2018

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018