Սուրիահայ ՏՔԹ. ՃԱՆԻ ՀԱՏՏԱՏ Անվճար ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՎիրահատութիւնՆԵՐ ԿԸ ԿատարԷ Հայաստանի ՄԷջ

Ճա­նի Հատ­տատ… Սու­րիա­հայ բժիշկ, գի­տա­կան բազ­մա­թիւ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ, բարեգործ…. ա­սոնք,  ան­շու՛շտ, մար­դու ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը ընդգ­ծող յատ­կա­նիշ­ներ են, սա­կայն բա­րե­գոր­ծու­թիւ՛նն է ի վե­րուստ դրուած Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծած ա­րա­րած­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րի հո­գիի կեր­տուած­քին մէջ… Ան­խա­թար պա­հե­լով այդ կեր­տուած­քը՝ բժիշկ Ճա­նի Հատ­տատ բազ­մա­թիւ անվ­ճար վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ար­ցախ աշ­խար­հին մէջ եւ տա­րի­ներ շա­րու­նակ կ՚ի­րա­գոր­ծէ այդ բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ա­ռանց ակն­կա­լե­լու պար­գեւ­ներ, պա­տուոյ ­գիր­ներ, թէեւ մօ­տա­ւո­րա­պէս 5200 անվ­ճար վի­րա­հա­տու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հա­յոր­դին միան­գա­մայն ար­ժա­նի է ա­տոր: Հան­դի­սա­նա­լով ACMA (Հայ քրիս­տո­նեա­նե­րու բժիշկ­նե­րու միու­թեան) հիմ­նա­դիր նա­խա­գա­հը՝ ան իր բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան սկսած է ըն­դա­մէ­նը երկու հո­գի­նոց խում­բով, իսկ հե­տա­գա­յին բժշկա­կան անձ­նա­կազ­մը հա­մալ­րուած է նոր­մաս­նա­գէտ-բժիշկ­նե­րով, բոյժ-­քոյ­րե­րով, ո­րոնք մէկ ըն­տա­նիք  դար­ձած են:

-Տոք­թո՛ր Ճա­նի, ե՞րբ սկսաք Ձեր բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան:

-Ես 2000 թուա­կա­նէն  սկսած եմ գալ Հա­յաս­տան եւ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ը­նել: Տա­րին եր­կու ան­գամ կու գամ: Սկիզ­բը Մա­լա­թիա հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցի, յե­տոյ սկսայ շրջիլ բո­լոր մար­զե­րով. վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէի Կիւմ­րիի կեդ­րո­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, ատ­կէ ա­ռաջ՝ Աւստ­րիա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, այս օ­րե­րուն՝ Ե­րե­ւա­նի  Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րած եմ եւ պի­տի շա­րու­նա­կուի այդ ըն­թաց­քը՝ մին­չեւ մեկ­նումս: Վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ը­րած ենք Ար­ցա­խի՝ Շու­շիի  հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ: Բա­ցի վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րէն՝ նաեւ կը զննենք հի­ւանդ­նե­րը: Այս տա­րի՝ մինչ այ­սօր, Լո­ռիի, Շի­րա­կի, Կո­տայ­քի, Ար­մա­ւի­րի մար­զին, Ա­րա­րա­տի, Ե­րե­ւա­նի, Ար­ցա­խի մէջ զննած ենք 909 հի­ւան­դ: Այս այ­ցիս եր­կու օ­րուան մէջ 30 վի­րա­հա­տու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք Կիւմ­րիի, 45 վի­րա­հա­տու­թիւն՝ Ար­ցա­խի մէջ,  վերջերս Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ սկսայ վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րու. մէկ օ­րուան մէջ կա­տա­րած ենք 15 վի­րա­հա­տու­թիւն: Ու­նիմ լաւ օգ­նա­կան­ներ, բժիշկ­նե­րու եւ բոյժ-­քոյ­րե­րու հրա­շա­լի անձ­նա­կազմ: Հիմ­նա­կա­նին մէջ կը վի­րա­հա­տեմ խպիպ, ճողուածք, լե­ղա­պարկ, քաղց­կեղ, թութք­… ես հիմ­նա­կա­նին մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած եմ խպի­պի եւ քաղց­կե­ղի վի­րա­բու­ժու­թեան գի­ծով:

-Բժի՛շկ Հատ­տատ, ո՞ւր  ստա­ցած էք Ձեր կրթու-­թիւ­նը, մաս­նա­գի­տա­ցած ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծած:

-Դպրո­ցը ա­ւար­տած եմ Քուէյ­թի մէջ, Բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը ա­ւար­տած եմ Դա­մաս­կոս, վի­րա­բու­ժա­կան բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւնս ստա­ցած եմ Անգ­լիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ:

-Ինչ­պէ՞ս սկսաք բա­րե­գոր­ծու­թեամբ զբա­ղիլ, ոե­ւէ մէ­կը ուղ­ղոր­դա՞ծ է ձե­զ:

-Ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թիւնս Հա­յաս­տան ե­ղաւ 1988-ին՝ երկ­րա­շար­ժի 6-րդ օ­րը. ե­րեք ինք­նա­թիռ բե­րի Քուէյ­թէն՝ բեռ­նուած բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով, քիչ քա­նա­կու­թեամբ դե­ղօ­րայ­քով: Հա­յաս­տա­նին այդ ժա­մա­նակ ա­ւե­լի անհ­րա­ժեշտ էր ու­նե­նալ բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ: Շատ կա­րե­ւոր էր այդ ժա­մա­նակ ու­նե­նալ ե­րի­կա­մունք լուա­ցող սար­քա­ւո­րում՝ Hemodialysis, չու­նէին լա­փո­րաս­քո­փիք գոր­ծիք­ներ: Ես այդ ա­մէ­նը բե­րած էի, սա­կայն, ցա­ւօք, չպա­հե­ցին, չօգ­տա­գոր­ծե­ցին, վա­ճա­ռե­ցին դուր­սը: Հի­մա ը­սեմ, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս սկսայ բա­րե­գոր­ծու­թիւն ը­նել. 1976-ին Տէ­րը ին­ծի տե­սիլք մը տուաւ, որ ես պի­տի ծա­ռա­յեմ Հա­յաս­տա­նին: Այդ տե­սիլ­քը ե­րեւ­ցաւ ին­ծի, երբ տակաւին ու­սա­նող էի եւ իմ բո­լոր հայ ըն­կեր­նե­րուս յոր­դո­րե­ցի գալ ու ծա­ռա­յել Հա­յաս­տա­նին. ան­շուշտ, մէկ մա­սը ըն­դու­նեց միտքս, միւս մա­սը՝ ոչ: Ա­ւար­տե­ցի ու­սումս, Քուէյ­թէն 1990-ին գա­ցի Հա­լէպ, 26 տա­րի է, որ Հա­լէ­պի մէջ եմ: 2000 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ ծա­նօ­թա­ցայ շարք մը մար­դոց հետ եւ պատ­մե­ցի իմ տե­սիլ­քիս մա­սին, լաւ դի­մա­ւո­րե­ցին, ըն­դու­նե­ցին, սկսանք մեր բա­րե­գոր­ծա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­մէ­նը երեք հո­գիով: 2006-ին հիմ­նե­ցի ACMA  կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, այժմ խում­բին մէջ ընդգր­կուած են 206 հո­գիէ ա­ւե­լի աշ­խա­տող­ներ: Բո­լորն ալ կ՚աշ­խա­տին կա­մա­ւոր հի­մունք­նե­րով: Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­ներ ու մար­զեր, գիւ­ղեր կ՚այ­ցե­լենք 15-20 հո­գիով, Ար­ցախ գա­ցինք 8 հո­գիով, ո­րով­հե­տեւ գի­շե­րա­կա­ցի, այլ ծախ­սե­րու հետ կա­պուած խնդիր­ներ կա­յին: Ար­ցախ տա­րինք նաեւ ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու խումբ մը, որ աշ­խա­տե­ցաւ 65 հի­ւանդ­նե­րու հետ, իսկ Շու­շիի մէջ 45 վի­րա­հա­տու­թիւն ը­րինք: 5  օր ու 4 գի­շեր մնա­ցինք եւ ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք բժշկա­կան կա­րե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն­ներ: Յա­ջորդ Եր­կու­շաբ­թի պէտք է վե­րա­դառ­նամ Հա­լէպ, ուր նոյն­պէս  ին­ծի սպա­սող հի­ւանդ­ներ ու­նիմ, պէտք է վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ը­նեմ:

-Այ­սինքն՝ դուք հանգս­տա­նա­լու ժա­մա­նակ չու­նիք:

-Հանգս­տա­նա­լու մա­սին ես ընդ­հան­րա­պէս չեմ մտա­ծեր, իսկ Հա­լէ­պի մէջ հանգս­տա­նա­լու ժա­մա­նակ չկայ. չէ՞ որ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճակ է: Ա­ւե­րուած են տու­ներ, թա­ղա­մա­սեր, գոր­ծա­րան­ներ, խա­նութ­ներ, դպրոց­-ներ. շատ զո­հեր ու­նե­ցանք, վի­րա­ւոր­ներ: Ջրհոր­ներ  կը փո­րենք, պա­տե­րազ­մի այ­րի­նե­րուն հոգ կը տա­նինք, ու­սա­նող­նե­րուն, հա­մա­բու­ժա­րան բա­ցինք…. Ու­տե­լի­քով կ՚օգ­նենք մար­դոց:

-Ձեր բա­րե­գոր­ծու­թիւ­նը անվ­ճար վի­րա­հա­տու­թիւն­ներն են, եւ, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ար­դեօք որեւէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն կը հո­վա­նա­ւո­րէ՞ ձեզ:

-Կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը կայ՝ «Պար­նա­պաս» հիմ­նադ­րա­մը, որ մե­զ կը հո­վա­նա­ւո­րէ, կ՚ա­ջակ­ցի, մա­նա­ւանդ՝ Հա­լէ­պի մէջ: Մեր ACMA-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին մէջ Սու­րիա­յէն Հա­յաս­տան գաղ­թած սու­րիա­հա­յե­րուն օգ­նելն է, մե­զի կ՚օգ­նեն նաեւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը. մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին գի­տեն Հա­յաս­տա­նի մէջ: Հետս  կ՚աշ­խա­տի նաեւ աղ­ջիկս՝ Փե­թիան, ան իմ աջ ձեռքս է: Փե­թիան ման­րա­վի­րա­բոյժ է, փե­սաս հա­մա­կարգ­չա­յին մաս­նա­գէտ: «Պար­նա­պաս»ը մե­զի  կ՚օգ­նէ Հա­լէ­պի մէջ ի­րա­գոր­ծուող բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծե­լուս, ժո­ղո­վուր­դին տրուող սնուն­դի հար­ցով կ՚օգ­նէ, իսկ Հա­յա­սա­տա­նի մէջ ես իմ կող­մէս բա­ցար­ձա­կա­պէս անվ­ճար կը կա­տա­րեմ վի­րա­հա­տու­թիւն­նե­րը:

-Բժի՛շկ, չէ՞ք յոգ­նիր, չէ՞ք զղջար, որ այդ­քան մեծ բեռ ա­ռած էք ձեր ու­սե­րուն, ձե­զ եր­բեք չե՞ն նե­ղաց­ներ այս­տեղ կամ կը խո­չըն­դո­տեն ձեր աշ­խա­տանք­նե­րը, քա­նի որ անվ­ճար հի­ւանդ­նե­րու հոսք կայ ձեր մօտ:

-Բնաւ չեմ յոգ­նիր ու չեմ զղջար: Կա­րե­ւո­րը, որ մենք լե­րան վրայ ըլ­լանք, այդ ժա­մա­նակ մեծ հար­ցե­րը փոքր կ՚ե­րե­ւին աչ­քիդ: Կը գո­ռան, կը գո­ռան… կ­՚ը­սեն, որ տոք­թո­րը ե­կաւ մեր հի­ւանդ­նե­րը գող­ցաւ…­ հո՛գ չէ, ես իմ խղճիս թե­լադ­րան­քով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուիմ:

-Ո՞ր հի­ւան­դու­թիւ­նը ա­ռա­ւել տա­րա­ծուած է ձե­զի դի­մող հի­ւանդ­նե­րուն մօտ:

-Խպիպ ու­նե­ցող­նե­րը շատ են, որ հիմ­նա­կա­նին մէջ տա­րա­ծուած է լեռ­նա­յին ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շրջա­նին մէջ, այն­տեղ, ուր ծով, ով­կիա­նոս չկայ, այդ հի­ւան­դու­թիւ­նը նաեւ խմե­լու ջու­րի մէջ իո­տի պա­կա­սու­թե­նէն կը յա­ռա­ջա­նայ:

-Չէ՞ք վախ­նար՝ պա­տե­րազ­մա­կան այս լա­րուած օ­րե­րուն ապ­րե­լով Հա­լէ­պի մէջ:

-Ե­թէ մենք չապ­րինք, ո՞վ պէտք է ապ­րի: Մեր ժո­ղո­վուր­դը մեր կա­րի­քը ու­նի: 72 հազար հա­յու­թե­նէն մնա­ցած է  8 հազար հայ. շատ լաւ վի­րա­բոյժ­ներ ալ գաղ­թե­ցին­… ո՞վ պէտք է մնայ Հա­լէ­պի մէջ, ե­թէ բո­լո­րը դուրս գան, հե­ռա­նան: 1923-ին Հա­լէ­պի բնակ­չու­թեան 40 առ հարիւրը հա­յեր էին, 60 առ հարիւրը՝ քրիս­տո­նեա­ներ էին ընդ­հան­րա­պէս, իսկ հի­մա պատ­կե­րը փո­խուած է: Հա­լէպ­ցի տե­ղաբ­նակ­նե­րը շատ բան  սոր­ված են պատմական Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թած հայ ժո­ղո­վուր­դէն. շատ մահ­մե­տա­կան­ներ նոյ­նիսկ կ՚ը­սեն՝ Դուք Հա­լէ­պի աղն էք, մի՛ եր­թաք, մի՛ ձգէք մե­զ…

-Ինչ­պէ՞ս մեկ­նել ձեր՝ Հատ­տատ ոչ-հայ­կա­կան ազ­գա­նու­նը…

-Մեծհայրս Տիար­պաքը­րէն՝ Տիգ­րա­նա­կեր­տէն էր եւ գաղ­թե­լէ ետք ը­սին, որ կա՛մ Տեմիր­ճի կամ Հատ­տատ պի­տի կո­չեն (որ եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ կը նշա­նա­կէ եր­կա­թա­գործ. ա­ռա­ջինր՝ թրքե­րէ­նով, երկ­րոր­դը՝ ա­րա­բե­րէ­նով), հայրս կը  նա­խընտ­րէ երկ­րորդ՝ ա­րա­բե­րէն տար­բե­րա­կը: Ա­հա այդ ազ­գա­նուան պատ­մու­թիւ­նը: Ես պա­տե­րազմ­ներ ան­ցած եմ՝ 1973-ին Սու­րիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի, 90-ա­կան­նե­րուն՝ Ի­րա­քի պա­տե­րազ­մը, 2000-ին եւ հի­մա ալ՝ սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մը: Մինչ այ­սօր 15 եր­կիր­նե­րու մէջ ծա­ռա­յած եմ իմ մաս­նա­գի­տու­թեամբ: Ես կ՚ըլ­լամ Փա­քիս­տա­նի, Սու­տա­նի, Ե­գիպ­տո­սի, Ի­րա­նի, Թուր­քիոյ, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ, բո­լոր այն տե­ղե­րը, ուր իմ կա­րի­քը կայ:

Մեր զրոյ­ցին միա­ցաւ նաեւ Ճա­նի Հատ­տա­տի դուստ-­րը՝ Փե­թիա Հատ­տա­տը, որ երեք տա­րի բժշկա­կան կրթու­թիւն  ստա­ցած է Սու­րիոյ մէջ, յե­տոյ կրթու­թիւ­նը շա­րու­նա­կած Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի թիւ 1 դար­մա­նա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ կը մաս­նա­գի­տա­նայ յայտ­նի ման­րա­վի­րա­բոյժ Ար­տա­ւազդ Սա­հա­կեա­նի մօտ՝ որ­պէս ման­րա­վի­րա­բոյժ: Փե­թիան կ՚եր­թայ հօր ճա­նա­պար­հով՝  մար­դոց օգ­նե­լը հա­մա­րե­լով քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն:

Բա­րե­գործ բժիշ­կին մա­սին խօ­սե­ցան նոր վի­րահատուած հի­ւանդ­նե­րը՝ Թա­մա­րա Բա­կունցն ու Ռո­զա Ճնգրեա­նը. ա­նոնց­մէ ա­ռա­ջի­նին մօտ  ճո­ղուած­քի վի­րա­հա­տու­թիւն  ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էր բժիշ­կը, միւ­սի լե­ղա­պար­կը վի­րա­հա­տած: «Աջ ա­ճու­կիս շրջա­նին շատ ցա­ւոտ ճո­ղուածք ու­նէի, ոտքս չէի կրնար շարժել եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ալ չու­նէի վի­րա­հա­տուե­լու: Այն­չափ գոհ եմ բժիշկ Ճա­նիէն, ա­նոր ողջ անձ­նա­կազ­մէն: Ես երեք բու­ժա­րան­նե­րէ ա­նընդ­հատ ու­ղե­գիր կը խնդրէի, հա­զիւ տուին, որ­պէս­զի հերթս չկորսնց­նեմ, ժա­մա­նա­կին հասց­նեմ, իսկ այս հրաշք մար­դը անվ­ճար վի­րա­հա­տեց: Բժիշ­կի ծննդա­վայ­րին մէջ պա­տե­րազմ կայ, ա­ւե­րա­կուած է Հա­լէ­պը, այն­տեղ ա­մէն օր մար­դիկ կը զո­հուին, թե­րեւս նաեւ՝ ա­նոր հա­րա­զատ­նե­րէն, իսկ բժիշ­կը կու գայ Հա­յաս­տան եւ անվ­ճար վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ: Ես ան­սահ­ման ե­րախ­տա­պարտ եմ ա­նոր, թո՛ղ ա­նոր ծննդա­վայ­րին մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տուի: Կը մաղ­թեմ, որ բժիշկ Ճա­նին շատ եր­կար ու ա­ռողջ կ՚ապ­րի, Աս­տուած թո՛ղ եր­կար կեանք տայ ա­նոր», կ՚ը­սէ Թա­մա­րա Բա­կուն­ցը: «Լե­ղա­պարկս վի­րա­հա­տած է բժիշ­կը: Ե­թէ ան չգար եւ անվ­ճար չվի­րա­հա­տէր, ես հնա­րա­ւո­րու­թիւն չէի ու­նե­նար ա­զա­տե­լու այդ սոս­կա­լի ցա­ւե­րէն: Այն­չափ ե­րախ­տա­պա՛րտ եմ այդ բա­րի մար­դուն: Աս­տուած թո՛ղ լիա­բուռն վար­ձա­հա­տոյց ըլ­լայ ա­նոր, որ նե­ղու­թեան մէջ գտնուող հի­ւանդ­նե­րուն կա­րե­կից կ՚ըլ­լայ ու ձեռք կը մեկ­նէ: Ան ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեայ մըն է», կ՚ը­սէ Ռո­զա Ճնգրեան:

Ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեայ Ճա­նի Հատ­տա­տին հրա­ժեշտ տուի , երբ ան մեր՝ ըն­դա­մէ­նը 20 վայր­կեան­նոց զրոյ­ցէն ետք, ա­ռանց հանգս­տա­նա­լու, շտա­պեց  վի­րա­հա­տա­րան… եւ այն­պէ՜ս  անտր­տունջ, այն­պէ՜ս  խա­ղաղ ու բա­րի, ժպտա­դէմ՝ կար­ծես բնաւ ինք չէր օ­րուան՝ ի­րարու յա­ջոր­դող, ա­նընդ­մէջ բարդ վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նո­ղը:

ԿԱ­ՐԻ­ՆԷ Ա­ՒԱ­ԳԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2016