ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ… ԾԻԼԵՐ ԳԱՐՈՒՆԻ

Ամէն առտու դպրոցի ճամբուս վրայ կը հանդիպէի թռչուններուն հացի փշրանքներ բաժնող մարդուն։ Այդ արարողութիւնը բանաստեղծութիւն ըլլար կարծես։ Կը նկատէի նաեւ, որ շրթունքները գոհունակութեան բառեր կը մրմնջային, փառք կու տար Աստուծոյ, որ իր առօրեայ հացէն կրցած էր բաժին հանել նաեւ թռչուններուն... Եւ թռչունները իրենց ճըւճւըոցով ուղիղ կ՚իջնէին հացի փշրանքներուն։

Առաւօտս կը սկսէր աստուածահաճոյ գործ մը տեսնելով...

Մտաւորականներու սերունդներ հասցնող Երուսաղէմը այն օրերուն ունէր հազիւ քանի մը բանաստեղծ եւ նոյնքան ալ ու թերեւս պակաս արձակագիրներ։

Հակառակ այդ շրջանին Հայ Երուսաղէմի մէջ մշակութային եռացող կեանքին, ես չեմ յիշեր, թէ սաղիմահայ բանաստեղծներու համար երբեւիցէ նոր կամ հին հրատարակութեան մը շնորհանդէսը եղած ըլլար, մեծարուէին կամ գնահատուէին։ «Մեր հոյակապ հին վանքերի մութ խուցերում մենութեան մէջ» ինչպէս կ՚ըսէ բանաստեղծը՝ ապրած են իմ պատանեկութեան շրջանի սաղիմահայ բանաստեղծները։

Ես մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պաշտօնաթերթ «Սիոն»ին կամ Հայ երիտասարդաց միութեան «Եռամսեայ»ին մէջ տպուած սաղիմաբնակ բանաստեղծներու գործերուն։ «Սիոն»ի խմբագրապետն էր այդ օրերու բանաստեղծ պատրիարք՝ Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանը, իմ դէմ առ դէմ ճանչցած առաջին բանաստեղծը, որուն շատ փոքր տարիքէս ծանօթ ըլլալուս, նախ հեքիաթները հետաքրքրած են, ապա բանաստեղծութիւնները։ Շատ զարմացած էի, երբ գիտցայ, թէ բանաստեղծներէն մէկն ալ վանեցի որբերէն՝ Արշակ մեծ հօրս դասընկեր Մուրատ Մանուկեանն էր, որուն բարեխղճօրէն մեծ հօրս յիշատակին ամէն Ծնունդի ու Զատիկի կ՚այցէլէինք, սակայն գլխու ծանր վիրահատութենէ մը ետք այնքան դժուար էր հասկնալ իր խօսածը, որ ես հակառակ հետաքրքրասէր բնաւորութեանս՝ կը նախընտրէի հարցումներ չընել։ Երրորդը՝ Գէորգ Ճինիվիզեանն էր, որ վանքին հին տպարանը կ՚աշխատէր, եղաւ նաեւ վերջին աշխատողը այդ տպարանին, մեծ գնահատողն էր հօրս՝ Հրանդ Նագգաշեանի արձակին եւ երբ առաջին անգամ ծանօթացայ՝ իր շատ հինցած գլխարկը՝ «պէրէ»ն այնպիսի խղճահարութիւն մը տուաւ ինծի, որ անմիջապէս պահարանէս Անգլիայէն նոր բերած «պէրէ»ս նուիրեցի՝ այն սրտի գոհունակութեամբ, որ գլխարկս բանաստեղծի մը գլուխը պիտի պաշտպանէ ցուրտէն։

Այսքան էր ծանօթութիւնս սաղիմաբնակ բանաստեղծներուն հետ։ Իսկ նախկին սաղիմահայ բանաստեղծներէն՝ Վահրամ Մավեանին միայն իր գործերով եւ իր ժամանակակիցներու պատմածներով ծանօթ եղած եմ, նաեւ քանի մը անգամ հանդիպած եմ Կարիկ Պասմաճեանին, դժբախտաբար տարբեր սերունդներու պատկանած ըլլալնուս համար՝ միայն փոքրիկ աղջկայ մը հիացումով հետեւած եմ։ Սակայն կար անուն մը, որ կը կարդայի հրատարակուող եռամսեաներուն մէջ...

Փաստօրէն առտուները, որ կը հանդիպէի թռչուններուն հացի փշրանքներ բաժնող բարի մարդուն, ոչ միայն արարքն էր բանաստեղծութեան նման, այլ բանաստեղծի մը կը հանդիպէի՝ բարիլոյս կ՚ըսէի եւ թռչունները բարին մեզի ձգելով հացի փշրանքները կը տանէին։

Ան Նազարէթ Չափատարեանն է, որուն բանաստեղծութիւնները աշուն յիշեցնող մագաղաթի նման տետրակի մը մէջ ամփոփուած յանձնուեցան ինծի Հրեշտակապետի տեսուչ Հոգեշ. Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետի ձեռամբ, որուն համար մեծ անակնկալ եղած էր, երբ զրոյցի մը ժամանակ ան արտայայտուած էր, որ բանաստեղծութիւններ գրած է։ Սակայն հոգեւոր կեանքին նուիրուելէ ետք դադրած է գրելէ։ Անոր համար ալ գիրքին՝ իր մէկ բանաստեղծութեան անունը տուինք՝ «Ծիլեր գարունի», այսինքն նաեւ իր կեանքին մէկ եղանակին թուղթին յանձնուած իր ապրումները։

«Երկար համոզելէ ետք բանաստեղծին, որ գրելէ ետք իրաւունք չունի միայն իրեն պահելու, համաձայնեցաւ անոնց հրատարակութեան», ըսաւ հայր սուրբը հնամաշ տետրակը յանձնելով ինծի, որուն մէջէն փունջ մը բանաստեղծութիւններ ընտրելէ ետք վերադարձուցինք տիրոջը։

1946-էն ի վեր թուղթին յանձնուած սէրեր, յոյզեր, յիշողութիւններ, ապրումներ, բանասեղծական տողերու մէջ երախտագիտական խօսքեր։ Հետաքրքրութիւնս շատ աւելի մեծցաւ անձին հանդէպ, երբ այցելեցի բանաստեղծին։ Համեստ, խոնարհ, Աստուծոյ անունը մի՛շտ շրթներուն եւ Սուրբ Գիրքը սեղանին վրայ։ Ան պատմեց իր ուսանողական տարիներէն հայրենիքի մէջ։

Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը աւարտելէ ետք, որ միայն նախակրթարան էր այն ժամանակ, Նազարէթ Չափատարեանը ուսումը կը շարունակէ Կիպրոս՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս։

Աւարտելէն տարիներ ետք կը հանդիպի սաղիմահայ բանաստեղծ Կարիկ Պասմաճեանին, որ ուսումը հայրենիքի մէջ ստանալէ ետք բնակութիւն հաստատած էր Ֆրանսա։ Թէեւ տարեկիցներ չէին, նոյն շրջանակի ընկերներ չէին, սակայն ով կրնայ աւելի լաւ ճանչնալ բանաստեղծին հոգին, անոր հոգիին պահանջքը, եթէ ոչ բանաստեղծը. այդ շատ իւրայատուկ կապ մըն է, որ մագնիսի նման կը միացնէ երկու բանաստեղծ հոգիները։

Նազարէթ Չափատարեանը յուզումով եւ խորին երախտագիտութեամբ կը յիշէ Կարիկին անունը։

-«Ես մեծ էի տարիքով, արդէն 37 տարեկան։ Սակայն Կարիկին հետ մտերմիկ զրոյցէ մը ու քանի մը բանաստեղծութիւն ընթերցելէ ետք, անոր գնահատանքն ու քաջալերանքը զիս առաջնորդեցին հայրենիք եւ ես ընդունուեցայ Պրիւսովի Մանկավարժական համալսարանը։ Կեանքս իր ընթացքը գտաւ»։

Ինչպէս ըսինք, այստեղ ամփոփուած են մաս մը միայն իր բանաստեղծութիւններէն, ուր կը հանդիպինք իր սէրերուն՝ հանդէպ հայրենիքի, մեր ազգի մեծերուն, բարերարներուն, սիրած կնոջ, նաեւ պատգամներ գալիք սերունդներուն։ Գրած է նաեւ քառեակներ։

Անոր լեզուն մաքուր եւ յստակ արեւմտահայերէնն է՝ մերթ ընդ մերթ զգալի է թէքէեանական շունչը մասնաւորապէս սիրային բանաստեղծութիւններուն մէջ։

Գիրքը հրատարակուած է Երուսաղէմ՝ 2018-ին։

Շատ չանցած ան կնքեց իր մահկանացուն։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Երեքշաբթի, Փետրուար 20, 2024