ՏՈԼԱՐԻՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ

Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տոլարի վայրագ գերիշխանութիւնը տիրական է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, քիչեր հաւանաբար կը հարցնեն, կամ ի վիճակի են հարցնելու, թէ ուրկէ՞ եւ ե՞րբ ծագած է այս տոլարը… պատասխանը՝ «Պի. Պի. Սի.» ի վերջերս հրապարակած յօդուածով:

*

ԲԱՐԻ ԵԿԱՔ ՃԱՔԻՄՈՎ. ՉԵԽԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԸ, ՈՐ ՀՆԱՐԱԾ Է ՏՈԼԱՐԸ

Միացեալ Նահանգներու տոլարը աշխարհի ամենէն տարածուած եւ գործածուող դրամանիշն է: Ան աշխարհի ոչ պաշտօնական տէ ֆաքթօ ոսկիի չափանիշն է:

Դրամանշային միջազգային հիմնադրամի տուեալներով, մոլորակի դրամական պահեստներու 62 առ հարիւրը կը պահուի Միացեալ Նահանգներու տոլարով, աւելի քան կրկինը՝ համախառն եւրոյի, եէնի եւ ռենմինպիի ընդհանուր արտասահմանեան բաժնետոմսերը: Երեսուներկու պետութիւններ կա՛մ ընդունած են անիկա որպէս իրենց պաշտօնական դրամանիշը, կա՛մ իրենց դրամանիշները անուանած են անոր հետեւելով:

Աւելի քան 66 երկիրներ իրենց դրամանիշներուն արժէքը կը կապեն անոր, եւ այժմ տոլարը ընդունելի է Հիւսիսային Քորէայի, Սիպերիոյ եւ հիւսիսային բեւեռի հետազօտական կայաններուն մէջ:

Սակայն չեխական Ճաքիմովի քաղաքը միակ վայրն է, ուր տոլարը չէ ընդունուած, ինչ որ հեգնական է, քանի որ այնտեղ էր՝ Պոհեմիայի Քրուսնէ անտառապատ լեռներուն մէջ, ուր տոլարը ստեղծուեցաւ 500 տարի առաջ, 1520 թուականին: Բայց երբ դրամապանակէս հանեցի Ճորճ Ուաշինկթընի 1 տոլարնոց դրամը Ճաքիմովի 16-րդ դարու թագաւորական փողերանոցի թանգարանին մէջ, այն նոյն վայրին մէջ, ուր տոլարի նախահայրերը մետաղի վերածուած էին, տնօրէն Ժան Ֆրանքովիչ ժպտեցաւ եւ կեցուց զիս:

«Ասոնցմէ երկար ժամանակ է ի վեր չէի տեսած»,- ըսաւ ան՝ կանչելով իր պաշտօնակիցները:- Ճաքիմովի մէջ մենք միայն կ՚ընդունինք քորունա, եւրօ եւ երբեմն՝ ռուսական ռուբլի: Դուն առաջին ամերիկացին ես, որ հոս կու գայ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր»:

Բարի եկած էք Ճաքիմով. 2700 բնակիչ հաշուող քաղաք մը՝ չեխ-գերմանական սահմանին մօտ, որ նոյն ատեն տունն է տոլարին եւ տունն է առանց տոլարին: Հաւանական է, որ դուք երբեք չէք լսած այս վայրին մասին: Հաւանաբար չէք գիտեր, որ ան ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նորագոյն Համաշխարհային ժառանգութեան վայրերու ցանկին վրայ: Եւ դուք հաւանաբար երբեք չէիք հասկցած, որ ազատ աշխարհին տիրապետող դրամանիշը ստեղծուած է մէկ փողոց ունեցող այս քաղաքին մէջ, որ տակաւին կը կրէ համայնավարութեան փլուզումին ազդեցութիւնները:

Եթէ դուք մէկ օր անցընէք՝ քալելով Ճաքիմովի հիմնական փողոցով՝ անցնելով անոր գոթական եւ Վերածնունդի շէնքերէն, հասնելով մինչեւ 16-րդ դարու բերդը, երբեք չէք պատկերացներ, որ ան եղած է տոլարի ծննդավայրը:

«Ինչպէ՞ս կրնայիր գիտնալ: Անիկա ծանուցելու ոչ մէկ նշան կայ աստեղ: Բնակիչներուն մեծ մասը այդ չի գիտեր», ըսաւ Մայլքըլ Ուրպան, Քրուսնէ լեռնային շրջանի զարգացման հասոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան տնօրէնը եւ շրջանի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի առաջադրութեան հեղինակներէն մէկը: Նոյն ատեն ան զիս կ՚առաջնորդէր մութ աստիճանէ մը՝ դէպի փողերանոցի նկուղը, ուր մետաղադրամները կը քննուէին: «Աշխարհի մէջ ոչ մէկ հանքային քաղաք Ճաքիմովի ազդեցութիւնը ունի, բայց մենք մեր պատմութիւնը մոռցած ենք»:

