ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ. «ՄԵՐ ՅՈՅՍԸ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ Է…»

Մեզմէ շատեր լսած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող Քրիստոնէական եղբայրակցութեան մասին։ Միութիւններ, որոնց հիմնական նպատակը միայն Աստուծոյ խօսքը ջամբելը չէ, այլ նաեւ կազմակերպուած աշխատանք տանիլ, որպէսզի եկեղեցիին հանդէպ որոշ սէր ունեցող երիտասարդներ, ճանչնան, իմանան, սորվին ու կապուին մեր եկեղեցիին։

Մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մէջ, ուր հայկական կեանքը կեդրոնացած է եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռեակին շուրջ, Եղբայրակցական միութիւնները կարեւոր աշխատանք կը տանին։ Անոնք ի մի կը բերեն քրիստոնէական հաւատքով ապրիլ ու գործել ուզող տարրերը, նաեւ կը փորձեն եռանդ եւ աշխուժութիւն ներդնել համայնքային կեանքին։ Այս եւ յատկապէս Հալէպի մէջ գործող Եղբայրակցութեան մասին հետաքրքրական հարցազրոյց մ՚ունեցայ Տիար Յակոբ Յակոբեանին հետ, որ Հալէպի Եղբայրակցութեան միութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն է։

*

-Գիտնեք, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէք Հալէպի հայ հոգեւոր եղբայրակցութեան, ի՞նչ է ձեր միութեան նպատակը, երբ հիմնուած է եւ ի՞նչ պայմաններու տակ:

-Ես կը ծառայեմ Հայ Առաքելական հոգեւոր եղբայրակցութեան, որուն նպատակն է մեր ազգակիցները առաջնորդել դէպի Աստուած եւ Եկեղեցի։ Անշուշտ նպատակ ունենալով մեր ազգակիցները առաջնորդել եւ տանիլ դէպի Տէր Յիսուսը, որպէսզի բոլորն ալ ժառանգեն յաւիտենական կեանքը։

Նախ նշեմ, որ մեր եկեղեցւոյ մօտիկ գործող եղբայրակցութիւններու արմատները կ՚երթան մինչեւ 14-րդ դար, իսկ մեր եղբայրակցութիւնը հիմնուած է 1965 թուականին։ Ներկայիս Հալէպի մեր եղբայրակցութիւնը իր հանդիպումները կը կայացնէ Ազգային առաջնորդարանին պատկանող սրահի մը մէջ։ Յատկանշական է, որ մեր գտնուած շէնքին սրահի կառուցման ժամանակ սրբազան հայրը (նկատի ունի Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդներէն Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանը) անձամբ եկած եւ հիմնաքարը դրած է եղբայրակցութեան սրահին եւ պետականօրէն ալ, այս եղբայրակցութիւնը կը գործէ Ազգային առաջնորդարանի անուան տակ:

Եղբայրակցութիւնը ներկայիս ունի շուրջ հինգ հարիւր անդամ եւ ունինք նաեւ երիտասարդացի բաժին, ուր կը յաճախեն շուրջ ութսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։

-Ի՞նչ է ձեր գործունէութեան դաշտը եւ ի՞նչ նպատակներ կը հետա-պընդէք:

-Մեր գործունէութեան մաս կը կազմեն եկեղեցի յաճախելը, առաւօտեան պատարագներուն ներկայ ըլլալը, իսկ կէսօրէ ետք եղբայրակցութիւն կը յաճախենք Սուրբ Գիրք կարդալու, սերտելու, հոգեւոր երգեր, շարականներ երգելու, պատկերաւոր ըսած՝ Յիսուսի սէրը ճաշակելու եւ Աստուծոյ հետ մտերմիկ ժամանակ անցընելու:

Յատկապէս երիտասարդացի մէջ, մեր նպատակն է օգնել հայ քրիստոնեայ երիտասարդին, քաջալերել զինք Աստուծոյ մօտ կեանք մը ապրելու: Երիտասարդացի մէջ մեր աշխատանքը կը ծաւալենք երեք հիմնական ուղղութիւններով. նախ՝ կը քաջալերենք կամ կը խրատենք երիտասարդը հոգեւոր բաժնին մէջ, Աստուծոյ մօտենալու, մաքուր կեանք մը ապրելու առումով։ Նաեւ կը քաջալերենք զինք հոգեբանական առումով, որովհետեւ մարդ արարածը կը բաղկանայ մարմինէ, հոգիէ եւ շունչէ, ուրեմն հոգին կ՚առաջնորդենք եւ շունչի բաժնին մէջ հոգեբանական նիւթերու շուրջ կ՚աշխատինք, եւ վերջապէս անոնց օգտակար կը դառնանք նաեւ ֆիզիքականօրէն, ընկերային աշխատանքներ ընելով, այսինքն բոլոր մարզերուն մէջ կը փորձենք երիտասարդին օգտակար դառնալ, որպէսզի միշտ երիտասարդը աշխոյժ պահենք եւ մօտ պահենք ամենէն առաջ եւ ամենակարեւորը՝ Աստուծոյ:

-Ինչպիսի՞ն էր ձեր միութեան վիճակը պատերազմէն առաջ եւ այսօր ինչպիսի՞ն է ձեր վիճակը, ընդհանուր հալէպահայութեան կացութիւնը ինչպիսի՞ն է այսօր եօթ-ութ տարուան պատերազմէն ետք:

-Մեր եղբայրակցութիւնը պատերազմի շրջանին, ամենաթէժ օրերուն կարճ շրջանի մը համար դադար առաւ, բայց ետքը իր բնականոն գործունէութիւնը շարունակեց: Բացի վերոնշեալ գործունէութիւններէն, զանազան յայտագիրներ կը պատրաստենք նաեւ եղբայրակցութենէն դուրս, ինչպէս պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ ներկայիս եւս։ Այդ նախաձեռնութիւններէն յիշեմ շաբաթներ առաջ «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումը՝ «Յեղաշրջող հանդիպումը» խորագրով, որ կը պարունակէր գեղարուեստական յայտագիր եւ օրուան պատգամ։ Ձեռնարկը եղաւ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ եւ քահանայ հայրերու ներկայութեամբ։

Ինչ կը վերաբերի հալէպահայութեան վիճակին, այս եօթ-ութ տարի տեւած պատերազմէն ետք գաղութի թիւը բաւականին նուազած է, բան մը, որ կը նշմարուի դպրոցներու աշակերտութեան թիւէն։ Ներկայիս Հալէպ մնացած հայերը, հաւատքով լեցուն են, ճիշդ է, որ ժողովուրդին մէջ յուսահատութիւն մը կայ, յատկապէս քաղաքի տնտեսական վատ վիճակի պատճառով, սակայն մենք յոյս ունինք, որ մեր քաղաքին վիճակը աւելի պիտի լաւանայ եւ պիտի բարգաւաճի։ Ի վերջոյ մենք հաւատացեալ ենք ու կը հաւատանք, որ Տէրը կարող է փոխարինել այն տարիները, զորս մարախը կերաւ, մենք այս հաւատքը ունինք, այս վստահութիւնը ունինք: Կային դժուարութիւններ, բայց այնպէս չէ, որ բոլոր անոնք որոնք Հալէպ մնացին, անպայման պատուհասներու եւ դժուար, անյոյս վիճակներու մատնուեցան… Ո՛չ, մենք վայելեցինք Տիրոջ օրհնութիւնը, Տիրոջ ձեռքը, մանաւանդ եղբայրակցութեան վրայ, եւ իսկապէս, ուղղակիօրէն փորձառութեամբ տեսանք այդ մէկը, ոչ թէ միայն որպէս խօսք։

-Ինչպէ՞ս դիմագրաւեցիք պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած դժուարութիւնները եւ որեւէ օժանդակութիւններ տուի՞ք հալէպահայութեան եւ ի՞նչ ձեւով:

-Այո՛, օժանդակեցինք հալէպահայութեան այդ դժուար ժամանակներուն: Պատերազմի ընթացքին, եւ կրնամ ըսել մինչեւ օրս, կը շարունակենք նեցուկ կանգնիլ հալէպահայութեան։ Բարոյական, Աստուածաշնչեան խօսքէն բացի, մենք կարողացանք նիւթական օժանդակութիւն ալ ցուցաբերել։ Անշուշտ մեր տուած օժանդակութիւնը այդքան ալ մեծ չէր, նկատի ունենալով հալէպահայութեան ապրած տագնապներն ու մեծ կարիքները։

-Հալէպահայ համայնքը ինչպէ՞ս կը մօտենայ ձեզի, ի՞նչ կարծիք ունի ձեր ընդհանուր առաքելութեան մասին: Արդեօք կը զգուշանա՞ն ձեզմէ, եւ եթէ՝ այո, ապա ի՞նչ են զգուշացման պատճառները:

-Այստեղ կարճ եւ կտրուկ կրնամ պատասխանել ու ըսել հետեւեալը՝ չնայած որ մենք տասնեակ տարիներէ ի վեր եւ մինչեւ օրս կը վայելենք Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը, եւ շատ սերտ գործակցութեան մէջ ենք Ազգային առաջնորդարանին հետ, շատեր, որովհետեւ անձամբ չեն ճանչնար եղբայրակցութիւնը եւ տեղեակ չեն մեր սրբազան հօր հովանաւորութենէն, վերապահ են մեզի հանդէպ։ Հետեւաբար, կրնայ ըլլալ կարիքը կայ աւելի լաւ ճանչնալու՝ ի՛նչ է եղբայրակցութիւնը, ո՛վ ենք մենք եւ ապա կ՚ողմնորոշուիլ՝ վերապահ ըլլալ, թէ մօտենալ: Բայց շատեր, ցաւօք սրտի, առանց գիտնալու վերապահ կ՚ըլլան, այս մէկը կը նմանի այն պարագային, երբ մէկը գիրք մը տեսնելով, անմիջապէս իր կարծիքը կը յայտնէ, առանց կարդալու եւ տեսնելու, թէ ինչ է անոր պարունակութիւնը: Բայց, անշուշտ, այս մէկը մեր աշխատանքը, մեր ուժը, մեր թափը չի կասեցներ։ Մենք մեր առջեւ մէկ նպատակ ունինք. մարդոց հասնիլ, մարդոց օգտակար դառնալ, հալէպահայութեան օգտակար դառնալ, հայուն օգտակար դառնալ եւ ճանչցնել Տէր Յիսուսը, որպէս իրենց տէր եւ փրկիչ, որպէսզի ունենան յաւիտենական կեանք:

-Դուք, որպէս հայ երիտասարդ մը, որ ընտանիք ունի, ապագային մտադի՞ր էք Հալէպ ապրիլ: Եթէ այո՝ ինչո՞ւ:

-Եթէ անկեղծ պիտի խօսիմ, պատերազմի ընթացքին ես մտադիր էի վերջնականօրէն գաղթել։ Նոյնիսկ փաստաթուղթերս պատրաստած էի Գանատա հաստատուելու համար, բայց զգացի, որ Տիրոջ կամքը այդ մէկը չէր, Տիրոջ առաջնորդութիւնը այդ մէկը չէր իմ անձիս պարագային, հետեւաբար որոշեցի Հալէպ մնալ եւ Հալէպի մէջ ծառայել։ Պատերազմի այդ դժուար օրերուն, հաւատալով, որ երբ Տէրը քեզի բան մը կ՚ըսէ, կամ բանի մը կ՚առաջնորդէ, ինք հոգ պիտի տանի, ինք պիտի օրհնէ եւ ես այդ համոզումը ունիմ եւ կը հաւատամ, թէ նոյնիսկ դժուարութեան մէջ, կրակին մէջ, երբ Տէրը քեզի հետ է, Տիրոջ օրհնութիւնները կրնաս վայելել։ Հակառակ անոր, որ եթէ հեռանայի, կրնայ ըլլալ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրէի, բայց եթէ Տիրոջ կամքին մէջ չըլլայի, կը հաւատամ, որ այնտեղ գտնուած վայրիս մէջ անխաղաղ եւ անուրախ կեանք մը պիտի անցընէի: Հետեւաբար, ինծի համար առաջնահերթութիւնը Տիրոջ կամքն է, Տիրոջ առաջնորդութիւնն է, մանաւանդ որ ես իր դաշտին մէջ կը ծառայեմ եւ այդպէսով ծրագրեցի Հալէպ մնալ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Մինչեւ օրս ալ Հալէպ կը գտնուիմ ու կը վայելեմ Տիրոջ օրհնութիւնները։ Ի վերջոյ կը հաւատամ, որ Տէրը ինծի հետ է, եւ ներկայիս մտադիր եմ մնալ Հալէպ, մինչեւ այն ատեն, երբ ես կը ծառայեմ իրեն համար։

Անշուշտ ես չեմ այպաներ այն երիտասարդները, որոնք կը մտածեն Հալէպէն հեռանալ, բայց կը հաւատամ, թէ օր մը վիճակը աւելի պիտի լաւանայ, ինչպէս որ հիմա արդէն կը նշմարենք, զանազան ոլորտներէ ներս եղած բարելաւումները կամաց-կամաց երեւելի  կը դառնան։

-Ձեր կարծիքով՝ պատերազմէն ետք, Հալէպ պիտի կարողանա՞յ իր անցեալի փառքը կերտել:

-Կը հաւատամ, որ օր մը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ մեր վիճակը, Հալէպի վիճակը։ Ի վերջոյ պատերազմը վերջնականօրէն պիտի աւարտի եւ երկիրը պիտի ըլլայ շատ աւելի խաղաղ եւ օրհնութիւններով լի։ Պիտի վայելենք օրհնութիւնը այս քաղաքին. կրնայ ըլլալ տակաւին ժամանակի կը կարօտի այս բոլորը, բայց յոյսով ու հաւատքով ենք, որ շուտով այդ մէկը պիտի դառնայ իրականութիւն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019