ՑԱՒ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կը ժպտան, կը ժպտիս, կը սոր­վիս ծա­փիկ-ծա­փիկ, յե­տոյ կը քա­լես, կը վա­զես, կ՚իյ­նաս, կ՚ել­լես... ա­պա՝ պա­յու­սակ մը կու տան ձեռքդ.- Դպրո՛ց...

Այս ա­մե­նէն ինչ հասկ­նաս... կը յի­շեմ միայն երբ ծա­ղիկ դա­սա­րան էի, եւ օ­րիոր­դին ա­նունն ալ՝ Ծա­ղիկ, գե­ղագ­րու­թեան տետ­րիս նա­յե­լով ը­սաւ.- «Մեղք որ այդ մօր զա­ւակն ես»: Ու­րեմն՝ Ա­ղեք­սանտ­րէ­դի մէջ ալ ու­սուց­չու­հին ե­ղած էր մօրս: Ու տա­րի­նե­րը տա­րին նա­խակր­թա­րան, երկ­րոր­դա­կան, հոս այ­լեւս կա­մաց-կա­մաց սկսայ հասկ­նալ գիր­քին ար­ժէ­քը, եւ ար­դէն պա­յու­սա­կէն ալ ձեր­բա­զա­տուած՝ գիր­քե­րը շալ­կե­լով ու­րա­խու­թեամբ կ՚եր­թա­յի դպրոց, ա­պա­գա­յին նա­յե­լով... (կ՚ու­զեմ նաեւ յի­շել, որ կը նա­խան­ձէի ա՛յն գիր­քե­րուն, ո­րոնք սեղ­մուած կ՚ըլ­լա­յին պար­մա­նու­հիի մը կուրծ­քին):

Պա­տա­նու­թիւ՜ն, ինչ­քան յու­շեր ու­նիս դուն:

Կ՚ե­րա­զէի հա­մալ­սա­րան, ու ակ­նա­ծան­քով կը նա­յէի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն: Հա­մալ­սա­րան, մա­նա­ւանդ եր­բ ա­ռիթ­նե­րով եր­բեմն-եր­բեմն կ՚այ­ցե­լէինք Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան, կար­ծես երկ­րա­յին դրախտ ըլ­լար, ուր ու­սու­մով պի­տի հաս­նէի երկ­նա­յին դրախ­տին՝ որ էր գի­տե­լիք­նե­րու ամ­բա­րը, դա­սա­րա­նա­յին բան­տե­րէն հան­րա­կառք ու տու­նէն ա­զա­տագ­րուե­լէ ետք. այ­սինքն՝ Յովհ. Մա­նու­կեա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, թէեւ շա՜տ մօտ էր, սա­կայն՝ ՉԵ­ՂԱ՜Ւ. Յով. Մա­նէն ա­ւար­տա­կա­նի սե­մէն ան­ցար­գե­լի պատ­ճա­ռաւ:

Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան՝ դար­ձեալ ՉԵ­­-ՂԱՒ, քա­նի որ «վե­րե­ւի յար­կը ա­րե­ւի շող­քե­րը խլեց, ստուեր ձգեց ներ­քե­ւի յար­կին ու սպա­նեց ե­րազ­ներն իմ Չարեն­ցա­վառ (հե­տե­ւո­ղու­թեամբ՝ Ա­ՐԱ­ԶԻ-ի):

Միակ ել­քը մնաց ինք­նա­զար­գա­ցու­մը, թէեւ ա­ռանց բարձ­րա­գոյն ուս­ման պի­տի չըլ­լար այն, ինչ որ կրնար ըլ­լալ:

Կարգ մը գրող­նե­րու օ­րի­նա­կով, ո­րոնք ա­ռանց հա­մալ­սա­րա­նա­կան ուս­ման կրցած են ի­րենք զի­րենք դրսե­ւո­րել ու տալ ի­րենց միտ­քի ար­գա­սի­քը, քա­լե­ցի իմ ճամ­բաս... ինչ որ տուաւ կեան­քը ին­ծի:

Ու տա­րի­նե­րը թա­ւա­լե­ցան:

