ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻԻ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԵԱ՛ՄԲ ԿԵԱՆՔԴ ԱՊՐԷ
«Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14)։
Քրիստոնէութեան ջատագով ու բանիբուն քարոզիչ, յարութեան գաղափարին եւ իրողութեան մեծագոյն պերճաբան եւ հզօրաշեշտ ախոյեան՝ Պօղոս առաքեալի քարոզչական գործունէութիւնը ո՛չ միայն քրիստոնէութեան, այլեւ ամբողջ աշխարհի կրօնական պատմութեան մէջ բացառիկ երեւոյթներէն մին հանդիսացած է։ Նոր Կտակարանի գրականութեան մէջ ի յայտ եկած պատկերին համաձայն՝ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն ոչ մէկը այնքան տենդագին, բազմաբեղուն եւ համասփիւռ առաքելական գործունէութիւն ծաւալած է քրիստոնէական հաւատքի տարածման եւ առաջին քրիստոնեայ համայնքներու կամ եկեղեցիներու կազմակերպման ի խնդիր, որքան Պօղոս առաքեալ։
Յարուցեալ Փրկչի շնորհքէն դարձի եկած եւ այդ շնորհքով տիրապետուած իբրեւ անձ՝ Պօղոս առաքեալ եղաւ յարաշարժ, անխոնջ, անընկճելի այն անձը, որ իր կեանքի ու վկայութեան իմաստը խտացուց սա աներկբայ խօսքին մէջ, որ դարձաւ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շարժիչ գաղափարաբանութիւնը. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կր 15.14)։
Պօղոս առաքեալի հաստատած սա աստուածախօս ու քրիստոսաշունչ վկայութիւնը, այսօր մեզի գլխաւորաբար երեք պատգամներ կը փոխանցէ.
Ա) Քրիստոսի յարութիւնը՝ աղբիւր կեանքի եւ վերանորոգման. Պօղոս առաքեալի կեանքին ու մտածողութեան մէջ լայն եւ որոշադրիչ տեղ ունէր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոր համար Քրիստոսի յարութիւնը տեսական հաւատք, յղացային գաղափար եւ կամ սոսկ պատմական դրուագի մը զուտ յիշատակային ոգեկոչումը չէր, այլ մանաւանդ ուղղիչ, արիացուցիչ, հրաշագործ ազդակ մըն էր՝ մարդկային տկարութիւնը աստուածային զօրութեամբ փոխարինելու աստիճան։ Արդարեւ, Քրիստոսի յարութիւնը տրամաբանութեամբ, բանական խորհողութեան յատուկ առարկայապաշտ ու փորձառապաշտ մօտեցումով կարելի չէ պարագրել ու սահմանել։ Ընդհակառակն, հաւատալ Քրիստոսի յարութեան՝ կը նշանակէ յոյսի, անմահութեան գաղափարի ներգործութեամբ ապրիլ ու արժեւորել մեր երկրային կեանքը, արարքներու եւ գործերու այնպիսի ընթացքով, որոնց մէջէն կը ցոլայ պայծառութիւնը Քրիստոսի յարութեան։
Քրիստոս Իր յարութեամբ մեզի՝ երկրաւորներուս պատգամեց մեր կեանքը այնպէս ընել, որ ան դառնայ նախաճաշակ անմահութեան, անմահական արժէքներու յաւերժակենդան ներկայութեամբն ու ներգործութեամբ մեր ապրումներուն եւ գործերուն մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսնէական եկեղեցւոյ համար, յարութիւնը Քրիստոսի՝ սի՛րտն է քրիստոնէութեան, բանալին՝ քրիստոնէական հաւատքի հասկացողութեան, գաղտնի եւ անյաղթահարելի ուժը՝ կեանքի յաղթութեան։
Բ) Քրիստոսի կենարար խաչը՝ մարդոց փրկութեան միջոց. Քրիստոսի ժամանակ, յանցապարտ մարդիկ դառն յուսահատութեամբ իրենց հայեացքները կը սեւեռէին խաչին՝ անոր մէջ տեսնելով մահ սփռող, ահ ու սարսափ տարածող գործիքը։ Բայց Քրիստոսի բազկատարած զոհողութեամբ, յանցապարտ նոյն մարդիկը ցնծութեամբ նայեցան խաչին, որովհետեւ անոր մէջ տեսան իրենց ազատագրութիւնը մահէն, մեղսակիր կեանքէն, մեղքի ստրկութենէն եւ Սատանայի սադրալի իշխանութենէն։ Խաչը, որ անարգուածութեան կնիքն էր դրոշմուած մեղաւոր մարդուն ճակտին, Քրիստոսով դարձաւ Աստուծոյ փառքին եւ սիրոյն ամբողջական արտացոլացումը, Աստուծոյ փառքէն ինկած, Աստուծոյ սէրէն պարպուած մարդոց կեանքին մէջ։ Խաչը, որ Արդարէն եւ արդարութենէն հեռացած կեանքի մը վերջալոյսն էր, Քրիստոսով դարձաւ Արդարին եւ արդարութեան մօտեցնող կեանքի մը արշալոյսը։ Խաչը, որ դարձած էր իրաւազանց մարդոց մշտաբաց մահապատիժը, Քրիստոսի նահատակութեամբ անոր վրայ, դարձաւ Աստուծոյ շնորհքին մշտահոս ակը։
Քրիստոս խաչը յաւիտենական կեանքին նախապայմանը դրաւ։ Ան կեանքը ապրելու կոչ ըրաւ. այդ կեանքը կը սկսի այս աշխարհէն, նոյնինքն մարդու կեանքով եւ կը շարունակուի յաւիտենականութեան մէջ։ Խաչի կեանքը կը թելադրէ մեզի պարպուիլ մեր ես-էն, հրաժարիլ մեր ես-էն, ուրանալ զայն ի խնդիր խաչին եւ Խաչեալին։ Եսապաշտութիւնը կը ներկայացնէ մարդու սեփական շահերուն ու հաճոյքին հետ կապուած այն բոլոր գոյները, որոնք ժամանակի ընթացքին մարդը ո՛չ միայն կը հեռացնեն իր նմաններէն, այլեւ՝ Աստուծմէ։ Նայէ՛ խաչին վրայ բարձրացած Փրկչի աչքերուն, ես-իդ բուրգը անոր խոնարհ աչքերուն դիմաց կործանէ, իսկ կեանքդ ու հոգիդ Անոր կենսատու Արեամբ վերանորոգէ։
Գ) Չտարուիլ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը խոտորող ու ջլատող շարժումներէն։ Ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ հաստատման ընթացքին, նոյնպէս ալ ցայսօր բազմաթիւ շարժումներու եւ աղանդներու լորձնաշուրթն «առաջնորդներ» կամ «հովիւներ», իրենց քմահաճ ու թիւր մեկնութիւններով կ՚օձտեն ու կ՚արատաւորեն Քրիստոսի բանաւոր հօտը։ Նման կրօնական ստապատիր շարժումներ յատուկ շեշտ կը դնեն «հրաշագործութեան» վրայ, յաճախ վարձկան դերակատարներու շահամոլ մասնակցութեամբ, իբրեւ հանրութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու փորձուած միջոց։ Այս պատճառով, յաճախ պարզամիտ ու անխառն հոգիով մարդիկ կը լեցնեն դատարկապորտ ու պոռոտախօս «քարոզիչներու» հսկայական սրահները՝ տարուելով անոնց կատարած ձեւական «հրաշագործութիւններէն» ու ֆիլմարուեստի յատուկ ճարտասանական մեթոտներէն։ Մարդիկ՝ որոնք սնափառութեամբ մեծափառութիւն վաստկիլ կը փորձեն։ Ահա թէ ինչու Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ մեզ ըսելով. «Կան մարդիկ, որոնք ձեր միտքերը կը պղտորեն եւ կ՚ուզեն Քրիստոսի Աւետարանը չարափոխել։ Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ» (Գղ 1.7-8)։
Սիրելի՛ ընթերցող, այսօ՛ր եւս Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ մեզ չտարուելու նոր օրերու աշխարհայնացած կեանքէն, աջէն ու ձախէն փչող հովերէն, որոնք հազար ու մի ակունքներէ պղտոր ջուր կը լեցնեն հայ կեանքի աւազանին մէջ։ Չտարուելու օրուան հետ ծնող եւ օրուան հետ մեռնող հակակրօնական ու ապազգայնացուցիչ, հաճոյապաշտ եւ հոգեկանդ մտայնութիւններէն։ Այլ կոչ կ՚ուղղէ կառչած մնալու «արեան մկրտութեամբ» եւ դարերու արեան վկայութեամբ ամրագրուած մայր Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ սկզբունքներուն, անոր ուսուցումներո՛վ համակելու մեր ամբողջ կեանքը, ողողելու մեր ողջ էութիւնը քրիստոնէական արժէքներով, սրբութիւններով ու առաքինութիւններով, անոր հովանիին ներքե՛ւ առաջնորդելու մեր իւրաքանչիւր քայլափոխերը, որովհետեւ «Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (Եփ 1.23)։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