«ԿՈՐԻԶԱՅԻՆ ՓԱՓԱՔ». ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏԻ ՆՈՐ ՈՒՂԵԳԻԾԸ

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման պին Ապտիւլազիզ իշխանը կը պատրաստուի Միացեալ Նահագներ այցելել: Ուշագրաւը այն է, որ նախօրօք տրուած լրատուութեան համաձայն, Ուաշինկթըն տրուելիք այցի շրջանակներուն մէջ կը սպասուէր, որ Սելման թագաւորը ըլլար սէուտական պատուիրակութիւնը գլխաւորողը: Այդ մասին լրատուութիւնը կատարած էր Financial Times ամերիկեան պարբերականը, որ նաեւ կը վստահեցնէր, թէ Սելման թագաւոր «շատ կարեւոր» նիւթեր պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ: Յիշեցնենք, որ Մուհամմէտ գահաժառանգի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահին գլխաւորութեամբ սէուտցիներու հետ անցեալ Մայիսին ստորագրուած ռազմական-ապահովական գործարքէն տասն ամիսներ վերջ։

Սէուտական Արաբիոյ ներքին զարգացումներուն հետեւողներուն համար սկսած է բացայայտ դառնալ, որ իշխան Մուհամմէտ ոչ միայն «սրընթաց» կերպով կ՚ուղղուի դէպի թագաւորական գահ, այլ նաեւ յաջողած է «խաղէն հանել» բոլոր անոնք, որոնք մօտիկ ապագային կրնային որեւէ տեղ եւ որեւէ ձեւով իր դէմ դուրս գալ:

Լիբանանցի լրագրող Ժիհատ ալ Զայն «Ալ Նահար» պարբերականին մէջ յօդուած մը ստորագրելով՝ կարծիք կը յայտնէ, որ Մուհամմէտ իշխան հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր իր դէմ ընդհանրապէս «վտանգաւոր» մրցակիցներ գոյութիւն չունին: Լրագրողը, որ «գովասանական» բառեր շռայլած է գահաժառանգին հասցէին՝ նաեւ ըսած է, որ ան յաջողած է դառնալ սէուտցի երիտասարդութեան «նախընտրելի» իշխանը:

Երբ Սէուտական Արաբիոյ մասին կը խօսինք, ապա ի մտի պէտք է ունենանք, որ թագաւորութիւնը «բաժնուած» է մի քանի տոհմերու միջեւ, որոնց ամենէն ազդեցիկը բնականաբար Ապտիւլազիզ գերդաստանն է: Այս առումով ալ արդէն բոլորին բացայայտ սկսած է դառնալ, որ յատկապէս անցեալ Նոյեմբերին թագաւորութեան մէջ կատարուող դէպքերը տարբեր իմաստներով ալ «հող պատրաստեց»ին Մուհամմէտ գահաժառանգի իշխանութեան ամրապնդման:

ՎԵՐՅԻՇԵՑՈՒՄ. Ի՞ՆՉ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆՑԵԱԼ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ

Սէուտական Արաբիոյ գահուն շուրջ արձանագրուող դէպքերը այնքան արագ կ՚ընթանան, որ անոնց յաջորդականութեան չհետեւող որեւէ անձ կրնայ «կորսուիլ» այդ երկրի քաղաքական «ամպեր»ուն մէջ: Ու յատկապէս, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ խմորուող «թատրերգութիւն»ները գրեթէ իրարու նման են:

Ամէն անգամ, որ իշխող թագաւորական ընտանիքը նոր իշխան մը գահ «կը բարձրացնէ», երկրին մէջ երեւելի եւ աներեւոյթ խմորումներ կը կատարուին, դէպքեր կ՚արձանագրուին եւ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան:

Այս փուլի դէպքերը աւելի ծանրակշիռ են, որովհետեւ գահուն վրայ եղող Սելման թագաւորին եւ տարբեր պայքարներէ ետք իշխանութեան «հասած» գահաժառանգին միջեւ տարիքային բաւականին մեծ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի: Մինչ Սելման թագաւոր 82 տարեկան է, անդին անոր որդին Մուհամմէտ 33 տարեկան է եւ մինչեւ անոր գահաժառանգ դառնալը, շատերու կողմէ կը կարծուէր, որ անոր յաջողութիւնը անհնարին է, տրուած ըլլալով, որ գահաժառանգի պաշտօնին համար մղուած պայքարին մէջ կային աւելի «կայուն» եւ «խելահաս» համարուող թեկնածուներ, բայց այդպէս չեղաւ:

Իշխան Մուհամմէտ, որ 2017 թուականին թագաւորական հրամանագրով կը դառնար երկրի գահաժառանգն ու թագաւորութեան արտաքին քաղաքականութեան թիւ մէկ «համակարգող»ը՝ ապահոված ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ «մտերիմ» եւ «վստահելի» դաշնակիցներուն իր անուան շուրջ ընդհանուր համաձայնութիւնը, կը հասկնար, որ կարեւոր գործ ունի կատարելիք ներքին ճակատին վրայ, ուր սկսած էր հասուննալ իրեն դէմ «լուռ բողոք»ի մը ընդհանուր տրամադրութիւնը:

Այսպէս, անցեալ Նոյեմբերի 4-ին երբ միջազգային լրահոսը «տարուած» էր Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարման լուրով, ուշ երեկոյեան Ռիատէն կը հասնէին մէկէ աւելի առումներով հարցականներու դուռ բացող զարգացումներ: Թագաւորական հրամանով կը ձերբակալուէին 11 շէյխեր եւ 38 նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Թագաւորութեան ներկայ իշխանութեան հետ մէկէ աւելի առումներով կապ ունեցող իշխաններն ու նախկին նախարարներու ձերբակալութեան լուրը կ՚ունենար «մեծ պայթում»ի մը ուժգնութիւնը եւ հեղինակաւոր մէկէ աւելի թերթեր պատահարը կը համարէին «իրական երկրաշարժ» մը: Ձերբակալեալներուն մէջ ամենէն աւելի յայտնի էր իշխան Մըթհէպ պին Ապտալլա եւ իշխաններ Ֆահտ պին Ապտալլա եւ Թալալ պին Ուալիտ: Եթէ շատ արագ հայեացք մը նետենք, ապա այս ձերբակալութիւններու արմատը թագաւորութեան նախկին գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Նայէֆ իշխանին թագաւորական պաշտօնէն «լուռ հեռացում»ն էր:

Նոյն օրերուն Թուիթըրի միջոցաւ տրուած բացատրական գրութեամբ մը՝ թագաւորութեան «Կաշառակերութեան դէմ մշտական մարմին»ը կը յայտարարէր, որ պատահարը կարեւոր քայլ մըն է պատերազմելու համար երկրին մեծ վնասներ բերած կաշառակերութեան եւ դրամալուացման ու մսխումի հիմնական հեղինակներուն հետ: Մինչ ամերիկեան «Պլումպերկ» կայանը կարեւոր տուեալներ կը փոխանցէր ու կը նշէր, որ այս այցելութեան յաջողութեամբ պսակուելուն համար թագաւորութիւնը իր ազգային գանձատունէն վճարած էր 3 միլիոն ամերիկեան տոլար, անդին ռուսական կողմին հետ կնքուած զինուորական համաձայնութեան թիւերուն մասին ցարդ յստակ տուեալներ չկային: Զանգուածային լրատուամիջոցները կը խօսէին միայն այն մասին, թէ այս այցին շնորհիւ սէուտական կողմը յաջողած էր գնել «S-400» տիպի հրթիռային ուժեղագոյն համակարգեր, անդին նոյն առումով չէր նշուեր զինատեսակներուն խմբաքանակը եւ Ռիատին յանձնուելու ժամկէտները: Այս բոլորէն անդին սոյն «պատմական» համարուած այցին առընթեր կար մանաւանդ քաղաքական «պատգամներ» ուղղելու կարեւոր հանգամանք:

Այս բոլորին ետին բնականաբար կը կանգէր Մուհամմէտ պին Սելման, որուն տնտեսական քաղաքականութիւնը կը համարուի Սէուտական թագաւորութեան արդի օրերու ամենէն ուշագրաւ ծրագիրը, որ իշխանին կողմէ անուանուած է «Սէուտական Արաբիա-2030»: Տնտեսական առաջնահերթութեամբ առնուած քայլերը, որոնք «վիրաբուժական գործողութեան» մը տեսքը ունին, միայն տնտեսական առաջնահերթութեամբ առնուած չեն: Շատ մը վերլուծաբաններու կողմէ «Ռիթց պանդոկի գործողութիւն» անունով «մկրտուած» ձերբակալութիւններու ալիքը կ՚աւարտէր եւ ձերբակալեալ իշխանները ազատ կ՚արձակուէին խոստանալով երկու բան.

ա- Թագաւորութեան գանձանակին տրամադրել Մուհամմէտ իշխանի հետ կնքուած համաձայնութեան հիմքով խոստացուած գումարները:

բ. Հեռու մնալ գահաժառանգը քննադատելու կամ անոր դէմ որեւէ շարժում նախաձեռնելու փորձերէ: «Նախայարձակ» համարուող այդ քայլով Մուհամմէտ իշխան կը յաջողէր «լուծել» ներքին ճակատին վրայ երեւցող բոլոր հիմնահարցերը ու վերջ տալ՝ իրեն դէմ պայքարելու յոյս փայփայող իշխաններու երազներուն:

«ԿՈՐԻԶԱՅԻՆ ՓԱՓԱՔ» ՄԸ

Վերադառնալով Մուհամմէտ իշխանի Միացեալ Նահանգներ տալիք այցին ու «դիպուկ» գնահատական մը տալով այդ այցելութեան նախորդող ընդհանուր մթնոլորտին՝ ապա ակներեւ է, որ Սելման իշխանին համար ամենէն «կենսական» թիրախը Իրանն է: Միացեալ Նահանգներու Իրանի հետ «Կորիզային համաձայնութեան» հարցը, Թեհրանին դէմ նոր պատիժներ սահմանելու խնդիրը, նաեւ Միջին Արեւելքի կտրուածքով Իրանի ազդեցութիւնը նուազագոյնի հասցնելու «ռազմավարութիւն»ը:

Այս բոլորը անշուշտ պիտի քննարկուին Սպիտակ տան փակ դռներուն ետին, սակայն յստակ է, որ գահաժառանգին համար նախքան Ուաշինկթըն ժամանելը՝ բաւական կարեւոր է բարձրաձայն խօսիլ այդ բոլորի մասին ու յատկապէս այդ «պատգամներ»ը լսելի դարձնել ամերիկացի պատասխանատուներուն:

Այս բոլորէն անդին Մուհամմէտ պին Սելման փորձելով նոր հարթութեան մը «բարձրացնել» իր «քաղաքական նշաձող»ը՝ կը յայտարարէր, որ եթէ Իրան կորիզային ռումբ պատրաստէ, ապա իրենք եւս «կազմ ու պատրաստ» են այդ քայլին երթալու եւ միանալու «Կորիզային երկիրներու ակումբ»ին: Որքանով լուրջ, տարողունակ եւ տրամաբանական է այս «առաջադրանք»ը՝ ցարդ յստակ չէ, սակայն յայտնի է, որ երիտասարդ իշխանը պատրաստ է ամէն ձեւով «պատերազմիլ» Իրանի դէմ:

Կը յաջողի՞ ան: Կամ կը կարողանա՞յ քայլ մը անդին երթալով համոզել ամերիկացի իր «գործընկերներ»ը, որ սէուտցիներու կորիզային երկիր մը դառնալու պահանջը արդար է: Այս բոլոր հարցադրումներուն պատասխանը կարելի պիտի ըլլայ ստանալ ամիսներ վերջ:

Ու բնականաբար այս մակարդակի այցելութիւնները կ՚աւարտին «տրամաբանական» եւ «սպասուած» զարգացումներով, յատկապէս որ Իրանի դէմ բացուած  պայքարին մէջ սէուտցիք այսօր առանձին չեն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018