Մենք Մեր Գլուխը Բարձր Կը Պահենք

Սու­րիա­կան տագ­նա­պի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն Հա­լէ­պի նուի­րեալ հայ տղա­քը հայ­կա­կան մեր թա­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ստանձ­նե­ցին: Ա­նոնք նա­խընտ­րե­ցին մա­քա­ռում­նե­րով առլ­ցուն հե­րո­սա­պա­տում կեր­տող­նե­րու դժուար ճամ­բան եւ մեծ դեր ու­նե­ցան ու կը շա­րու­նա­կեն ու­նե­նալ ոչ միայն մեր  ըն­տա­նիք­նե­րու, մեր ա­շա­կերտ­նե­րու, բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծի նուի­րուած մեր քոյ­րե­րու եւ եղ­բայր­նե­րու, մեր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան մէջ, այ­լեւ ի­րենց յան­դուգն յանձ­նա­ռու­թեամբ պա­տե­րազ­մա­կան վայ­րագ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ու ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րուն դի­մաց հայ հա­մայն­քին գո­յեր­թը ե­րաշ­խա­ւո­րող վա­հան­ներ դար­ձան:

Հայ­կա­կան թա­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը պէտք չէ ըն­կա­լել որ­պէս սոսկ կա­ռոյց­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կամ հայ բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան ի խնդիր տա­րուած աշ­խա­տանք: Հայ­կա­կան թա­ղե­րու պաշտ­պա­նու­թեան կո­չուած հայ տղա­քը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մեր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, մեր դի­մա­գի­ծը, մեր գո­յու­թեան ի­րա­ւունքն է, որ կ՚ամ­րապն­դեն, մեր սրբու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դոյթ­ներն է, որ կը պահ­պա­նեն եւ մեր  պայ­քա­րե­լու ու­նա­կու­թիւնն ու կամ­քը կը մարմ­նա­ւո­րեն: Այլ խօս­քով, սու­րիա­հայ հա­մայն­քի ու սու­րիա­կան հայ­րե­նի­քի ար­ժէք­ներն ու շա­հերն է, որ կը պաշտ­պա­նեն` յար­գանք պար­տադ­րե­լով բո­լո­րին: Ա­նոնց ազ­նիւ հո­գիին, կար­գա­պա­հու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան դի­մաց կը խո­նար­հին բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­ներն ան­գամ:

Մեր ներշնչ­ման աղ­բիւրն են ա­նոնք, ո­րով­հե­տեւ յու­սալք­ման ա­ռաջ­նոր­դող պա­տե­րազ­մա­կան յոր­ձա­նու­տին մէջ չյու­սալ­քուե­ցան,  հե­ռա­նա­լու տա­րաբ­նոյթ կո­չե­րը ար­հա­մար­հե­ցին ու չհե­ռա­ցան: Հարկ ե­ղած պա­հուն ի­րենց կեանքն ան­գամ չխնա­յե­ցին, նա­հա­տա­կուե­ցան, որ­պէս­զի նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րը ի­րենց գլու­խը բարձր պա­հեն ու չընկր­կին: Որ­պէս­զի ա­նոնք հպարտ զգան հա­յու ինք­նու­թեամբ, քա­ջա­րի մեր տղոց օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով` տէր կանգ­նին մեր սկզբունք­նե­րուն, մեր դա­րար­մատ հա­մայն­քին:

Մար­տի­րո­սա­ցած մեր տղա­քը պայ­քա­րի ի­րենց ո­գիով անջն­ջե­լի հետք ձգե­ցին մեր կեան­քին մէջ: Ա­նոնք հա­մո­զուած էին, որ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դի­մաց պէտք չէ նա­հան­ջել, պէտք չէ ընկր­կիլ ու անճր­կիլ, ո­րով­հե­տեւ դժուա­րու­թիւն­ներ կրնան յա­ռա­ջա­նալ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ եւ ա­մէն տեղ: Էա­կա­նը այդ դժուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման կամ­քով օժ­տուիլն է, մեր հա­ւա­քա­կան շա­հե­րուն պահ­պան­ման ի խնդիր վճռա­կան ըլ­լալն ու մեր ու­ժե­րուն հա­ւատք ըն­ծա­յելն է:

Գա­ղա­փա­րի այս զի­նուոր­նե­րուն թա­փած ա­րեան շի­թե­րը դի­մադ­րու­թեան խթան հան­դի­սա­ցան մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար: Ա­նոնք ի­րենց վար­քով ու օ­րի­նա­կով կեր­տե­ցին մար­տու­նակ սե­րունդ­նե­րու փա­ղանգ մը, ու մէ­կը դար­ձաւ տա­սը ու հա­րիւր, եւ սու­րիա­հայ քա­ջե­րուն շար­քե­րը հա­մալ­րուե­ցան գա­ղա­փա­րա­պաշտ նոր նուի­րեալ­նե­րով:

Դաշ­նակ­ցա­կա­նի ի­րենց տի­պա­րով ա­նոնք մեզ պատ­գա­մե­ցին տէր կանգ­նիլ հա­յատ­րոփ մեր հա­մայն­քին` զայն կրկին տես­նե­լու ա­ռոյգ, կեն­սու­նակ ու խա­ղաղ:

Այս պատ­գա­մը մե­զի փո­խան­ցող նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին ըն­դա­ռաջ, տխրե­լով հան­դերձ, ի­րա­ւունք չու­նինք յու­սա­հա­տե­լու եւ նա­հան­ջե­լու մեր գո­յեր­թին մէջ: Մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան տար­բեր հանգ­րուան­նե­րուն մղած ենք կե­նաց մա­հու կռիւ­ներ, դէմ դրած ենք ա­հա­բեկ­չա­կան հոր­դա­նե­րու, ու­նե­ցած ենք կո­րուստ­ներ, բայց կան­գուն մնա­ցած ենք, մեր գլու­խը բարձր պա­հած  եւ ան­կոտ­րում մեր կամ­քին շնոր­հիւ` վե­րագ­տած մեր կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու ծաղ­կուն կեան­քը:

Սգա­լով կո­րուս­տը մեր նա­հա­տակ­նե­րուն` վե­րա­նո­րո­գենք մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ու քաջ գի­տակ­ցինք, որ դա­ւա­դիր հրա­սանդ­ներ թէ­կուզ փլեն մեր տու­նը, չեն յա­ջո­ղիր խախ­տել ա­նոր հի­մը, թէ­կուզ խլեն մեր լա­ւա­գոյն տղոց կեան­քը, չեն յա­ջո­ղիր խա­փա­նել ա­նոնց սկսած սրբա­զան գործն ու սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցուող ուխ­տը:

Խմբագրական «Գանձասար»ի

Հալէպ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016