ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ
Բենիկ- Գարեջուրի շիշերը բանա՞մ:
Գէորգ- Բաց, հապա ի՞նչ պիտի ընես, այսօր արձակուրդ է, այսպէս հանգիստ, խելքը գլուխը ճաշ մը ուտենք:
Ներսէս- Բաւական ծախսեցինք հա, տղա՛ք, հաշիւնիդ ըրէք, մի քանի օրէն տանտէրը կու գայ, վարձքին ժամանակն է:
Սագօ- Կ՚ըլլա՞յ օր մը չխօսինք ասոր մասին. ճաշին հոտը ի՜նչ անուշ է, հապա աղցանը, հմմմ ի՛նչ ախորժելի. նայէ՛, նայէ՛ հաւուն թեւիկները զիս կը կանչեն:
Ներսէս- Հատէ նստինք, ուտենք, յետոյ ալ լաւ մը սա տունը հաւաքենք:
Զուարթ զրոյցով այսպէս չորս սփիւռքահայ ընկերներ, նոյն տան բնակիչներ, կ՚ըմբոշխնեն արձակուրդը: Շատ քիչ կը պատահի, որ անոնց արձակուրդը զուգադիպի, քանի բոլորն ալ ճաշարաններու սպասեակներ են, եւ շաբաթական արձակուրդի որոշեալ օր մը չունին: Ճաշի խանդավառ պատրաստութիւնը աւարտած է ու հազիւ թէ պիտի նստին ուտելու՝ ահա Սագոյին հեռաձայնը կը զանգէ:
Սագոյին դէմքը կը տժգունի: Հեռաձայնին զանգը աշխատավայրէն էր եւ կը տեղեկացնէր, որ իսկոյն պէտք է ներկայանայ: Միայն այս էր հաղորդուածը հեռաձայնէն: Պարզ այս նախադասութիւնը սակայն կրնար բարդ հետեւանքներ ունենալ:
Սագօն անմիջապէս թաքսի մը նստած կ՚ուղղուի ճաշարան, ինչե՜ր կ՚անցնին անոր միտքէն, հազիւ կարողացած էր այս գործը ձեռք ձգել ու այսպիսով քիչ մը թեթեւցնել ծնողաց մտահոգութիւնը. ծնողքը, որ ամէն զոհողութիւն ի գործ դրաւ Սագօն հեռացնելու զինուորական ծառայութենէն, պատերազմական այդ միջավայրին մէջ հազիւ օրուան ապրուստը ապահովելով ծնողքը նաեւ կոպեկներ կը խնայէ ու կը ղրկէ Սագոյին:
Արդեօք ի՞նչ է պատահածը, վարպետը իրմէ գոհ չէ՞, սխալ բա՞ն մը ըրած է..., կը մտմտայ ու կը յիշէ, թէ ինչպէս անցեալ շաբաթ վարպետը գործէն հանած էր ուրիշ սփիւռքահայ երիտասարդ մը ու ան տակաւին նոր գործի որոնումներու մէջ է: Նոր գործ գտնելը դիւրի՞ն է ինչու, ռուսերէնի իմացութիւնը պարտադիր է ամէն տեղ, ինչպէս նաեւ տարիներու փորձառութիւնը՝ որեւէ աշխատանքային տեսակի համար: Եթէ այդպէս ըլլայ՝ ի՞նչ պիտի ընէ, ուրկէ՞ նոր գործ պիտի ճարէ, հազիւ ծնողքը ուրախացուցած է այս աշխատանքով, ճիշդ է որ ինք կը յոգնի ու քունը կը զոհէ դասերու պատրաստութեան համար, բայց առանց աշխատանքի ալ կարելի չէ գոյատեւել:
-Ձեզի ալ, ձեր հեռաձայնին ալ:
Կը շշնջայ Սագօն ինքնիրեն, երբ կը հասնի ու կը տեսնէ ճաշարանին մէջ հաւաքուած բազմութիւնը, իրարանցումը, տօնական մթնոլորտը, կը յիշէ, որ երէկ գիշեր երբ տուն վերադարձաւ, իր պայուսակին մէջ գտաւ փոքրիկ դդում մը, որուն վրայ անգլերէնով գրուած էր շնորհաւորանքներ ու լաւագոյն մաղթանքներ իրեն ուղղուած:
-Քեզ անակնկալ ենք պատրաստել, Սագօ ճան, որ մեզ հետ ուրախանաս,- ըսելով կը մօտենայ փոխ տնօրէնը ու ձեռքի անճոռնի դիմակը կու տայ Սագոյին:
Սագօն դիմակը հագած կը շրջի ճաշարանին մէջ, ուր կամաց-կամաց դիմակաւորներ, ծպտեալներ կու գան ու կը բազմին սեղաններուն շուրջ: Ճաշարանը լրիւ պատրաստուած է այս օտար հեթանոսական տօնին համեմատ, ամէն կողմ դատարկուած մեծ ու փոքր դդումներ կան, որոնց վրայ աչքեր, քիթ ու բերան բացուած, մէջն ալ մոմ մը դրուած լոյս կ՚առաքեն չորս դին: Մարդոց դիմակները վախազդու հերոսներու, վհուկներու, կախարդներու պատկերներ են: Ինք ալ կախարդ մը դարձած կը շրջի կարծես անտառի մը մէջ, ուր վայրագութիւնն է տիրական, դեւեր, հոգիներու կերպարներ կը սուրան չորս դին, դդումները գարշելի ծիծաղներով կը մասնակցին արարողութեան, անդենականի բոլոր բնակիչները ներկայ են, չէ՞ որ իրենց տօնն է, որ կը շրջի ու կը տարածուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ:
Սագօն տան ճաշի բոյրը ռունգերուն մէջ, դատարկ ստամոքսին կանչերով առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս սարսափազդու տօնակատարութեան: Տեսած է հարկաւ համացանցէն կամ հեռատեսիլէն, լսած է այս մասին, բայց ներկայ գտնուիլը միտքէն իսկ չէր անցած, մանաւանդ հոս՝ հայրենիքի մէջ: Ճնշիչ է մթնոլորտը, տարօրինակ է ամէն ինչ, ամէն կողմ ներկուած դէմքեր, երբեմն բերաններուն շուրջ արեան կաթիլներ իսկ գծագրուած մեռելանման կերպարանքներու վերածուած են մարդիկ, ու՝
-Սագօ ճան, եթէ էսօր աշխատես, կրկնակի կը վճարուես,- կ՚ըսէ յանկարծ ճաշարանի փոխ-տնօրէնը:
Սագօն կը ժպտի ու թուղթն ու մատիտը ձեռքը առած, քիչ առաջուան ապրումները ջնջուած, կը սկսի սպասարկել յաճախորդները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