ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԴՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Դարձեալ գիտելի է, որ վանքերուն մէջ հաց կ՚եփեն ու «դոն» կը կոչեն, այսինքն՝ դոն, ձուկի նուազ ու փոքր տեսակ մը, ու կտրուած հացերուն նմանցուած:

[ԱՒԵԼՑԱԾ] ԿՏՈՐՆԵՐԸ ՀԱՒԱՔԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ Իր աշակերտներուն.

-Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները» (Յհ 6.12):

Մեկնութիւն. Այստեղ երեք հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. Ինչո՞ւ համար կտորները հաւաքել կը հրամայէ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, երեք պատճառի համար.

Նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ առաջնորդները պէտք է հոգ տանին աղքատներուն, իսկ աշակերտները՝ եպիսկոպոսներ ու առաջնորդներ պիտի ըլլային, այդ պատճառով հրամայեց անոնց:

Երկրորդ՝ հրաշքին յայտնութեան համար, որովհետեւ եթէ ուրուական էր, նշխարներուն մնացածները չէր երեւեր, որովհետեւ նշխարները միւսներուն հետ տարին, որոնք չէին տեսած եւ զանոնք ուտելով գիտցան, թէ ճշմարիտ հաց էր ու հաւատացին:

Երրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ վարդապետները պէտք է խօսքերը հաւաքեն Սուրբ Գիրքերէն, որովհետեւ մեծագոյն խորհուրդները, ինչ որ թանձրամիտ ժողովուրդը չի կրնար իմանալ, պէտք չէ անտեսել, այլ՝ վարդապետները պէտք է քննեն Գիրքերը ու խօսքով ժողովուրդը կերակրեն: Տակաւին, գիտելի է, թէ ինչպէս որ Քրիստոս հացը անոնցմէ առաւ ու բազմացուց, եւ ոչ թէ նոր ստեղծեց, այդպէս ալ պարտին վարդապետները իրենց հոգելից եւ ուղղափառ առաջնորդներուն խօսքերը քննել ու հաւաքել եւ ո՛չ թէ նորաձեւ կարգեր ներմուծել Եկեղեցիէն ներս եւ ատով անկարգութիւն ու կռիւ շահիլ: Տակաւին, այնքան ատեն, որ Քրիստոս երկրի վրայ էր, հին օրէնքներն ու մարգարէներուն խօսքերը կ՚ուսուցանէր ու անոնց մեկնութիւնները:

ՎԱՂՈՒԱՆԸ ՄԻ՛ ՀՈԳԱՔ

Երկրորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար ուրիշ առիթով մը Քրիստոս հրամայեց վաղուան մասին չհոգալ ու պայուսակ եւ հաց չառնել, իսկ այստեղ կը հրամայէ աւելցած կտորները հաւաքել:

Պատասխան. Նախ՝ այնտեղ անձին համար ըսաւ չհոգալ, այստեղ ըսաւ աղքատներուն համար հաւաքել:

Երկրորդ՝ թէ կարիքներուն պէտքը այլ տեղէ ալ հնարաւոր կ՚ըլլայ ու պէտք չէ վաղ-ւանը հոգալ, իսկ երբ հնարաւոր չըլլայ, պարտին վաղուան մասին հոգալ:

Երրորդ՝ որովհետեւ վաղուան մասին չհոգալը բոլորին համար կանոն չէ, այլ՝ միայն անոնց, որոնք առաքինի կենաքով կը կենցաղավարեն, իսկ ընդհանուրի տուներն ու գիւղերը պէտք է վաղուան մասին հոգալ՝ վարելով ու սերմանելով, եւ այլն:

Չորրորդ՝ վաղուանը չհոգալ մարմինին ու ժամանակին համար ըսաւ, իսկ հոգեւոր իմաստներուն եւ հանդերձեալ կեանքին համար, որ վաղը պիտի գայ, պէտք է այսօր հոգալ, ինչպէս այստեղ կ՚ըսէ.

ՍԱԿԱՌՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Աւելցած կտորները հաւաքեցին ու տասներկու սակառ լեցուցին» (Յհ 6.13):

Մեկնութիւն. եւ ասիկա ո՛չ թէ պատահմամբ, այլ՝ աստուածային նախախնամութեամբ, ըստ առաքելաներուն թիւին՝ որպէսզի շալկեն զանոնք, որովհետեւ ատով խորհրդանշուեցաւ, թէ առաքեալները Քրիստոսի խօսքին նշխարները պիտի կրէին ամբողջ աշխարհին [տանելու համար]:

Երրորդ հարցում. Թէ սակառները ուրկէ՞ էին:

Պատասխան. Չորս կերպ է իմացումը. նախ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ մօտիկ գիւղէ մը առին: Երկրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ բերած էին իրենց հետ, որպէսզի ժողովուրդին ծախէին: Երրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ հիւանդները որոնք սակառներով բերած էին ու բժշկուեցան, անոնցմէ էր: Չորրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ աւելցած կտորները իրենց հետ գիւղ մը տարին եւ այնտեղ սակառի մէջ լեցուցին եւ ատով հրաշքը կատարելապէս յայտնի եղաւ, որովհետեւ վերջին մնացորդը աւելի էր, քան առաջին սկիզբը:

Խօսք. «Իսկ մարդիկ երբ Յիսուսի գործած այս հրաշքը տեսան» (Յհ 6.14):

Մեկնութիւն. ասով երեք պտուղ ցոյց կու տայ. իախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին: Երկրորդ՝ որովհետեւ զՔրիստոս պատուեցին: Երրորդ՝ որովհետեւ ուզեցին Քրիստոսը իրենց վրայ թագաւոր ընել:

ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Իրապէս որ ասիկա էր մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար» (Յհ 6.14):

Մեկնութիւն. Տե՛ս, որովհետեւ Գիրքերէն գիտէին ու կը գողնային: Այն, որ Մովսէս Երկրորդ Օրինացին մէջ ըսաւ. «Տէրը ձեզի համար մարգարէ մը պիտի հանէ» (հմմտ. Բ. Օր 18.15), եւ երբ ժողովուրդը Քրիստոսի հրաշքները տեսաւ, զԻնք խոստովանեցան այն եզակի Մարգարէն ու ըսին. «Ա՛ս է ճշմարիտ Քրիստոսը, որ պիտի գար» (հմմտ. Յհ 6.14), որովհետեւ այլ մարգարէներ այս անունով չեկան, այլ՝ եկան Քրիստոսի գալուստին մասին պատմելու համար:

Եւ թէ Մովսէս ինչո՞ւ մարգարէ կոչուեցաւ, Մեկնիչը1 կ՚ըսէ, երեք պատճառով. նախ՝ մեծամեծ սքանչելիքներուն համար: Երկրորդ՝ ժողովուրդին տկար հաւատքին համար, ինչպէս որ ներկայիս այլազգիները անհաւատութեան պատճառով փեղամբար կ՚ըսուին: Երրորդ՝ որովհետեւ մարգարէի անուան համար իրեն կը յարին եւ նշաններէն կատարեալ գիտութեան կը հասնին անոր միջոցով:

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ ԳԱԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Եւ տե՛ս, որովհետեւ կ՚ըսէ. «Ով որ մարգարէին չլսէ, Իսրայէլէն պիտի վերանայ [սատկի]» (հմմտ. Բ. Օր 18.19), ինչպէս եղաւ. նախ՝ խաչահանողներուն մօտ քառասուն տարի ետք Տիտոսի եւ Վէսպիանոսի ձեռքով նոյն Զատիկի տօնին Երուսաղէմի վրայ հաւաքուեցան, իսկ հաւատացելաները հեռաւոր երկիրներ ցրուեցան, Երուսաղէմը պաշարեցին, ու երեսունվեց հազար սուրով զարկին, յիսուն հազար գերի վերցուցին ու մարդագլուխը հինգ-հինգ դահեկանով վաճառեցին:

Ասիկա հրեաներուն առաջին կոտորածը:

Երկրորդը յետոյ եղաւ. հինգհարիւր քառասունեօթ թուականին հռոմայեցիները չորս կողմերէ քաղաքին վրայ եկան ու առին Երուսաղէմը եւ այլազգիներէն քառասունհինգ հազար հոգի սուրով կոտորեցին, ու անոնցմէ ո՛չ ոք մնաց, մինչ կաթողիկոսին, որ «Պապ» կը կոչեն, բուռն ձեռքերը արիւնով թանձրացած էր սուրին վրայ ու տաք ջուրով լուալով՝ ըսաւ սաղմոսը. «Իր ձեռքերը մեղաւորին արիւնին մէջ պիտի լուայ» (հմմտ. Սղ 58.10), ու Սուրբ Յարութեան [տաճարին] մէջ Պատարագ մատուցեց:

Երրորդ՝ դարձեալ բոլոր հռոմայեցիները պիտի գան ու նեռին կարապետը պիտի վերցնեն քրիստոնեաներէն ըստ Ագադրոնի2 պատմութեան, երբ Հայոց թագաւորութիւնը վերստին պիտի նորոգուի ու քահանաները եւ եկեղեցիները պիտի ազատուին ու ապա պիտի երեւի անօրէնութեան մարդը եւ կորստեան որդին՝ նեռը, աշխարհի վախճանին մօտակայ ժամանակները:

ԱՅԼԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ

Հացին հրաշքը վարդապետները այլաբանութեամբ չորս կերպով կը մեկնեն.

Նախ՝ երեկոյ ժամանակ Քրիստոս հինգ հաց կտրեց եւ երկու ձուկեր, այդպէս ալ հրեաներու վախճանին Մովսէսին հինգ Գիրքերը [Հնգամատեանը], հինգ հացին պէս կտրեց, այսինքն՝ բացաւ ու աճեցուց հաւատացեալներուն խորհրդական միտքերուն մէջ, իսկ երկու ձուկերը, այսինքն՝ միւս մարգարէական գրութիւններն ու Սուրբ Գիրքերուն աստուածային պատմութեան խօսքերը:

Երկրորդ՝ ինչպէս ըսուեցաւ հինգ հացերը մեր հինգ զգայութիւններն են, իսկ երկու ձուկերը՝ իմացումն ու կամքը, որով հաւատքի ու առաքինութեան զանազան գործերուն մէջ կ՚աճինք:

Երրորդ՝ գարիի հինգ հացը եւ երկու ձուկերը, որովհետեւ նախքան Քրիստոս մեր գործերը անբաններուն համար կերակուր էր եւ հոգիով ու մարմինով մեղքերու ծովին մէջ կը շրջէինք, իսկ Քրիստոսի գալուստով բանական հրեշտակներուն եւ Աստուծոյ պատանիներ եղանք՝ կամքը կատարելով, երբ մեղքերու ծովէն դէպի արդարութեան ցամքը վերադարձուց մեզ:

Չորրորդ՝ հացը օրինակ է խոնարհներուն եւ անմեղներուն, որոնք չարութեան խմոր եւ հպարտութեան փքացումը չունին, իսկ ձուկերը, որոնք Աստուծոյ սիրով ջերմացած պիտանի եղան, որովհետեւ ո՛չ միայն քանի Զատիկը մօտեցած էր, նկանակ էր հացը, որովհետեւ ահաւասիկ չորս նկանակները, որ եօթ հազարին բաշխեց, Զատիկէն հեռու էր, այլ՝ որովհետեւ ամայի՝ անապատ տեղ մը կը շրջէին, ատոր համար նկանակ կ՚ուտէին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 54

Վաղարշապատ


1 Նանան:

2 Նկատի ունի հետեւեալ գրութիւնը. «Ագադրոնի անյաղթ փիլիսոփայի Աթենացւոյ ասացեալ վասն բարի ժամանակին եւ սուրբ թագաւորացն յայտնելոյ, եւ վասն ազգին նետողաց կործանմանն եւ դարձեալ յայտնելոյ եւ վասն թագաւորացն, որք յարձակելոց են իբրեւ զչար… եւ վասն պիղծ եւ անմաքուր նեռինն, որ յայտնելոց է եւ դարձեալ կործանելոց չարութեամբ Սուրբ Խաչին…», ՄՄ, ձեռ. 1382, թ. 309ա-318բ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020