«ՀԱՄԱՍ» ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ ՍԵՄԻՆ

- Տո­հա­յի նոր վա­ւե­րա­թուղ­թը

«Պա­ղես­տի­նը պա­ղես­տին­ցի ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դին եր­կիրն է: Եւ այդ հո­ղին վրայ հաս­տա­տուած է իս­լա­մու­թիւ­նը ու տա­րա­ծած իր վսեմ գա­ղա­փար­նե­րը»։ Այս տո­ղե­րով սկիզբ կ­­՚առ­նէ Մա­յի­սի սկիզ­բին Տո­հա­յի մէջ հրա­պա­րա­կուած «Քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր սկզբունք­նե­րու վա­ւե­րա­թուղ­թ­»ը:

Վա­ւե­րա­թուղ­թը (1 Մա­յիս 2017) կը կրէ ստո­րագ­րու­թիւ­նը պա­ղես­տի­նեան «Հա­մա­ս» շար­ժու­մին, որ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ կը հա­մա­րուի պա­ղես­տի­նեան քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մի երկ­րորդ գլխա­ւոր ու­ժը:

14 Դեկ­տեմ­բեր 1987 թուա­կա­նին Շէյխ Ահ­մատ Եա­սի­նի եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րուն ճի­գե­րով հիմ­նադ­րուած շար­ժու­մին հիմ­նա­կան նպա­տա­կը ե­ղած է զի­նեալ պայ­քար մղե­լով հաս­նիլ պա­ղես­տի­նեան գրա­ւեալ հո­ղե­րու վե­րա­տի­րաց­ման: Շար­ժու­մը կա­րե­ւոր զար­թօնք կ՚ապ­րէր 2006 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ի վեր եւ ան­կէ ետք էր նաեւ, որ «Հա­մա­ս» կը հան­դի­սա­նար Կա­զզէի շրջա­նը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռած ուժ:

Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Կա­զզէի դէմ շղթա­յա­զեր­ծուած մի քա­նի պա­տե­րազմ­նե­րու ըն­թաց­քին (մաս­նա­ւո­րա­պէս 2014 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մին) «Հա­մա­ս» ու իր շուրջ հա­մախմ­բուած զի­նուո­րա­կան թե­ւե­րը կը յա­ջո­ղէին բա­ւա­կան ու­ժեղ դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տալ, իսկ իս­րա­յէ­լեան կող­մին Կա­զզէի մէջ պա­ղես­տի­նեան զինուո­րա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը ոչն­չաց­նե­լու մա­սին ե­ղած բո­լոր ծրա­գր­­ե­րը կը մնա­յին լոկ խօս­քի սահ­ման­նե­րու ներ­քոյ ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ: «Հա­մա­ս­»ի ընդ­հա­նուր ու­ղիին եւ քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն ծա­նօթ վեր­լու­ծա­բան­նե­րուն հա­մա­ձայն, Տո­հա­յի մէջ հրա­պա­րա­կուած «վա­ւե­րա­թուղ­թ­»ը անս­պա­սե­լի էր: Ոչ միայն պա­ղես­տի­նեան ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ա՛լ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր օ­րա­կար­գե­րու, այլ պարզ ա­նոր հա­մար, որ «4 Յու­նիս 1967-ի սահ­ման­նե­ր»ու վե­րա­դար­ձին մա­սին խօ­սե­լով՝ «Հա­մա­ս» կը ներ­կա­յա­նար բո­լո­րո­վին տար­բեր դի­մագ­ծով:

Քառասուներկու կէ­տե­րէ եւ տասներ-կու գլուխ­նե­րէ բաղ­կա­ցող վա­ւե­րա­թուղ­թը կը խօ­սէր նաեւ «կրօ­նա­կան կամ դա­ւա­նա­կան պատ­ճառ­նե­ր­»ով մար­դոց դէմ պայ­քար չտա­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին ու այդ կեր­պով իր «քա­ղա­քա­կան լէք­սի­քո­ն­»էն դուրս հա­նե­լով հա­կա­սե­մա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը:

Ճիշդ է, որ տա­կա­ւին վաղ է խօ­սիլ այս վա­ւե­րա­թուղ­թի ու­ժին եւ վա­ւե­րա­կա­նու­թեան մա­սին, սա­կայն յստակ սկսած է դառ­նալ, որ «Հա­մա­ս­»ի այ­սօ­րուան ղե­կա­վա­րու­թեան մօտ գո­յու­թիւն ու­նին շար­ժու­մին նոր դի­մա­գիծ մը տա­լու մօ­տե­ցում­նե­րը: «Ահ­մատ Եա­սի­նի որ­դի­ներ» շար­ժու­մի մէկ բան­բե­րին փո­խանց­մամբ, «Հա­մա­ս­»ի առ­ջեւ դրուած է աշ­խար­հին նոր դէմ­քով մը ներ­կա­յա­նե­լու հար­ցը: Ո­րով­հե­տեւ շար­ժու­մը ոչ միայն բարդ կա­ցու­թեան առ­ջեւ կանգ­նած է մաս­նա­ւո­րա­պէս Կազ­զէի մէջ, այլ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած են սուր պայ­քա­րի մը սկսիլ «Հա­մա­ս­»ին ու ա­նոր շուրջ հա­ւա­քուած զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն դէմ, ինչ­պէս նաեւ այդ շար­ժում­նե­րը «հա­ւա­սա­րեց­նե­լ» Ի­ՇԻՊ-ին հետ:

Իբր այդ ալ, «Հա­մա­ս­»ի նախ­կին ղե­կա­վար Խա­լէտ Մաշ­հալ կը շտա­պէր ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նել շար­ժու­մին նոր քա­ղա­քա­կան ըն­թա­ցա­կար­գին հրա­պա­րա­կու­մը:

Մաշ­հալ, որ ա­ւե­լի վերջ կը դադ­րէր շար­ժու­մի ընդ­հա­նուր ներ­կա­յա­ցու­ց­­չի իր պաշ­տօ­նէն, ներ­կա­յա­ցուած վա­ւե­րա­թուղ­թէն օ­րեր անց կը դառ­նար ա­մե­րի­կեան հե­ռուս­տա­կա­յա­նին հիւ­րը ու հիմ­նա­րար ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէր շար­ժու­մի քա­ղա­քա­կան նոր վա­ւե­րա­թուղ­թին մա­սին: Այս ա­ռի­թով էր նաեւ, որ Մաշ­հալ կը վստա­հեց­նէր, որ շար­ժու­մին կող­մէ պատ­րաս­տուած եւ հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուած վա­ւե­րա­թուղ­թը հա­յե­լին էր «Հա­մաս»է ներս տի­րող քա­ղա­քա­կան ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գին եւ հա­մո­զում­նե­րուն:

- Իս­րա­յէլ թե­րա­հա­ւատ

Վա­ւե­րա­թուղ­թի հրա­պա­րա­կու­մին յա­ջորդ օրն իսկ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ժա­մա­նակ չէին փախց­ներ եւ ա­րա­գօ­րէն կը մեկ­նա­բա­նէին ե­ղա­ծը:

Այս­պէս, «Ե­տի­հոթ ահ­րո­նո­թ» պար­բե­րա­կա­նի քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բա­նը՝ Է­լիոր Լի­վիի կար­ծի­քով, «Հա­մա­ս» այդ քայ­լին կ­­՚եր­թար ա­մե­նէն ա­ւե­լի գո­հա­ցում պատ­ճա­ռե­լու հա­մար Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն եւ Ե­գիպ­տո­սին: Լի­վի, որ կը փոր­ձէր չա­փա­ւո­րա­կան ըլ­լալ իր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ, նաեւ կը շեշ­տէր, որ «Հա­մա­ս» մտած է նոր քա­ղա­քա­կան հանգ­րուան մը եւ այդ փու­լի հա­սու­նաց­ման հա­մար կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք տա­րած է Գա­հի­րէն ու յատ­կա­պէս Ե­գիպ­տո­սի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ապ­տըլ Ֆա­թթահ Ալ Սի­սին: Գա­լով Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու կար­ծիք­նե­րուն՝ պէտք է նկա­տել, որ վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նիա­յհու եւ ա­նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մէ­կէ ա­ւե­լի ան­դամ­ներ նոյն հար­ցին մա­սին ե­լոյթ­ներ ու­նե­նա­լով շատ ա­ւե­լի կարծր ո­ճով մը խօ­սե­ցան: Իր կար­գին, Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու «կեղ­ծի­քի թատ­րո­ն» կը հա­մա­րէր «Հա­մա­ս­»ի սոյն քայ­լը՝ շեշ­տե­լով, որ շար­ժու­մը կը շա­րու­նա­կէ Իս­րա­յէ­լի դէմ «մաղձ թա­փե­լ­»ու իր հին-նոր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Նե­թա­նի­յա­հու կը յայ­տա­րա­րէր նաեւ, որ «Հա­մա­ս» ա­ռա­ջին հեր­թին եւ շատ ա­րագ քայ­լե­րով պար­տա­ւոր է դադ­րեց­նել գետ­նու­ղի­ներ փո­րե­լու եւ զի­նուե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը:

Նուազ ծանր չեն Իս­րա­յէ­լի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կիլ­հատ Ար­տա­նի ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոր կար­ծի­քով, «Հա­մա­ս» կը փոր­ձէ խա­բել եւ ստել ամ­բողջ աշ­խար­հին: Կիլ­հատ կը նշէր նաեւ, որ «Հա­մա­ս» սիս­տե­մա­թիք կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նել եւ ա­նոր ջամ­բած կրթու­թիւ­նը հիմ­նուած է «մահ Իս­րա­յէ­լին ու մահ իս­րա­յէ­լա­ցի­նե­րու­ն» վտան­գա­ւոր կար­գա­խօ­սին վրայ:

- Ներ­քին սպա­սո­ղա­կան ճա­կատ­ներ

Երբ անդ­րա­դառ­նանք պա­ղես­տի­նեան «ներ­քին խո­հա­նո­ց­»ին, պէտք է յի­շեց­նել, որ այ­սօ­րուան ի­րադ­րու­թիւ­նը, եւ յատ­կա­պէս «Հա­մա­ս­»ի հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ետք, կը նմա­նի 1988 թուա­կա­նի ի­րա­վի­ճա­կին։ Այդ շրջա­նին «Ֆաթ­հ» շար­ժումն ու ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դը՝ Եա­սէր Ա­րա­ֆա­թ Օս­լո­յի մէջ կա­րե­ւոր բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կ­­՚ու­նե­նա­յին Թել Ա­ւի­ւի բա­նագ­նաց­նե­րուն հետ:

Տե­ղին է յի­շա­տա­կել, որ Օս­լո­յի մէջ սկիզբ ա­ռած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը Իս­րա­յէլ-Ե­գիպ­տոս «Քեմփ Տէյ­վի­տ­»ի (1978թ.) հա­մա­ձայ­նու­թեան «օր­կա­նա­կա­ն» շա­րու­նա­կու­թիւնն են եւ ա­նոնք ա­ւար­տած կը հա­մա­րուին։ 2000 թուա­կա­նին, երբ դար­ձեալ «Քեմփ Տէյ­վի­տ­»ի մէջ կը կնքուէր հա­մաձ­այ­նու­թիւն մը, ո­րուն հիմ­քով ՊԱԿ-ը (PLO) կը դառ­նար իս­րա­յէ­լեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ պա­ղես­տին­ցի­նե­րը ներ­կա­յաց­նող օ­րի­նա­կան մար­մին: Ի տար­բե­րու­թիւն մօ­տիկ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, այ­սօր «ներ­պա­ղես­տի­նեան խո­հա­նո­ց­»ին մէջ յա­ւե­լեալ զգօ­նու­թիւն մը կայ: Ճիշդ է, որ «Հա­մա­ս­»ի շուրջ ե­ղող ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րէն շա­տե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի չէ, նոյ­նիսկ Իս­րա­յէ­լը որ­պէս պե­տու­թիւն ըն­դու­նե­լու դրոյ­թը, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ բո­լոր մար­մին­նե­րը «կը վախ­նա­ն» հան­դէս գալ «շտապ» կամ անսր­բագ­րե­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ալ ներ­քին ճա­կա­տին վրայ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը դառ­նայ ան­բաղ­ձա­լի եւ տուն տայ մեծ բա­ժա­նում­նե­րու:

Այս ծի­րին մէջ պէտք է տե­ղադ­րել «Հա­մա­ս»ի «քոյր կազ­մա­կեր­պու­թեա­ն»՝ «Ճի­հատ իս­լա­մի»ի լռու­թիւ­նը, որ մին­չեւ այս պա­հը կը նա­խընտ­րէ չմեկ­նա­բա­նել Տո­հա­յի վա­ւե­րա­թուղ­թը կամ իր կար­ծի­քը յայտ­նել ա­նոր մէջ հնչած միտ­քե­րուն մա­սին: Այս բո­լո­րէն ան­դին յստակ է նաեւ, որ սիւն­նի աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան նե­ցու­կը վա­յե­լող «Հա­մա­ս» դան­դաղ բայց հաս­տա­տուն քայ­լե­րով կը մտնէ նոր փուլ մը: Շրջա­նի մը մէջ, ուր ծայ­րա­յե­ղա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը հետզ­հե­տէ կը դառ­նան ա­ւե­լի շեշ­տուած, «Հա­մա­ս» կ­­՚ու­զէ փրկել իր դի­մա­գի­ծը եւ հե­ռու մնալ «ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­կում­բ­»էն: Թէ որ­քա­նով ար­դիւ­նա­ւէտ կ­­՚ըլ­լայ «Հա­մա­ս­»ի այս քայ­լը, դեռ յստակ չէ, սա­կայն բա­ցո­րոշ է, որ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րը դրա­կան ի­մաս­տով բա­ւա­կան «տաք» պի­տի ըլ­լան պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար:

Բո­լոր վեր­լու­ծում­նե­րը կը տա­նին մէկ հիմ­նա­ւոր եզ­րա­կա­ցու­թեան, ո­րուն հա­մա­ձայն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի Ա­մե­րի­կան հե­տա­մուտ է նոր ձե­ւա­չա­փե­րով մօ­տե­նալ պա­ղես­տի­նեան խնդրի լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017