ԱՂՕԹՔ

Նախորդ երեք գրութիւններով հերթականութեամբ խօսեցանք՝

ա) Աղօթել՝ առանց կեղծաւորներուն նմանելու:

բ) Աղօթել՝ ներքին մարդով, ծածկաբար, վստահ ըլլալով, որ ծածուկ բաները Քննողը, սիրով կը լսէ ծածուկ կերպով կատարուած աղօթքը:

գ) Աղօթել՝ առանց շատախօսելու:

Ներկայ գրութեամբ պիտի անդրադառնանք նախորդ երեք տեսակներու արդիւնքին, որն է.

դ) Աղօթել՝ այն վստահութեամբ, որ երկնաւոր Հայրը, գիտէ մեր կարիքները:

Արդարեւ, երբ քրիստոնեան առանց կեղծաւորութեան կ՚աղօթէ, ներքին մարդով՝ անկեղծութեամբ կ՚աղօթէ եւ վերջապէս առանց շատախօսելու կ՚աղօթէ, կը նշանակէ, որ այդպիսիին համար աղօթքը վստահութիւն է առ Աստուած, վստահութիւն, ո՛չ թէ աշխարհիկ հասկացողութեամբ, այլ՝ հոգեւոր:

Մատթէոսի աւետարանին մէջ երբ մեր Տէրը կ՚ուսուցանէր աղօթքի մասին, այս ուղղութեամբ այսպէս կ՚արտայայտուի. «Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք» (Մտ 6.8): Չնմանիլը այստեղ մեր Տէրը նկատի ունի շատախօսելով աղօթողներուն, իսկ ինչ կը վերաբերի հոգեւոր առումով վստահութեան, կը կայանայ նախադասութեան շարունակութեան մէջ՝ «որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք»:

Մենք ստեղծուած ըլլալով Արարիչ Աստուծմէ եւ մեր վրայ կրելով Անոր պատկերն ու նմանութիւնը, մեր ամէն ինչը յայտնի է Անոր դիմաց, որովհետեւ Ի՛նք է, որ մեր ամբողջ էութիւնը ստեղծած է եւ գիտէ մեր իւրաքանչիւր փոքր մասնիկն անգամ: Ըլլալով այդպիսին, Արարիչը՝ «գիտէ [մեր] սիրտերուն գաղտնիքները» (Սղ 44.21): Այսինքն՝ մեր ամէն ինչը Աստուծոյ համար յայտնի է եւ երբ կ՚աղօթենք, պէտք չունինք շատախօելու եւ երկար-բարակ ներկայացնելու Աստուծոյ մեր առօրեայ հարցերը, մեր ունեցած հոգերն ու դժուարութիւնները. այսպէս ընելու փոխարէն, մենք պարզապէս պէտք է կատարեալ վստահութեամբ դիմենք կամ մօտենանք Աստուծոյ, այն համոզումով, որ մեր առանց խնդրելուն իսկ, Աստուած գիտէ մեր խնդրանքը, որովհետեւ Ան ամենագէտ Աստուած է եւ մարդուն սիրտն ու միտքը Քննող Աստուած:

Այս հասկացողութեամբ, մարդ երբ ուզէ աղօթել, իր միտքին մէջ պիտի ունենայ այն գիտակցութիւնը, որ ինք աղօթքով Աստուծոյ ո՛չ թէ իր առօրեայ հոգերը եւ խնդիրները միա՛յն պիտի ներկայացնէ, այլ՝ ատկէ առաջ եւ կարւոր, պիտի փորձէ Աստուծմէ պատասխան գտնել, որպէսզի կարողանայ լուծել այդ հոգերն ու խնդիրները: Այլ խօսքով, մարդ իր աղօթքով պիտի փորձէ երկխօսութեան մէջ մտնել Աստուծոյ հետ, լսէ՛ Աստուծոյ ձայնը, հասկնայ Աստուծոյ կամքը եւ ըստ այնմ իր կեանքին ընթացքը կառավարէ: Այս բանին մէջ կը կայանայ վստահութեամբ աղօթելը:

Աղօթքը վստահութեամբ կը կատարուի նաեւ այն ժամանակ, երբ մարդ իր աղօթքին կը սկսի գոհունակութիւն եւ փառաբանութիւն յայտնելով Աստուծոյ, Իր պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար, առանց որոնց՝ մարդ պիտի չկարենար իր կեանքը ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէր:

Շատ ատեն մարդիկ կը գանգատին, թէ Աստուած չի՛ լսեր իրենց աղօթքները եւ պատասխան չի տար իրենց խնդրանքներուն. այդ մարդիկ սակայն, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ չկայ աղօթք, որ Աստուծոյ կողմէ լսելի չըլլայ: Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր. կամ՝ կը խնդրէք եւ Աստուած չի տար, որովհետեւ գէշ նպատակով կը խնդրէք, ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար» (Յկ 4.2-3):

Ինչ կը վերաբերի պատասխանին, ապա այն կապուած է մեր աղօթքի պարունակութենէն (նախորդ գրութիւններուն մէջ այս մասին անդրադարձած ենք): Հետեւաբար, չմեղադրենք զԱստուած, ըսելով թէ չի՛ լսեր մեզ, այլ՝ մենք մեր մէջ փնտռենք սխալը, գտնենք զայն, սրբագրենք եւ այդ ժամանակ կը զգանք Աստուծոյ ներգործութիւնը մեր կեանքին մէջ, լսելով Անոր ձայնը եւ առաջնորդուելով Անոր Սուրբ Կամքով:

Այսքանը խնդրանքներու եւ շնորհակալութեան մասին: Հիմա մեր Տիրոջ այս արտայայտութեան՝ «որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք» միւս երեսը փորձենք հասկնալ: Ըսինք, որ մեր աղօթքներուն մէջ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ մեր խնդրանքներուն կողքին: Այստեղ սակայն պէտք է ուշադիր ըլլանք շատ կարեւոր հանգամանքի մը վրայ՝ կապուած խնդրանքներուն: Մարդ ի՞նչ տեսակի խնդրանքներ պէտք է ուղղէ Աստուծոյ, երբեւէ մտածա՞ծ ենք այս մասին, եթէ բաւարարուած ենք մեր առօրեայով եւ այն բոլորով՝ ինչ որ մեզի համար ապահով եւ հանգիստ կեանք մը կը պարգեւեն: Բայց, չէ՞ որ ճշմարիտ քրիստոնեային համար հանգիստ կեանք չկայ, այնքան ատեն որ այս աշխարհին մէջ է: Պօղոս առաքեալին բառերը յիշենք. «Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ» (Եփ 6.12). հետեւաբար մեր խնդրանքները առաջին հերթին պիտի ըլլան այս ուղղութեամբ, այլ խօսքով՝ ուժ ունենալու, կարենալ յաղթահարելու այս փորձութիւններուն: Տակաւին, մեր մեղաւոր վիճակը նկատի ունենալով, մեր աղօթքներով առ Աստուած առաքած խնդրանքները պիտի ըլլան մաքրուիլ, սրբուիլ, որպէսզի արժանի ըլլանք Աստուծոյ շնորհքին:

Արդարեւ, ի՞նչպիսի խնդրանքներ պէտք է ուղղենք Աստուծոյ:

1) Պէտք է Աստուծմէ ուժ խնդրենք, որպէսզի կարենանք չարին դէմ պայքարիլ: Պօղոս առաքեալ այս ուղղութեամբ կու տայ առաջին խնդրանքի տեսակը, ըսելով. «Ուստի, Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենաք ետ մղել չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ընէք՝ կանգուն մնալու համար» (Եփ 6.13): Սպառազինուիլ Աստուծմով: Մեր աղօթքներուն հիմնական խնդրանքը պէտք է ըլլայ, որ Աստուած միշտ մեր կողքին ըլլայ, մեզի հետ ըլլայ մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին: Իսկ Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալուն գաղտնիքը, դարձեալ մեր ներսիդին է, որով մեր խնդրանքը պիտի ըլլայ Աստուծոյ, որ մեզի պէտք եղած իմաստութիւնն ու շնորհը, ուժն ու ամրութիւնը տայ, որպէսզի ամուր կերպով կառչած մնանք Իրեն, չհեռանանք Իրմէ, այսինքն՝ մեր խնդրանքը պէտք է ըլլայ մեր չհեռանալը Աստուծմէ, որովհետեւ Աստուած միշտ ներկայ է մեր կեանքէն ներս, մեր կողքին, բայց շատ յաճախ մենք է, որ տարուելով կեանքի փորձանքներէն, տկարանալով չարին հասցուցած հարուածներէն եւ մտածելով, թէ առանց Աստուծոյ կրնանք յաղթել չարին, հեռացած կ՚ըլլանք Աստուծմէ մեր իսկ կամքով: Հետեւաբար, առաջին հերթին Աստուծմէ պէտք է խնդրենք, որպէսզի միշտ Իրեն մօտիկ ըլլանք, չհեռանանք Իրմէ:

2) Մեր աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ ներում պիտի խնդրենք մեր գործած բոլոր սխալներուն եւ մեղքերուն համար, զորս գործած ենք կամայ թէ ակամայ: Երբեմն, կը տարուինք մտածելէ, թէ մեղք կամ սխալ չունինք եւ հասած ենք այն աստիճանին, որ արդէն մաքուր ենք, բայց չարաչար սխալած կ՚ըլլանք մեր այս մտածումով, որովհետեւ նմանատիպ կարծիք ո՛չ թէ մաքրութեան եւ սրբութեան նշան է, ընդհակառակը՝ մեղքի եւ պղծութեան: Կատարեալ մարդ չկայ այս աշխարհի մէջ: Կատարեալը միայն Աստուած է: Մենք կոչուած ենք կատարեալ ըլլալու՝ նմանելու մեր Երկնաւոր Հօր. «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտ 5.48): Յստա՛կ են մեր Տիրոջ խօսքերը, որոնք կոչ են կատարեալ ըլլալու: Սակայն, այս խօսքերը չե՛ն նշանակեր, որ մենք արդէն իսկ կատարեալ ենք: Յիշենք Պետրոս առաքեալը, որ առաքեալներուն մէջ ամենէն նախանձախնդիրն էր, որ պատրաստ էր մինչեւ իսկ մահ երթալ՝ իր Ուսուցիչին հետ, մարդ, որ տեսած էր իր Տիրոջ այլակերպութիւնը, ականատես եղած էր, թէ ինչպէս իր Տէրը յարութիւն տուած էր չորսօրեայ մեռած Ղազարոսին եւ բազմաթիւ այլ հրաշագործութիւններու, սակայն եկաւ պահ մը, երբ տկարութեան մէջ ուրացաւ իր Տէրը: Ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը, այն որ, մարդ ինչքան ալ փորձէ կատարեալ ըլլալ, չի՛ յաջողիր, որովհետեւ մեր բնութեան պատճառով մենք տկար ենք, եւ մեր կեանքին մէջ կ՚ունենանք պահեր, երբ կը տկարանանք: Իսկ կատարեալ ըլլալու ձգտումը, մեզ միշտ արթուն եւ զգաստ կը պահէ, փորձել հնարաւորինս չսխալիլ ու չմեղանչել եւ քայլել Աստուծոյ կամքին մէջ:

Արդարեւ, մեր երկնաւոր Հօր նմանելու ճանապարհը կ՚անցնի մեր մեղքերէն ու սխալներէն ձերբազատուելուն մէջ, որով մեր աղօթքներուն մէջ Տիրոջմէ ներում պիտի խնդրենք եւ կարողութիւն՝ որպէսզի կարողանանք մաքրել մեր ներսիդին, սրբել մեր հոգին, սիրտը եւ մտածումները, որպէսզի արժանավայել կերպով կարողանանք մեր մէջ ընդունիլ Սուրբ Երրորդութիւնը, որուն տաճարներն են մենք եւ ուր Ան կը փառաւորուի. «Չէ՞ք գիտեր, որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին, որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի: Գիտցէք, որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ՝ Աստուած, որ փրկագինով ձեզ գնեց: Հետեւաբար, այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա.Կր 6.19-20):

3) Մեր աղօթքներուն մէջ Աստուծմէ պիտի խնդրենք Երկինքի Արքայութիւնը: Այս մէկը մեր Տէրը պատուիրած է մեզի ըսելով. «Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ» (Մտ 6.33): Մեր աղօթքները նաեւ այս խնդրանքը պէտք է ունենան իրենց մէջ: Աստուծոյ Արքայութեան գալուստին համար սակայն, մենք մեզ պէտք է պատրաստենք, որպէզի արժանի ըլլանք զայն ընդունելու: Այս ուղղութեամբ լուսահոգի Զարեհ Ազնաւորեան սրբազանը կը գրէ. «Ի՞նչ բան պէտք է խնդրենք, որպէսզի Աստուծմէ ստանանք:

«Քրիստոս մեզի կը պատասխանէ. «Աստուծոյ Արքայութիւնը»: Բայց ի՞նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելը:

«Աստուծոյ Արքայութիւնը երկրի վրայ արդէն սկսած իրականութիւն մըն է: Բայց նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը գալիք իրականութիւն մըն է, ամբողջանալիք իրականութիւն մըն է: Արդ, Աստուծոյ Արքայութիւնը խնդրելը կամ «Քու Արքայութիւնդ թող գայ» ըսելը, ի՞նչ կը նշանակէ:

«Գրաբարին մէջ «խնդրել» բայը ոչ թէ միայն ուզել կը նշանակէ, այլ նաեւ փնտռել: Ուստի, աղօթողը կամ աղօթողները ոչ թէ միայն պիտի ուզեն, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ, այլ նաեւ ճիգ տանին անոր երկրի վրայ հաստատման համար: Որ Աստուծոյ կամքը կատարուի: Որ մեր շրջապատին մէջ արդարութիւն, սրբութիւն ու խաղաղութիւն տիրէ: Հետեւաբար, մենք պէտք է մտածենք այս մասին: Դուք, կ՚ըսէ Քրիստոս, Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ իրականանայ: Սակայն, մենք ի՞նչ կ՚ընենք եւ ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ Արքայութիւնը ամէն ինչէ առաջ դասած ըլլանք:

««Արքայութիւնը խնդրեցէք»ը գործնական պահանջք մը ունի. միայն աղօթքի մէջ խնդրանքը կրկնելով չ՚ըլլար, ոչ ալ միտքին մէջ սնուցանելով: Այլ ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ ընել բարի բաներ եւ բարի գործեր, որոնք Աստուծոյ կամքին արտայայտութիւնը ըլլան, եւ որոնցմով մեր շրջապատին մէջ արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ խաղաղութիւնը բերած ըլլանք: Անկասկած՝ ո՛չ ամբողջականօրէն, քանի որ մարդկայնօրէն անկարելի է անիկա, այլ՝ մասնակիօրէն»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարշապատ, 30 յուլիս 2018

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018