ՄԵՐ ԾԱՆՐԱՑԱԾ ԽԻՂՃԸ ԵՒ «ՀԱՑ ԲԵՐՈՂ»Ի ԽՕՍՔԸ

2016 թո­ւա­կա­նի Յու­լի­սէն ի վեր «Հաց բե­րող» ա­նու­նով ծա­նօթ Ար­թուր Սարգ­սեան կը մա­հա­նար Հինգ­շաբ­թի օր: «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ­նե­րու խում­բին «հաց բե­րած» Ար­թուր Սարգ­սեան կա­լան­քի տակ կ՚առ­նո­ւէր այդ խում­բին հետ ան­մի­ջա­կան կապ ու­նե­նա­լու մե­ղադ­րան­քով: 31 Յու­լի­սին զի­նեալ­նե­րու զի­նա­թա­փու­մէն ետք Ար­թուր Սարգ­սեան կը կա­լա­նա­ւո­րո­ւէր եւ ա­նոր դէմ մե­ղադ­րանք կը ներ­կա­յա­ցո­ւէր Հա­յաս­տա­նի Քրէա­կան օ­րէնսգր­քի 218 յօ­դուա­ծի 3-րդ ­մա­սի ա­ռա­ջին կէ­տով (պա­տանդ վերց­նել) եւ 235 յօ­դո­ւա­ծի 3-րդ ­մա­սով (ա­պօ­րի­նի զէնք, զի­նամ­թերք ձեռք բե­րել, պա­հել եւ փո­խադ­րել): Եր­կու ա­ռիթ­նե­րով բան­տար­կո­ւած Սարգ­սեան (երկ­րորդ բան­տար­կո­ւի­լը՝ 9 Փետրո­ւա­րին) կը դի­մէր ան­ժամ­կէտ հա­ցա­դու­լի, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ա­նոր ա­ռող­ջա­կան բարդ վի­ճա­կը կը հաս­նէր ծան­րա­գոյն աս­տի­ճան­նե­րու: Ան ա­զատ կ՚ար­ձա­կո­ւէր Մար­տի 13-ին, կը տե­ղա­փո­խո­ւէր հի­ւան­դա­նոց, ուր բու­ժում­ներ ստա­նա­լէ ետք կը վե­րա­դառ­նար տուն: 15 Մար­տին այս ան­գամ ծանր վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւած Սարգ­սեան հի­ւան­դա­նո­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ՝ յա­ւեր­ժին կը փա­կէր իր աչ­քե­րը: Հան­րու­թեան հա­մար լու­սա­ւոր կեր­պա­րով ներ­կա­յա­ցած Ար­թուր Սարգ­սեա­նի կեր­պա­րը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նար տար­բեր բո­ղո­քի ա­լիք­նե­րու: «Հաց բե­րող»ին հա­մար բո­ղո­քի ցոյ­ցեր տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին 10, 18 եւ 27 Փետ­րո­ւա­րին: Իսկ 27 Փետ­րո­ւար-6 Մարտ թո­ւա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ­ներ կը կա­տա­րէին նստա­ցոյց:

Հայ­րե­նի լրագ­րող Մհեր Ար­շա­կեան, Սարգ­սեա­նի մա­հո­ւը­նէ ժա­մեր անց կը գրէր՝ «Իսկ հի­մա՞: Հաց բե­րո­ղը պատ­գամ չէր: Ան ա­րարք էր: Մե­զի յա­ջորդ Հաց բե­րող պէտք չէ: Մե­զի պէտք է, որ 20 հա­զար դրա­մի հա­մար օ­լի­կար­խի ոտ­քե­րը համ­բու­րող չըլ­լայ, մե­զի պէտք է, որ մար­դը ինք­նին ի­մաստ ու­նե­նայ, որ­պէս­զի ա­նոր ա­մե­նա­սո­վո­րա­կան մահո­ւան մէջ մի քիչ զո­հա­բե­րու­թիւն ըլ­լայ: Ան կ՚ա­ռող­ջաց­նէր այս պե­տու­թիւ­նը, ա­նա­նուն մա­հը կրնայ ըլ­լալ միայն ի­մա­ցեալ եւ ա­նո­ւա­նեալ կեան­քի հրա­շա­լի սկիզբ, ո­րու մէջ Հան­րա­պե­տա­կա­նի նման տա­կան­քի գո­յու­թիւ­նը կը հե­տապն­դո­ւէր այն­պէս, ինչ­պէս ա­պօ­րի­նի զէնք ու­նե­ցո­ղը կը հե­տապն­դո­ւի: Ո­րով­հե­տեւ ա­ւե­լի լաւ է Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւն չու­նե­նաս, քան ու­նե­նաս Հաց բե­րող»:

