ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Դ.
ՉՀԱՍ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները: Ի՞նչ հիմունք ունէր արենակցական ամուսնութեան արգիլումը: Հիներուն տուած բացատրութիւնները: Բարոյական հիմունք: Արենակցական ամուսնութեան ազդեցութիւնը թէ՛ ամուսիններուն եւ թէ՛ սերունդին վրայ: Ասոր վերագրուած հիւանդութիւնները (խուլ-համրութիւն, ջղային հիւանդութիւն, խելագարութիւն, վատասեռում, եւ այլն): Նորագոյն գիտական հայեացքները ու ժառանգականութեան խաղացած դերը արենակցական ամուսնութեան մէջ:
Մեր սովորութեան հակառակ, երկար կանգ առինք չհասութեան պատմութեան վրայ, որ, պէտք է ըսել, չափազանց խառնաշփոթ է: Խնդիրը այնքան կարեւոր է, որ մենք պարտք համարեցինք զայն լուսաբանելու համար քիչ մը պարզել գոյութիւն ունեցած եւ ունեցող օրէնսդրութիւններն ու կանոնները:
Մենք տեսանք, որ ազգականութիւն համարուած են եւ հիմա ալ կը համարուին ո՛չ միայն արիւնակցութիւնը, այլեւ խնամիութիւնը եւ կնքահայրութիւնը:
Եկեղեցական ժողովները, սուրբ հայրերը եւ նոյնիսկ քաղաքական օրէնսդիրները ի՜նչ սկզբունքով ղեկավարուած են արդեօք այսպիսի կանոններ հիմնելով, ու այսպիսիով՝ կաշկանդելով ամուսնացողներուն անհատական իրաւունքները:
Այս որոշումները արդեօք ունի՞ն գիտական որեւէ մէկ յենակէտ, թէ՞ ուրիշ հիմունքներու վրայ գրուած են:
Մենք չյաջողեցանք գիտական որեւէ մէկ լուրջ շարժառիթ գտնել այդպիսի սահմանափակումը մեկնելու համար, եթէ չյիշենք մի քանի տղայական դիտումներ, որոնք գիտական ըլլալու յաւակնութիւն ունին:
Այսպէս, Լուտերանեան ժողովը եւ Ներսէս Շնորհալին իրենց որոշումները կը հիմնեն այն ինքնըստինքեան սխալ դիտումներուն վրայ, թէ մարդուն մարմինը չորս բաղադրեալ նիւթերէն բաղկացած է: Ներսէս Շնորհալին երկու կողմէն չհասութիւն սահմանելով մինչեւ չորս աստիճանը (ընդամէնը 8 պորտ), իր որոշումը այն տարօրինակ դիտումով կը բացատրէ, թէ՝ «քանզի բնութիւն մարմնոյ ի չորից տարերաց գոլով, յիրաւի եւ մարմնական ազգակցութիւն մինչեւ ի չորրորդ թիւն ժամանէ, որ է այսպէս. ի միոյ հօրէ երկուց եղբարց բաժանեալ, հաւասար ունին յինքեանս զհօրն գոյացութիւնս. իսկ առ ի նոցանէ ծնունդքն զկէս արեան եղբայրութեան, եւ երրորդ ծնունդն, որ յեղբարցն որդոց, զկիսոյն կէս արեան միայն. իսկ չորրորդ ծնունդն, որ ի սոցանէ, զչորեակ մասն մնացելով: Եւ այս է սահման եւ կէտ արեան մերձաւորութեան» (Ընդհանրական):
Յակոբ Ղրիմեցին (թերեւս օտար աղբիւրներէ վերցուցած), նոյնպէս կը ձգտի բնագիտական բացատրութիւն տալ, թէ ինչո՞ւ ազգականները չհաս են մինչեւ չորրորդ պորտը: «Որդիք, որ ի սոցանէ (ծնողներից) առաջ քան, ունի զբոլոր արիւնն ազգականութեան, եւ թոռունքն զերրորդ մասն, եւ որդիք թոռանցն զերկրորդ մասն եւ թոռունք թոռանցն, որ է թոռինք, զմի մասն, եւ աստ վճարի արիւն ազգականութեան, սոքա խնամինան եւ սոցա որդիքն, որ են ձագ թոռինքն, առնուն զիրար»:
Կասկած չկայ, որ այս մեկնութիւնը շինծու է, թէ հին օրէնսդիրները եւ եկեղեցական ժողովները այդ դիտումներով չէր, որ կը ղեկավարէին իրենց կանոնները դնելով:
Ի վերջոյ, թէ այդ դիտումները կրնային տեղի ունենալ, երբ խնդիրը արիւնակիցներուն կը վերաբերէր, ինչ հիմք կայ արգիլելու խնամիներու կամ կնքահայր ու սանիկի պսակները:
Ուրիշ շարժառիթ մը եւս կար, աւելի յարգելի քան այս տղայական շարժառիթները, ատիկա բարոյական հիմունքն էր:
Բոլոր ժամանակներու ընթացքին բոլոր բանիմաց մարդիկ աշխատած են պահպանել ընտանիքի սրբութիւնը, ներշնչելով գռեհիկ ամբոխին այն համոզմունքը, թէ ազգականին, խնամիին հետ (եւ ընդհանրապէս այն անձերուն, որոնք մեր հաւատարմութիւնը կը վայելեն) սեռական կապեր հաստատելը մեծ մեղք է, եւ այդպիսիները եկեղեցին կը նզովէ:
Թէ՛ Մովսիսական օրէնքը, թէ՛ քրիստոնէական դարերուն սահմանած չհասութեան կանոնները միշտ ալ լոկ այդ բարոյական կէտը աչքի առաջ ունեցած են: Մովսէսը կ՚արգիլէ կին առնել այն աղջկան, որ մեր խնամատարութեան տակ կը գտնուի:
Այսպէս, ուրեմն, օրէնսդիրները աւելի բարոյական քան առողջապահական դիտումներ աչքի առաջ ունէին: Անոնց նպատակը եղած է սուրբ եւ անարատ պահել արենակցական ու բարեկամական յարաբերութիւնները, ու ամուսնանալու հնարաւորութիւնը հեռացնելով՝ հեռացնել նաեւ սեռական հակումը ազգականներէն: Մէկ խօսքով, անոնք միտք ունեցած են յիշած անհատներուն մէջ սահմանել այնպիսի մաքուր վերաբերմունք ու սէր, որ գոյութիւն ունի եղբօր ու քրոջ, հօր եւ զաւակի միջեւ:
«Ընտանիքի եւ հասարակութեան փրկութեան համար անհրաժեշտ է, որ մի քանի սերունդներու մէջէն սիրոյ կիրքը դուրս մղուի: Պէտք է արգիլել ամուսնութիւնը այն աստիճանի ազգականներուն միջեւ, որոնցմէ մեծերը փոքրերուն համար կրնան փոխարինել ծնողներուն, ինչպէս են՝ հոգաբարձուները, խնամատարները: Իսկ այս հնարաւոր է մի միայն այն պարագային, երբ օրէնքը, առաւել եւս ծէսերն ու սովորութիւնները, այնպիսի յարաբերութիւններ ստեղծած են ազգականներուն միջեւ, որ կիրքի ու սիրոյ ծագումը անհնար կը դառնայ»:
Նշանաւոր Րիբբինկի այդ խօսքերը լոկ փիլիսոփայական նշանակութիւն չունին: Ատոնք լուրջ հոգեբանի, լուրջ խորհողի խօսքեր են; Գիտութիւնը, եթէ կամենաք, մինչեւ հիմա ալ ո՛չ մէկ լուրջ արգելառիթ կը դնէ նոյնիսկ հօր ու աղջկայ ամուսնութեան մէջ, սակայն երկար դարեր առաջ մարդու բնազդին մէջ անհնար դարձած է այդ արիւնախառնութիւնը: Մեր կիրքը մեր մօտիկ ազգականներուն վրայ չի՛ յարիր եւ ասիկա հոգեբանական խոր դրութիւն մըն է, որու մասին խօսիլը աւելորդ կ՚ըլլար:
Այս բարոյական սկզբունքը աւելի եւս կարեւոր է հայկական օճախին մէջ պահպանել, ուր մի քանի սերունդներ ու խնամիներ մէկ յարկի տակ կ՚ապրին, ուր այդպիսի սուրբ հաւատարմութեամբ քենին փեսային կը վերաբերի, սանիկը՝ իր կնքահայրին: Ի՞նչ կը դառնայ մեր ընտանիքին վարքն ու բարքը, եթէ անկէ յարաբերութիւններուն սրբութիւնը խլենք:
Հիմա տեսնենք, թէ բժշկական գիտութիւնը ինչպէ՞ս կը նայի չհասութեան:
***
Բժշկականութեան մէջ շատ քիչ խնդիրներ կան, որ այն աստիճան գործնական կարեւորութիւն ունենային եւ որու մասին այսքան հակասական կարծիքներ յայտնուած ըլլար, ինչքան այս մէկը: Հարցը այն է, որ հետազօտողներն ու գիտնականները երկու բանակի բաժնուած են՝ անցեալ դարու սկիզբէն: Մէկ մասը ազգականներուն ամուսնութիւնը իրարու հետ բնական երեւոյթ մը կը համարէ եւ ո՛չ մէկ վնաս կը տեսնէ ատոր մէջ. եղած են նոյնիսկ այնպիսիներ, որոնք շատ ցանկալի ու մարդկութեան համար շատ օգտակար համարած են արենակցական միութիւնները: Ատոնց դէմ կանգնած են շարք մը ուրիշ հետազօտողներ, նոյնպէս փաստերով, փորձերով ու վիճակագրութիւններով զինուած, որոնք ամբողջովին հակառակը կը պնդեն ու կը ձգտին ապացուցել, թէ այդ տեսակ ամուսնութիւնը ամէն տեսակի անբախտութեան աղբիւր կը դառնայ սերունդին համար: Այսպիսով, ամբողջ գրականութիւն մը կազմուած է այս հարցին վերաբերեալ:
Եթէ մենք փափաքէինք առաջ բերել այն բոլոր հետազօտութիւններն ու վիճակագրական տեղեկութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին բժշկական գրականութեան մէջ, ստիպուած պիտի ըլլայինք հատորներ գրել: Միւս կողմէ, խնդիրը այնքան յայտնի է, որ չենք կրնար համառօտ ակնարկ մը չնետել կարեւորագոյն աշխատութիւններուն վրայ:
Ես չեմ խօսիր այն հեղինակներուն մասին, որոնք միայն լոկ կարծիքներ յայտնած են ազգակցական ամուսնութեան վնասակարութեան կամ օգտաւէտութեան մասին:
Մեզի համար կարեւորութիւն ունին մի՛ միայն փաստերը, դիտողութիւններն ու փորձերը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 8
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024