ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԵՐԵՔ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ՝ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԻ ՓՈՐՁ ՄԸ

Ընթացիկ տարեշրջանի առաջին կէսէն առաջ (2 Մարտին), Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ունենայ նոր նախագահ մը, սակայն, 2015-ին ընդունուած ու վաւերացուած բարեփոխեալ սահմանադրութեամբ։

Մինչեւ վերջերս կար այն տպաւորութիւնը կամ շրջանառութեան մէջ դրուած էր այն վարկածը, որ Հայաստանի նախագահական ու վարչապետական կարգավիճակը պիտի ըլլայ Դաշնային Ռուսաստանի նմանողութեամբ, ձեւով մը կրկնօրինակը անոր։

Այլ խօսքով, Փութին-Մետւետեւ, Մետւետեւ-Փութին յարափոխութեամբ եւ յաջորդականութեամբ, Հայաստանի մէջ եւս այդ տարբերակը կրնայ գործադրուիլ՝ Կարէն Կարապետեան-Սերժ Սարգսեան զոյգով։

Հայաստանի պարագային, վարչապետ Կարապետեանի շահած ժողովրդականութիւնը եւ ունեցած հեղինակաութիւնը, որպէս գործօն, ազդեցիկ եւ արդիւնագործ քաղաքական-պետական դէմք ու տնտեսական-գործարարական մարզերուն մէջ յաջողած գործադիր իշխանութեան պետ, նոյն ռուսական կարգավիճակի հետեւողութեամբ, արժանաւոր նախագահ մը սկսած էր ձեւաւորուիլ, ոչ միայն ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ՝ այլեւ՝ ժողովրդային, ներհայաստանեան։

Անշուշտ, շատերու հայեցողութեամբ, նման տրամաբանութեամբ շարժիլը, այնքան ալ ձեռնտու եւ օգտաբեր չէ, պարզապէս անոր համար, որ գործող վարչապետը թեւերը սոթտած արդէն նուաճումներ արձանագրած է, կառավարական կառքը տեղաշարժի ենթարկած, յոյսեր ներշնչած, ուրեմն թելադրական պիտի ըլլար անոր վարչապետ մնալը եւ աշխատիլը։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ցարդ գործած էր (ու կը գործէ) նախագահական համակարգով, հակառակ որ ատիկա խոտոր կը համեմատի հանրապետութեան ժողովրդավարական-խորհրդարանական վարչաձեւին, կիրարկելի նոր սահմանադրութեամբ, պիտի բացառուի այդ «մենաշնորհ»ութիւնը, ո՛վ որ ալ գայ կամ ով որ ընտրուի նախագահ։

Պատճառը յստակ է.

Ըստ նոր սահմանադրութեան, նախագահի լիազօրութիւնները պիտի սահմանափակուին, առանց իրաւունք ունենալու խորհրդարանական, կառավարական ու դատական աշխատանքներուն միջամուխ ըլլալու, տնօրինելու, նոյնիսկ... բռնանալու, այլ պաշտօն ունենալով միայն հետեւելու սահմանադրութեան օրէնքներու ու սկզբունքներու հեզասահ եւ անխտրական ընթացքին, ի հարկին, սակայն, որեւէ հակօրինական, հակապետական կամ հակահայրենական քայլերու պարագային, դիմելու սահմանադրութեան մէջ նախագահին վերապահուած լիազօրութիւններուն։

Բոլորովին յաւակնութիւնը չկայ, այժմ, գործող ու գործելի սահմանադրութիւնները նժարի վրայ դնելու ու զանոնք քննարկելու ու վերլուծելու, սակայն, դիտողի ու հետեւողի կարգով, կարելի է յետադարձ հայեացք մը նետել անցնող երեք նախագահներու նախագահական երթին, գործունէութեանց ու դերակատարութեանց վրայ։

Անմիջապէս կարելի է ըսել, որ ժողովրդային լայնածիր շրջանակներու դատողութենէն մեկնելով (կամ կռահելով), գոհունակութիւն ապրողներու թիւը խիստ մտահոգիչ է, յատկապէս նկատի ունենալով ապրուստային-կենցաղային պայմաններու անբաւարարութիւնը եւ վտիտութիւնը։

Վերջին հաշուով, մայրաքաղաքին գեղեցկութիւնը, գունագեղութիւնն ու պերճախօսութիւնը հոյակապ են, գիշերային, ժամանցային ու ճաշարանային վայրերը եւս՝ գրաւչական են, սակայն, ատոնք ինչո՞վ կը խանդավառեն բնակիչները, մանաւանդ այն հատուածները, որոնք ոչինչով կ՚օգտուին այդ առատութենէն ու բարիքներէն, տեսնելով վերնախաւի բազմահանգստաւէտ կեան-քը, գեղատեսիլ բնակարանները եւ ինքնաշարժները, կարօտեալութեան ու փարթամութեան անհաւասարակշիռ տարբերութիւններով։

Երեք նախագահական ժամանակաշրջանները, դարձեալ ըստ հասարակութեան դիտարկումներուն, ի՞նչ երաշխիքներով ու հաւաստիքներով կըր-ցած են յոյս ներշնչել, որ տիրող կացութիւնը կրնայ բարեփոխուիլ ու լաւատեսութեամբ պարուրուիլ։

Հոս ալ դժուար է համոզիչ պատասխան մը գտնել, որովհետեւ ժողովուրդը ապրեցաւ «մութի ու ցուրտի» զրկանքները, ունկնդրեց խոստումներու իրերայաջորդ անմիտ կոչերը կամ (չ)վայելեց իր կեանքին բարիքները իրականացնող երեւոյթները։

Նոյն շրջագիծէն ներս, ինչո՞ւ ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, մնայուն եւ յարաճուն կերպով, անվստահութիւն ունի կամ կը յայտնէ յաջորդական իշխանութիւններուն նկատմամբ, այն աստիճան որ՝ յուսախաբութիւնն ու հիասթափութիւնը, անշնորհակալութիւնն ու աներախտապարտութիւնը դարձած են անոր անբաժան զգացումները։

Աւելին՝ արտահոսքը իր գագաթնակէտին հասաւ (շարունակուելու թափով), բանակ չմեկնելու ու չզինուորագրուելու փորձութիւնը տակաւ կը նշմարուի, մինչ պետական աւագանիի զաւակները, այս կամ այն միջնորդութեամբ ու հնարամտութեամբ, ազատ կը կացուցուին։

Հայաստան-Սփիւռք կամ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները, դարձեալ երեք նախագահութիւններու շրջանին, ինչո՞ւ չկրցան ինքզինքնին դրսեւորել եւ արդարացնել, դառնալու լայնանիստ եւ ամրակուռ խարիսխով կամուրջ մը, այլ զայն ձգելով ինքնահոսական եւ անյուսադրական ընթացքի մը մէջ։

Իրաւունք չկա՞յ այսպէս մտածելու կամ բացատրելու, երբ ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Սփիւռքի կողմէ կան լուրջ, կառուցողական եւ իրապաշտական կապեր, հիմնուած՝ գիտական, մասնագիտական, ակադեմական, մտաւորական, տնտեսական, գործարարական եւ արդիւնաբերական մարզերու վրայ, հեռու՝ անձնական, պատեհապաշտական, գործընկերական, հաշուենկատական ու շահադիտական նկրտումներէ։

Այս արագ նշումներն ու դատումները, ի տես շուտով նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու նախօրեակին, ցոյց տալու համար որ այդ ժամանակաշրջաններէն դժգոհողներու բանակ մը կա՛յ, ի հեճուկս մերժողներու յամառութեան, ոմանց ալ՝ հաւկուրութեան։

***

Հոս հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ այս հանգրուանին, երբ ամէն մարդ տարբեր ձեւով կը տեսնէր նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, նոյնիսկ անուանելով անոր «ինքնութիւն»ը, յանկա՜րծ, նախագահ Սերժ Սարգսեան, բոլորը զարմացնելով, կ՚առաջադրէ անունը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ ու լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանի։

Բնական է, նախագահը այդ անուանումը չի կատարեր անուանակից (՞) մը ընտրելու փառասիրութեամբ (քանի իր կողքին կար ուրիշ անուանակից մը՝ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը), այլ, ինչպէս լիբանանցիք կ՚ըսեն, «վարպետի հարուածի» մը ուժգնութեամբ գործելու ճկունութեամբ։

Սակայն, ինչո՞ւ այդ շրջադարձը, դիրքափոխութիւնը կամ դիմափոխութիւնը։

Մեր կարծիքով՝

ա. Նախագահ Սարգսեան՝ ի դէմս վարչապետ Կարապետեանի հաւանական թեկնածութեան, «հանդուրժելի» պիտի չգտնէր զօրաւոր անհատականութեամբ նախագահ մը։ (Թերեւս, գիտակցելով այդ իրողութեան, Կարապետեանը Հանրապետական կուսակցութեան շարքերը մղեց, քանի, ըստ նոր սահմանադրութեան, նախագահը իրաւունք չունի կուսակցական ըլլալու)։

բ. Նախագահ Սարգսեան, իր հարուստ փորձառութեամբ, սուր դիտողականութեամբ, հանդարտաբարոյ դիւանագիտութեամբ ու նկարագրային ինքնատպութեամբ, վարչապետ ըլլայ թէ ոչ, ինքզինք կը նկատէ «ստուեր»ի նախագահ կամ այդ դերակատարութեան մէջ գտնուող գործիչ մը, ըստ իր գործելաձեւային ոճին, ի ծառայութիւն հայրենի պետականութեան, ժողովուրդին ու հայրենիքին։

գ. Նախագահ Սարգսեան, որ կը գլխաւորէ Հանրապետական կուսակցութեան նման մեծակշիռ կազմակերպութիւն մը, վստահաբար, իր «հաշիւ»ները լաւ սերտած է, իր կուսակիցները չկորսնցնելու, այլեւ՝ շարքերը աւելի խտացնելու։

դ. Նախագահ Սարգսեան, որեւէ ներքաղաքական կամ ներպետական ստուգատեսներու պարագային, որոշապէս նախածրագրած է որ իր իւրայինները մնան մեծամասնութիւն, «բծախնդրօրէն» նախատեսած ըլլալով բոլոր ապահովական լծակներն ու հաւանական սայթաքումներու առաջքը առնելու միջոցառումները։

ե. Նախագահ Սարգսեան, իր քաղաքական ուժականութիւնը պահելու եւ ամրացնելու համար, ունի նաեւ լաւագոյն յենակ մը, ի դէմս Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան, մանաւանդ՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի, որուն վերընտրութեան յաջողութեան մէջ, «առիւծ»ի դեր ունեցած էր։

***

Եթէ Արմէն Սարգսեանի առաջադրութիւնը իրականանալու ընթացքի մէջ է, նոյնիսկ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ անկեղծ, իսկ տարածքային ու միջազգային կողմեր՝ համաձայն, տակաւին կան բազմաթիւ հարցականներ, որոնք կը սպասեն պատասխանի կամ լուծումի։

Բայց, յիշենք նաեւ հետեւեալը.

Արմէն Սարգսեան յարգուած, լրջամիտ ու փորձագէտ թեկնածու է, մանաւանդ՝ արտքաղաքական եւ միջդիւանագիտական ասպարէզներու մէջ։ Ունի լայն ու սերտ ծանօթութիւններ եւրոպական թէ այլ ցամաքամասերու ոլորտներէն ներս։ Կը տիրապետէ օտար լեզուներու, յատկապէս՝ անգլերէնի։

Սակայն, այդ տուեալները, որքան ալ արժէքաւոր ու նշանակալի, ներհայաստանեան կողմերը ինչպէ՞ս կ՚ընկալեն եւ կ՚ընդունին, իսկ ներքաղաքական գործիչները ո՞ւր կը համաձայնին ու կը համակերպին։

Յամենայնդէպս, թերեւս կանխահաս, բայց, թափանցիկութեան մօտ է այն իրականութիւնը, որ «մոխիրին տակ, բռնկող կայծ կայ», որուն համար պէտք է սպասել քիչ մը եւս։

ՊԱ­ՐՈՅՐ Յ. ԱՂ­ՊԱ­ՇԵԱՆ

Պէյրութ, 6 Փետրուար 2018

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018