Ամ­բող­ջա­կա­նօ­րէն խնդի­րը քա­ղա­քա­կան հար­թու­թեան տա­նող Ար­շա­կեա­նին հա­մար ե­ղա­ծը «քա­ղա­քա­կան սպա­նու­թիւն» էր: Ու այս ա­ռու­մով էր նաեւ, որ ան հար­ցին մա­սին իր դի­տար­կու­մը կա­տա­րե­լով կը մե­ղադ­րէր Հա­յաս­տա­նի իշ­խող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը:

Խի­զախ, մարդ­կա­յին ա­մե­նէն վեհ ու նո­ւի­րա­կան զգա­ցում­նե­րով տո­գո­րո­ւած Ար­թուր Սարգ­սեան, իր քայ­լը կա­տա­րած էր ոչ թէ քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­ներ «կոր­զե­լու» հա­մար, այլ իր «հա­ցի պա­կաս ապ­րող» հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հաց բե­րե­լու հա­մար:

Սա­կայն ա­նոր դրած նպա­տա­կը պի­տի շա­հար­կո­ւէր, ինչ­պէս նաեւ այ­սօր ալ կրնայ շա­հար­կո­ւիլ ա­նոր ող­բեր­գա­կան մա­հը:

Անձ­նու­րաց քայ­լով այդ «խա­ղին» մտած Սարգ­սեան, որ ե­ղած էր ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից, քաջ կը գի­տակ­ցէր, որ 26 Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան իր բեռ­նա­տար կառ­քով Է­րե­բու­նի շրջա­նի ոս­տի­կա­նա­կան ՊՊԾ գունդ մուտք գոր­ծե­լու պա­հուն կրնար «եր­կու կող­մե­րէն» ալ թի­րախ դառ­նալ ու տեղն ու վրայ սպան­նո­ւիլ: Սա­կայն ա­նոր հա­մար խնդի­րը իր ան­ձին անվ­տան­գու­թիւ­նը չէր, այլ իր հայ­րե­նա­կից­նե­րու հաց հաս­ց­նե­լը: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն «ձեռ­նոց նե­տած» Սարգ­սեան, որ մինչ այդ կը ներ­կա­յա­նար որ­պէս մար­դա­սի­րա­կան ա­րարք կա­տա­րող անձ մը, կը դառ­նար նաեւ «ծայ­րա­յեղ ընդ­դի­մա­դիր»: Ար­թուր Սարգ­սեա­նի վար­քը, ա­նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ու ա­պա «մին­չեւ մահ» հա­ցա­դուլ ը­նե­լու ո­րո­շու­մը ցոյց կու տան, որ ան սոսկ մար­դա­սի­րա­կան ա­րարք մը կա­տա­րող մէ­կը չէր: Այլ հարց, որ ան կրնար ծրագ­րի մը կրո­ղը չըլ­լալ, բայց ա­նոր մօ­տե­ցում­նե­րը, ա­նոր ա­րար­քը եւ կեր­պով մը «Սաս­նայ ծռեր»ու քայ­լե­րուն «լռե­լեայն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­ն»ը, ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նա­յին բա­ւա­կան խոր քննար­կում­նե­րու: Քիչ չէր թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք հա­մա­ձայն պի­տի չըլ­լա­յին «Սաս­նայ ծռեր»ու քայ­լին հետ: Քայլ, որ կրնար տա­նիլ ա­նո­րո­շու­թեան գիր­կը կամ եր­կի­րը ա­ռաջ­նոր­դել անսպա­սե­լի ցնցում­նե­րու, բայց եւ այն­պէս իշ­խա­նու­թեան կող­մէ մար­դա­սի­րա­կան քայլ կա­տա­րած մար­դուն հետ «խե­լ­ք դնել»ու, «չա­փո­ւե­լու» կամ պատ­ժե­լու ձե­ւա­չա­փը բո­լոր ի­մաստ­նե­րով կը դառ­նար խո­ցե­լի: Ի՛ն­չով պի­տի վնա­սո­ւէր Հա­յաս­տան երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ե­թէ Ար­թուր Սարգ­սեան իր ձեր­բա­կա­լ­ւե­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք ա­զատ ար­ձա­կ-ւէր: Կամ, ի՛ն­չով պի­տի վնա­սո­ւէր Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան լծակ­նե­րը իր ձեռ­քին մէջ պա­հող իշ­խա­նու­թիւ­նը, ե­թէ Ար­թուր Սարգ­սեա­նի ա­րար­քը հա­մա­րո­ւէր «մար­դա­սի­րա­կան քայլ» ու ան վայր­կեան ա­ռաջ դուրս գար բան­տէն:

Խոր­քին մէջ, ո­չինչ: Ընդ­հա­կա­ռա­կը այդ մօ­տե­ցում­նե­րով Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ցոյց պի­տի տա­յին ու­ժի, մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող մօ­տե­ցում մը:

Բայց ցա­ւօք այդ­պէս չե­ղաւ:

Այս­տեղ կը ծնի կա­րե­ւոր հար­ցադ­րում մը, կա­պո­ւած ՊՊԾ գուն­դի «գրաւ­ման» ողջ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն հետ: Ինչ հի­մունք­նե­րով Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­ներն ու նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան թոյ­լատ­րե­ցին, որ «Սաս­նայ ծռե­ր»ու տի­րա­պե­տու­թեան տակ ան­ցած այդ պե­տա­կան կա­ռոյ­ցը այդ­քան եր­կար ժա­մա­նա­կով պա­տանդ մնար:

Յստակ է պա­տաս­խա­նը: Ա­նոնց հա­մար գե­րա­գոյն խնդիր էր եր­կի­րը հե­ռու պա­հել ա­րիւ­նա­հո­սու­թե­նէ:

«Սաս­նայ ծռեր»ու քայ­լը ե­թէ պա­տա­հէր ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ, ա­պա իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դէպ­քը կը դա­սէին ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ բո­լոր մի­ջոց­նե­րով ու նոյ­նիսկ ա­րեան գնով «կ՚ա­զա­տագ­րէին» տո­ւեալ կա­ռոյ­ցը: Ու այդ գոր­ծո­ղու­թեան ա­տեն կրնա­յին գրան­ցո­ւիլ ան­կան­խա­տե­սե­լի դէպ­քեր եւ իյ­նա­յին մարդ­կա­յին բա­զում զո­հեր:

Ե­թէ ար­դար ըլ­լանք մեր գնա­հա­տա­կան­նե­րուն մէջ, ա­պա իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը շար­ժէին ճիշդ քայ­լե­րով, եր­կի­րը հե­ռու պա­հե­լով բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րէ: Ու այդ բո­լո­րին ա­ռըն­թեր դար­ձեալ իշ­խա­նու­թիւն­ներն էին, որ կը յա­ջո­ղէին դրա­կան միա­ւոր­ներ ստա­նալ: Եւ այս, ոչ միայն ներ­քին, այլ նաեւ ար­տա­քին ճա­կա­տին վրայ:

Այդ դրա­կան ար­ձա­գանգ­նե­րը, սա­կայն կը մա­րէին: Կը մա­րէին այն պա­հուն, երբ իր «մարդ­կա­յին ա­րարք»ին հա­մար ճա­ղե­րու ե­տին յայտ­նո­ւած Ար­թուր Սարգ­սեան կը փա­կէր իր աչ­քե­րը: Այս բո­լո­րէն ան­դին յստա­կօ­րէն կ՚ուրուագ­ծո­ւէր, որ Ար­թուր Սարգ­սեան մնա­ցած էր մէկ կող­մէ զի­նեալ մի­ջոց­նե­րով հար­ցեր լու­ծե­լու «յայտ ներ­կա­յաց­նող» «Սաս­նայ ծռեր»ուն եւ միւս կող­մէ եր­կի­րը կա­ռա­վա­րող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ա­րան­քը:

Ի­րա­ւա­պաշտ­պան Ա­ւե­տիք Իշ­խա­նեան, որ խնդրին մա­սին կը խօ­սէր «Հայ Ձայն» կայ­քէջին (www.haydzayn.am)՝ կ՚ը­սէր. «Ա­մէն պա­րա­գա­յի Հաց բե­րո­ղի այս պատ­մու­թիւ­նը ին­ծի մեծ լա­ւա­տե­սու­թիւն ներշն­չեց եւ պէտք չէ սգալ ա­նոր մա­հը: Հա­յաս­տա­նի մէջ կար­ծես ընդ­հա­նուր յար­մա­րուո­ղա­կա­նու­թեան մթնո­լորտ ե­ղած է, թուա­ցեալ հա­մար­ձակ­նե­րը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ հար­թե­ցում­նե­րու գա­ցած են: 88 թուա­կա­նէն Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ցա­դուլ ը­նող­նե­րը դադ­րե­ցու­ցած են զայն ա­ռանց ի­րենց պա­հանջ­նե­րը կա­տա­րուած տես­նե­լու, եւ այս ա­ւե­լի յա­ճախ ցու­ցադ­րուե­լու մի­տում ու­նե­ցած է, սա­կայն Հաց բե­րո­ղը իր կեր­պա­րով քսան­հինգ տա­րուան Հա­յաս­տա­նին մէջ ի­րա­վի­ճակ փո­խեց: Ըլ­լա­լով հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի՝ հաց տա­նե­լով ինք­նա­զո­հու­թեան գնաց, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հաս­ցուց, բան մը, որ վեր­ջին շրջա­նին բնո­րոշ չէր մեր հան­րու­թեան: Ա­նոր կեր­պա­րը պէտք է լու­սա­ւոր ըլ­լայ, չյար­մա­րուո­ղի կեր­պար մեր հան­րու­թեան մէջ: Բո­լոր հա­ցա­դուլ ը­նող­նե­րը ի վեր­ջոյ յար­մա­րուած են, եւ իշ­խա­նու­թիւն­ներն ալ նոյ­նը կը մտա­ծէին Հաց բե­րո­ղին մա­սին, եւ ա­նոնց պէտք էր, որ Հաց բե­րո­ղը կոտ­րուի, ոչ թէ մեռ­նի՝ ցոյց տա­լու հա­մար, որ բո­լորն ալ կոտ­րուող են: Այս մա­հը բա­ւա­կա­նա­չափ ան­հանգս­տա­ցու­ցած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, քա­նի որ ա­նոնք չեն հասկ­նար ինք­նա­զո­հու­թեան գա­ցող կեր­պա­րը, եւ կ՚ան­հանգս­տա­նան, որ ա­նոր մա­հը ընդվ­զում պի­տի բե­րէ: Այ­սօր ընդ­դի­մա­դիր հռչա­կուած տար­բեր ու­ժեր պի­տի սկսին օգ­տա­գոր­ծել այս հար­ցը իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ»:

Սարգ­սեան, ոչ միայն «զոհ»ն էր տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով երկ­րին մէջ «բարձր լա­րում» յա­ռա­ջա­ցու­ցած եւ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան»ին հո­վա­նին վա­յե­լող խմբա­ւոր­ման, այլ ամ­բողջ հայ հա­սար­կու­թեան:

Այն հա­սար­կու­թեան, որ Ար­թուր Սարգ­սեա­նի քսան­չորս օր տե­ւած հա­ցա­դու­լի օ­րե­րուն իր մէջ բա­ւա­րար ուժ չգտաւ ստեղ­ծե­լու բո­ղո­քի այն­պի­սի ա­լիք մը, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար փրկել «Հաց բե­րող»ը: Բայց ցա­ւօք այդ­պէս չե­ղաւ:

Եւ այ­սօր քսան­հինգ տա­րուան ճա­նա­պարհ կտրած Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, որ­պէս «քա­ղա­քա­կան զոհ» ներ­կա­յա­ցող Ար­թուր Սարգ­սեա­նի պատ­գամ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն որ­պէս քար նստիլ մեր հան­դարտ եւ ար­դէն իսկ յար­մա­րուող խիղ­ճի կա­փա­րիչ­նե­րուն վրայ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017