ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

«Ինչո՞ւ համար կենդանին մեռելներուն հետ կը փնտռէք»

Պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսէ դուրս ոչ մէկը կեանքի եւ մահուան մասին այսքան յստակ ու վճռական խօսած եւ ոչ ալ անոր տիրապետած է։

Երբ կեանքի ու մահուան մասին կը խօսինք, կեանք ըլլալով կը հասկնանք մեր այս ապրած ու տեսած մթնոլորտը՝ պայմանաւորուած ֆիզիքական գոյութեամբ, մահն ալ կ՚ընդունինք ու կը կարծենք ոչնչացում եւ այսպէսով կը դժուարանանք հասկնալ յաւիտենական կեանքը եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը։

Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց՝ որ դուրսէն են, ամէն բան առակներով կ՚ըլլայ. Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք» (Մարկոս 4-14, 4-30)։

Ուրեմն ի՞նչ է կեանք եւ ի՞նչ է մահը։

Կեանքը Աստուծոյ ստեղծագործութեան ամբողջութիւնն է եւ բոլորը, ինչպէս Յովհաննէս աւետարանիչ կ՚ըսէ, Ամենակալին խօսքով կատարուած է. «Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ» (Յովհ.1)։

Ստեղծագործութեան պատմութիւնը եկեղեցիներու մէջ մանաւանդ Ս․Ծննդեան ու Զատկուան ճրագալոյցերուն առաջին սուրբգրային ընթերցում ըլլալով կը կարդացուի։ Իսկ մահը՝ նոյնպէս ըստ Ս. Գիրքի, Աստուծոյ խօսքէն հեռանալու հետեւանք է։

Երբ մէկը կը զգուշացնենք որեւէ սխալի մը դէմ, անգիտակցաբար, բան մը չ՚ըլլար, ըսելով կը պատասխանէ. բայց եւ այնպէս այդ պահուն իսկ չըլլայ, սխալները իր հետեւանքները կ՚ունենան անպայման։

Նոյնը պատահեցաւ Ադամ եւ Եւայի օրերուն. իրենց մեղանչած օրն ու պահն չինկան ու չմեռան, նոյնիսկ Ադամ իննհարիւրերեսուն տարի եւս ապրեցաւ մեղանչելէ վերջ։ Բայց անհնազանդութեան արդիւնքները իրենց մեղանչած պահուն իսկ սկսան իր աւերները գործել, եւ թերեւս իրենք իսկ խորհեցան, որ բան մը չէր պատահած, բայց մահուան առաջնորդող ճանապարհը իրենց առջեւ լայն բացուած էր. այլ իմաստով նոյն պահուն մեռան։

Բայց Աստուած առաջին օրէն իսկ մարդուն տուաւ յարութեան յոյսը եւ աւետիսը, որոնք պիտի իրականանային ապագային։ «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդ. 1-15)։

Աստուծոյ փրկութեան այս ծրագիրը երկկողմանի ըլլալով պիտի իրականանար, նախեւառաջ մարդը պէտք էր գիտակցեր, որ մահուան պատճառը ինքն է։ Ադամի այս մեղանչումը մարդկութեան մահուան պատճառ եղած է եւ Աստուծոյ պէտք է դառնայ ամէն ոք ու ապաշխարէ։

Ոճիր մըն էր մարդուն գործած մեղքը. երեւակայենք մէկը, որ անձնասպան կ՚ըլլայ եւ նոյն պահուն ուրիշներու ալ մահանալուն պատճառ կը դառնայ. ձեւով մը նոյնն էր եղածը։ Այս ոճիրին վնասը որո՞ւ կողմէ եւ ինչպէ՞ս պիտի հատուցուէր. Ոճիրին պատիժը՝ մահը ո՞վ իր վրայ պիտի առնէր, որպէսզի մարդը ազատ արձակուէր մահուան դատապարտութենէն ու դարձեալ արժանանար յաւիտենական կեանքի։

Ամէն վնաս իր հատուցման կը կարօտի, ոչ մէկ վնաս առանց հատուցումի կրնայ ներուիլ եւ ներողը հատուցողը կ՚ըլլայ միշտ։ Ուրեմն, ոճիրին կեանքին հատուցումը ո՞վ կրնար հատուցանել, քանի կեանքի տէրը Աստուած է, մարդը Աստուծոյ կրնա՞յ բան մը հատուցել։

Սուրբ պատարագներու միջոցին պատարագիչ քահանային կողմէ շատ գեղեցիկ նախադասութիւն մը կ՚ուղղուի Աստուծոյ.

«Եւ զՔոյս ի Քոյոց Քե՜զ մատուցանեմք ըստ ամենայնի եւ յաղագս ամենեցուն». եւ քեզի պատկանողները, բոլորին անունով, եւ բոլորին համար Քեզ՝ կը մատուցենք։

Ինչո՞ւ Աստուած տասը պատուիրաններուն մէջ տուաւ այն պատուիրանը, «Մի՛ սպաններ», սաղմոսերգուն կ՚ըսէ «Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել։ Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, երբեք կարելի չէ գոհացնել» (Սաղ. 49-7)։

Աստուած երբ Աբրահամէն ուզեց, որ իր Իսահակ զաւակը զոհէ, որ քննութիւն մըն էր, փոխանակ առնելու Ինք տուաւ զոհը, ինչպէս մենք գիտնանք, թէ Ան է կեանքի տէրը։

Աստուած իր ողորմութեամբ մարդուն վնասը իր վրայ առաւ ու իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ ղրկեց իբրեւ յաւիտենական զոհ ու փրկանք։

Այս զոհին որքան մեծ շնորհ մը ըլլալը պէտք է հասկնալ. բայց ոմանք դարձեալ անփոյթ գտնուեցան ինչպէս աւետարանիչը կ՚ըսէ․

«Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին» (Յովհ. 1-11)։

Առաքեալներ, Յիսուսի հետեւող կիներ, հրաշքներու ներկայ եղող ժողովուրդը եւս տատամսումի մէջ էին, երբ Յիսուս խաչի վրայ զոհուեցաւ։

Մարդկութիւնը չէր հասկցած, որ Կեանքի Տէրը մեր մօտ եկած էր, մեր մեղքը հատուցելու։ Ամէն մէկը իր միտքով եւ աշխարհիկ չափանիշներով կ՚ուզէր հասկնալ պատահածները։

Աշակերտներէ ոմանք կը խորհէին, թէ Յիսուսէ վերջ իրենցմէ ո՛վ պիտի ըլլայ մեծը։ Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարթա եւ Մարիամ կ՚ըսէին. եթէ հոս ըլլայիր, ան չէր մեռներ։ Ժողովուրդէն ոմանք կ՚ըսէին. այսքան հրաշքներ կատարեց, կոյրերուն աչքերը բացաւ… Գերեզման գացող կիներ չէին հասկցած, որ Յիսուս յարութիւն առած է ու կը կարծէին, թէ մէկը գողցած է մարմինը. ոմանք յարութեան դիմաց զարմացած կ՚ուզէին Յիսուսի վէրքերուն դպչիլ՝ հաւատալու համար. Պետրոս առաքեալ Յիսուսը ձերբակալելու եկող զինուորներէն մէկուն ականջը կը փրցնէր Յիսուսը փրկելու դիտումով։

Ինչպէս վերեւ ըսինք, շատեր կեանքը ու անոր տէրը չեն հասկցած, նաեւ Աստուծոյ մեզ պատրաստած փրկութիւնը ըմբռնելու դժուարութիւնը ունին։

Մեզմէ ոմանց համար մահը վերջ է, իսկ ճշմարիտ քրիստոնեային համար՝ յաւիտենական յոյսը միշտ ի զօրու կը մնայ, իսկ մահը իր զօրութիւնը կորսնցուցած է այլեւս։

«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ։ Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ուժը՝ օրէնքը։ Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։ Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով» (Ա Կորն. 15-55), կ՚ըսէ առաքեալը, նաեւ կ՚աւելցնէ.

«Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերով տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին. (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ)։ Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ» (Ա Յովհ. 1․1-5)։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի

ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2019