ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՃԱՍԹԱ ՕՐԷՆՔԸ. ԽՈՒՍԱՆԱՒՈ՞ՒՄ ԿԱՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑ

Ա­մե­րի­կեան ծեռակոյտին կող­մէ վա­ւե­րա­ցուած ՃԱՍ­ԹԱ (Justice Against Spon­sors of Terrorism Act) օ­րէն­քը յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ըն­թա­ցա­կարգ մը կրնայ գծել Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն եւ սիւն­նի աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար եր­կիր հա­մա­րուող Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մի­ջեւ:

Թէ ինչ վատ­թա­րա­ցում կրնան կրել այդ խորք ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պարզ չէ, սա­կայն յստակ է, որ սէուտ­ցի­նե­րուն հա­մար բա­ւա­կան անս­պա­սե­լի այս ո­րո­շու­մը ոչ միայն մտա­ծե­լու տե­ղի պի­տի տայ, այլ նաեւ կշիռ­քի վրայ պի­տի դնէ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ի­րա­կան ար­ժէ­քը:

Յի­շեց­ման կար­գով ը­սեմ, որ «Ա­հա­բե­կիչ­նե­րու սա­տա­րող կող­մե­րը դա­տե­լու» այս օ­րէն­քը, կարճ՝ ՃԱՍ­ԹԱ-ն պատ­րաստուե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն կող­մէ եւ ա­ռա­ջին ան­գամ ծերակոյտին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Մա­յի­սին: Օ­րէն­քը ծե­րակոյտին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան գոր­ծիչ ծե­րա­կու­տա­կան Ճոն Քոր­նիի կող­մէ: Ա­ւե­լի վաղ, երբ օ­րէն­քը Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տուն հա­սաւ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա վե­թո­յի ի­րա­ւունք օգ­տա­գոր­ծե­լով խա­փա­նեց օ­րի­նա­գի­ծը: Իսկ Սեպ­տեմ­բե­րի 23-ին Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը օ­րէն­քը «վե­րա­կար­դա­լու» իր ի­րա­ւուն­քը գոր­ծի դնե­լով ա­ռա­ջար­կը վե­րա­ծեց օ­րի­նագ­ծի:

Օ­րէն­քին հիմ­քը ան­շուշտ 2001 թուա­կա­նին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը ցնցած «11 Սեպ­տեմ­բե­ր»ի դէպ­քերն են ու ա­նոնց հիմ­քով այդ յար­ձա­կու­մը գոր­ծած ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն սա­տար կանգ­նող կող­մե­րը «գտնե­լ»ն ու ա­պա պատ­ժե­լը:

ԱՄՆ-ի մէջ ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն սա­տար հան­դի­սա­ցող կող­մե­րը «պատ­ժե­լու մա­սի­ն» խօսք կ՚ընթանայ: Տա­կա­ւին տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով խօ­սուած է գաղտ­նի թղթած­րա­րի մը մա­սին, ո­րուն մէջ յի­շա­տա­կուած էր Ո­ւա­շինկ­թը­նի մօտ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նախ­կին դես­պան ու ա­պա թա­գա­ւո­րու­թեան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան եր­բեմ­նի գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու Պան­տար Պըն սուլ­թա­նի ա­նու­նը, որ ըստ այդ գաղտ­նի թուղ­թե­րուն կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու­նե­ցած է ա­հա­բե­կիչ տար­րե­րուն նիւ­թա­կան նե­ցուկ տա­լու կապակցութեամբ:

Այդ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը մնա­ցին վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ու Պա­րաք Օ­պա­մա նախ­քան Ռիատ տուած իր այ­ցե­լու­թիւ­նը (Ապ­րիլ, 2016) հար­ցը «սառ­նա­րա­ն» դրաւ:

Խոր­քին մէջ ԱՄՆ-ի նա­խա­գահն ալ ան­ակն­կա­լի առ­ջեւ գտնուե­ցաւ, երբ նոյ­նիսկ իր օգ­տա­գոր­ծած վեթո­յէն ետք Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տու­նը Գոնկ­րէ­սը այդ «վտան­գա­ւո­ր» հա­մա­րուած ա­ռա­ջար­կը օ­րէն­քի վե­րա­ծեց:

Այս բո­լո­րին մէջ եւ ա­րագ դի­տար­կում մը կա­տա­րե­լով պէտք է ներ­կա­յաց­նել ԱՄՆ-Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը եւ «կեն­սագ­րա­կա­ն»ը: Այս­պէս Հա­մաշ­խար-հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն մին­չեւ 1991-ը (մին­չեւ Քուէյ­թի Սատ­տամ Հիւ­սէյ­ինի շղթա­յա­զեր­ծած գրո­հէն ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար ե­ղած «Ա­նա­պա­տի փո­թո­րի­կ»ը գոր­ծո­ղու­թիւ­նը), այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ե­ղած են շատ հե­զա­սահ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ: Այ­սինքն ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ­ներ Ռուզ­վել­տէն մին­չեւ Ճորճ Պուշ հայր Ո­ւա­շինկ­թըն եւ Ռիատ մշա­կած են փո­խա­դարձ շա­հե­րու եւ «յա­նուն նաւ­թ»ի ե­ղած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Կող­մե­րուն միջեւ ա­ռա­ջին բա­ցա­յայտ ցնցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է 2003-ին, երբ Ռիատ կ­՚ընդ­դի­մա­նար Ա­մե­րի­կա­յի Ի­րաք ներ­խուժ­ման դէմ եւ ան­կէ ետք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ի­րենց զէ­նի­թէն վար գլտո­րե­լով սկսան բռնել ան­կու­մի ճա­նա­պար­հը:

 Ա­մե­րի­կա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն հա­մաձայն՝ հա­կա­ռակ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ ո­րոշ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն՝ անհ­նար է, որ այդ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը բա­խու­մի ա­ռաջ­նոր­դեն: Ա­ւե­լի՛ն. այս զար­գա­ցում­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ՃԱՍ­ԹԱ օ­րէն­քին մշակ­ման եւ ապա վա­ւե­րաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հե­տե­ւող­նե­րուն հա­մար ե­ղա­ծը՝ ա­մե­րի­կեան ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ առ­կայ երկ­փեղկ­ման եւ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն ու դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րուն մի­ջեւ ե­րե­ւե­լի սրաց­ման ար­դիւնք է:

Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը այս քայ­լով կը փոր­ձեն նե­ղ կացութեան մատնել Օ­պա­ման եւ տագ­նա­պի այս նոր պա­տու­հա­նով «պա­տու­հա­սա­ծ» ըլ­լալ ԱՄՆ-Ի­րան կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը: Այ­սինքն՝ Օ­պա­մա­յի կա­տա­րած եւ իր քա­ղա­քա­կան կեն­սագ­րու­թեան դրա­կան կէ­տեր ա­պա­հո­ված Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան փոխարէն Ռիա­տի, հե­տե­ւա­բար սիւն­նինե­րու հետ ա­նոր «մաս­նա­կի տա­րա­կար­ծու­թիւ­ն»ը վե­րա­ծել նոր տագ­նա­պի մը: ՃԱՍ­ԹԱ օ­րէն­քին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը այդ է ու ա­տոր դի­մաց բնա­կան է, որ սէուտ­ցիք եւս ձեռ­նա­ծալ պի­տի չմնան: Խոր­քին մէջ օ­րէն­քին վա­ւե­րա­ցու­մը եւ յատ­կա­պէս Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ռիատ տուած «հան­դար­տե­ցու­ցի­չ» այ­ցե­լու­թե­նէն ետք որ­դեգ­րուի­լը նաեւ դի­տել կու տան, որ ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կան ներ­քին շեր­տե­րուն մէջ քիչ չեն ա­նոնք, ո­րոնք նպա­տակ դրած են «ա­կա­նե­լ» Ո­ւա­շինկ­թըն-Ռիատ մինչ այդ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­րուող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու այս վատ­թա­րա­ցու­մէն յե­տոյ ալ յստա­կօ­րէն կ­՚ու­րուագ­ծուի, որ ԱՄՆ-Ռիատ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք չեն ե­ղած ռազ­մա­վա­րա­կան, այլ ե­ղած են միայն շա­հակ­ցա­կան:

Այս բո­լո­րէն ան­դին ե­թէ փոր­ձենք հասկ­նալ սիւն­նինե­րու ընդ­հա­նուր կե­ցուած­քը ՃԱՍ­ԹԱ-ին վե­րա­բե­րեալ՝ պարզ կը դառ­նայ, որ ա­նոնց մօտ ալ ԱՄՆ-ի հան­դէպ նախ­կին «ան­կեղ­ծ» եւ «հա­զար տա­րուան դաշ­նա­կի­ց»ի հո­գե­բա­նու­թիւ­նը սկսած է խո­ցե­լի դառ­նալ: Ան­շուշտ, որ այս հանգ­րուա­նը սպա­սո­ղա­կան փուլ մըն է եւ յստակ է նաեւ, որ բո­լո­րին աչ­քը ուղ­ղուած է Ա­մե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րուն: Միայն այդ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք է, որ պի­տի գծուին եր­կու դաշ­նա­կից­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան նոր սահ­մա­նա­գի­ծե­րը:

Ար­դեօք բնա­կա­նոն հու­նով պի­տի շա­րու­նա­կուի՞ն այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կամ Ռիատ ա­մե­րի­կեան կե­ցուածք­նե­րէն յոգ­նե­լէ ետք պի­տի փոր­ձէ նա­յիլ դէ­պի հե­ռա­ւոր հիւ­սիս՝ Մոս­կուա:

Մոս­կուա­յի հետ սիւն­նինե­րու ու­նե­ցած շփում­նե­րը ցոյց կու տան, որ ռու­սա­կան կող­մը միշտ ալ պատ­րաստ է ըն­դու­նիլ ո­րե­ւէ «շա­հա­ւէ­տ» ա­ռա­ջարկ եւ գոր­ծակ­ցու­թեան նոր դռներ բա­նալ Ռիա­տին հա­մար: Ե­թէ Ռիատ դի­մէ այդ մօ­տեց­ման՝ ա­պա յստակ պի­տի դառ­նայ, որ առ­նուազն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գլխա­ւոր թէժ կէ­տե­րուն մէջ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ, որ կող­մե­րը ձեռք ձգեն դրա­կան աշխուժութիւն մը եւ միա­սին լու­ծում­ներ մշա­կեն՝ Եէ­մէ­նի ու մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ մէջ:

Այս­տեղ պէտք է ան­պայ­ման հա­շուի առ­նել Մոս­կուա-Ան­գա­րա մեր­ձե­ցու­մը, որ իր կար­գին բա­ւա­րար նե­րուժ կրնայ ու­նե­նալ դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն տա­րա­ծե­լու սիւն­նի­ներ-Ռու­սաս­տան հա­ւա­նա­կան մեր­ձեց­ման մը հա­մար:

Սէուտ­ցի քա­ղա­քա­գէտ Խա­լէտ Ալ Տա­խիլ «Ալ Ճա­զի­րա» կա­յա­նէն խօ­սե­լով ՃԱՍ­ԹԱ օ­րէն­քին ու յատ­կա­պէս Ռիատ-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կան վատ­թա­րաց­ման մա­սին՝ կը նշէ, որ ի­րենց հա­մար ա­մենէն խո­ցե­լի կէ­տը այն է, թէ ԱՄՆ մին­չեւ այս պա­հը ԻՇԻՊ-ի դէմ պա­տե­րազ­մե­լու յստակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը չու­նի: Ան նաեւ կ­՚ը­սէ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէ­կէ ա­ւե­լի պաշ­տօ­նա­տար­ներ սուր քննա­դա­տու­թիւն­ներ կ­՚ուղ­ղեն սիւն­նի­նե­րու Ուա­հա­պիսթ եւ Սա­լա­ֆիստ հա­մայնք­նե­րուն դէմ եւ զա­նոնք կը մե­ղադ­րեն ա­հա­բեկ­չու­թեան «մի­ջու­կ»ը ըլ­լա­լու մէջ: Տա­խիլ նաեւ կը դժգո­հի, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­ր ո­րո­շիչ եւ յստակ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը չու­նե­նա­լուն հա­մար է, որ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ յի­սուն եւ ա­ւե­լի տա­րի­նե­րու կեանք ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կրնան վնա­սուիլ:

Իր կար­գին, մի­ջինա­րե­ւե­լեան հար­ցե­րու ա­մե­րի­կա­ցի մաս­նա­գէտ Թո­մաս Մա­թէր, որ ման­րա­մասն զե­կու­ցում մը պատ­րաս­տած է ՃԱՍ­ԹԱ օ­րէն­քին մա­սին՝ ը­սած է, թէ հա­կա­ռակ Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի ՃԱՍ­ԹԱ օ­րէն­քին դէմ օգ­տա­գոր­ծած վեթո­յին, յստակ է նաեւ, որ 11 Սեպտեմբերի զո­հե­րուն ըն­տա­նիք­նե­րը մեծ ճնշում­ներ բա­նե­ցու­ցած են ա­մե­րի­կա­ցի ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րուն վրայ, ան­տե­սե­լով նաեւ, որ այս օ­րէն­քը ծնունդն է ա­մե­րի­կեան ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պա­րանաձ­գու­թեան:

Իր կար­գին ա­րաբ վեր­լու­ծա­բան եւ տնտե­սա­գէտ Սա­լէհ Ալ Թայ­յար, որ ա­ւե­լի վստահ է Ռիա­տի ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն մօտ ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թենէն՝ կը հա­ւա­տայ, որ այս օ­րէն­քը «մե­ռեալ ծնուն­դ» է: Թայ­յար, որ իր տե­սա­կէ­տը կ­՚ամ­րագ­րէ տնտե­սա­կան հիմ­քե­րով՝ կը յի­շեց­նէ, որ Ռիատ մեծ ճի­գեր տա­րած է պայ­քա­րե­լու հա­մար ա­հա­բե­կիչ տար­րե­րուն դէմ: Ան նաեւ կը նշէ, որ ե­ղած են տաս­նեակ սէուտ­ցի­ներ, ո­րոնք զրկուած են ի­րենց քա­ղա­քա­ցիու­թենէն եւ Ռիա­տի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը մեծ ճի­գեր կը գոր­ծադ­րէ պայ­քա­րե­լու հա­մար «Էլ Քա­ի­տէ»ին եւ օ­րերս ալ ԻՇԻՊ-ին դէմ:

Թայ­յար իր խօս­քի ա­ւար­տին դի­տել տուած է, որ ա­մե­րի­կեան այս օ­րէն­քը ե­ղած է գրգռու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու եւ ան մշա­կուած է «ներ­քին սպառ­մա­ն» մը հա­մար, հե­տե­ւա­բար սէուտ­ցիք պատ­ճառ չու­նին մտա­հոգուե­լու այս օ­րէն­քէն: Թայ­յար, որ սէուտ­ցի է, նաեւ յա­ռաջ կը քա­շէ թա­գա­ւո­րու­թեան «Մեծն քսա­նեա­կ»ին ան­դամ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը՝ յի­շեց­նե­լով, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ա­մե­րի­կեան շու­կա­նե­րուն մէջ ու­նե­ցած ներդ­րում­նե­րը եւ դրած դրա­մագ­լու­խը ա­ւե­լի գե­րակ­շիռ են, քան ԱՄՆ-ի Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մէջ ու­նե­ցած տնտե­սա­կան ներդ­րում­ներն ու ծրա­գր­ե­րը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ այս օ­րի­նա­գի­ծը կրնայ գոր­ծի դրուիլ միայն ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք: Ու ոեւէ ընտ­րուող նա­խա­գահ կրնայ զայն տա­նիլ «գե­րեզ­մա­ն» կամ ալ ա­մէն գնով օգ­տա­գոր­ծել, որ­պէս ճնշու­մի մի­ջոց սէուտ­ցիներու կող­մէն յատ­կա­պէս մի­ջինա­րե­ւե­լեան տար­բեր թղթած­րար­նե­րու մէջ ո­րոշ զի­ջում­ներ «կոր­զե­լու»:

Ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն հա­մար Ռիա­տի Սու­րիոյ մէջ ան­մի­ջա­կան մի­ջամ­տու­թիւն մը կա­տա­րե­լու եւ «բռնի մի­ջոց­նե­ր»ով Նա­խա­գահ Պեշ­ար Է­սա­տը իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­նե­լու ա­ռա­ջարկն ու այս առ­թիւ կա­տա­րուած ճնշում­նե­րը տա­նե­լի եւ ըն­դու­նե­լի չեն ու շատ հա­ւա­նա­կան է, որ այդ ճնշում­նե­րուն դի­մաց է, որ ա­մե­րի­կա­ցիք յղա­ցան ու ա­պա մէջ­տեղ նե­տե­ցին այս օ­րէն­քը, որ «լա­րուած ու­ժա­նա­կ»ի նե­րուժ ու­նի:

Կը մնայ սպա­սել ու հասկ­նալ, թէ ա­մե­րի­կա­ցիք որ­քա­նով պատ­րաստ են վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել, Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ գծել նոր սահ­մա­նագ­ծեր ի­րենց եւ ի­րենց շուրջ վաթ­սուն տա­րե­կան «վստա­հե­լի» գոր­ծըն­կե­րոջ՝ Ռիա­տին մի­ջեւ:

Բացի այդ, կայ նաեւ Ո­ւա­հա­պիզ­մի վտան­գը, որ կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու նոր սպառ­նա­լիք դառ­նալ ԱՄՆ-ին հա­մար, յատ­կա­պէս երբ թա­գա­ւո­րու­թեան վեր­նա­խա­ւին կող­մէ ան­մի­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ե­ղող շար­ժում­նե­րը ի­րենց «բան­տե­րէ­ն» բաց թող­նուին:

Ա­ւար­տին պէտք է հասկ­նալ, որ ով ալ ըլ­լայ ԱՄՆ-ի յա­ջորդ նա­խա­գա­հը, ան չի կրնար այս օ­րե­րուն որ­դեգ­րած «ան­տար­բե­ր» մօ­տե­ցում­նե­րով «կա­ռա­վա­րել» մա­նա­ւանդ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016