«Պապիդ Լեզուն Խօսա՛…»

Աթ­լան­թա, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ  Նա­հանգ­ներ: Փետ­րուար 2017: Աթ­լան­թա ե­ղած էր տե­ղա­ցի հնդիկ ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր ոս­տա­նը, երբ Եւ­րո­պա­յէն տար­բեր ազ­գեր սկսան «տե­ղա­ւո­րուիլ» այս շրջա­նը: Ա­մե­րի­կա­յի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին՝ 19-րդ դա­րուն, Աթ­լան­թան դար­ձած էր զի­նուո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն: Ե­թէ քա­ղա­քը մե­ծա­պէս քան-դըւե­ցաւ այդ օ­րե­րուն, ա­պա այ­սօր կը նկա­տուի Ա­մե­րի­կա­յի տնտե­սա­կան եւ ե­լեւմ­տա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը: Աթ­լան­թան գե­ղե­ցիկ է. փոքր լեռ­ներ ի­րա­րու կցուած՝ ստեղ­ծած են ո­լո­րան­ման միա­ւոր­ներ եւ շրջա­պա­տած են զայն: Այս տա­րած­քին մէջ կան խիտ ան­տառ­ներ եւ կա­նաչ մար­գա­գե­տին­ներ: Այս գե­ղե­ցիկ բնու­թեան մէջ սկսայ փնտռել հայ­կա­կան գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

«Գա­ղու­թը բաղ­կաց­նող ըն­տա­նիք­նե­րուն թի­ւը յստակ չէ,- Մա­րի Կա­րա­պե­տեան-Ա­ւե­տի­սեանն է խօ­սո­ղը։- «Ե­րե­ւի չորս հա­րիւր ըն­տա­նի՞ք»: Բայց ինչ որ հիմ­նա­կան է, ե­ղած է այն, որ քա­նի մը նուի­րեալ­ներ 2001 թուա­կա­նին ու­զած են հա­մախմ­բել հայ­կա­կան այս «ցի­րու­ցան» գա­ղու­թը եւ ստեղ­ծած են «Հայ­կա­կան տուն»: Պզտիկ բար­ձուն­քի մը վրայ,  ան­տառ­նե­րուն մէջ, «Հայ­կա­կան տուն»ը մին­չեւ այ­սօր դար­ձած է հա­յուն կեդ­րո­նը: Ե­թէ մէկ կող­մէ հո­գե­ւոր-ե­կե­ղե­ցա­կան, բայց նաեւ՝ ըն­կե­րա­յին ու տա­կա­ւին կրթա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան կեդ­րոն:

Մա­րին ե­կած է Թեհ­րա­նէն: 1974 թուա­կա­նին դուրս ե­կած է իր ծննդա­վայ­րէն եւ ե­րե­ւի ու­զած է Նոր աշ­խար­հին մէջ գտնել նո­րը, տար­բե­րը, քան այն, ինչ որ ինք ու­նե­ցած է… Մեծ Ա­մե­րի­կա­յի մէջ թա­փա­ռած է տար­բեր շրջան­ներ եւ քիչ մը հե­ռու հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թե­նէ, մին­չեւ որ հան­դի­պած է Գրի­գո­րին, որ Լի­բա­նա­նէն Ա­մե­րի­կա հաս­տա­տուած էր, եւ միա­սին կազ­մած են ըն­տա­նիք: Ըն­տա­նի­քին հետ սկսած է Մա­րիի հայ­կա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը: Եւ զա­ւակ­նե­րուն ծնուն­դէն ետք սկսած է տես­նել, թէ որ­քա՛ն կա­րե­ւոր է ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը, այդ ինք­նու­թեամբ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ ա­նոր պահ­պա­նու­մը: Տես­նե­լով իր ըն­տա­նի­քին դաս­տիա­րա­կու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ Մա­րին  ե­ղած է շրջա­հա­յեաց եւ կա­մո­վին հա­մար­կած է գա­ղու­թի հայ­կա­կան կեան­քի կազ­մա­կեր­պու­մին մէջ: Եւ այ­սօր ան փո­խ-ա­տե­նա­պետն է հայ­կա­կան գա­ղու­թի յանձ­նա­խում­բին:

Բայց կար Մա­րիին հօր պա­տուէ­րը: Այս պա­տուէ­րը կար­ծէք Մա­րիին հետ ճամ­բոր­դած է մէկ քա­ղա­քէն միւ­սը, եւ ա­նի­կա դար­ձած է Մա­րիին կեան­քին զգաս­տու­թիւ­նը… «Պա­պիդ լե­զուն խօ­սա՛»: Եւ այդ «լեզուի պահ­պա­նու­մին» հետ Մա­րի նոր աշ­խար­հի իր կեան­քի տար­բեր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն սկսած էր տես­նել, թէ որ­քա՛ն կա­րե­ւոր է ե­ղեր հպար­տու­թիւ­նը: «Ինք­զինքդ բարձր պէտք է տես­նես իբ­րեւ հայ», ը­սաւ Մա­րին: «Իբ­րեւ ծնողք եւ ըն­տա­նիք մենք շատ կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նինք մեր զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ՝ ազ­գա­յին ա­ւան­դին հան­դէպ այս հպար­տու­թիւ­նը փո­խան­ցե­լու ա­ռու­մով», նշեց Մա­րի:

Շա­բաթ, 25 Փետ­րուար: «Հայ տան» մէջ կար ե­ռանդ եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն: Բա­րե­կեն­դա­նի հա­ւաք-ճաշ­կե­րոյ­թի պատ­րաս­տու­թիւն: Աթ­լան­թա­յի այս ան­տառ­նե­րուն մէջ հայ կեան­քը «կ՚ե­ռար» հայ­կա­կան տոհ­մա­կան մեր սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն վա­յել­քին ընդ­մէ­ջէն: Խումբ մը նուի­րեալ­ներ սկսած էին կար­գադ­րու­թիւն­ներ տես­նել՝ պատ­րաս­տուե­լու հա­մար ե­րե­կո­յեան յայ­տա­գի­րին:

Մա­րիամ Տի­պան կու գայ Հա­լէ­պէն: Եր­կու տա­րի ա­ռաջ ե­կած է Աթ­լան­թա: Ապ­րած է Հա­լէ­պի ար­հա­ւիր­քը, տե­սած՝ ա­ւերն ու  մա­հը… Տա­կա­ւի՛ն, կը յի­շէ ի­րենց ապ­րած շէն­քին վրայ ար­ձա­կուած ռում­բը եւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած հրդե­հին պատ­ճա­ռով հրկի­զուած իր դրա­ցին… Բայց այդ հրդե­հը միայն քան­դող ուժ չէր Մա­րիա­մին հա­մար, այլ նաեւ՝ հո­գե­կան ջեր­մու­թիւն սնու­ցող ե­րե­ւոյթ: Հա­լէ­պի ստեղ­ծած հո­գե­կան ջեր­մու­թիւ­նը, որ Մա­րիամ կը փնտռէ Աթ­լան­թա­յի մէջ: «Աղջ­կանս մօտ ու­զե­ցի ըլ­լալ», ը­սաւ Մա­րիամ: Ե­թէ դէմ­քին վրայ կար յու­զում, ա­պա՝ ա­ռանց յու­սա­հա­տու­թեան: «Մարդ ո՛ւր կը ծնի եւ ո՛ւր կը մա­հա­նայ, չի գի­տեր ե­ղեր», նշեց ան՝ ա­ւելց­նե­լով. «Պէտք է ապ­րիլ…»:

Լա­րան ծնած է Աթ­լան­թա: Հայ­րը՝ Ա­րա Քէյ­ֆեր, ե­կած է Պո­լի­սէն: Մայ­րը ա­մե­րի­կա­ցի է: «Մայրս միշտ օ­տար նկա­տուե­ցաւ եւ ա­նոր հա­մար ալ շատ աշ­խա­տանք տա­րաւ, որ­պէս­զի ըն­դու­նուի հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ», ը­սաւ Լա­րա: «Փոքր տա-­րի­քէս հայ­կա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ մեծ­ցայ», ընդգ­ծեց ան:

«Հայ տան» մէջ ստեղ­ծուած է փոքր մա­տուռ մը: Ա­մի­սը մէկ ան­գամ կը մա­տու­ցուի պա­տա­րագ, երբ տէր հայ­րը կու գայ շրջա­նի քա­ղա­քէն: «Ե­կե­ղե­ցին կա­րե­ւոր է իմ կեան­քիս մէջ: Ա­նի­կա կա­րե­ւոր դեր ու­նի հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման ա­ռու­մով», ը­սաւ Լա­րան:

Լա­րա ա­մուս­նա­ցած է տե­ղա­ցի ա­մե­րի­կա­ցիի մը հետ: Ե­րե­ւի ըն­տա­նի­քին հո­լո­վո՞յթն է, որ ինք­զինք պէտք է կրկնէ… «Զա­ւակս քա­ռորդ հայ է», շա­րու­նա­կեց Լա­րան՝ ա­ւելց­նե­լով. «Ե­թէ իր մէջ կայ քա­ռորդ հա­յու ա­րիւն, ա­տի­կա բա­ւա­րար է, որ ան հայ ըլ­լայ»: Ե­թէ Լա­րա­յին մէջ կայ զգա­ցա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւն, բայց կայ նաեւ ի­րա­պաշտ մօ­տե­ցում: «Կը ցա­ւիմ, որ հա­յոց լե­զուն չսոր­վե­ցայ: Բայց իմ զաւ­կիս հա­յե­րէն կը սոր­վեց­նեմ, նոյ­նիսկ երբ ան քա­ռորդ հայ է», ը­սաւ Լա­րան՝ նշե­լով միա­ժա­մա­նակ, որ  «լե­զուն շատ կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի կա­րե­նանք պա­հել մեր մշա­կոյ­թը»:

Ա­մէն Կի­րա­կի «Հայ տան» մէջ հա­յե­րէն եւ հայ մշա­կոյթ ու կրօն կը սոր­վեց­նեն: Մա­րիա Թեր­զեան տասնչորս տա­րիէ ի վեր ստանձ­նած է այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Մա­րիան պէյ­րու­թա­հայ մայրն է, որ գի­տէ կեան­քին մէջ «տո­կա­լու» վճռա­կա­մու­թիւ­նը:

Նա­յի­րա Պաղ­տա­սա­րեան ընդ­հան­րա­պէս լուռ էր: Ե­կած է Հա­յաս­տա­նէն, տասնեօթ տա­րի ա­ռաջ: Ե­րեք ե­րա­խայ ու­նի, բայց իր ծնող­քը եւ հա­րա­զատ­նե­րը տա­կա­ւին Ե­րե­ւան են: «Ա­ւե­լի լաւ կեան­քի հա­մար ե­կանք», ը­սաւ Նա­յի­րան: Եւ չու­շա­ցաւ իմ հար­ցումս: « Բայց ար­դեօք գտա՞ր այդ կեան­քը»: «Գտայ եւ չգտայ», պա­տաս­խա­նեց Նա­յի­րա…

Նա­յի­րա­յի զա­ւակ­նե­րը յա­ճախ Հա­յաս­տան կ՚եր­թան, որ­պէս­զի մեծ ծնող­քին հետ ըլ­լան: Բայց Նա­յի­րան՝ մայ­րը, Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­նա­լէ ետք նոյ­նիսկ այ­ցե­լու­թեան հա­մար չէ վե­րա­դար­ձած: «Մայ­րը պէտք է աշ­խա­տի, որ զա­ւակ­նե­րը ապ­րին», ը­սաւ Նա­յի­րա:

Ե­թէ Նա­յի­րա­յի դէմ­քին վրայ կար պզտիկ ժպիտ մը, բայց այդ ժպի­տին ե­տին ակ­նե­րեւ էր յու­զու­մը: Յստակ էր, որ Ա­մե­րի­կա գա­լու ո­րո­շու­մը ե­ղած էր դժուար: Բայց տուած էին այդ դժուար ո­րո­շու­մը: Բայց այդ «ո­րո­շու­մին» մէջ Նա­յի­րան նաեւ դրաւ իր հաս­տատ հա­մո­զու­մը: «Ես շատ եմ սի­րում Հա­յաս­տա­նը», ը­սաւ ան:

Դար­ձեալ Մա­րին է: Կը խօ­սի Եղեռնի ա­հա­ւո­րու­թեան մա­սին: «Մեծ եղեռնէն ճո­ղոպ­րած եր­րորդ սե­րունդն ենք եւ այ­սօր տա­կա­ւին կը խօ­սինք պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մա­սին: Չեմ կրնար հան­դուր­ժել, որ այս­քան նա­հա­տակ տուած ենք եւ՝ մեծ տա­րա­ծու­թեամբ հող կորսն­ցու­ցած»: Ե­թէ Մա­րիին մէջ կար զսպուած բար­կու­թիւն, բայց կար նաեւ գի­տակ­ցու­թիւն: Գի­տակ­ցու­թիւ­նը Մա­րիին, որ իր հա­րա­զատ հո­ղին վրայ չէ, որ կ՚ապ­րի այ­սօր»:

Թեհ­րան, Պէյ­րութ, Հա­լէպ, Պո­լիս, Ե­րե­ւան­…Եւ այ­սօր՝ այս բո­լո­րը Աթ­լան­թա… Հա­յուն հա­րա­զատ հո­ղէն հե­ռու, բայց հա­յու հա­րա­զատ կեանքն է, որ կը շա­րու­նակուի՝ հին եւ նոր սե­րուն­դի միա­սին: Այս «Հայ տան» մէջ, հա­յու հա­րա­զատ կեան­քե­րուն ընդ­մէ­ջէն, տե­սայ, թէ ինչ­պէ՛ս նոյ­նինքն հա­յուն զգա­ցում­նե­րը եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը քով-քո­վի կու գան ե­ղեր… Ե­թէ մէկ կող­մէ կայ Հա­յաս­տա­նի «սէ­րը» եւ «կոր­սուած» հո­ղին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, նաեւ՝ կեան­քին «ջեր­մու­թիւ­նը» եւ «կա­րօ­տը», բայց կայ նաեւ հա­յուն պա­հան­ջա­տի­րու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան մէջ  «տո­կա­լու» հրա­մա­յա­կա­նը:

Բայց ներ­կայ օ­րե­րուն շատ են մար­տահրա­ւէր­նե­րը:

Ե­թէ «պա­պիդ լե­զուն» կը խար­խա­փի ու կը կոտր­տուի, իսկ հա­յուն ա­րիւ­նը լման է թէ կէս, քա­ռորդ ու տա­կա­ւին… Բայց կայ պատ­մու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը եւ փաս­տը, որ հա­յը պի­տի մղէ նա­յե­լու դէ­պի առ­ջեւ եւ ա­ւե­լի լա­ւին:

Հա­րիւր եւ եր­կու տա­րի­ներ ա­ռաջուան «պա­պի լե­զուն» տա­կա­ւին ողջ է:

Այս ողջ լե­զուն եւ ապ­րող ա­րիւնն են, զորս պի­տի տա­նինք դէ­պի ա­պա­գայ, դէ­պի ա­ւե­լի լա­ւը: Պի­տի տա­նինք մեր «սի­րով», «կա­րօ­տով», «հպար­տու­թեամբ», «գի­տակ­ցու­թեամբ», բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն՝ մեր «տո­կու­նու­թեամբ»… Եւ ե­րե­ւի՝ միշտ յի­շե­լով եւ յի­շեց­նե­լով:

«Պա­պիդ լե­զուն խօ­սա՛»:

Աթ­լան­թա­յի «Հայ տուն»էն հնչող պա­տուէ­րը: Ին­ծի եւ բո­լո­րիս:

«Պա­պիդ լե­զուն Խօ­սա՛», որ­պէս­զի «հա­յուն լեզուն» շա­րու­նա­կէ ապ­րի­լ…

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017