ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԱՄ ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻ
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շաբաթ օր, 22 ապրիլին, թերթս լոյս պիտի չտեսնէ, միաժամանակ, նկատի ունենալով, որ անցեալ շաբաթ օրուան մեզի յատկացուած սիւնակով անդրադարձանք Յինանց շրջանի առաջին կիրակիի մասին, ապա այսօրուան մեր սիւնակը կը տրամադրենք նոյն նպատակին, որպէսզի պահպանենք շարունակականութիւնը Յինանց կիրակիներուն:
Ս. Յարութեան յաջորդող երկրորդ կիրակին կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի: Այս տօնը յատուկ է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին, այսինքն՝ միւս եկեղեցիները չունին այս տօնը:
Ստեփան Մալխասեանց, իր «Հայերէն բացատրական բառարան»ին մէջ այսպէս կը բացատրէ Աշխարհամատուռ բառը. «1. Մատուռ, ուր համայն աշխարհը կը դիմէ, քրիստոնէական առաջին մատուռը, որ առաքեալները հիմնեցին Սիոնի Վերանտան մօտակայքը: 2. Ընդհանրապէս՝ որեւէ երկրի գլխաւոր կաթողիկէ եկեղեցին: Աշխարհամատրան կիրակի, Զատիկէն ետք երկրորդ կիրակին, Կանաչ կիրակի»:
Այս կիրակի օրուան՝ 23 ապրիլ 2023-ի Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.
Գործք Առաքելոցէն 9.23-31:
Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակէն 2.1-10:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 2.23-3.12:
Առանձնացնենք երեք կէտեր.
ա. Սուրբ Հոգին օգնական.
բ. Աստուծոյ ժողովուրդն ենք.
գ. Վերստին ծնելու անհրաժեշտութիւնը:
ա. Սուրբ Հոգին օգնական. Գործք Առաքելոցի նշուած հատուածներուն մէջ կը խօսուի Սօղոսին [Պօղոսին] Դամասկոսէն փախուստի մասին՝ հաւատացեալներուն զինք զամբիւղի մը մէջ դնելով պարիսպէն վար իջեցնելով, Երուսաղէմ գալու մասին եւ ապա ատկէ ալ դէպի Կեսարիա փախուստին մասին, որով այդ շրջաններու քրիստոնեայ հաւատացեալները կը վախնային, որ յանկարծ հրեաները չվնասէին անոր, որովհետեւ անոնք՝ հրեաները, կը սպառնային Սօղոսը սպաննել:
Ապա Գործք Առաքելոցին հեղինակը կը գրէ. «Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար: Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղովը կ՚ապրէին» (Գրծ 9.31): Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչ, ով հեղինակն է նաեւ Գործ Առաքելոցին, կը խօսի Սուրբ Հոգիի օգնութեան մասին: Արդարեւ, եկեղեցւոյ կեանքը կը յատկանշուի Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ հաւատացեալներուն կեանքերէն ներս: Այսօր, դժբախտաբար, յատկապէս մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն քարոզներէն Սուրբ Հոգին վերացած է. շատ քիչերն են, որոնք իրենց քարոզներուն մէջ կ՚անդրադառնան Սուրբ Հոգիին մասին եւ Անոր ունեցած դրական եւ էական ներգործութեան մասին՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքէն ներս: Չմոռնանք, որ Տէր Յիսուս Իր առաքեալներուն ընդմէջէն՝ բոլոր մարդկութեան խոստացաւ հետեւեալը. «Ձեզի համար լաւ է որ Ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ Ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի: Երբ Անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, Իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը: Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ Ինծի չեն հաւատար, Իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ Ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է։
Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ։ Բայց երբ գայ Ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, Անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ Անիկա Ինքն Իրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։ Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ Ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ Իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ Ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի» (Յհ 16.7-15):
բ. Աստուծոյ ժողովուրդն ենք. Պետրոս առաքեալ իր նամակին վերոնշեալ հատուածին մէջ կը խօսի Կենդանի Վէմին՝ Քրիստոսի եւ սրբուած նոր ազգին՝ քրիստոնեաներուն մասին, ուր ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը Անոր՝ որ ձեզ խաւարէն Իր սքանչելի լոյսին կանչեց: Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա Իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էիք Անկէ» (Ա. Պտ 2.9-10): Արդարեւ, մինչեւ Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը՝ հրեայ ժողովուրդն էր, սակայն, անոնք մերժելով Քրիստոս Փրկիչը ընդունիլ, այդ ընտրեալ ըլլալու իւրայատկութիւնը սկսաւ տարածուիլ բոլոր այն ժողովուրդներուն վրայ, որոնք ընդունեցին եւ կը շարունակեն ընդունիլ զՔրիստոս որպէս Տէր եւ Փրկիչ: Մեր ժողովուրդը Քրիստոսի լոյսը առաջին հերթին ստացաւ Տէր Յիսուսի անմիջական աշակերտներէն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթուղիմէոս առաքեալներէն եւ ապա այդ լուսաւորումը իր կնիքը ստացաւ մեր երկրորդ լուսաւորիչին միջոցով՝ Սուրբ Գրիգորով: Քրիստոսի լոյսը ընդունելով, մենք եւս վերածուած ենք սուրբ ազգի մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը դարձած ենք. դժբախտաբար, սակայն, այս վերջին ժամանակներուն այդ բոլորը վերածուած են պարզապէս հպարտութեան, այսինքն՝ խօսքով կը հպարտանանք, թէ քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդն ենք, այս ենք, այն ենք, սակայն մեր գործերով շա՜տ հեռու ենք Աստուծմէ:
Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին տարիներուն աշխարհաքաղաքացիութեան մոլուցք մը ծայր առած է, եւ գառնուկի տեսքով գայլեր՝ սատանայի սպասաւորներ ամէն կերպով կ՚աշխատին խախտել ու կազմաքանդել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, տարբեր ու զանազան պատճառաբանութիւններ յառաջ բերելով: Այդպիսիները կը մոռնան սակայն, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին այս կամ այն հոգեւորականին սեփականութիւնը չէ, թէ Հայ Եկեղեցին այս կամ այն հոգեւորականին վրայ չէ՛ հիմնուած, այլ՝ Կենդանի Վէմին, որուն մօտենալ կը թելադրէ մեզի Պետրոս առաքեալ, ըսելով. «Մօտեցէ՛ք Անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ Ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է» (Ա. Պտ 2.4): Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ պայքարելով, ո՛չ թէ մարդոց դէմ կը պայքարիք, այլ՝ Քրիստոսի: Չկարծէք, թէ դուք Քրիստոսէ աւելի նախանձախնդիր էք Իր տան նկատմամբ, եթէ մենք որպէս մարդիկ մինչեւ մեր դիմաց եղող լեռը կը տեսնենք՝ եւ հետեւութիւններ կը կատարենք, ապա Քրիստոս այդ լեռնէն ալ անդին կը տեսնէ, հետեւաբար մեր մարդկային սին ու փուճ փառասիրութեան յագուրդ տալու համար, կամ մենք մեզ նախանձախնդիր ցոյց տալու համար Աստուածամարտ չդառնանք…:
գ. Վերստին ծնելու անհրաժեշտութիւնը. Յովհաննէս Աւետարնին 3-րդ գլուխին 1-12 համարներուն մէջ Աւետարանիչը մեզի կը ներկայացնէ այն դէպքը, երբ փարիսեցի մարդ մը՝ Նիկոդեմոս անունով Յիսուսին կը մօտենայ եւ իր հիացումը կը յայտնէ, յայտարարելով, թէ Աստուած Իր հետ է: Տէր Յիսուս անոր այսպէս կը պատասխանէ.
-Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ Արքայութիւնը (Յհ 3.3): Նիկոդեմոս, որ տարիքով մեծ էր, կը զարմանայ. թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեծ մարդ մը վերստին ծնի: Յիսուս փարատելու համար անոր զարմանքը, կը պատասխանէ անոր.
-Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։ Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք։ Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՚երթայ։ Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին (Յհ 3.5-8)։
Վերստին ծնունդը Սուրբ Մկրտութեան Աւազանէն մարդուն ծնիլն է, ջուրէն եւ Հոգիէն։ Առաջին կէտին մէջ անդրադարձանք, որ այսօր մեր Եկեղեցիէն ներս ձեւով մը Սուրբ Հոգին բացակայ է մեր կեանքէն ներս, սակայն, ահաւասիկ, Տէր Յիսուսի իսկ վկայութեամբ, եթէ մարդ արարածը Սուրբ Հոգիէն չծնի, աւելին Սուրբ Հոգին չունենայ իր մէջ, Սուրբ Հոգիով չապրի, ապա չի՛ կրնար Երկինքի Արքայութիւն մտնել: Մկրտութիւնը միայն պայման չէ՛ Արքայութիւն մտնելու, այլ՝ Մկրտութեամբ ստացած Սուրբ Հոգիով ապրիլը, Աստուծոյ Կամքով ընթանալն ու Քրիստոսի խաչը համբերութեամբ կրելն են գրաւականը մեր Արքայութիւն մուտք գործելուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
17 ապրիլ 2023, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024