Նախքան Ճաքիմովի ստեղծումը՝ ժամանակակից Պոհեմիան եւ Սաքսոնիան անջատող լեռներուն վրայ կ՚իշխէին գայլերը եւ արջերը: Երբ 1516-ին մեծ քանակութեամբ արծաթ յայտնաբերուեցաւ, տեղացի ազնուական գործարար կոմս Հիերոնիմիւս Շլիք շրջանը կոչեց «Յովակիմի հովիտ»՝ Յիսուսի մեծ հօր անունով, հանքագործներու տեղական սուրբը:

«Այդ ժամանակ Եւրոպան քաղաք-նահանգներէ բաղկացած ցամաքամաս էր, որուն տեղական կառավարիչները կը պայքարէին ուժի համար», բացատրեց տեղական պատմաբան Ժարոսլով Օչէք: «Չունենալով փոխանակելու դասական դրամանիշ՝ իշխողները ամէենէն արդիւնաւէտ միջոցը համարեցին ստեղծել իրենց սեփական դրամը, որպէսզի հաստատեն իրենց վերահսկողութիւնը, ինչ որ ըրաւ Շլիքը»:

Իշխող Պոհեմեան թագաւորութեան խորհրդարանը 9 յունուար 1520-ին պաշտօնապէս Շլիքին շնորհեց արծաթէ մետաղադրամներ ստեղծելու արտօնութիւնը: Կոմսը Յովակիմի նկարը տպել տուաւ մետաղադրամին առջեւը, իսկ Պոհեմեան առիւծը՝ ետեւը, եւ իր նոր դրամանիշը կոչեց «Ճոաչիմսթալըրզ», որոնք յետագային կոչուեցան թալըրզ:

Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մետաղադրամներու մետաղի պարունակութիւնը անոր արժէքի միակ որոշիչն էր, Շլիք կատարեց երկու խելացի բաներ՝ թալըրզի տարածումը եւ գոյատեւումը ապահովելու համար: Առաջին՝ թալըրը վերածեց Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ գործածուող 2.9 կրամնոց Կիւլտենկրոշէն մետաղադրամի նոյն կշիռքին եւ տրամագիծին հաւասար, ինչ որ հարեւան թագաւորութիւններուն աւելի դիւրին դարձուց անիկա ընդունելու համար:

Տասն տարուան ընթացքին Ճոաքիմսթալ վերածուեցաւ 1050 հոգիէ բաղկացած քաղաքէն Եւրոպայի հանքի ամենէն մեծ կեդրոնին՝ գործունեայ 18 հազար բնակիչներէ բաղկացած շրջանի մը, ուր հիմնուեցան արծաթի հազարհանքավայրեր, որոնց մէջ կ՚աշխատէին 8 հազար մարդիկ: 1533-ին Ճոաքիմսթալ եղաւ Պոհեմիայի երկրորդ ամենէն մեծ քաղաքը՝ Փրակէն ետք, եւ 16-րդ դարու երկրորդ կիսուն Ուրպան գնահատեց, որ մօտաւորապէս 12 միլիոն թալըրներ շինուած այդ լեռներուն մէջ տարածուած են Եւրոպայի մէջ, շատ աւելին քան՝ այդ ցամաքամասին վրայ գտնուող որեւէ այլ դրամանիշ:

Ճոաքիմսթալի արծաթի հանքավայրերը շուտով սպառեցան, բայց 1566-ին թալըրը այնքան յայտնի էր Եւրոպայի մէջ, որ երբ Հռոմէական կայսրութիւնը կը փորձէր իր թագաւորութեան բազմաթիւ տեղական դրամանիշներուն համար դասական չափ եւ արծաթէ պարունակութիւնը հաստատել, ընտրեց թալըրը՝ բոլոր ընդունուած արծաթէ մետաղադրամները «Ռէյչսթալըրզ» կոչելով (կայսրութեան թալըրները):

«Յաջորդ երեք հարիւր տարիներուն ընթացքին,- աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկիրներ իրենց դրամանիշը ձեւաւորեցին թալըրի հիման վրայ»,- նշեց Ուրպան: Շուտով թալըրը սկսաւ ունենալ կեանք մը՝ Ճաքիմովէն շատ հեռու»:

Մինչ Եւրոպայի մէջ կառավարիչները սկսան իրենց մետաղադրամները վերաձեւաւորել թալըրի հիման վրայ, անոնք նաեւ ատոնք վերակոչեցին իրենց լեզուներուն մէջ: Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Շուէտի մէջ թալըրը ծանօթ դարձաւ իբրեւ տալըր: Իզլանտայի մէջ՝ տալիւր: Իտալիոյ մէջ՝ թայերօ, Լեհաստանի մէջ՝ թալար, Յունաստանի մէջ՝ թալիօ, Հունգարիոյ մէջ՝ թալէր: Ֆրանսայի մէջ՝ ժոքանթալ: Եւ եղան մօտաւորապէս 1500 նմանակումներ, որոնք շրջանառութեան մէջ դրուեցան Հռոմէական կայսրութեան մէջ:

Թալըրը շուտով տարածուեցաւ Ափրիկէի մէջ, ուր գործածուեցաւ Եթովպիոյ, Քենիոյ, Մոզամպիքի եւ Թանզանիոյ մէջ, մինչեւ 1940-ականները, եւ՝ արաբական թերակղզիի մեծ մասին եւ Հնդկաստանի մէջ, ուր տակաւին շրջանառութեան մէջ էր 20-րդ դարու ընթացքին: Սլովենիոյ պաշտօնական դրամանիշը թոլարն էր մինչեւ 2007 թուականը: Սամոայի դրամանիշը տակաւին կը կոչուի թալա: Եւ Ռումանիոյ լէիւ, Պուլկարիոյ լեւ եւ Մոլտովիոյ լէիւ դրամանիշները այսօր իրենց անունը առած են 500 տարի առաջ թալըրին վրայ տպագ-րըւած առիւծէն:

Բայց նետերլանտներական (նախկին հոլանտական) լիեւենթալըրը («lion dollar» կամ՝ կրճատուած «թալըր»), գրեթէ անգլիական «տոլարին» նման հնչուող էր, որ տուաւ Միացեալ Նահանգներու տոլարին իր անունը: Նետերլանտներցի գաղութարարներու հետ 17-րդ դարուն մէջ Նոր Ամսթերտամ ժամանելէ ետք թալըրները արագօրէն տարածուեցան տասներեք գաղութներու մէջ, եւ անգլիախօս բնակիչները սկսան ատոնք եւ բոլոր նման ծանրութեամբ արծաթէ մետաղադրամները, ներառեալ՝ լայնօրէն գործածուող սպանական իրական տէ ա օխոն (ութի կտոր) մետաղադրամը անուանել՝ «տոլար»:

Տոլարը Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական դրամանիշը դարձաւ 1792 թուականին եւ այդ ժամանակէն ի վեր, թալըրէն ոգեշնչուած, տոլարը շարունակեց իր երթը ամբողջ աշխարհի մէջ, դէպի Աւստրալիա, Նամիպիա, Սինկափուր եւ Ֆիճի:

Այդուհանդերձ, երբ Ուրպան եւ Օչէչ զիս դուրս հանեցին փողերանոցէն եւ փշալարի ցանկապատէն անցնելով՝ հասանք մօտակայ բլուրին վրայ գտնուող զինուորական հսկողութեան աշտարակը, ես հասկցայ, որ Ճաքիմովի հանքերը նոյնպէս շատ աւելի մութ պահանջ ունին համբաւի:

Երբ քաղաքի փայլուն արծաթի հանքավայրերու արտադրութիւնը նուազեցաւ, հանքափորները սկսան հանդիպիլ խորհրդաւոր գորշ սեւ նիւթի մը, որ թոքերու տագնապալի հիւանդութիւններու պատճառ դարձաւ: Անոնք ուրանեաքար հանքային նիւթը անուանեցին «փեքպլենտ» (փեք գերմաներէն կը նշանակէ գէշ բախտ):

1898 թուականին քաղաքի հանքավայրերը մանրազնին քննելով՝ Մերի Քիւրի անունով քիմիագէտ մը յայտնաբերեց, որ առաջին տոլարները արտադրած մետաղները կը պարունակեն երկու նոր շողարձակ տարրեր՝ շողօն եւ պոլոնիոն (radium եւ polonium): Յայտնաբերումը այլանդակեց Քիւրիի ձեռքերը, ի վերջոյ սպաննեց զայն եւ յանգեցուց անոր, որ դառնայ Նոպելեան մրցանակ նուաճած առաջին կինը:

Բայց ատիկա սկիզբ դրաւ քաղաքի ոչ մէկ լաւ բան խոստացող երկրորդ գործողութեան. նոյն հանքերը, որոնց արտադրութեամբ կը պատրաստուէր աշխարհի դրամանիշը, այժմ կրնային հիւլէական սպառազինութիւններու մրցավազքին ուժ տալ:

Յաջորդ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին քաղաքին վերաբացուած արծաթի հանքավայրերը դարձան աշխարհի շողօնի ամենէն կարեւոր աղբիւրը: Այստեղ նացիները փորձեր ըրած են հիւլէական բարդի (ռէաքթոր) միջոցով: «Հիւլէական ռումբին հայրը»՝ Ճ. Ռոպերթ Օփենհայմըր իր թեզը գրած է Ճոաքիմշթալի ուրանիումով հարուստ ձուլարաններու վերաբերեալ:

Եւ երբ Չեխոսլովաքիա Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Գերմանիայէն վերատիրացաւ Ճոաքիմշթալին՝ վերանուանելով Ճոքիմով եւ վտարելով գերմանախօս բնակչութիւնը, որ այստեղ ապրած էր դարեր շարունակ չեխ բնակիչներու հետ, կառավարութիւնը գաղտնի համաձայնագիր ստորագրեց Ստալինի հետ, որ քաղաքը վերածեց ռուսական «կուլակ»ի:

«Այսպէս սկսաւ մեր պատմութեան շատ մութ, տխուր շրջանը», կ՚ըսէ Ուրպան՝ անտառին մէջէն ցոյց տալով 8.5 քիլօմեթրնոց Ճաքիմով Դժոխքի հետքը, որ կ՚ուրուագծէ հովիտին՝ արծաթի հանքավայրէն վերածումը խորհրդային համակեդրոնացման ճամբարի: Ան կաւելցնէ. «Պատերազմէն առաջ մարդիկ, որոնք հոս կ՚ապրէին, շատ կը հպարտանային տոլարի ստեղծումով: Բայց երբ բնակչութիւնը փոխուեցաւ, այդ յիշողութիւնը կորսուեցաւ, եւ հանքավայրերը շահագործուեցան, որպէսզի օգնեն Ռուսաստանի՝ ստեղծելու Ա-ռումբը (A-bomb)»:

Երբ Օփենհայմըրի հիւլէական ռումբը վերջ դրաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին, մօտաւորապէս 50 հազար խորհրդային քաղաքական բանտարկեալներ 1949-1964 թուականներու ընթացքին ուղարկուեցան Ճոքիմով՝ ուրանիում փորելու, փշրելու եւ փոխադրելու՝ Խորհրդային Միութեան հիւլէական զինանոցին վառելանիւթ հայթայթելու համար:

Արդարեւ, հաւանաբար ժամանակակից աշխարհի ուժի ամենէն հզօր երկու խորհրդանիշները՝ տոլարը եւ հիւլէական զէնքը, կը բխին Պոհեմեան բլուրներու այս հիանալի հանքարդիւնաբերական քաղաքէն:

Այսօր Ճաքիմովը տակաւին կը պայքարի իր բուռն անցեալին հետ: Մշտադալար ծառերը կը սկսին կլլել մետաղի աղտի հսկայական կոյտերը, որոնք ժամանակին խոցած են հովիտը: 19-րդ դարու փայտաշէն տուներու շարքերը, որոնք կառուցուած են ուրանիումի մնացորդի թունաւոր մակարդակով, դանդաղօրէն դուրս կը մղուին, եւ կը վերականգնուի իրենց նախկին փառքը:

Իսկ Ճոքիմովի վերջին գործող հանքավայրը՝ Սվորնոստը, որ առաջին տոլարներուն արծաթ կը մատակարարէր, այժմ շողարձակ ջուրը կը զտէ եւ կը մղէ շռայլ, փարթամ հանգստավայրերու եռեակին մէջ, որ կը տրամադրէ ջրային բուժում:

Ճաքիմովի մէջ ոչ մէկ նշան կայ, ուր կը նշուի իր օրինական պնդումը որպէս տոլարի ծննդավայր: Բայց եթէ դուք մտնէք քաղաքի Թագաւորական փողերանոցի թանգարանը եւ խնդրէք մասնագէտներուն ցոյց տալ, թէ ի՛նչ նորութիւն կայ այս տարուան 500-ամեակին համար, անոնք հպարտութեամբ ձեզ կ՚առաջնորդեն գրասեղանին մօտ եւ ցոյց կու տան փոքր շրջանակի մէջ առնուած, փխրուն նոր Ճորճ Ուաշինկթըն մը:

ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020