ՏԵՐԱՅԷՆ ՎԵՐՋ Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ
Միջազգային լրահոսին եւ լրատուական գործակալութիւններուն համար, վերջին օրերուն, գլխաւոր լուր կը դառնար Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ գտնուող Տերա աւանը, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող ընդդիմադիրներու ամենակարեւոր եւ «վերջին» բերդերէն մին։
Վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ յատկապէս Տերայի պարագային ամերիկացիները «բացէ ի բաց» յայտարարած են, որ իրենք ոչ մէկ կերպով կը պատրաստուին «մատ շարժել» պաշտպանելու համար ընդդիմադիր զինեալները։
Ամերիկեան այս տեսակէտը կը յստականար յատկապէս Հայզըր Նոէրթի բերնով, երբ ան առանց բառերը ծամծմելու կը յայտարարէր՝ «զինեալները պէտք է գործեն մեկնելով իրենց շահերէն ու Ամերիկա այս փուլին չի պատրաստուիր, որեւէ ձեւով մասնակից ըլլալ զինեալ գործողութիւններուն»։ Այս յայտարարութիւնը կու գար «յստակացնելու», որ ամերիկացիները չեն ուզեր նոր ճակատ մը բանալ եւ ռազմի երթալ սուրիական բանակին հետ։
Ինչ կը վերաբերի ռուսական կողմին… Բացի այն իրականութենէն, որ ռուսաստանեան պատերազմական կործանիչներ (որոնք երկար ժամանակէ ի վեր «անգործ» մնացած էին) ծանր հրթիռարձակումներ կատարեցին ու կը կատարեն Տերայի մէջ տեղակայուած զինեալներու կեդրոններուն ուղղութեամբ, անդին Մոսկուա «աչալուրջ» կերպով կը հետեւի դէպքերու ընթացքին եւ «մտահոգութիւն» կը յայտնէ այն մասին, թէ երկար ժամանակէ ի վեր «հրադադարի ռեժիմ»ին տակ եղած Տերան մտած է նոր փուլ մը, որ կը յատկանշուի ռազմական թէժագոյն գործողութիւններով։ Ինչ կը վերաբերի զինուորական զարգացումներուն, ապա բացայայտ ու յստակ է, որ սուրիական բանակը «վճիռ» կայացուցած է, թէ պիտի «քալէ» մինչեւ վերջ եւ Տերան վերջնական կերպով ազատագրէ ահաբեկիչ տարրերէ։
Յստակ է, որ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի համար, մասնաւորապէս այս փուլին, շատ աւելի հեշտ է պայքարիլ այդ շրջաններու արմատական զինեալներուն դէմ, քան ըսենք ուղղուիլ դէպի այն շրջանները, որոնք կը գտնուին քրտական ապօրինի ջոկատներու տիրապետութեան տակ։ Խօսքը յատկապէս Աֆրինի շուրջ եղող շրջաններուն՝ Հասեքէի, Գամիշլիի, Թել Ապեաթի եւ Ռաքքայի մասին է, որոնց մէջ այսօր ազդեցիկ ներկայութիւն կը համարուին Սուրիոյ քրտական ջոկատները։ Բացայայտ է, որ Էսատ ոչ մէկ կերպով անտեսած է այդ հիմնահարցը, սակայն մասնաւորապէս այս փուլին յայտնի սկսած է դառնալ, որ այդ կողմերու, հետեւաբար քիւրտերու դէմ նոր ճակատ մը բանալու ընտրանքը նպատակայարմար չէ անոր համար։
Նշենք նաեւ, որ մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումները կը յաջողէին իրենց տիրապետութեան տակ առնել Պասր ալ Հարիր եւ Մալիհա շրջանները։ Անոնք նոյնպէս կը յաջողէին ռազմավարական քայլ մը կատարելով «երկուքի կիսել» Մալիհա աւանը, այդպէսով հեշտացնելու համար իրենց յառաջիկայ ռազմական յառաջխաղացքը։
Այստեղ պէտք է անպայման նշել, որ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ բանակին հիմնական նպատակը եղած է.
ա.- Տարանջատել Տերա քաղաքը իր գիւղական հատուածներէն, այդպէսով դուռ բանալով զինեալ գրոհայիններուն նահանջելու եւ հեռանալու այդ շրջաններէն։
բ.- Արշաւել եւ հասնիլ Յորդանանի հետ ռազմավարական եւ տնտեսական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող սահմանային գօտի ու Դամասկոսի տիրապետութեան տակ առնել Ալ Նասիպ յայտնի սահմանային անցակէտը։
ՆՈՐ ԳԱՂԹԻ ԱԼԻՔ՝ ԴԷՊԻ ՅՈՐԴԱՆԱՆԱՄԵՐՁ ԳՕՏԻՆԵՐ
19 յունիսին ընթացք առած մարտական գործողութիւններէն ետք եւ մինչեւ 25 յունիս ինկած ժամանակահատուածը կը յայտարարուէր, որ Տերայէն գաղթածներու թիւը հասած է 45 հազարի։
Հարկ է արձանագրել, որ հակառակ տեղի ունեցող ռազմական ծանր գործողութիւններուն՝ մասնաւորապէս Տերայի գիւղաւաններու բնակիչները անցնող օրերուն փողոց իջած են զինեալ խմբաւորումներէն պահանջելով՝ արագօրէն այդ շրջաններէն հեռացումը, հետեւաբար այդ վայրերուն մէջ Սուրիոյ բանակին տեղակայումը։ Սա անշուշտ պիտի նշանակէր, որ Տերայի տասնեակ գիւղերը պիտի վերադառնային Սուրիոյ պետութեան ծոցը։
Տերայի շուրջ գտնուող գիւղաւաններուն մէջ կան բնակիչներ, որոնք չեն ուզեր ապրիլ Պեշար Էսատի լուծին տակ ու այդ պատճառով է նաեւ, որ անոնք յայտարարած են, թէ պատրաստ են գաղթել դէպի աւելի ապահով շրջաններ ու հասնիլ մինչեւ Սուրիա-Յորդանան սահմանային շրջանը։
Այս բոլորէն անդին ուշագրաւ զարգացումով մը պաշտօնական Ամման կը յայտարարէր, որ յատկապէս այս օրերուն փակ պիտի պահէ Սուրիոյ հետ իր սահմանային բոլոր անցքերը՝ առարկելով, որ Ամմանի կառավարութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ նոր փախստականներ ընդունելու։
Ուրեմն տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ Սուրիոյ հարաւային այդ շրջաններուն մէջ կրնայ երեւելի դառնալ մարդկային նոր տագնապ մը, որ յար եւ նման է Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ ամիսներ առաջ եղած տագնապներուն։
Ընդդիմութեան ղեկավարներ այս անգամ եւս կրնան սխալ դուրս գալ, փորձելով մարդկային ֆոնի վրայ առկայ տագնապները շահարկել եւ այդ բոլորը փորձել վերածել քաղաքական միաւորի։
Անոնք կը մոռնան, որ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները մանաւանդ այս փուլին կը յուշեն, որ ամերիկացիք չեն պատրաստուիր կռուիլ իրենց փոխարէն։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Վերադառնալով քաղաքական գետին՝ ապա պէտք է հաշուի առնել, որ անցեալ չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս տեղի ունեցած քննարկումները ցոյց կու տային, որ սուրիական տագնապին շուրջ քաղաքական լուծումներու նոր փուլ մը կը հասուննայ։
Ճիշդ է, որ Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սթեֆան տէ Միսթուրա իր մտավախութիւնը կը յայտնէր Տերայի մէջ մարդկային սուր տագնապի մը գոյացումին վերաբերեալ, սակայն ընդհանուր առմամբ ակներեւ սկսած է դառնալ, որ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապին առընչութեամբ նոր ծրագիր մը կ՚ուզէ կեանքի կոչել։
