Տ. ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԵՊՍԿ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ. «ԵԹԷ ԾՆՈՂՔԸ ԻՐ ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՉԷ, ԲՆԱԿԱՆԱԲԱՐ ԶԱՒԱԿԸ ՕՏԱՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄՆԱՅ ԵՒ Կ՚ՕՏԱՐԱՆԱՅ»

Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան իրատեսական հայեացքներով  կը ներկայացնէ  այլ գաղութներու հետ համեմատաբար երիտասարդ համարուող Աւստրալիոյ համայնքին իրավիճակը: Սրբազան հայրը նաեւ չի թաքցներ, որ Աւստրալիոյ մէջ կեանքի պայմանները շատ տարբեր են Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի պայմաններէն, որոնք նաեւ պատճառ կը դառնան, որ համայնքային կեանքը տուժէ եւ սփիւռքի այդ կողմերու ապագային վերաբերեալ առկայ շեշտադրումները դրական երանգներ չունենան:

Յիշեցնեմ, որ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդը այդ պաշտօնը ստանձնած էր 2012 թուականին, բարձր տնօրինութեամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:

Ստորեւ սեղմ տողերու մէջ կը ներկայացնենք Սրբազան հօր կենսագրական գիծերը:

Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան (աւազանի անունով՝ Վրէժ) ծնած է 1952-ին, Հալէպ:

1959-1964 թուականներուն յաճախած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը, 1964-1967 թուականներուն՝ Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան միջնակարգ դպրոցը: 1967 թուականին ընդունուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան, զոր աւարտած է 1973 թուականին: Նոյն տարին Գէորգեան ճեմարանին մէջ պաշտպանած է «Մխիթար Գօշ. Մեկնութիւն Երեմիա մարգարէի» նիւթով աւարտաճառը: Այնուհետեւ 1973-ին Ս. Էջմիածնի մէջ՝ ձեռամբ Տ. Յուսիկ Արք. Սանթուրեանի, ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 1975-ին՝ Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ՝ ձեռամբ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանի:

1973-1974 թուականներուն պաշտօնավարած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ՝ որպէս կաթողիկոսարանի քարտուղար: 1974-1975 թուականներուն ուսանած է Քենթըրպըրիի Ս. Օգոստինոսի դպրոցը՝ Հովուական աստուածաբանութիւն, 1975-1978 թուականներուն՝ Լոնտոնի Քինկզ քոլէճի մէջ՝ ստանալով Պսակաւոր աստուածաբանութեան (BD) աստիճան:

1978-1979 ուսանած է Սկովտիոյ Ս. Անտրիւզի անուան հիմնարկին մէջ:

1979-1981 թուականներուն եղած է Լոնտոնի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը իսկ 1981-1986 թուականներուն պաշտօնավարած է որպէս Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի փոխտեսուչ եւ Նոր կտակարանի ու Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան դասախօս:

1983 թուականին «Վանական շարժման սկզբնաւորութիւնը Հայաստանի մէջ» նիւթով պաշտպանած է վարդապետական թէզ եւ Օշականի մէջ ստացած վարդապետական գաւազան՝ ձեռամբ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանի:

1986 թուականին «Ս. Բարսեղ Կեսարացիի կանոնները» նիւթով պաշտպանած է ծայրագոյն վարդապետութեան թէզ եւ նոյն թուականին՝ ձեռամբ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանի, Օշականի մէջ ստացած է գաւազան:

1986-1988 թուականերուն երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ նշանակուած է ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ, 1988-1991 թուականներուն՝ Նիւ Ճըրզիի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ 1991-1995 թուականներուն՝ կրկին ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ:

1992 թուականին ընդունուած է Քոլոմպիայի համալսարան եւ Պատմութեան մագիստրոսի (MA) աստիճանով աւարտած՝ 1993 թուականին:

1995-1999 թուականներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ ստանձնած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը, դասաւանդած՝ Նոր կտակարան:

2000-2002 թուականներուն եղած է Տալլասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ 2002-2007 թուականներուն Ֆիլատելֆիայի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: 2002-2010 թուականներուն պաշտօնավարած է որպէս ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ, այնուհետեւ 2010 թուականին նշանակուած է Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակ:

2011 թուականի Նոյեմբերի 6-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս:

*

-Սրբազան հայր, Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ձեր, որպէս Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդ գործունէութիւնը:

-Աւստրալիան, ի տարբերութիւն միւս թեմերուն, նոր թեմ է: Ամերիկայի եւ Եւրոպայի թեմերը բաւական «հին» են եւ անոնք հիմնուած են գաղթի շրջանէն առաջ:

Այնպէս որ, Միջին Արեւելքէն, յատկապէս Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն այն մարդիկ, որոնք հնարաւորութիւն չեն ունեցած հասնիլ Ամերիկա, Գանատա կամ Եւրոպա, եկած են Աւստրալիա: Շատ քիչ թիւով հնդկահայեր՝ 50-60 տարի առաջ, անցած են Աւստրալիա եւ կարեւոր դեր ունեցած են գաղութի կազմակերպման գործին մէջ, սակայն անոնք ալ հոն չեն մնացած: Հետեւաբար, Աւստրալիոյ հայ համայնքը մակարդակի առումով աւելի բաղկացած է աշխատաւոր եւ պարզ մարդոցմէ, մանաւանդ առաջին սերունդը՝ 60-ական թուականներէն փորձած են իրենց աշխատանքի միջոցներով ստեղծել նոր կեանք եւ յառաջանալ:

Աւստրալիոյ մէջ կը տեսնես անհատական փայլատակումներ, սակայն միասնական աշխատանքի պակասը միշտ կը զգացուի: Հակառակ անոր, ունինք հայկական դպրոցներ, ակումբներ, մարզական կեդրոններ եւ բնականաբար եկեղեցի: Աւստրալիոյ հայութեան առաջին սերունդը կրցած է կերտել հայկական մթնոլորտ, սակայն երկրորդ սերունդը հետզհետէ սկսած է տկարանալ, ալ չեմ խօսիր երրորդ սերունդին մասին: Անոնք նոյնիսկ հայերէն չեն խօսիր: Հինգ տարի առաջ շատ լաւ տպաւորուած էի. Պատարագը հայերէնով կ՚ընէի, նոյնիսկ հայերէնով կը քարոզէինք, սակայն այսօր, կարծես հայաշունչ համայնքի մը մէջ չեմ գտնուիր:

Զոր օրինակ, Սիտնիի մէջ 25 հազար հայ կայ: Այդ 25 հազարէն հազիւ 3 հազարը հայկական կեանքի մէջ գործօն մասնակցութիւն ունի: Այս պատճառով, ապագայի նկատմամբ ալ շատ խանդավառ չեմ: Այսօրուան մեր ըրածը պայքար մըն է:

Ճեմարանական տարիներէս կը յիշեմ «Նայիրի» պարբերականի խմբագիր՝ Ծառուկեանի մարգարէական խօսքերը, երբ ան 70-ական թուականներու սկիզբը Աւստրալիա այցելելու առթիւ ըսած էր. «Լիբանանը եւ Պարսկաստանը իրենց «դարձի» շրջանին մէջ կը գտնուին: Սփիւռքի մէջ մենք եւ դուք՝ մտաւորականներս եւ հոգեւորականներ նոյն պարտականութիւնը ունինք՝ սփիւռքը ինչ որ չափով պահպանել: Սփիւռքը արեւի տակ մնացած սառոյցի կտոր մըն է եւ մենք հովահարը առած կը փորձենք հովելով երկար պահել այդ սառոյցի կտորը»: Իսկ այսօր՝ 25 տարի ետք կը տեսնենք, որ Հալէպ կործանուեցաւ, Լիբանանի հայկական կեանքը նահանջ կ՚ապրի, Պարսկաստանը դատարկուած է, եւ Արեւմուտքի մէջ, դժբախտաբար, այսօրուան հայահոծ շրջանները՝ Լոս Անճելըսը, Գալիֆորնիան կամ Ֆրանսան, ձուլումի դանդաղ ճամբան բռնած են: Սփիւռքահայութեան ապագայի պատկերը իրապէս տխուր է: Ուստի, մենք լաւագոյնը պէտք է փորձենք ընել, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենանք հայ ժողովուրդին, հայրենիքին, Սուրբ Էջմիածնին օգտակար դառնալ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել՝ պահելու, պահպանելու մեր ազգը: Ես իրատես եմ. պատկերը այս է: Մենք պէտք է շատ լուրջ քայլեր առնելով յառաջանանք:

-Տարբեր առիթներով խօսակցութիւններ եղան եւ նոյնիսկ գրաւոր լուրեր հրապարակուեցան Աւստրալիոյ հայոց թեմի ձեզի նախորդած վախճանեալ առաջնորդ Տ. Աղան Արք. Պալիոզեանին մասին՝ ըսելով, որ ան խորհրդային ժամանակաշրջանի գաղտնի սպասարկութեանց՝ KGB-ին հետ կապեր ունեցած է: Սրբազան հայր ինչքա՞նով իրաւացի են այս տեղեկութիւնները եւ ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին:

-Եղած աղմուկը շինծու աղմուկ մըն էր եւ նման վերագրումներ կամ վախճանեալ սրբազան հօր մասին նման լուրեր տարածելը առնուազն մեղսակցութիւն մըն է: Մենք այն ատեն պատասխանեցինք բոլոր հարցումներուն եւ հաստատեցինք, որ եղածը յերիւրանք է: Վերջ ի վերջոյ, Աղան սրբազանը, նախքան Աւստրալիոյ մէջ ծառայելը, Երուսաղէմ էր, եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը այդպիսի նիւթերու նկատմամբ շատ աւելի զգօն է: Վախճանեալ սրբազանը, երբ Աւստրալիա գացած է, վստահ, տեղւոյն կառավարութիւնն ալ իր հերթին մանրակրկիտ ձեւով ստուգած է անոր անցեալը, նախքան իր առաջնորդ ընտրուիլը: Նոյնիսկ, որոշ ժամանակ անց, յատուկ պետական շքանշանով պատուած են սրբազանը: Հետեւաբար, այդ բոլորը անհիմն խօսակցութիւններ են:

Ժամանակին, այն ուսանողները, որոնք ուսանելու համար Մայր Աթոռ կը հասնէին, KGB-ն կը փորձէր անոնցմէ տեղեկութիւններ քաղել, դուրսը ապրող դաշնակցականներու մասին: Շատ-շատ այդպիսի հանգամանք մը եղած կրնայ ըլլալ: Տ. Աղան Սրբազանը իր կրօնական ծառայութիւնները լիուլի կատարած եւ մեր եկեղեցւոյ նուիրուած հոգեւորական մըն էր: Բարձրեալը, թող լոյսերու մէջ հանգչեցնէ անոր հոգին:

-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ է շարժառիթը այդ փոթորիկին:

-Փոթորիկ չէր, պզտիկ պատմութիւն մըն էր: Թերեւս, անձ մը, բան մը լսած կամ տեսած էր եւ թերթերու մէջ հրատարակուած: Իսկ մեզի համար կարեւորութիւն չունեցող հարց մըն էր:

-Այս տարուայ ընթացքին, սոյն այցելութիւնը ձեր երկրորդ այցն է Հայաստան: Սրբազան հայր, ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանի ընդհանուր վիճակը:

-Դժբախտաբար, ես ժողովուրդին հետ շատ շփում չեմ ունեցած: Միշտ եկած եմ ժողովներու մասնակցելու համար եւ Մայր Աթոռ մնացած եմ, նաեւ հանդիպած եմ իմ հարազատներուս հետ: Ժողովուրդի առօրեայի մանրամասնութիւնները քննարկելու առիթը չէ եղած, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ` դժուարութիւնները շատ են` արտաքին, քաղաքական եւ ընկերային: Իմ կարծիքով, 25 տարուան ընթացքին մեր ունեցած հնարաւորութիւնները չկրցանք պէտք եղած ձեւով գործածել: Այն հնարաւորութիւնները, որոնք անցեալին կային, այսօր չկան, եւ ինչ որ այսօր կայ, վաղը պիտի չըլլայ`սփիւռքը նկատի ունիմ: Շատ լուրջ կերպով, սփիւռքը պէտք է գործի լծել:

-Դուք կը հետեւի՞ք Պոլսոյ զարգացումներուն: Ի՞նչ կը մտածէք Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան տագնապին մասին:

-Այո՛, կը հետեւիմ: ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն կը հետեւիմ, այնպէս որ տեղեակ եմ բոլոր իրադարձութիւններէն:

Պոլսոյ Աթոռը կարեւոր է եւ այն մեր երկու պատրիարքութիւններէն մէկն է: Ճիշդ է, որ հայկական Պոլիսը առաջուան հմայքն ու փառքը չունի այսօր, սակայն որպէս պատմական Աթոռ իր առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ: Կը յուսամ, որ համայնքի կրօնական թէ աշխարհիկ պատասխանատուները պատեհ բոլոր միջոցները ի գործ կը դնեն լուծելու համար այս թնճուկը, որպէսզի պատրիարքութիւնը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը:

Պոլսահայութիւնը որեւէ համայնք մը չէ: Ան մեծ պատմութիւն, երկար անցեալ եւ ներդրում ունեցող գաղութ մըն է: Ի հարկէ, այսօրուան գաղութը Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի կամ Զօհրապի գաղութը չէ, սակայն իր եկեղեցասիրութեամբ շատ գեղեցիկ օրինակ մըն է հայութեան համար: Երբ եկեղեցիէն հեռու պոլսեցիներու կը հանդիպիմ, իրենց կը յիշեցնեմ պոլսահայերու հաւատացեալ եւ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ ըլլալու մասին, եւ կը խնդրեմ իրենցմէ այդ աւանդութիւնը պահեն եւ փոխանցեն իրենց զաւակներուն:

-Սրբազան հայր ճիշդ բնութագրում մը կատարելով ձեր տպաւորութիւնները ներկայացուցիք Պոլսոյ մէջ տիրող ազգային-եկեղեցական կեանքին մասին, նշելով այն ամուր կապը, որ ցայսօր ալ գոյութիւն ունի Պոլսոյ հայ համայնքի զաւակներուն եւ մեր եկեղեցւոյ միջեւ: Նոյնը կարելի՞ է ըսել Աւստրալիոյ մասին:

-Դժբախտաբար ոչ, այդպէս չէ եւ այս մէկը ունի բազմաթիւ պատճառներ: Նախ այն, որ Աւստրալիան շատ «անհոգ» եւ անվտանգ երկիր է: Անձ մը կրնայ հոն հանգիստ կեանք մը ապրիլ: Այդ կեանքը սակայն ֆիզիքական եւ հոգեւոր ծուլութիւն կը պատճառէ մարդոց: Սա, այն պատճառներէն մէկն է, որ ծնողքը զաւակները եկեղեցի կամ հայկական դպրոցներ կը ծուլանայ տանիլ: Եթէ ծնողքը իր գիտակցութեան բարձրութեան վրայ չէ, բնականաբար զաւակը օտար միջավայրի մէջ կը մնայ եւ կ՚օտարանայ: Պոլսէն դուրս ապրող պոլսահայերն ալ երբեմն այս յորձանուտին մէջ կ՚իյնան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2018