ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ա.
Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի մեծութեան եւ իր ու առաքեալներուն ծանօթութեան մասին ճառեց, նոյն մեծութիւնը մարմնապէս ցոյց կու տայ, ըսելով.
ՇՆՈՐՀՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Շնորհքով լեցուն» (Յհ 1.14):
Մեկնութիւն. Այստեղ երեք բաներ տեսանելի են.
Առաջին. ի՞նչ են պարգեւները եւ ի՞նչ՝ շնորհները:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ չորսով կ՚որոշ-ւին. նախ՝ որովհետեւ պարգեւները տուրքի նման են, իսկ շնորհները՝ ձրի: Երկրորդ, պարգեւները մարմնական են, իսկ շնորհները՝ հոգեւոր: Երրորդ, պարգեւները Հին ուխտին մէջ են, ինչպէս մարգարէներունը, իսկ շնորհները՝ Նոր ուխտին մէջ, ինչպէս առաքեալներունը: Չորրորդ, պարգեւները խնդրանքի համար են իսկ շնորհները՝ հաւատքի:
Երկրորդ. Տեսանելի է, ըստ ինքեան շնորհքը ի՞նչ է:
Պատասխան. Կ՚ըսենք, նախ Սուրբ Հոգին շնորհք կը կոչուի ըստ եօթնարփեան շնորհներուն: Երկրորդ, շնորհքը նուէր՝ ընծայ է, ինչպէս ըսուեցաւ: Երրորդ, շնորհքը բնութեան եւ երկինքի փառքին մէջտեղն է: Չորրորդ, շնորհքը առաքինութեան եւ վերին երանութեան մէջտեղն է, եւ ինքն իր մէջ երկնային փառքն ու երանութիւնը ունի, ինչպէս արմատը՝ ծաղիկը, եւ սերմը՝ պտուղը:
Երրորդ. տեսանք շնորհքով լեցուն:
Պատասխան. Նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ ստացական չէ, այլ՝ Հօրմէն, բնութեամբ եւ միաւորութեամբ լեցուն: Երկրորդ, ո՛չ թերի եւ մասնակի, այլ՝ Աստուծոյ Բանին ամբողջական եւ կատարեալ միաւորութեամբ, ինչպէս մարդը աստուած կ՚ըսուի եւ Աստուած՝ Մարդ: Երրորդ, ո՛չ չափաւոր, այլ՝ անչափ, որովհետեւ Աստուած Հոգին չափով չի՛ տար Որդիին: Չորրորդ, լիութեամբ եւ առանց պակասութեան կը շնորհէ մեզի Իր շնորհները: Ասով մարդոցմէ կը զանազանուի, թէ Սուրբ Ստեփանոսը եւ Կոյս Աստուածածինը շնորհքով լեցուն էին, սակայն ստացմամբ ունէին այդ [շնորհքը] եւ ո՛չ թէ բնութեամբ, ու ուրիշներուն չէին տար, այլ՝ իրենց համար կը բաւականցնէին:
Դարձեալ չորս կերպով կ՚ըսուի, թէ Քրիստոս շնորհքով լեցուն էր. նախ՝ Աստուածութեան կարելի է ըսել շնորհքով լեցուն, ո՛չ պատահական շնորհքով, ինչպէս որ է մերը, այլ՝ յաւիտենական ողորմութեամբ եւ գթութեամբ, այսպիսի անպատմելի շնորհքով լեցուն էր կ՚ըսուի:
Երկրորդ, լեցուն է կ՚ըսուի ունակութեամբ շնորհքով, որովհետեւ շատ ունի եւ շատ կու տայ, ու տուողէն եւ զայն ընդունողներէն անբաժանելի կը մնայ:
Երրորդ, Քրիստոս շնորհքով լեցուն էր կ՚ըսուի, Մովսէսի օրէնքներուն հետ համեմատուած: Նախ՝ որովհետեւ շնորհներու օգնութիւնը չէր տար օրէնքները կատարել, եւ երկրորդ, որովհետեւ դժուարութեամբ կը պատժէր յանցաւորները: Իսկ Քրիստոս, ասոր հակառակ, նախ շնորհը տուաւ տասը պատուիրանները կատարելու: Երկրորդ, ներում եւ թողութիւն շնորհեց յանցաւորներուն:
Չորրորդ, Քրիստոս շնորհքով լեցուն էր կ՚ըսուի, համեմատուած Իր քարոզութեան, որովհետեւ ինչ որ խօսքով կը քարոզէր, գործով կը կատարէր: Իսկ Քրիստոս ո՛չ միայն շնորհքով լեցուն է կ՚ըսուի, այլ՝ ճշմարտութեամբ ալ լեցուն, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «...Ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յհ 1.14):
Մեկնութիւն. Այս ալ չորս կերպով. նախ՝ որովհետեւ Ստեղծող եւ Ճշմարիտ Բանը մարմինին միացած էր եւ ճշմարտութեամբ լեցուն էր, քանի որ Քրիստոսի բանական հոգին բոլոր բաներուն ճանաչումը, որ Աստուած կը տեսնէր, ճշմարտութեամբ կը տեսնէր: Երկրորդ, Մովսէսին հետ համեմատուած ճշմարիտ կ՚ըսուի, որովհետեւ Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է, իսկ Մովսէս՝ կոչումով եւ մահկանացու մարդ: Երրորդ, Աւետարանը օրէնքներէն վեր ճըշ-մարիտ կ՚ըսուի, որովհետեւ անիկա [օրէնքը] անցաւոր էր, իսկ Աւետարանը՝ մնացական: Չորրորդ, ճշմարիտ կ՚ըսուի, որովհետեւ երբեք չստեց: Շնորհքներու մասին կրնաս տեսնել Հարցմանց գիրքին, երրորդ հատորին 11-րդ համարին մէջ:
Աւետարանիչը երբ ցոյց տուաւ, թէ առաքեալները ինչպս տեսանելիներով [աչքերով] ճանչցան զՔրիստոս, այժմ կը ճառէ, թէ ինչպէս լսելիներով [ականջներով] ճանչցան Քրիստոսի փառքն ու մեծութիւնը, երբ կ՚ըսէ.
Խօսք. «Յովհաննէս Անոր մասին կը վկայէ» (Յհ 1.15):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Յովհաննէս Աւետարանիչը այս վկայութիւնը լսեց Մկրտիչէն, Անոր սքանչելի ծննդեան եւ բարձրագոյն վարքին մասին: Այս է, որ կ՚ըսէ. «Յովհաննէս Անոր մասին կը վկայէ», իսկ թէ ներկայ բառով կ՚ըսէ, թէ՝ կը վկայէ, նախ ցոյց կու տայ, թէ Յովհաննէսին վկայութիւնը հաստատ է ու մնացական: Երկրորդ, որովհետեւ ո՛չ թէ մէկ անգամ, այլ բազմաթիւ անգամներ վկայեց եւ միշտ պատրաստ էր վկայելու: Եւ որովհետեւ յայտնապէս եւ ո՛չ թէ ծածուկ, ատոր համար կ՚ըսէ. «Ժողովուրդին ու քահանաներուն դիմաց կ՚աղաղակէր [կը յայտարարէր]», ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «.Յայտարարելով» (Յհ 1.15):
Հարցում. Ինչո՞ւ համար Մկրտիչին վկայութիւնը մէջբերեց:
Պատասխան. Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Նախ՝ որպէսզի հակառակողները չըսեն, թէ դուք՝ առաքեալներդ, երեսհաճութեան պատճառով կը վկայէք Քրիստոսի մասին, որովհետեւ Անոր հետ բնակեցաք եւ Անոր հետ շրջեցաք, ատոր համար Մկրտիչին վկայութիւնը կը մէջբերէ, որովհետեւ ան ո՛չ տեսած էր եւ ո՛չ ալ բնակած էր Անոր հետ»:
Երկրորդ, դարձեալ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Որովհետեւ հրեաները Յովհաննէս մեծ եւ սուրբ կը համարէին, այդ պատճառով անոր վկայութիւնը կը մէջբերէ»:
Դարձեալ, չորս պատճառով Յովհաննէսը որպէս վկայ կը մէջբերէ. նախ՝ որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ վկայեց: Երկրորդ, մարգարէացուած բաները տեսաւ: Երրորդ, որովհետեւ մարգարէ էր եւ առաքեալ: Չորրորդ, որովհետեւ իրեն անուանկից էր [Յովհաննէս Աւետարանիչին]:
Խօսք. «Յայտարարելով (աղաղկելով)» (Յհ 1.15):
Մեկնութիւն. Մեծ ձայնն է, դարձեալ՝ սիրտին իղձերը եւ միտքին խօսքերը, եւ լեզուին խառնուած ձայնը աղաղակ կը կոչուի:
Խօսք. «Ասիկա է Ան՝ որուն մասին կ՚ըսէի» (Յհ 1.15):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ նախապէս վկայեցի եւ հիմա ալ կը վակայեմ:
ԹԷ, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ ԱՌԱՋԻՆՆ Է ԵՒ ԻՆՉՊԷՍ՝ ՔՐԻՍՏՈՍ
Խօսք. «Ան, որ ինձմէ ետք պիտի գայ» (Յհ 1.15):
Մեկնութիւն. Չորսով Յովհաննէսը առաջին է. նախ՝ ծնունդով, երկրորդ՝ քարոզութեամբ, երրորդ՝ մահուամբ, չորրորդ՝ մարգարէութեան պատիւով:
Իսկ Քրիստոս չորս բանով առաջ էր Յովհաննէսէն. նախ՝ Աստուածութեամբ, որովհետեւ անսկիզբ էր: Երկրորդ՝ անսերմ յղացումով, թէպէտ Յովհաննէսը արգանդին մէջէն սրբուեցաւ, ինչպէս Երեմիան եւ Սուրբ Աստուածածին Կոյսը, սակայն սերմէ ծնան: Երրորդ, Քրիստոս կերպով առաջին էր, որովհետեւ տղան մինչեւ ծնիլը միշտ լինելութեան մէջ կ՚ըլլայ, իսկ Քրիստոս յղացման պահէն իսկ կատարեալ էր [ամբողջ էր], ինչպէս Երեմիան կ՚ըսէ. «Տէրը երկրի վրայ նոր բան պիտի ընէ, որովհետեւ կին մարդը այր մարդուն պիտի պարունակէ» (Հմմտ. Եր 31.22). այսինքն՝ Մարիամը Քրիստոսին: Չորրորդ, կերպով առաջին էր, որովհետեւ Քրիստոս Փրկիչ եւ Փեսայ էր, իսկ Յովհաննէս՝ փեսաւէր [հարսանիքի ժամանակ փեսային մտերիմ անձը]:
Խօսք. «Ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր» (Յհ 1.30):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ նախքան զիս կատարելութեան հասաւ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Դարձեալ, իմ տեսողութեանս առջեւ Աստուած մարդ եղաւ, որով որովայնին մէջէն տեսայ ու երկրպագեցի:
Խօսք. «Անոր լիառատ շնորհքէն է, որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք»(Յհ 1.16):
Մեկնութիւն. Այս խօսքը Աւետարանիչինն է եւ ո՛չ թէ Մկրտիչինը:
Այս խօսքին մասին գիտելի է, թէ Աստուծոյ շնորհքը կրկնակի է. մէկը առաջին կ՚ըսուի, իսկ միւսը՝ երկրորդ: Առաջին շնորհ կ՚ըսուի այն, որ ոեւէ մէկը Աստուծմէ կ՚առնէ ո՛չ թէ գործերուն համար, այլ՝ նախքան բարի գործերը, եւ այն ատեն այդ [ստացած] շնորհքով բարիք կը գործէ եւ արժանի կ՚ըլլայ Աստուծմէ միւս գերագոյն շնորհքը ընդունելուն: Եւ այս երկրորդ շնորհքը առաւել է կ՚ըսուի առաջինին դիմաց, որովհետեւ առաջինով արժանի եղաւ երկրորդ շնորհին:
Երկրորդ. հին եւ նոր օրէնքներուն համար կ՚ըսէ, որովհետեւ հին օրէնքը նախկին շնորհք կը կոչուի, որովհետեւ անհանզանդ ժողովուրդին օրէնք տալը մեծ շնորհք էր, քանի որ Սաղմոսը կ՚ըսէ. «Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, բայց անոնք Անոր դատաստանները չճանչցան» (Սղ 147.20): Իսկ Մովսէսին օրէնքը անկատար էր, այդ պատճառով նոր եւ կատարեալ օրէնքը փոխարինեց Մովսէսի [օրէնքին], որու մասին կ՚ըսէ շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք, այսինքն՝ օրէնք փոխանակ օրէնքի:
Երրորդ. սոյնպէս կ՚ըսեն շնորհք փոխանակ շնորհքներու, այսինքն երանութիւն փոխանակ առաքինութեան, ինչպէս հաւատքի, յոյսի, սիրոյ եւ միւս բաներուն, որովհետեւ առաքինութեան շնորհը ինքն իր մէջ ունի երանութեան շնորհը, ինչպէս որ սերմը կամ արմատը՝ պտուղը, ինչպէս որ վերը ցոյց տրուեցաւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 9
Վաղարշապատ