Այս մօտեցումին ամենէն վառ ապացոյցը բրիտանացի յայտնի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի օրերս The Independent-ի մէջ լոյս ընծայած յօդուածն է, ուր ան առանց բառերու ետին թաքնուելու կարծիք յայտնած է, թէ՝ «Ամերիկա հրաժարած է Էսատը իշխանութենէն հեռացնելու իր մտադրութիւններէն»։
Ֆիսք մասնաւորապէս գրած է. «ԱՄՆ հրաժարած է Էսատը պաշտօնազրկելու գաղափարէն: Ի վերջոյ Ուաշինկթըն հասկցաւ, որ Սուրիոյ մէջ գործող իր դաշնակիցները կանգնած են մեծ դժուարութիւններու առջեկ եւ յայտարարեց, որ իրենք Սուրիոյ եւ Ռուսաստանին խորհուրդ կու տան չխախտել զինադադարի համաձայնութիւնը: Սուրիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող դէպքերը շրջադարձային են եւ պայմանաւորուած են Էսատի արձանագրած յաղթանակով ու հողերու ազատագրումով։ ԱՄՆ յուսահատած է Էսատը պաշտօնազրկելու կոչերէն եւ ձեռք քաշած զինեալ ընդդիմութիւնը հովանաւորելէ»։
Ֆիսք անլուրջ լրագրող մը չէ ու անոր խօսքը արժէք ունի ո՛չ միայն արաբ-իրանեան շրջանակներուն, այլ նաեւ՝ արեւմտեան աշխարհին մէջ։ Ու յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմի ամենատարբեր դէպքերուն մասին գրած այս անձնաւորութիւնը իր նիւթերը լոյսին կու տայ հիմնուելով միայն առարկայական տուեալներու ու տեղեկութիւններու վրայ։
Անշուշտ այս երբեք չի նշանակեր, որ Էսատ կը պատրաստուի յաղթանակ տօնել Սուրիոյ մէջ, սակայն յստակ է, որ այդ երկիրը կը մտնէ նոր շրջափուլ մը, ուր իրականութիւն պիտի դառնան քադըվըըղաքական լուծումներով տագնապը մարելու նոր ձեւաչափերը։
Ի դէպ, Սուրիոյ մէջ յաղթանակ արձանագրելու կամ տօնելու մասին եղած խօսքերը նորութիւն մը չեն, սակայն երկիրը յայտնուած է այնպիսի քաոսային վիճակի մը մէջ, որ ահաբեկիչ զինեալներէն ձերբազատուելու համար մղուած պայքարները, ռազմերը եւ արձանագրուած առաւելութիւնները անկարելի է համարել ամբողջական յաղթանակ։
Սուրիոյ կառավարութիւնը դէմ յանդիման պիտի ըլլայ բաւականին խոշոր հարցերու հետ, որոնց ամենէն վտանգաւորը ընկերային-հոգեբանական խնդիրներն են, որոնցմէ ալ կը տառապի երկրի բնակչութեան ջախջախիչ տոկոսը։
Տակաւին չենք խօսիր տնտեսական-ելմտական հարցերուն, ենթակառուցուածքի խնդիրներուն եւ առհասարակ երկիրը «ռէսթարթ»ի ենթարկելու ռազմավարութեան մասին, որ ո՛չ միայն երկար ժամանակի կը կարօտի, այլ նաեւ՝ տնտեսական մեծ ներուժի ու ընդհանուր կայունութեան։
Տակաւին չենք խօսիր Սուրիոյ բաժանման հարցին մասին, որ ինչպէս երէկ, այսօր ալ կը շարունակէ մնալ օրակարգի, ինչպէս նաեւ «մութ սենեակ»ներու մէջ քննարկման թեմա։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան