ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ՉԷԻՆ ՀԱՐՑՆԵՐ. «Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՏԻՆ»
Չէին հարցներ. «Ի՞նչ կայ մահուան ետին»:
Եդեմին քարտէսը կը սորվէին աւելի,
Քան երկրին մատեանը:
Զանոնք այլ հարց մը կը հետաքրքրէր.
«Ի՞նչ պիտի ընենք մահանալէն առաջ»:
Մեր կեանքին ընթացքին կենդանի ենք,
Կամ՝ ոչ:
Կարծես մեր կեանքը ըլլար անապատէն պահեր,
Որոնց համար տարակարծիք էին
Գոյքերուն աստուածները,
Իսկ մենք՝ դրացիները փոշոտած փոշիներուն:
Մեր կեանքը բեռ է ստեղծագործողին գիշերուան.
«Որքան ջանամ զանոնք պահել,
Անցեալէն կը յայտնուին ինծի»...
Մեր կեանքը բեռ է նկարիչին.
«Կը գծեմ զանոնք, կ՚ըլլամ անոնցմէ մին
Եւ մշուշը կը ծածկէ զիս»:
Մեր կեանքը բեռ է զօրավարին.
«Ուրուականէն ինչպէ՞ս արիւն կը հոսի»:
Մեր կեանքն է ըլլալ, ինչ որ կ՚ուզենք:
Կ՚ուզենք քիչ մը ապրի՛լ միայն, ուրիշ ոչի՛նչ:
Եւ առանց նկատելու,
Մէջբերեցին փիլիսոփային խօսքը.
«Մահը մեզի համար բան չի նշանակեր:
Կ՚ըլլանք, ինք չ՚ըլլար:
Մահը մեզի համար բան չի նշանակեր:
Ինք կ՚ըլլայ, մենք չենք ըլլար»:
Եւ իրենց երազները կազմակերպեցին
Տարբեր ձեւով՝
Ոտքի քնացան:
ՇՐՋՈՒՆ ԿԻԹԱՌԱՀԱՐԸ
Նկարիչ մըն էր,
Բայց նկարները,
Ընդհանրապէս,
Դռներ չեն բանար,
Չեն կոտրեր...
Կէտը լուսնին երեսէն չեն մաքրեր:
(Բարեկա՛մս, կիթա՛ռս, տար զիս...
Դէպի հեռաւոր պատուհաններ):
Բանաստեղծ մըն էր,
Բայց ոտանաւորը
Յիշողութեան մէջ ցամքեցաւ,
Երբ Եաֆան տեսաւ
Նաւուն տախտակամածէն.
(Բարեկա՛մս, Կիթա՛ռս, տար զիս...
Դէպի մեղրագոյն աչքերը):
Զինուոր մըն էր,
Սակայն բեկոր մը
Փշրեց իր ձախ ծունկը:
Նուէրով մը պարգեւեցին.
Այլ աստիճանաւորում մը
Եւ փայտեայ ոտք մը...
(Բարեկա՛մս, Կիթա՛ռս, տար զիս...
Քնացած երկիրներ):
Գալիք գիշերները,
Երբ մարդիկ երթան զինուորներէն
Ստորագրութիւններ հաւաքելու,
Կիթառահարը կու գայ
Աներեւոյթ տեղէ մը:
Երբ մարդիկ նահատակներուն
Ծնունդները տօնեն,
Կիթառահարը կու գայ՝
Մերկ կամ ներքնազգեստով:
Կիթառահարը կու գար
Ես գրեթէ կը տեսնէի զայն
Եւ կը շնչէի արեան բոյրը լարերէն...
Ես գրեթէ տեսայ զայն
Բոլոր փողոցներէն անցած միջոցին:
Կը լսէի զայն...
Իր բարձր ձայնը կը լեցուէր մրրիկին մէջ.
-Տեսէ՛ք՝
Փայտեայ ոտք մը
Եւ լսեցէ՛ք՝
Մարդկային միսերուն մեղեդին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան