ԱՆԻՐԱՒ ԴԱՏԱՒՈՐԷՆ ԱԼ ԱՆԻՐԱՒ ԵԼԱՒ
-Անի՛, Անի՛, Անի՛...
Կը լսուէր դուրսէն. դրացուհիս էր, որ կը կանչէր. ձայնին ելեւէջներէն յստակ էր, որ բան մը պատահած է: Բացուած դուռիս ձայնին հետ հեւ ի հեւ, աւելի բարձր ձայնով, հաղորդեց.
Հաճիս եկո՛ւր, մամաս ինկաւ, չեմ գիտեր ի՞նչ ընեմ...:
Սուրիահայ մայր ու աղջիկ են դրացիներս, վաթսունամեայ թերաճ աղջիկը եօթանասունհինգամեայ մօր խնամքին յանձնուած է: Թերաճ է Քնարիկը, քանի, ինչպէս նկատեցիք մօրն ու իր տարիքին տարբերութիւնը, կանուխ ամուսնութեան առաջին պտուղն է ու անկազմ իգական մարմնին առաջին երկունքը: Ընդամէնը տասնչորսամեայ մանկամիտ պատանի մը եղած է տիկին Անահիտ, որ էգի նշան արեան կաթիլը հազիւ տեսած՝ «աշխարհ մտած» է ու յղացած:
Քնարիկէն բացի Անահիտ ունի երկու մանչ, որոնք կը բնակին եւրոպական երկիրներ ու կը հոգան իրենց մօրն ու քրոջ ապրուստը:
Տիկին Անահիտ յաճախ կը պատմէ իր ամուսնոյն մասին, որ երեսուն տարիէ ի վեր մահացած է, բայց թողած իր հմայքն ու փայլքը կնոջ յուշերուն մէջ՝ «Հմայակս ուրիշ էր, ինձմէ բաւական մեծ էր, ինք մեծցուց զիս. տեսնէիր որքա՜ն բծախնդիր էր, որքա՜ն կոկիկ ու մաքուր, կը սիրէր, որ ըլլար տաբատը, շապիկը արդուկուած, անուշահոտն ալ կը ցանէր ամպայման դուրս չելած...», կ՚ըսէր ան ու կը ժպտէր, երբ խօսքը Հմայեակին մասին ընթանար, ուրիշ նիւթ չկար անշուշտ, քանի կէս ժամուան ընթացքին անպայման գոնէ երկու անգամ կը կրկնուէր «Հմայեակ» անունը, զաւակներուն հասցէին տեղացող օրհնութիւնները եւ անպայմա՛ն՝ «Անիրաւ դատաւորէն ալ անիրաւ ելաւ» նախադասութիւնը եւ այդ զայրոյթին դրդապատճառները մէկիկ-մէկիկ կը քակուէին ու օրուան յանկերգին հնչիւնները այսպիսով կ՚ամբողջանար:
Կեանքին մօտալուտ վախճանին հետ կարծես տիկին Անահիտ կ՚ապրի իր ամբողջ կեանքի հանգրուանները՝ կ՚երջանկանայ անուշ յուշերուն հետ, կ՚ափսոսայ տխուրները յիշելով, կ՚ընդվզի ճակատագրին հետ ու կը զայրանայ անիրաւութիւններն ու խաբեբայութիւնները յիշելով... ամէնօրեայ այս յանկերգը դասի պէս կը հաղորդէ, կը թափէ իր կեանքի փորձառութիւնները ու կ՚ուզէ սորվեցնել, օգուտ մը տալ զանոնք հասցնելով ուրիշներուն ունկերուն, միտքին, գիտակցութեան...:
Իսկ «Անիրաւ դատաւորը» յիշելով, կը վերապրի տագրոջը կողոպուտը, որ եղբօր մահուան բօթին հետ կարծես ծրագրած էր այրին ու որբերը կողոպտել, անոնց ունեցուածքին տիրանալ ու հեռանալ, լքել որբերը, խլել անոնց իրաւունքը: Նիւթին պաշտամունքը կուրցուցած էր Հմայեակին եղբայրը եւ խլած անկէ բոլոր զգացումները, ամէն ինչ որ կ՚առընչուի մարդկայինին հետ:
«Ես գիտեմ որբերս ինչպէս մեծցուցի, ես գիտեմ ինչպէս վրաս խնդալով խլեց ինձմէ ամէն ինչ: Խնդրանքներս չլսեց..., քանի անգամ խնդրեցի անիրաւ դատաւորին գացող այրիին պէս ու երեսիս կը խնդար, «այո» կ՚ըսէր, բայց ետեւէս հոր կը փորէր: Չէի գիտեր, միամիտ էի, կը հաւատայի...,- այսպէս արտասուաթոր աչքերով կը պատմէր ու վրէժի զայրոյթը կ՚երեւէր աչքերէն երբ՝ «Աստուած է արդար դատաւորը, երեք զաւակ ունեցաւ, երեքն ալ հիւանդ, մինչեւ կեանքին վերջը խնամեց զանոնք, իր ունեցածը անոնց վրայ վատնեց, հապա որբերուս պատառո՞վ պիտի կշտանար. իսկ ինքը, դեռ նոր, անցեալ ամիս, տարի մը անկողինին մէջ չարչարուելէն ետք, մեռաւ», ու վերջին հնչիւններուն հետ կը նկատուէր ներսի կուտակին կաթիլ առ կաթիլ պարպուիլը ու տոպրակէն ապրանքը պարպելով յոգնածի մը պէս վերջինները պարպած պահուն հանգիստ շունչ մը կը քաշէր:
Այս է տիկին Անահիտին ցաւոտ պատմութիւնը. յաճախ վերջերս կը խուսափէի նոյն պատմութեան հանդիպելէն եւ կը մերժէի հրաւէրները պատրուակ մը գտնելով, բայց հիմա սիրտս ցաւեցաւ, երբ Քնարիկ կանչեց, արդեօք լուրջ բան մը կա՞յ:
Աստիճաններուն վրայ արեան կաթիլներ կան, բաց դուռէն ներս, միջանցքին գետինը՝ նոյնպէս, իսկ Քնարիկին ձայնը՝ բարձր, իրար անցած, խուճապ ստեղծած է ինկած մայրը անհանգստացնելով.
-Աղջի՛կս, բան մը չկայ, այդքան իրար անցնելու պէտք չունիս, տե՛ս, ոտքի եմ, միայն քիթս վնասուած է,- մայրը կը խաղաղեցնէր Քնարիկը:
Մինչ այդքան ալ հանգիստ չէր՝ ճակատը ուռած, քիթը պատռած..., արիւնը սրբելէն ետք յստակացաւ քիթին վէրքին խորութիւնն ու արեան անընդհատ հոսելուն պատճառը: Բժշկական քննութիւնները դրական էին եւ քիթը ոսկորի վնասուածք չունէր, միայն մի քանի կարով ու անհրաժեշտ բժշկական միջամտութիւններով ապաքինման ուղին սկսաւ բռնել:
Մի քանի օր ետք հարուածին ցաւերը թեթեւցած, գալիքին սարսափը փարատած, տիկին Անահիտ վերսկսաւ իր նախկին առօրեան.
-Այս անգամ պատանքս պատռեցի, ասիկա զգուշացում մըն էր ինծի եւ յուշում մը, որ նախկինը չեմ այլեւս...,- ըսաւ:
Փորձեցի խաղաղեցնել «պատանք» բառին սոսկումով.
-Անիրաւ դատաւորէն ալ անիրաւ ելաւ...,
Շարունակեց առանց զիս լսելու իր կեանքի պատմութեան էջերուն մէջ, որ այս անգամ ցաւերով սկսաւ, ապա անուշ շեշտով Հմայեակը յիշեց, զաւակներուն մանկութիւնը, դպրոցական առօրեան, ներկայ աշխատանքները եւ օրհնառատ բերնով գովասանքները տեղացին իրենց հասցէին...:
«Չէ, մտահոգուելու պէտք չունիմ այլեւս, տիկին Անահիտը նախկինին պէս է, բան չունի» մտմտացի ես ինծի ու շարունակեցի գլխու դրական շարժումով հետեւիլ ժպտադէմ տիկին Անահիտին պատմութիւններուն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան