Միօրեայ «Դպրոց»ի Մը Ամավերջի Հանդէսին Առթած Մտածումները

Միշտ զար­մա­ցած եմ հայ գա­ղութ­նե­րու «միօ­րեայ դպրոց»նե­րու պատ­կե­րին ի տես: Ին­չո՞ւ «դպրոց» ը­սել, երբ կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մը յա­տուկ ծրա­գիր չկայ, այլ հոն կ՚ա­ւան­դուին հա­յե­րէն դա­սեր, շա­բա­թա­կան մէկ կամ եր­կու ժամ, ըստ ու­սու­ցի­չին հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ նա­խա­սի­րու­թիւն­նե­րուն:

Այս մէկ­ժա­մեայ դա­սե­րը հասկ­նա­լի են, երբ հա­մայն­քը փոք­րա­թիւ է, դպրո­ցա­կան տա­րի­քի սե­րունդն ալ: Բնա­կան է, որ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րուն վրայ համ­րուող տղոց հա­մար դպրոց կա­րե­լի չէ ստեղ­ծել եւ պա­հել: Իսկ երբ հա­մայն­քը մե­ծա­թիւ է, ին­չո՞ւ ան ինք­զինք չէ օժ­տած եւ չ՚օժ­տեր իս­կա­կան հայ դպրո­ցով, որ չըլ­լայ մէկ­ժա­մեայ հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­թիւն:

Ի հար­կէ միշտ կա­րե­լի է խօ­սիլ դժուա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին: Իսկ սփիւռ­քեան կա­ցու­թեան մէջ դժուա­րու­թիւն­ներ կան, պի­տի ըլ­լան: Բայց փո­խա­նակ ա­ւա­ղե­լու, ա­նոնց յաղ­թա­հա­րու­մը ան­կա­րե­լի հա­մա­րե­լու՝ ին­չո՞ւ չմտա­ծել զա­նոնք ա­ռա­ւել կամ նուազ չա­փով չէ­զո­քաց­նե­լու մա­սին: Դժուա­րու­թիւն­նե­րը ան­յաղ­թա­հա­րե­լի ե­ղած են միշտ ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան մա­կար­դա­կին, իսկ ա­նոնք կրնան յաղ­թա­հա­րուիլ հե­ռան­կա­րա­յին ծրագ­րում ու­նե­ցող բա­նի­մաց եւ տե­սիլք ու­նե­ցող ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ:

Քա­նի մը հաս­տա­տում­ներ՝ կրկնե­լով միշտ, որ բաղ­դա­տե­լին  պէտք է բաղ­դա­տել: Մէկ երկ­րէ միւ­սը, նոյն երկ­րին մէջ մէկ հա­մայն­քէ միւ­սը կա­ցու­թիւն­նե­րը կրնան տար­բեր ըլ­լալ, ինչ որ զար­մա­նա­լի չէ: Մեր հա­մայնք­նե­րու բնա­կած վայ­րե­րը հիւ­րըն­կալ ա­փեր են, հայ­րե­նիք չեն: Այդ վայ­րե­րը կրնան նաեւ սա կամ նա ձե­ւով ի­րա­րու հետ նմա­նու­թիւն­ներ ու­նե­նալ որ­պէս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու են­թա­հող, կա­րե­լիու­թիւն­ներ ըն­ծա­յել ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար: Այդ ը­նե­լու հա­մար հարկ է մեկ­նիլ պարզ հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նե­լով:

Այս­պէս. հա­յե­ցի կրթու­թիւն կ՚ու­զե՞նք տալ նո­րա­հաս սե­րուն­դին, ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս: Որ­պէս­զի ազ­գի շա­րու­նա­կու­թիւն ըլ­լանք:

Ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ոչ շա­բա­թա­վեր­ջին չձանձ­րա­նա­լու հա­մար ժո­ղով գու­մա­րող վար­չու­թիւն­նե­րը, եւ ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հայ ըն­տա­նի­քը, ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է որ ա­ռանց խու­սա­նա­ւու­մի պա­տաս­խա­նեն «ԻՆ­ՉՈ՞Ւ» հար­ցու­մին:

Երբ բա­ցա­կա­յի հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը ին­չո՞վ պի­տի փո­խա­րի­նուի ան, ին­չո՞վ կը փո­խա­րի­նուի ան այ­սօր հայ­կա­կան սփիւռք­նե­րու մէջ:

Միա­միտ պէտք չէ ըլ­լալ: Բո­լոր գա­ղութ­նե­րու հա­յե­րը՝ չա­փա­հաս­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ դեռ չծնած­նե­րը, ըն­կե­րու­թեան, կեան­քի եւ քա­ղա­քակր­թա­կան պա­հանջ­նե­րուն պար­տա­ւոր են պատ­շա­ճիլ: Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լէ ետք կը սկսի «ԻՆ­ՉՈ՞Ւ»ին պա­տաս­խա­նի ո­րո­նու­մը, որ ան­հա­տա­կան չի կրնար ըլ­լալ, բա­ցա­ռիկ­նե­րու կող­մէ չի կրնար սահ­մա­նուիլ: Նման սպա­սում ան­հե­թեթ է:

Ե­թէ չու­զենք կամ չյա­ջո­ղինք հա­յե­ցի կրթու­թիւն տալ նո­րա­հաս սե­րուն­դին, ի՞նչ կ՚ըլ­լայ ա­նոր ինք­նու­թիւ­նը: Իր հո­ղին վրայ, հայ մա­նու­կը եւ ե­րի­տա­սար­դը, տան մէջ եւ փո­ղո­ցը հա­յե­րէն խօսք եւ երգ լսե­լով, Էջ­միա­ծի­նի իր տան բա­կէն տես­նե­լով Հռիփ­սի­մէի տա­ճա­րին գմբէ­թը՝ տի­րոջ գի­տակ­ցու­թեամբ հա­րա­զատ ինք­նու­թիւն կը զար­գաց­նեն, նոյ­նիսկ՝ ա­ռանց դպրոց եր­թա­լու, անգ­րա­գէտ ան­գամ ըլ­լա­լով: Իսկ սփիւռ­քի հա­յը ո՞ր ինք­նու­թի­նը կը զար­գաց­նէ օ­տար պատ­կեր­նե­րու ան­մի­ջա­կա­նու­թեանբ:

Սփիւռ­քի հա­յը հա­րա­զատ ինք­նու­թիւն կրնայ նուա­ճել ճի­գով, որ հա­յե­ցի կրթու­թիւնն է, ո­րուն հա­մար շրջա­նակ, կա­ռոյց, մշա­կուած ծրա­գիր եւ գոր­ծադ­րուող հա­մա­պար­փակ բո­վան­դա­կու­թիւն պէտք է: Կի­րակ­նօ­րեայ զուար­ճու­թեան վե­րա­ծուած եր­գը, պա­րը եւ խո­հա­նո­ցը հա­ճե­լի են, ժա­մա­նակ մըն ալ կա­րօ­տի զգա­ցում­ներ կը հո­վա­հա­րեն, բայց հե­ռան­կա­րա­յին չեն հայ սե­րունդ պա­հե­լու հա­մար:

Հե­ռան­կա­րա­յին է հայ­կա­կան իս­կա­կան ո­րա­կով հայ դպրո­ցը: Ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը պար­տին ը­նել այն­պէս, որ այս հիմ­նա­կան եւ հիմ­նա­րար ա­ռա­ջադ­րան­քը սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դառ­նայ զան­գուած­նե­րուն, ուր որ ալ գտնուին ա­նոնք, ըստ այնմ յա­ռա­ջաց­նե­լով գի­տակ­ցու­թիւն, մաս­նա­գի­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն եւ նպա­տա­կին ծա­ռա­յող մի­ջոց­ներ, ա­ռանց շպա­րը խորք հա­մա­րե­լու:

Յա­ջո­ղե­լու հա­մար պէտք չէ մեկ­նիլ պար­տուո­ղա­կան դիր­քե­րէ՝ փաս­տար­կի վե­րա­ծե­լով այն բո­լոր բա­նե­րը, ո­րոնք կը ներ­կա­յա­նան ան­կա­րե­լիի պի­տա­կով, երբ կ՚ը­սուի, թէ՝ «հոս Հա­յաս­տան չէ, հոս Ա­րե­ւելք չէ, ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խուած են»: Սփիւռք­նե­րու հայ­կա­կան զան­գուած­նե­րու բա­րօր վի­ճա­կը, ընդ­հան­րա­պէս, եր­բեք այս­քան բա­րե­յոյս չէ ե­ղած, նախ­կին սե­րունդ­նե­րը եր­բեք այս­քան ու­սում­նա­կան մար­դիկ չեն ու­նե­ցած: Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մենք տե­սա­կա­նօ­րէն եր­բեք այ­սօ­րուան համ­րան­քը չենք ու­նե­ցած:

Հե­տե­ւա­բար հարց պէտք է տալ, թէ տո­կա­լու, տե­ւե­լու եւ յա­ջո­ղե­լու հա­մար ի՞նչ կը պակ­սի մե­զի: Ի՞նչ կրնանք ը­նել եւ չենք ը­ներ:

Հիւ­րըն­կալ եր­կիր­նե­րը մե­զի պի­տի չը­սեն, թէ ի՛նչ պէտք է ը­նենք մեր ինք­նու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար եւ մնա­լու ազ­գի հա­տուած: Ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւոր է, որ մենք մե­րուինք, եւ երբ ը­սեն, թէ լա­ւա­պէս մե­րուած ենք, կը հպար­տա­նանք, բայց ո՞ւր կը տա­նի մեզ այդ լա­ւա­պէս մե­րուած ըլ­լա­լը, հար­ցում է, ո­րուն մա­սին չենք մտա­ծեր, մտա­ծենք ան­գամ՝ կը խու­սա­փինք պա­տաս­խա­նե­լէ:

Այս ոչ ան­կա­րե­ւոր շե­ղում­նե­րէն ետք հարկ է վե­րա­դառ­նալ հար­ցու­մին. հա­յե­ցի կրթու­թիւն կ՚ու­զե՞նք տալ նո­րա­հաս սե­րուն­դին, ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս:

Ա­ռանց հա­յե­ցի կրթու­թեան՝ կը յան­գինք «ծա­գու­մով հայ»ու կորս­տա­կան վի­ճա­կին, որ ինք­նամ­խի­թա­րու­թեան հանգ­րուան է, գաղ­թա­կան հա­յը լաւ կ՚ապ­րի, որ­մէ ետք հա­յա­վի­ճա­կի ա­րագ կամ դան­դաղ ան­հե­տա­ցում է, որ այ­սօր կը պար­զուի բո­լոր ա­նոնց առ­ջեւ, ո­րոնք նուա­զա­գոյն ի­րա­տե­սու­թիւ­նը ու­նին:

Ե­թէ հաշ­տուած ենք հա­յա­վի­ճա­կի ան­հե­տաց­ման հետ, կա­րիք չկայ ու­ղեղ քե­րե­լու եւ պա­տաս­խան փնտռե­լու: Այ­սօր դեռ կայ տո­կոս մը, որ չէ հաշ­տուած կամ մա­սամբ չէ հաշ­տուած այդ ան­հե­տաց­ման հետ: Այդ տո­կո­սը կը գտնենք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու, դպրոց­նե­րու շուրջ եւ մէջ: Այդ տո­կո­սը պի­տի կա­րե­նա՞նք ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հեն­քի վրայ դարձ­նել տո­կա­լու եւ տե­ւե­լու ուժ:

Այդ թուա­կան քա­նակ ու­ժին համ­րանք եւ գի­տակ­ցու­թիւն տուո­ղը պի­տի ըլ­լայ տե­ղա­կան պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան եւ միա­ժա­մա­նակ հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը նպա­տակ հա­մա­րող ո­րա­կա­ւոր հայ դպրո­ցը: Ան պէտք է ու­նե­նայ այն­պի­սի կազ­մա­կեր­պու­թիւն եւ ո­րակ, որ կա­րե­նայ հիւ­րըն­կալ երկ­րի քա­ղա­քա­ցի հա­յը եւ իր ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեամբ ապ­րող հա­յը միա­ժա­մա­նակ ներգ­րա­ւել:

Ին­ծի ծա­նօթ են եր­կու փոք­րա­թիւ հա­մայնք­նե­րու պա­րա­գա­ներ: Սու­րիա­կան փոք­րիկ քա­ղաք մըն էր Հոմ­սը, հե­տա­գա­յին ա­ճած, ուր Ե­ղեռ­նի օ­րե­րէն հա­յեր հաս­տա­տուած էին, 110 ըն­տա­նիք, ա­նոնք ու­նէին ե­կե­ղե­ցի եւ դպրոց: Լի­բա­նա­նեան քա­ղաք մը՝ Թրի­փո­լին, շուրջ 110 ըն­տա­նիք, ա­նոնք ալ ու­նէին ե­կե­ղե­ցի եւ դպրոց՝ 120 ա­շա­կեր­տով: Ա­րեւմ­տեան մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ, ուր հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը խո­չըն­դոտ են, հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րէն կա­րե­լի չէ սպա­սել, որ 100 ըն­տա­նի­քի հա­մար ստեղ­ծուի հայ­կա­կան վար­ժա­րան:

Սա­կայն երբ հա­մայնք մը կը հա­շուէ 1000-է ա­ւե­լի ըն­տա­նիք, տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն կա­րե­լի է հայ­կա­կան վար­ժա­րան ու­նե­նալ, ե­թէ այդ ըն­տա­նիք­նե­րու միայն կէ­սը զօ­րա­վիգ կանգ­նի: Ե­թէ չկայ այդ դպրո­ցը, չենք կրնար ստեղ­ծել այդ դպրո­ցը, պակ­սո­ղը համ­րան­քը չէ, այլ՝ հե­ռան­կար հրամց­նող, յոյս ներշն­չող եւ ո­րակ ու­նե­ցող կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: Հոս է որ կը դրուի ի­րա՛ւ ղե­կա­վա­րու­մի խնդի­րը, որ չի սահ­մա­նա­փա­կուիր ե­րե­ւե­լիու­թեամբ:

Այս հար­ցե­րը պէտք է հասց­նել իւ­րա­քան­չիւ­րին իր յար­կին տակ՝ ա­ռանց բա­ւա­րա­րուե­լու ի­րաւ կամ պղպջակ «էս­թեպ­լիշ­մընթ»ի նեղ եւ ա­մէն օր քիչ մը ա­ւե­լի նեղ­ցող շրջա­նա­կով: Յա­ջո­ղե­լու հա­մար մտայ­նու­թիւն­նե­րու յե­ղա­փո­խու­թիւն պէտք է յա­ռա­ջաց­նել, հա­մո­զել եւ հա­մո­զուիլ, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ ալ կա­րե­լի է լաւ ու­սում ստա­նալ եւ յա­ջո­ղիլ կեան­քի մէջ, ըլ­լալ լաւ քա­ղա­քա­ցի՝ միա­ժա­մա­նակ պա­հե­լով ինք­նու­թիւն եւ ըլ­լա­լով ազ­գի շա­րու­նա­կու­թիւն, ար­գե­լա­կե­լով հրա­ժա­րում­նե­րը:

Բազ­ման­դամ հա­մայն­քի մը մէջ միօ­րեայ կամ մէկ­ժա­մեայ հա­յե­րէ­նի դա­սըն­թացք մը, որ դպրոց չէ, պատ­կեր է նա­հան­ջի եւ պար­տու­թեան:

Ֆրան­սա­ցին կ՚ը­սէ, որ ցու­լը զգետ­նե­լու հա­մար զայն պէտք է բռնել իր կո­տոշ­նե­րէն: Կ՚ու­նե­նա՞նք այս յանդգ­նու­թիւ­նը՝ մեր­ժե­լով բա­ւա­րա­րուիլ ա­ւա­ղե­լու բա­ռա­յին տեղ չհասց­նող մար­զանք­նե­րէ:

Իսկ ի՞նչ կրնան ըլ­լալ հայ­կա­կան հա­տուած­նե­րը յի­սուն տա­րի ետք, երբ հա­յե­ցի կրթու­թիւ­նը դար­ձած ըլ­լայ մեծ հայ­րի­կի եւ մեծ մայ­րի­կի յի­շա­տակ:

Ո՛չ յո­ռե­տե­սու­թիւն եւ ո՛չ ալ մէկ ծա­ռը ան­տառ հա­մա­րող դա­տարկ լա­ւա­տե­սու­թիւն:

Այլ պճեղ մը ի­րա­տե­սու­թիւն եւ լեռ շար­ժող յանդգ­նու­թիւն՝ որ­պէս­զի ալ­պո­մի մէջ դեղ­նած պատ­կեր չըլ­լանք, այլ՝ հա­րա­զատ շա­րու­նա­կու­թիւն:

Յ. ՊԱ­ԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016