ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Ով որ կը գինովնայ, ան չի՛ գիտեր գինիի վնասներուն մասին,
իսկ ով որ չի՛ խմեր, ան գինիի օգուտին մասին չի՛ գիտեր» (Ճաբոնական առած)
Հարցում. Ի՞նչ հետեւանք կ՚ունենայ գինի եւ օղի խմելը:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստունը կը գրէ. «Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան: Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չ՚ըլլար» (Առ 20.1):
Ցանկացած խմիչքի տեսակ, իր չափին մէջ թոյլատրելի է, սակայն մարդ երբ այդ թոյլատրելի սահմանները անցնի, ապա այդ խմիչքները կը վերածուին չարիքի եւ վնաս կը պատճառեն մարդուն: Իմաստունը հետաքրքրական կերպով կը նկարագրէ խմիչքին, յատկապէս՝ գինիին ու օղիին ունեցած հետեւանքները, երբ կ՚ըսէ թէ գինին ծաղրող է, իսկ ցքին՝ կռուազան, եւ ասոնց անձնատուր եղողը իմաստուն չ՚ըլլար:
Գինին բժշկարար յատկութիւն ունի որոշ պարագաներու: Պօղոս առաքեալ իմանալով որ իր աշակերտ Տիմոթէոսը յաճախակիօրէն կը հիւանդանայ, հետեւեալ խրատը կու տայ անոր. «Ասկէ ետք պարզ ջուր մի՛ խմեր, այլ քիչ մը գինի խառնէ՝ ստամոքսիդ համար, քանի յաճախակիօրէն կը հիւանդանաս» (Ա. Տմ 5.23):
Բարի Սամարացիի առակին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս ճամբուն եզրին ինկած մարդուն մօտենալով սամարացին ինչ կ՚ըսէ: Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով…» (Ղկ 10.34):
Եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք» (Եփ 5.18): Կը տեսնենք, որ գինիին չափազանց օգտագործութիւնը անառակութեան կը տանի, որով պատճառ կը դառնայ նաեւ մարդուն մեղքերու մէջ յայտնուելուն:
Կորնթացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ ի շարս այլ յոռի երեւոյթներու, գինեմոլութիւնը կը համարէ պատճառ, որ մարդս կը զրկէ Աստուծոյ Արքայութենէն: Առաքեալը կը գրէ. «Գինեմոլները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (տե՛ս Ա. Կր 6.9-10):
Գինին պատճառ կը դառնայ նաեւ, որ մարդ շեղի, մոլորի իր ճանապարհէն, իր կոչումէն, իր պարտականութիւններէն, գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ: Եսայի մարգարէն քահանաներու եւ մարգարէներու պարագային կու տայ օրինակը, երբ կ՚ըսէ. «Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին ու ցքիով կ՚երերան: Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին. անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն, տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին. վասնզի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են, այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ» (Ես 28.7-8): Հետաքրքրական է մարգարէին նկարագրութիւնը, թէ անոնց սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են… Վստահաբար, շատեր ականատես եղած են գինովութեան հետեւանքներուն, թերեւս շատեր նոյնիսկ գարշանք զգացած են ի տես այդ երեւոյթին կամ երեւոյթներուն:
Իմաստուն մը գրած է. «Արբեցողութիւնը դիւահարութիւն է»: Արդար եւ իրաւ: Բաւարար է ուշադրութեամբ նայիլ գինովի մը վարքագիծին ու համոզուիլ, որ իրապէս դիւահարութիւն է:
Այս բոլորին կողքին, դարձեալ յիշեցնենք, որ չափի մէջ օգտագործուած գինին կամ որեւէ մէկ տեսակի խմիչք, կարելի է, երբեմն նոյնիսկ օգտակար է: Ժողովողին մէջ կը կարդանք. «Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ» (Ժղ 9.7): Այսինքն, եթէ մարդ Աստուծոյ կամքին մէջ է, գիտէ իր չափն ու սահմանը եւ կը վայելէ Աստուծոյ իրեն պարգեւած բարիքները:
Չմոռնանք նաեւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին Տէր Յիսուսի գործած առաջին հրաշքը, երբ ջուրը գինիի վերածեց (կարդա՛ Յհ 2.1-12): Սա եւս ապացոյց մըն է, որ Աստուած չ՚արգիլեր ընդհանրապէս գինի գործածելը, այլ՝ կը պատուիրէ չափ ու սահմանի մէջ մնալ: Աւելին, կը պատուիրէ, որ մարդ ի՛նք տէրը ըլլայ իրեն յանձնուածին, եւ ո՛չ թէ իր խնամատարութեան յանձնուած բաները տիրեն իր վրայ՝ զինք իրենց ստրուկը դարձնելով:
Աւարտենք, մի քանի հատուածներ մէջբերով բժշկապետ Վահան Արծրունիի՝ «Մի՛ Խմեր» գրքոյկէն: Այսպէս.
• Աշխարհի մէջ աւելի զզուելի եւ միաժամանակ աւելի խղճալի ի՞նչ բան կայ, քան հարբած մարդը։
Ան կորսնցուցած է բանականութիւնը, կորսնցուցած է հասկացողութիւնը, կամքը։
Անիկա կամ գազան մը դարձած է, որ կատղած՝ ասոր անոր վրայ կ՚իյնայ, կը հայհոյէ, կը ծեծէ, կը սպաննէ ու կը ջարդէ-կը փշրէ ինչ որ ձեռքը կ՚իյնայ, կամ ալ ոչնչութիւն մը, որուն ինչ ուզես կրնաս ընել, այլ խօսքով, ան բոլորովին անզգայ է, այլեւս ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ կը լսէ, ո՛չ կը զգայ։
Եթէ այդ ժամանակ քննէք հարբածին, ահա թէ ի՛նչ կը տեսնէք։
Դէմքը արիւն լեցուած-կարմրած, աչքերը փակուած, շնչառութիւնը ծանրացած ու խռխռան, ամբողջ մարմինը սառած եւ սառն քրտինքով ծածկուած, պռօշները, քիթը, ձեռքեր եւ ոտքերը կապոյտցած, մարմինը անշարժ եւ անզգայ դարձած, այնպէս որ կարելի է կտրատել, ու հարբածը ո՛չինչ կը զգայ։ Ան մեռելի պէս ինկած է, անզգայաբար կը փսխէ եւ աղբ կը հանէ, երբեմն ալ ուղղակի այս դրութեան մէջ կը մեռնի։
Այս ի՞նչ բան է, ի՞նչ բանն է, որ մարդուն այդ օրին կը հասցնէ։
Դուք գիտէք, որ հնդկաստանցիները կամ մեր երկրին մէջ ապրող մահմետականներէն շատերը, ափիոն եւ հաշիշ կը ծխեն եւ տեսակ մը մեռելային քունի մէջ կ՚իյնան եւ նոյնպէս անզգայ կը դառնան, ինչպէս խմիչքներով հարբածները։
Ի՞նչ պատահեցաւ։
Թէ՛ ափիոն ընդունողը եւ թէ՛ գինի-օղի խմողը, երկուքն ալ թունաւորուած են։
Հետեւաբար, թէ՛ ափիոնի եւ թէ՛ խմիչքներու մէջ թոյն կայ։
• Գինովցնող բոլոր խմիչքներուն (օղի, գինի, գարեջուր, զանազան լիքէօրներ) գլխաւոր ազդող (գինովցնող) մասը ոգին է։
Այս պատճառով ալ այս խմիչքները ոգելից խմիչքներ կը կոչուին։
Այս նիւթը ուրիշ բազմաթիւ անուններ ալ ունի՝ ալքոհոլ, սպիրտ։
Մենք բոլոր այս բառերն ալ կ՚օգտագործենք։
Այս ալքոհոլն է այն թոյնը, որ մարդէն կը խլէ անոր բանականութիւնը, անոր զգայողութիւնը, անոր կամքը։
• Ալքոհոլը արագութեամբ կը ծծուի ստամոքսի մէջէն եւ արեան մէջ կը լեցուի։ Խմելէն հազիւ երկու-երեք վայրկեան ետք, արդէն արիւնին մէջ կարելի է ալքոհոլի հետքեր գտնել։ Արիւնին մէջ լեցուելով, սպիրտը մէկ-երկու օր (նայած թէ մարդ ինչքա՞ն խմած է) արիւնին հետ մեր մարմինի բոլոր մասերուն մէջ կը շրջի եւ անդադար կը թունաւորէ մեր մարմինին մասերը, այսինքն՝ մեր ներքին գործարանները, մեր ուղեղը։ Այս թոյնը անվերջ չի՛ մնար մարդու մարմինին մէջ, այն դուրս կը նետուի շնչառութեան, մէզին եւ քրտինքին հետ։
Ան մարդուն արիւնը, որ ամէն օր կը խմէ, մաքրուելու ժամանակ չ՚ունենար, որովհետեւ դուրս հանած ալքոհոլին տեղը՝ նորը կը զբաղեցնէ եւ այսպիսով ամէն օր գինի-օղի օգտագործողին արիւնը այդ սարսափելի թոյնը անդադար կը տարածէ մեր մարմինին խորքերը։
• Մեր խելքը, բանականութիւնը, մեր ուժը, մեր զգացողութիւնները ուղեղին մէջն են։
