Ռուս-ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Բարելաւումը Կրնայ Շահաւէտ Ըլլալ Հայաստանի Համար

Ան­ցեալ տա­րուան Նո­յեմ­բե­րին ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը ընտ­րե­ցին նա­խա­գա­հի ա­ռա­ւել ան­հա­ւա­նա­կան թեկ­նա­ծուն` Տո­նալտ Թրամ­փը: Ան ձեր պատ­կե­րա­ցու­ցած քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը չէ: Իբ­րեւ յա­ջո­ղակ եւ յայտ­նի գոր­ծա­րար, ան սո­վոր է ան­պատ­րաս­տից ե­լոյթ­ներ ու­նե­նալ եւ հա­ւա­նու­թիւն չտալ ո­րե­ւէ յստակ ուղ­ղու­թեան: Հա­շուի առ­նե­լով Թրամ­փի նա­խա­գա­հու­թեան հա­կա­սա­կան բնոյ­թը՝ կտրուկ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կրնան են­թար­կուիլ ներ­քին եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Նա­խա­գահ Թրամփ ար­դէն վե­րա­նա­յած է իր դիր­քո­րո­շու­մը ո­րոշ նա­խընտ­րա­կան հիմ­նա­կան խոս­տում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ. ա­պօ­րի­նի օ­տա­րերկ­րա­ցի­նե­րու ար­տաք­սում, Մեք­սի­քո­յի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ պա­տի կա­ռու­ցում եւ իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րէն Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ներ­գաղ­թեալ­նե­րու այ­ցե­րու ար­գի­լում: Թրամփ փո­խած է նաեւ իր դիր­քո­րո­շու­մը ո­րոշ կա­րե­ւոր մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ: Ան, ինքն ալ վստահ չէ, թէ ինչ դիր­քո­րո­շում պի­տի ու­նե­նայ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան շարք մը հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ:

Ա­հա մի­ջազ­գա­յին հիմ­նա­կան ո­րո­շում­նե­րու հա­մա­ռօտ ցան­կը, որ Թրամփ պէտք է կա­յաց­նէ.

Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր վե­րա­նա­յու­մը պի­տի ըլ­լայ Ռու­սաստանի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ: Ե­թէ այս եր­կու խո­շոր եր­կիր­նե­րը կա­րե­նան հա­մա­ձայ­նու­թեան գալ, ուս­տի աշ­խար­հի կա­յու­նու­թիւ­նը վտան­գող տա­րա­ձայ­նու­թեան ո­րե­ւէ պատ­ճառ չ՝ըլ­լար: Բա­ցի այդ, Ռու­սաստանի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին գծով: Մի­ջազ­գա­յին խո­շոր գոր­ծիչ­նե­րէն շա­տե­րը, ո­րոնք դէմ կ՚ար­տա­յայ­տուին Փու­թի­նի եւ Թրամ­փի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման հե­ռան­կա­րին, կրկին կը վե­րա­դառ­նան Պաղ պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մտա­ծե­լա­կեր­պին: Ա­մե­նա­մեծ խնդի­րը, որ ծա­գած է վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն կայ­քա­հէն­նե­րու յար­ձակ­ման մէջ Ռու­սաս­տանի դէմ ուղ­ղուած մե­ղադ­րանքն էր: Սա­կայն, ռու­սե­րը ո­րե­ւէ ար­տա­ռոց բան չեն ը­րած: Չի­նաս­տա­նը, Ռու­սաստանը եւ նոյ­նիսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դաշ­նա­կից­նե­րը միշտ ալ փոր­ձած են գող­նալ մի­մեանց գաղտ­նիք­նե­րը:

Թրամ­փը, գոր­ծող մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու հետ կա­պուած իր դժգո­հու­թեան պատ­ճա­ռով, կը փա­փա­քի կրկին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել Օ­պա­մա­յի վար­չա­կազ­մին կող­մէ նա­խա­պէս հաս­տա­տուած պայ­ման­նե­րուն շուրջ: Ա­ռա­ւել կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ Թրամփ կը փա­փա­քի կա­տա­րել՝ Ի­րա­նի հետ մի­ջու­կա­յին գոր­ծար­քին շուրջ կրկին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րելն է, որ Ի­րա­նէն եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն բա­ցի կը նե­րա­ռէ նաեւ շարք մը այլ եր­կիր­ներ: Կը մնայ տես­նել, թէ ար­դեօք ի­րան­ցի­նե­րը պի­տի հա­մա­ձայ­նի՞ն Թրամ­փի կող­մէ ա­ռա­ջար­կուող փո­փո­խու­թիւն­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կուն:

Թրամ­փի հա­մար միւս կա­րե­ւոր վե­րա­նա­յու­մը՝ ա­րա­բա-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծումն է: Սա­կայն, ե­թէ ան իր ծրա­գիր­նե­րուն հա­մա­ձայն կը   պատ­րաս­տուի Միա­­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տու­նը Թել Ա­ւի­ւէն տե­ղա­փո­խել Ե­րու­սա­ղէմ, ուս­տի ա­տի­կա կրնայ լուրջ բա­խում յա­ռա­ջաց­նել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ՝ յան­գեց­նե­լով խիստ ան­ցան­կա­լի հե­տե­ւանք­նե­րու:

Վեր­ջին հար­ցը, որ կը ծա­ռա­նայ նա­խա­գահ Թրամ­փին առ­ջեւ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Քու­պա­յի մի­ջեւ նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւումն է: Կը մնայ տես­նել, թէ ար­դեօք Քու­պան պի­տի հա­մա­ձայ­նի՞ Տա­նըլտ Թրամ­փի կող­մէն ա­ռա­ջար­կուող ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թեան:

Ոչ մէկ ե­րաշ­խիք կայ, որ նա­խա­գահ Թրամ­փի գա­ղա­փար­նե­րը պի­տի բա­րե­լա­ւեն նա­խա­պէս կնքուած հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րը, կամ ե­թէ ա­նոնք ըն­դու­նուին մնա­ցած աշ­խար­հին կող­մէ: Հե­տե­ւա­բար, շատ մեծ ա­նո­րո­շու­թիւն կայ, թէ ո՞ւր պի­տի տա­նի նոր աշ­խար­հա­կար­գը եւ ար­դեօք պի­տի բա­րե­լա­ւուի՞ն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տար­բեր եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ: Ամ­բողջ աշ­խար­հը յոյս ու­նի, որ եր­կիր­նե­րը ա­ւե­լի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նան մի­մեանց հետ եւ խա­ղաղ լու­ծում­ներ պի­տի գտնուին: Ռու­սաստանի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մի­ջեւ դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի օգ­նեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու լուծ­ման:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անգլերէնէ թարգմանեց՝
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2017