Իսկ երբ ­Վե­հա­փառ Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ.-ի օ­րով գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը սկիզբ ա­ռաւ, ակն­դէտ կը սպա­սէի նո­րու­թեան մը հե­տաքրք­րու­թեամբ, եւ քիչ մըն ալ ինչ­պէս կ՚ը­սեն «աչքս կշտաց­նե­լու» եւ «կա­տուի դրախտ» ապ­րե­լու մի­տու­մով: Ան­կէ ալ յուշ մը, որ Ա­ւե­տա­րան ըստ Թով­մա­սի գրքոյկն էր, բա­ւա­կան շատ օ­րի­նակ­նե­րով, ո­րոնք կը սպա­սէին գնոր­դի: Ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծել պէտք էր, ու­նե­նալ կարգ մը հե­տաքր­քիր բա­րե­կամ­ներ, ա­նոնց ա­խոր­ժա­կը գրգռել՝ հան­դէպ ոչ ըն­թա­ցիկ գիր­քի եւ ան­շուշտ նուի­րել օ­րի­նակ մը:

Օ՜, գիր­քեր, ա­մէն մէկ գիրք ա­փե­րուդ մէջ աշ­խարհ մը կ՚ըլ­լայ, իսկ գիր­քե­րու կոյ­տե­րով՝ ար­դէն Տիե­զերք մը: «Գիր­քե­րու աշ­խար­հը տիե­զերք է ա­նեզր» (Ե­ղի­շէ Չա­րենց): Իսկ այդ Տիե­զեր­քը կ՚ըլ­լայ մղիչ ուժ՝ Տիե­զերք մը ու­նե­նա­լու.-

Հո­գիս՝ տա­նը հաս­տա­տուել-

Հո­գիս՝ տա­նը հաս­տա­տուել- 
Տիե­զերքն է ողջ պա­տել.
­Տիե­զերք տէրն եմ ես, ­
Ո՞վ է ար­դեօք նկա­տել: 

Յ. Թումանեան

 

Ու ան­ցան տա­րի­ներ... կը շա­րու­նա­կուի ա­ւան­դու­թիւ­նը գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին, սա­կայն՝ «Ա­մէն բա­նի ժա­մա­նա­կը կայ», ար­դէն տա­րի­քի բե­րու­մով, տա­րի­քոտ­ներ հե­ռուէն կ՚ապ­րին, կը նա­յին ու կը մնան ան­հաս, ա­մէն ան­հա­սա­նե­լիու­թիւն ին­ծի հա­մար Ա­րա­րատ մըն է: (...):

Այս ա­մէ­նը, սիր­տի մոր­մոք, ը­սե­լու հա­մար որ զրկուե­ցայ ներ­կա­յու­թե­նէ գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մի հան­դի­սու­թեան, ուր ներ­կա­յու­թեան ա­ւի­շէն շունչ մըն ալ ին­ծի բա­ժին կը մնար...:

Օ՜, տա­րիք, ին­չեր ը­րիր,
Շրջե­ցիր երդ ու եր­կինք
Վա­ռե­ցիր արտ ու ան­տառ
Մա­րե­ցիր ա­րեւ­ներ վառ:

Ս. Արմէն

 

Եւ... «Ու մա­րա­խը ծան­րու­թիւն պի­տի սե­պուի եւ ա­խոր­ժա­կը պի­տի դա­դա­րի» (Ժո­ղո­վո­ղի 12:5)

Մին­չեւ հոս, շատ անձ­նա­կան ե­ղաւ, սա­կայն կեան­քի բնա­կան օ­րէն­քով, որ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնն է, կու գայ նոր սե­րուն­դը եւ «ինչ որ ես չեմ ա­սել, նա կ՚ա­սէ վա­ղը» (Ե­ղի­շէ Չա­րենց):

Սե­րունդ­ներ կու գան, սե­րունդ­ներ կ՚եր­­թան... Ա­րե­ւը զիս բա­րե­ւեց ու պար­գե­ւեց ինչ որ հարկն էր ու գոր­ծը կը շա­րու­նա­կուի տա­րի­նե­րու թա­ւալ­քին հետ, քա­նի կայ մեր սէրն ու հա­ւատ­քը գրի­չին հան­դէպ:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016