ԻՐԱՆԻ ՀԱՐՈՒԱԾԷՆ ԵՏՔ, ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԹԻՐԱԽԸ ԼԻԲԱՆԱ՞ՆՆ Է

Լիբանանէն հասած լուրերը բաւական մտահոգիչ են։ Արդեօք Իրանին դէմ Իսրայէլի հակահարուած-պատասխանի գետինը պիտի դառնայ Լիբանանի՞ հարաւը։

Նախ պարտիմ նշել, որ յատկապէս անցեալ օրերուն Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային գօտին մեծ լարում ապրեցաւ եւ երկու կողմերը՝ Իսրայէլն ու «Հիզպուլլահ»ը անօրինակ հարուածներ տուին իրարու։ Ի հարկէ, բարդ պատկեր մը ստեղծեց նամանաւանդ «Հիզպուլլահ»ի հարուածը, որ թիրախ դարձուց Իսրայէլի բանակի անվտանգային գաղտնի սպասարկութեան մէկ կեդրոնը, ուր վիրաւորուեցան իսրայէլացի տասնեակ զինուորներ։

Բաց աստի եւ յատկապէս Փարիզէն լսելի դարձած մտավախութիւնները ցոյց կու տան, որ չէ բացառուած, թէ Իսրայէլ ջղայնութիւնը պարպէ Լիբանանի գլխուն։ Նախ ցրելու համար Կազզէի պատերազմին անարդիւնաւէտ փուլ մը մտած ըլլալու հանգամանքը եւ ապա ալ փակելու համար Իրանի հարուածին մասին ստեղծուած ահ-գոլորշին, որ գրեթէ Իսրայէլի ամէն տուն մտած է՝ որպէս վախ, մտահոգութիւն ու ապագայի հանդէպ անորոշութիւն։

Լիբանանը Իսրայէլի համար «իւղոտ պատառ» է նոր օրակարգ բանալու, պատերազմին նոր շեշտեր տալու ու մէկ խօսքով՝ գնդակը իր դաշտէն դէպի այլ կողմ նետելու առումով։

Այս բոլորին առընթեր Ֆրանսա, որ անաչառ բարեկամի դերով հանդէս կու գայ, Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթին հրաւիրած է Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի վարչապետին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հանդիպումը, որու մասին լուրերը մեծ անակնկալի շեշտերով լսուեցան։ Լիբանանը, ի հարկէ, կարիք չունի նոր արկածախնդրութեան, սակայն «Հիզպուլլահ»ը, որ շատ լաւ գիտէ, թէ այս փուլին այդպիսի քայլ մը կատարելը շատ թանկ պիտի նստի Լիբանանի վրայ՝ կը շարունակէ անդրդուելի մնալ ու գլուխ պահել՝ հաշուարկելով, որ Իսրայէլ նոյնպէս պատրաստ չէ Լիբանանի սահմանին արկածախնդրութեան մը երթալ։ Ռազմական տեսակէտէ դիտուած՝ բաւական դժուար է պատկերացնել, որ երկու կողմերը մեծ պատերազմի կրնան վազել, սակայն չի բացառուիր, որ Իսրայէլ վրէժ լուծէ (Իրանի դէմ) Լիբանանի մէջ եւ դիպուկ ու թիրախային հարուածներ տայ «Հիզպուլլահ»ի կարեւորագոյն կէտերուն։ Այս առումով եւս Սուրիոյ պարագան չէ բացառուած, ուր կան ո՛չ միայն «Հիզպուլլահ»ի, այլեւ՝ Իրանի ռազմաքաղաքական միաւորներու բարձրագոյն վերակացուներ։

Այս բոլորէն անդին ու խօսելով Իսրայէլի պարզած իրավիճակին մասին, արդէն յստակ է, որ ներկայ փուլին եւ հակառակ զանազան մակարդակներու վրայ ճնշումներուն՝ Իսրայէլի մէջ հաւանական եւ ներքին փոփոխութեան մը մասին մտածելը կամ խօսիլը գրեթէ անիմաստ է։

Ճիշդ է, Իսրայէլի հասարակութիւնը լաւ հասկցած է, որ իր ընտրած վարչապետը եւ անոր գլխաւորած կառավարութիւնը յայտնուած է փակուղիի մէջ, բայց այդ մէկը նոյնիսկ որոշիչ չէ։ Խնդիրը այն է, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Նեթանիյահուն եւ այդ փոխարինող անձնաւորութիւնը ի՛նչ պայմաններու ներքեւ պիտի գծէ նոր սահմաններ ու դնէ խաղի նոր կանոններ։

Իսրայէլի բանակը, որ կը թուի բաւական յոգնած ըլլալ Կազզէի մէջ, եօթներորդ ամիսը բոլորած պատերազմին կը փորձէ պահել իր պատրաստուածութեան մակարդակը։ Բացի բանակին պարզած իրավիճակէն ու անկախ անկէ, թէ անոր բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը ունի որոշ վերապահումներ երկրի քաղաքական վերնախաւի որոշումներուն եւ առհասարակ գործունէութեան վերաբերեալ, բանակը տակաւին կը շարունակէ հաւատարմօրէն հետեւիլ վարչապետ Նեթանիյահուի ցուցմունքներուն։

Այստեղ, անշուշտ, կայ ներհուն եւ գրեթէ կարծրատիպ դարձած ընկալում մը, որուն հիմքով ալ Իսրայէլի թէ՛ քաղաքական կողմերը, թէ՛ հասարակութիւնը եւ թէ բանակը ոչ մէկ պարագայի բողոքելու կամ իրենց բողոքները քայլերու վերածելու կը միտին այնքան ժամանակ, երբ Իսրայէլ պատերազմ կը մղէ իր թշնամիներուն դէմ։ Ու թերեւս այդ է պատճառը, որ այս փուլին ներքին շարժում մը կամ քաղաքական աշխոյժ գործընթաց մը ակնկալելը պարզապէս միամտութիւն կը համարուի։

Իսրայէլ շատ լաւ հասկցած է, որ մասնաւորապէս այս փուլին կրակը դադրեցնելը կամ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլը ոչ միայն պատճառ կրնան դառնալ, որ «Համաս» շարժումը վերագտնէ իր ուժը ու դարձեալ ոտքի կանգնի, այլ որեւէ մակարդակի կրակմար կամ հրադադար «Համաս»ին պիտի տայ նոր ուժ եւ անոր տիրականութիւնը դարձնէ մշտական։ Այս տուեալն է թերեւս, որ վերլուծողներուն հիմնաւոր առիթ մը կու տայ համոզուելու, թէ Իսրայէլի առջեւ կան երկու ընտրանք, որոնց երկուքն ալ դառն են ու լեղի։

Առաջին ընտրանքը դէպի Ռեֆահ ռազմական գործողութիւն մը կատարելն է, իսկ երկրորդը՝ Լիբանանի հետ սահմանային շրջանին ռազմական լայնածաւալ, բայց սահմանուած «մինի պատերազմ» մը սկսիլը։ Երկու պարագաներուն ալ ռիսքերը բաւական մեծ են Իսրայէլի համար, բայց եւ այնպէս, մինչ առաջինի պարագային Իսրայէլ բախումի կրնայ երթալ երկար տարիներով իր հետ լեզու գտած Եգիպտոսին հետ, երկրորդի պարագային՝ որեւէ հարուած թիրախաւորած պիտի ըլլայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, որ «Հիզպուլլահ» կազմակերպութեան գլխաւոր հովանաւորն է։ Ու այս պատճառներով է նաեւ, որ դէպի Ռեֆահ գործողութիւն մը պիտի ունենայ շատ աւելի դառն հետեւանքներ՝ քան այն հարուածը կամ հարուածները, որոնք պիտի ուղղուին Լիբանանին դէմ։

Այս կէտին պէտք է հասկնալ այն վարկածը, թէ ինչո՛ւ Իսրայէլ Լիբանանը հարուածելու ժամանակ պիտի գոհանայ միանուագ եւ բազմաբեւեռ հարուածներով, որոնք, անշուշտ, հեռու են մեծ պատերազմի դրոյթներէն։

«Հիզպուլլահ», որ ունի Իսրայէլին դիմակայելու բաւական մեծ փորձառութիւն, ինչպէս այս օրերուն, ծանր հարուածներու պարագային ալ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ պաշտպանելու համար իր դիրքերը եւ ներկայութիւնը Լիբանանի հարաւային շրջաններուն, նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ։

Չի բացառուիր, անշուշտ, որ «Հիզպուլլահ»ը որոշ ժամանակով մը քաշուի դէպի իր ներքին խուցերը, բայց եւ այնպէս, այդ մէկը երբեք չի նշանակեր, որ որեւէ հարուածի մը կամ հարուածներու պարագային «Հիզպուլլահ»ը խաղի այս փուլէն դուրս գայ եւ յայտարարուի, որպէս պարտուած կողմ։

Այս բոլորը հաշուառելէ անդին, ամենատխուրը այն է, որ որեւէ հարուածի պարագային բուն եւ իսկապէս վնասուած կողմը պիտի ըլլան Լիբանանն ու երկրի շարքային քաղաքացիները, որոնք արդէն երեք ամիսէ ի վեր եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՚ապրին համատարած պատերազմի մը հաւանականութեան մեծ լարումն ու ահը։

Ամէն պարագայի, բոլոր նշանները կան, որ Կազզէի պատերազմը հասած է իր վերջին փուլին ու շատ բան կախեալ է այն հիմքէն, թէ ի՛նչ աւարտ պիտի ունենայ այս պատերազմը՝ օդոլորտին մէջ պարզելով եւ ցոյց տալով նոր հաւանական պատերազմի մը հին-նոր ուրուականը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024