Լուրջ (չխմած) մարդը լաւապէս կը հասկնայ իր լսածն ու տեսածը, կը զանազանէ լաւն ու բարին, կը կարենայ գնահատել իր ըրածներն ու ուրիշներուն ըրածները, ան իր կամքին տէրն է, զգոյշ է թէ՛ իր խօսքերուն եւ թէ՛ շարժումներուն մէջ, եւ երբ պէտք է կը կարենայ ինքզինք զսպել։
Մարդուս աստուածատուր այս բոլոր ընդունակութիւնները գինիի եւ օղիի թունաւորման տակ կը կորսուին։
Հարբածին «գլուխը դատարկ է»։
Այլեւս ո՛չ մէկ արգելք կայ անոր լեզուին եւ շարժումներուն։ Ինչ որ կու գայ բերնին՝ կ՚ըսէ, բոլորին կը դպնայ, կը վիրաւորէ։ Խեղճ, «գառնուկ» մարդիկ առիւծ կը դառնան, եւ ընդհակառակը, շատ «աժդահաներ» կը խեղճանան, կը ցաւոտին եւ երեխայի նման կու լան։
Գինովցած մարդը այլեւս ուժ չունի ինքզինք զսպելու, ան իր սիրտը բոլորին դիմաց կը բանայ, իր գաղտնիքները բոլորին կը պատմէ։ Հին առածը կ՚ըսէ. «Ճշմարտութիւնը գինիին մէջն է»։ Երբեմն ինք կը զգայ, որ ըսած-խօսածը անտեղի է, յիմարութիւն է, սակայն այնքան ուժ չունի, որպէսզի ինքզինք պահէ։
Գինին եւ օղին կը թմրեցնեն, կը բթացնեն մարդուս զգացողութիւնները։
Այս հիմնական բանը պէտք է միշտ աչքի առաջ ունենալ։
Գինովցած մարդը այլեւս չի զգար իր ցաւերը, կը մոռնայ իր վիշտերը, կը մոռնայ անօթութիւնն ու ծարաւը, յոգնածութիւն չի զգար, անոր սիրտը կը դատարկուի, վիշտերէն կ՚ազատուի ու կը թեթեւնայ՝ անշուշտ ժամանակաւորապէս, որովհետեւ, երբ գինիին ազդեցութիւնը անցնի, անոր ցաւն ու վիշտը կը կրկնապատկուին։
• Խմիչքը չի՛ տաքցներ մարդը,
Խմիչքը մեր ուժերը չի՛ աւելցներ,
Խմիչքը մեզի սնունդ չի՛ տար։
Մարդիկ իրենք զիրենք է, որ կը խաբեն։
Ընդհակառակը՝
Խմիչքը մարդուն մարմինը կը սառեցնէ, ան մեր ուժերը կը պակսեցնէ, մեր առողջութիւնը կը քայքայէ, կը հիւանդացնէ ու կը սպաննէ մեզ։
Ան թոյն մըն է, որ կը բթացնէ, կը մեռցնէ մեր մէջ զգացողութիւնը, այս պատճառով ալ մենք ո՛չ անօթութիւն, ո՛չ յոգնութիւն եւ ո՛չ ալ ցուրտ կը զգանք։
• Մենք տեսանք, թէ ի՛նչ սոսկալի վնասներ կը հասցնէ ալքոհոլը մեծահասակներուն:
Ո՜րքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ անոր վնասը երեխաներուն եւ դեռահասներուն վրայ. չէ՞ որ ասոնց թոյլ կազմուածքը աւելի դիւրին կը թունաւորուի: Որովհետեւ երեխան փոքր է, այնքան ալ մեծ է խմիչքին վնասները անոր վրայ:
Մանր երեխաները, որոնց երբեմն-երբեմն գինի կը խմցնեն ծնողները, որպէս թէ զանոնք կազդուրելու համար, զարմանալի կերպով կը բթանան, կը նուաղին ու կը հիւանդանան:
Քրիստոսէն 400 տարի առաջ իսկ, մեծ գիտնական մը կ՚արգիլէր խմիչքներ տալ դեռահասներուն:
Ալքոհոլը պատանիներուն կ՚արգիլէ զարգանալ, անոնց ուժը կը պակսի, ընդունակութիւնները չեն զարգանար:
Խմիչքը վաղաժամ կը գրգռէ տղայի սեռական կիրքը: Առհասարակ երիտասարդ արբեցողները զարմանալի կերպով անբարոյական կը դառնան: Միայն Գերմանիոյ մէջ տարին 200 հազար երիտասարդ զանազան անկարգութիւններու եւ յանցանքներու համար կը դատապարտուի, զորս գործած կ՚ըլլան հարբած ժամանակ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 82
Վաղարշապատ