ՅԻՇԵԼՈՎ ՋԻՒԱՆԻՆ…

Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարող ամերիկեան խմբակին պետը՝ Տաքթըր Ֆաուչի, հաստատեց իրականութիւն մը, որ ամերիկացիք ու աշխարհը շաբաթներէ ի վեր գիտէին. «Եթէ վարակին դէմ աւելի կանուխ շարժէինք, այսքան զոհ չէինք տար…»:

Ֆաուչիի սլաքը միայն նախագահ Թրամփի եւ իր անատակ ու համբակ գործակիցներուն չէ ուղղուած, այլ աշխարհի բոլոր երկիրներու այն վարիչներուն, որոնք շաբաթներ ու ամիսներ շարունակ անտարբեր կանգնեցան եւ այլ հաշիւներ հետապնդեցին, արհամարհելով ոչ-անտեսելին: Հազուադէպ էին պետական այն պատասխանատուները, որոնք կանուխէն կամ կարճ ուշացումով ճիշդ շարժեցան, իրենց երկիրներուն խնայելով շա՜տ աւելի ողբերգական պայմաններ: Այդ երկիրներուն շարքին են Հարաւային Քորէա, Դանիա, մինչեւ իսկ նոյնինքն Չինաստան, Լիբանան ու Հայաստան:

Աշխարհը ցնցող ու երկրէ երկիր ահազանգի արձագանգներ տարածող պատուհասը, որ ո՛չ սահման, ո՛չ գաղափարաբանութիւն, ո՛չ ալ ցեղային կամ կրօնական խտրութիւն կը դնէ իր զոհերուն միջեւ, պիտի պարտուի ի վերջոյ, եւ նախանշանները սկսած են ի յայտ գալ հոս-հոն: Երկուշաբթի, 13 ապրիլին, Գերմանիոյ իշխանութիւնները յայտնեցին, որ գիտութեան մարդիկը արդէն խորհուրդ կու տան, թէ ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ զգուշաւորութեամբ կրնան առնուիլ բնականոն կեանքի վերադառնալու առաջին քայլերը: Սպանիոյ մէջ, հանրային փոխադրամիջոցներուն հսկող տարազաւորներ ճամբորդողներուն ձրիաբար դիմակ կը բաժնէին: Տարբեր երկիրներու մէջ, ի շարս որոնց՝ Հայաստանի, ճամբաներու վրայ գործի լծուած են հականեխիչ դեղեր սփռողներ: Սակայն ամենէն ազդու կանխարգիլումը՝ արդէն փաստուած է, որ ՉՎՐԱՐԿՈՒԻԼՆ ու ՉՎԱՐԱԿԵԼՆ է, այսինքն, հաւաքական վայրերու մէջ դիմակ կրելը, անձերու միջեւ տարածութիւն պահելը եւ նման կանխարգելող միջոցներ, որոնց մասին բժիշկներ, գիտուն մարդիկ կը քարոզեն մօտաւորապէս երեք ամիսէ ի վեր, սակայն համապատասխան ընդառաջում սկսան գտնել միայն այն ատեն, երբ կացութիւնը արդէն սկսած էր դառնալ աղէտալի, իսկ չհիմնաւորուած ամբաստանութիւններն ու «գիւտեր» այլապէս կը մտրակահարէին ահ ու սարսափի մթնոլորտը:

Ինչ որ կը լսենք, կը կարդանք՝ մեզ պէտք է համոզէ, որ աղէտին թափը սկսած է կոտրուիլ, պայմանաւ որ մարդիկ՝ զանգուածներ շարունակեն հետեւիլ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ու ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ձայնին: Ըսուածներէն կարելի է հետեւցնել, որ վարակուողներու թիւը յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն պիտի սկսի քայլ առ քայլ նահանջ արձանագրել, դարմանուողներուն թիւը յաւելում պիտի արձանագրէ, իսկ զոհերուն թիւն ալ բնականաբար պիտի նուազի: Այս տրամաբանութեան հիմը այն է, որ անձի մը վարակուած ըլլալը ի յայտ կու գայ առաւելագոյնն 10-15 օրէն, ապաքինումն ալ կը տեւէ մօտաւորապէս նոյնքան (անշուշտ եթէ վարակակիրը չ՚իյնար անբախտ զոհերու ցանկին մէջ): Նորագոյն տուեալներով, ապաքինողներուն համեմատութիւնը արդէն անցած է 20 առ հարիւրը…: Այլ խօսքով, եթէ զանգուածները անսան գիտութեան մարդոց թելադրանքներուն, վարակը նահանջէ այլ ճամբայ չունի: Իսկ եթէ պատահի, որ դեղ ու պատուաստ ալ հնարուին, արդէն յառաջիկայի վատ հաւանականութիւնները ի սկզբանէ նահանջի մատնուած կ՚ըլլան: Նոյնքան կարեւոր է այն, որ պետական պատասխանատուներ ճիշդ ուղի թելադրեն զանգուածներուն, իրենց տեսողութեան դաշտերը չսահմանափակեն տնտեսական հաշիւներով (բնականաբար կարելի չէ արհամարհել տնտեսական ու, անոր կապուած՝ ընկերային երեսները, սակայն ի՛նչ որ ալ ըլլան հաշիւները, մարդոց կեանքերուն փրկութիւնը նախապատիւ առաջնահերթութիւն է անկասկած):

…Մեր իմաստուն աշուղը՝ Ջիւանի, հաւանաբար միտքէն չէր անցուցած, որ իր՝ «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՚երթան» երգը, առածի կարգ անցած իմաստութիւնը, օր մը տարբեր հնչեղութեամբ պիտի հասնէր մարդոց: Սա զգացական եւ չափազանցեալ լաւատեսութիւն պէտք չէ նկատել, այլ դէպքերու ԲՆԱԿԱՆ զարգացումին ելքը, մի՛շտ յուսալով, որ անբնական արարածներ՝ վերի կամ վարի արտերէն, պատճառ չըլլան բնական ընթացքին խափանման կամ դանդաղումին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020