ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔՆ ՈՒ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը իր կազմութեան պատմութեան ընթացքին ունեցած է շատ մը դրսեւորումներ, տարազներ, մարմնացումներ... եւ այլն: Նոյնինքն անոր արժեւորումը ու կառոյցը կատարուած է զայն կերտողներուն կողմէ, այսինքն այն կողմերէն, որոնք այսպէս կամ այնպէս յայտնուած են մարդկային զարգացումը ղեկավարման դերին մէջ կամ ստանձնած են այդ դերը: Այո՛, շատ դժուար ու անարդար գործ մըն է մարդկային տեսակներու դասակարգումներ տալը, բայց այդ մէկը ակամայ կատարուած է պատմութեան մէջ, նոյն մարդկային տարբեր հասարակութիւններու կողմէ եւ միեւնոյն ատեն իշխանութեան ու ուժի բնութագրային կուտակումի ու ճիւղաւորման իբրեւ արդիւնք: Օրինակ՝ հին եգիպտական, մինչեւ հիմա անվերածնելի ու յատուկ քաղաքակրթութիւնը, իր բնութագրումը ստացած է նախ եւ առաջ հրամցուածութեան մը արդիւնքով, որ հին Եգիպտոսի պետական վարչականութեամբ մը սկսած է, փոխանցելով գիտութեան ու արուեստի կատարելագործումներ: Նոյնն է օրինակը յունականին, չինականին, հռոմէականին, որոնք եթէ իբրեւ պետութիւն ու վարչական միաւոր չկազմակառուցուէին, անկարելի էր անոնց քաղաքակրթական նուաճումներու ո՛չ թէ իրագործումը, այլեւ նախ եւ առաջ պահպանումն ու վաւերականացման-ներկայացման փոխանցումը: Մարդկային կազմակերպչական-քաղաքական գործունէութեան հիմքը պետութիւնն է կամ պետական տարազը, եւ անոր միջոցաւ իրականացած է մարդկային պատմութեան բնութագրումը: Քաղաքակրթութիւնը իբրեւ հասկացողութիւն իրագործումն է մարդկային անհատական ու հաւաքական կեանքի զարգացման, որուն անմիջական ու գործնական արտացոլման չափումը նոյն մարդային անհատական ու հաւաքական կեանքի բարօրութեան ապահովումն է: Այո, գիտական, մշակութային ու զանազան բնագաւառներու մէջ նուաճումները ի վերջոյ մարդկային ներկայանելիութեան համար են ու տեղ մը մարդկութիւնը կարծես կ՚ուզէ տիեզերքին մէջ ինքզինք ներկայացնել՝ առանց գիտնալու, թէ որուն պիտի ներկայացնէ ինքզինք, բայց այդ ներկայացումը անյայտութիւնը հետազօտելու ձեւրէն մէկն է մարդկութեան համար (եթէ չըսենք միակը): Բայց, ասոր կողքին աշխարհիկ կամ ներմոլորակային մակարդակով մարդկային քաղաքակրթութիւնը նախ մարդուն, մարդկայնութեան ու մարդակերտման համար է, ինչքան ալ ներմոլորակային մարդկային մրցակցութիւնը մարդկային տեսակին դրած է անվերջանալի պատերազմներու մէջ նոյն մարդկային տեսակին հետ: Եթէ փորձենք առօրէական բարձրագոյն սահմանում մը տալ մարդկային քաղաքակրթութեան․ երեւի անոր մեծագոյն պարտականութիւնը պատերազմներու վերջնական դադրեցումն է: Այս մէկը անկարելի է տակաւին, ինչ որ հակադրաբար մարդկային քաղաքակրթութիւն հասկացողութիւնը տեղ մը կ՚արժեզրկէ:
Պէտք է վկայենք, որ մարդկութիւնը մեծ ճամբայ կտրած է զարգացուածութեան մէջ եւ ներկայիս հաւաքականութիւնները չեն նմանիր նախկիններուն: Պէտք է վկայենք նոյնպէս, որ զարգացած երկիրներ ունինք մոլորակին վրայ, որոնց նուաճումները անուրանալի են եւ ընդհանուր համամարդկային քաղաքակրթութեան համար մեծ գործ ըրած են: Միեւնոյն ժամանակ չենք կրնար չյիշել, օրինակ, ՆԱՍԱ-ին կատարած գործը, որ ամերիկեան ըլլալով հանդերձ կը համարուի համամարդկային ձեռքբերում եւ այսպէս ըսած՝ համայն մարդկութեան ներկայացուցչական տեղ ու այցեքարտ է (ինչպէս են եգիպտական բուրգերը), երբ խօսքը մարդկութեան հասանելիութեան մասին է: Եւ չենք կրնար չնկատել, որ արդի ժամանակները ունին իրենց քաղաքակրթական կեդրոնները, ինչքան ալ այդ կեդրոններուն տէր համարուած երկիրները անընդունելի կրնան համարուիլ շատ մը ուրիշ երկիրներուն կողմէ (անոնց վարած ծաւալապաշտական կամ գաղութատիրական ու անարդար համարուած քաղաքականութիւններուն համար, ուրիշ երկիրներու կողմէ): Օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կատարած գիտական ու արհեստագիտական ձեռքբերումները աննախնթաց են պատմութեան մէջ ու ծառայալից եւ հասանելի վերածուած են ողջ մարդկութեան համար (ինչ որ անկարելի է չգնահատել): Անհատական չափորոշիչով հարց մըն ալ ինքզինք կը պարզէ.
- Ներկայիս մարդը աւելի քաղաքակիրթ է՞ կամ անցեալին: Բնականաբար պատասխանը համեմատական այո է, իսկ կեանքի համընդհանուր որակի բարձրացումը իր հետ բերաւ մարդկային կեանքի պահպանումն ալ (մարդիկ հիմա աւելի չենթարկուած են մահուան վտանգին քան անցեալ դարերուն, ի յեճուկս արդի պատերազմերուն):
Քաղաքակիրթ աշխարհ կերտելու ձգտումը բոլոր պետութիւնները, կայսրութիւնները, կարգերն ու կրօնները փորձած են իրագործել, անշուշտ, յաճախ (եթէ չըսենք միշտ) այդ լոզունգը պատճառաբանային կերպով մը շահագործելով քաղաքական ու ազգային նպատակներով: Քաղաքակրթութիւնը կը սկսի ազգայինէն, բայց, անոր վերջնական հանգրուանը համամարդկայինն է։ Ինչքան ազգային ու ներկրօնական մը փորձէ համամարդկայնանալ՝ այդքան կը քաղաքականացուի աշխարհը, նոյն ատեն անկարելի է համամարդկայնութիւն ունենալ մէկ անգամէն, առանց տեղայնական-ազգային սկիզբի մը: Եւ հոս է տիլամային հակադրութիւնն ու խնդրականութիւնը: Մեծ տիեզերքի պրիսմակով մարդկային հասարակութիւններու ներքին ընդհարումներն ու խնդիրները անիմաստ ու ճղճիմ կ՚երեւին, բայց մարդ արարածը իր առօրէականութեամբ ու պարզամիտ ապրուստով, քաղաքակըր-թութիւն կերտելու կողքին, փրկութիւն մը գտած է՝ սովորականացուած ու ամենապարզագոյն հաճոյքներ իւրացնելու կեանք մը ապրելով:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան