ԱՄԵՐԻԿԱ ԵՒ ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԵՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ՄԷՋ «ՆՈՐ ԽԱՂԵՐ»

Անցնող տասն օրերուն ընթացքին նոր տեսակի լարուածութեան աճ կ՚արձանագրուէր Արաբական ծոցի շրջանին մէջ։

Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս Ծոցի երկիրներու նաւթի պաշարներու արտահանման ծովային գիծերուն եւ գլխաւոր նաւահանգիստներուն, ուր նաեւ տեղի ունեցան քանի մը «անհասկնալի» պատահարներ։

Այսպէս, օրինակ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տիրապետութեան տակ եղող եւ համաշխարհային կտրուածքով նաւթի փոխադրման գլխաւոր անցք համարուող «Ալ Ֆուժայրա» կղզիին մօտ իմարաթեան երկու նաւթատար նաւեր յարձակման ենթարկուեցան։ Մինչեւ այս յօդուածին պատրաստութիւնը, ցարդ ոչ մէկ կողմ ստանձնած էր այդ յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը, իսկ Իմարաթի պաշտօնական մարմիններ անշուշտ զանազան պատճառներով դէպքին առընթեր արձանագրուեցան բաւական հանդարտ ու նաեւ խուսափեցան որեւէ կողմի մեղադրանքներ ներկայացնելէ։

Խնդիրն այն էր, որ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ-Իրան այս գերլարուած կացութեան մէջ նման «յարձակումներ»ը կրնային աւելի տագնապալի դարձնել ընդհանուր դրութիւնը, սակայն արաբական կողմէն արտայայտուած զգօն մօտեցումը բոլոր հնարաւոր եւ նոյնիսկ վտանգաւոր զարգացումներուն առջեւ դուռը ժամանակաւորապէս կը փակէր։

Ի դէպ եղած գրոհները կը պատճառէին միայն նիւթական վնասներ, սակայն այս ժամանակաշրջանին Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ նման պատահարները առիթ կը հանդիսանար մէկէ աւելի բարդ հարցադրումներու։

Ովքե՞ր կրնային օգտուիլ նման լարումէ եւ ո՞վ էր այն կողմը, որ շրջանէն ներս տիրող գերլարուած վիճակին մէջ «կը համարձակէր» նման քայլի մը ձեռնարկել։ Նման փուլի մը, «արաբական ջուրեր»ուն մէջ պատահած այս դէպքերուն գլխաւոր «մեղադրեալ»ը պիտի դառնար Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, որուն մասին սակայն արաբական կողմերը ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրին, այլ միայն գոհացան դէպքը դատապարտող պարզ հաղորդագրութեամբ մը։

Ուշագրաւն այն էր, թէ առաջին անգամն էր, որ նման յարձակումներ կը կատարուէին Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ, եթէ մէկդի դնենք Եմէնի հուսիներուն կողմէ մերթ ընդ մերթ տեղի ունեցող դէպքերը, երբ եմէնցի «յեղափոխականներ» պալիսթիք հրթիռներ կը փորձէին հասցնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, նաեւ Պահրէյնի ուղղութեամբ։

Այս մատնանշումներէն վերջ հարկ է նշել, որ այսօրուան կտրուածքով Միջին Արեւելքի մէջ ամենէն լարուած շրջանը «արաբական ջուրեր»ն են անշուշտ, ուր տիրող գերլարուած իրավիճակը եթէ այսօր վերածուի ռազմական բախումներու, որոնք կրնան ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ, ո՛չ միայն Ծոցի արաբական երկիրներուն եւ Իրանին համար, այլեւ նոյնիքն Միացեալ Նահանգներու, որուն գերագոյն ղեկավարութիւնը այս խնդրով վերջնական վճիռ մը կայացնելու լուրջ դժուարութիւն ունի։ Ըստ երեւոյթին, այս շրջանը Միացեալ Նահանգներ-Իրան ընդհանրումի մը հիմնական «կեդրոնատեղի»ն կրնայ ըլլալ։

«ԱԲՐԱՀԱՄ ԼԻՆՔՈԼՆ» ՄԱՐՏԱՆԱՒԸ... ԴԷՊԻ ՏԱՔ ՋՈՒՐԵՐ

Երբ Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի որոշումով ամերիկեան ծովուժի յայտնիներէն «Աբրահամ Լինքոլն» մարտանաւը ճամբայ կ՚ելլէր դէպի Արաբական ծոցի «տաք ջուրեր», վերլուծաբաններէն շատեր կը սկսէին խօսիլ զինուորական հաւանական բախումի մը մասին, առանց սակայն հաշուի առնելու, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործի դրուած որեւէ ծանրակշիռ քայլ անպայման պիտի ունենար իրանեան համապատասխան արձագանգ։

Ի վերջոյ այդպիսի ծանրակշիռ քայլ մը «խաղ ու պար» պիտի չըլլար ամերիկացիներուն համար, որովհետեւ այսօրուան կտրուածքով Իրանի ունեցած զինուորական օդային եւ ծովային ներուժը «խաղալիք» բան չէ։

Այստեղ անշուշտ հարկ է հաշուի առնել ոչ միայն իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու տեսակէտները եւ յայտարարութիւնները, այլեւ նոյնինքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէպի Իրաք, Սուրիա եւ նոյնիսկ Աֆղանիստան գործուղած ուժերուն «վարմունք»ն ու ռազմավարութիւնը։

Այստեղ է նաեւ, որ աւելորդ ճիգի կամ փաստերու հաւաքագրումը կը դառնայ անիմաստ, որովհետեւ բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ Միացեալ Նահանգներու վերջին երկու նախագահներու՝ Օպամայի ու այսօրուան նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան հէնքը օղակուած «հեռու մնալ ռազմական գործողութիւններէ» սկզբունքով։

Միացեալ Նահանգներ ոչ թէ կը սոսկան նոր պատերազմներ մղելէ, այլեւ սկսած են հասկնալ, թէ բացի մարդկային ողբերգութիւններու կուտակումէն, պատերազմները ոչ մէկ լուծման գետին կամ հեռանկար կրնան կազմել։

Ինչպէս վերը նշեցի, այստեղ շատ կարեւոր է հաշուի առնել իրանցի զինուորականներու կատարած յայտարարութիւնները, որոնց միջոցաւ ալ բացայայտ կը դառնայ, թէ Իրանի զինուորական շրջանակները ինչ մակարդակով պատրաստ են զինուորական ընդհանրումի։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ իրանցիներուն համար գլխաւոր թշնամին շրջանի արաբները չեն, այլեւ ամերիկեան ուժերն են։

Կարեւոր է անշուշտ Իրանի «Յեղափոխական պահակներ»ու գլխաւոր հրամանատար զօրավար Հիւսէյին Սալամէի կատարած յայտարարութիւնը, ուր կ՚ըսէր. «Ծոցի մէջ ամերիկեան ուժերու շարժումները մեզի համար մտահոգիչ չեն։ Ճիշդ է, շրջանը լարուածութեան մէջ է, սակայն Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուող բոլոր քայլերը կը միտին պարզապէս հոգեբանական ճնշում գործադրել։ Մենք լաւապէս կը հասկնանք այդ մէկը եւ ըստ այնմ կը շարժինք»։ Զօրավար Սալամէի կողմէ հնչած այս յայտարարութիւնը լսելի կը դառնար յատկապէս այն օրերուն, երբ ամերիկեան հզօր ռազմանաւը նոր կը հասնէր տարածքաշրջան, փոխարինելու համար ամերիկեան այլ մարտանաւ մը, իսկ այս խօսքէն անդին բաւական մեծ տարածում կ՚ունենար իրանեան բանակի օդային ուժերու գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ամիր Հիւսէյին Ալիզատէի ըրած յայտարարութիւնը, երբ ան ի լուր աշխարհին կ՚ըսէր. «Որեւէ սխալ շարժումի պարագային մենք պատրաստ ենք Ամերիկան հարուածել իր գլուխէն»։

Անշուշտ այս բոլորը ձեւակերպելէ եւ յստակ քննութեան ենթարկելէ ետք է, որ պարզ պիտի դառնայ, թէ իրանցիք վախի մթնոլորտի մը մէջ չեն։ Աւելի՛ն, անոնք յենլով զանազան ռազմական ծրագիրներու եւ մօտեցումներու վրայ, պատրաստ են ամէն գնով պայքարիլ ու փորձել «ցաւ» պատճառել ամերիկեան ուժերուն։ Խնդիրն այն է, որ ինչպէս վերը նշեցի, Իրանի հետ որեւէ ձեւաչափի բախումի պիտի չսահմանափակուի միայն Արաբական ծոցին մէջ բախումներու կամ հարուած-հակահարուածներու ընթացքով, այլ պիտի տարածուի ամբողջ Միջին Արեւելքի երկայնքով։ Այդ մէկը անշուշտ հաշուառելու բան է, մանաւանդ, որ խնդրին ծայրը կայ Իսրայէլի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը, ինչ որ ամերիկացիներուն համար որեւէ ժամանակէ աւելի դարձած է էական խնդիր։

ԹՐԱՄՓ. «ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԱՌԱՋ, ԵՐԿՈՒ ՔԱՅԼ ԵՏ»

Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու «վերին մակարդակի» իշխանութեանց մէջ կան լուրջ տարակարծութիւններ։ Խօսքը անշուշտ Իրանի դէմ ռազմական ուժ կիրառելուն մասին է, որուն գլխաւոր ջատագովը, դարձեալ ըստ նոյն աղբիւրին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր պատասխանատու «ծեր աղուէս» համարուած Ճոն Պոլթընն է։

Ամերիկացի վերլուծաբաններ, որոնցմէ շատեր նախագահ Թրամփին հանդէպ առաջուան հեգնանքը չունին, սկսած են «հաւանութիւն տալ» Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան մօտեցումներուն։

Այս առումով ալ ուղենշային սկսած է դառնալ ամերիկայի նախագահին մօտեցումները, որոնք կը միտին պատերազմը առաջ տանիլ բացառապէս «տնտեսական գործիքներ»ով։

Սա անշուշտ թուլութեան նշան չէ, հակառակ անոր, որ Թրամփ տարբեր առումներով ալ յայտնի է իր անկանխատեսելիութեամբ ու «անհասկնալիութեամբ»։

Հոս խօսքը «ամերիկեան փրակմաթիզմ»ի մասին է, որուն ամենավառ ներկայացուցիչն է Տանըլտ Թրամփ։ Անշուշտ այստեղ նպատակը Թրամբի գովքը հիւսելը չէ, սակայն յստակ սկսած է դառնալ, որ Միջին Արեւելքի նկատմամբ առկայ անորոշութեան մթնոլորտին մէջ Թրամփ սկսած է գիտակցիլ, թէ արեան եւ աւերի ճանապարհները զինք կամ իր ծրագիրները յաջողութեան ափ պիտի չտանին։

Ասոր վրայ անշուշտ պէտք է աւելցնել յառաջիկայ տարի՝ 2020 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները, որոնց Թրամփ պիտի մասնակցի՝ որպէս ամենէն հաւանական թեկնածու։ Ու այս առումով ալ որեւէ ծանր քայլ՝ երկարատեւ ընդհարում, կամ անորոշ ելքեր ունեցող խնդրի արծարծում, կրնայ իսկապէս վնասակար դառնալ Թրամփի ընտրարշաւին ու անշուշտ ընտրական ողջ գործընթացին։

Ու այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք արդէն յստակ կը դառնայ, որ հակառակ առկայ լարուածութեան, ամերիկացի եւ արաբ բարձրաստիճան պատասխանատուներու բերնէն հնչած «մեղրածոր» յայտարարութիւնները ի՛նչ նպատակ կը հետապնդեն։

Ամերիկացիք դէմ են, որ շրջանին մէջ նոր պատերազմ մը հրահրուի։ Դէմ է մանաւանդ նախագահ Թրամփ, հակառակ անոր, որ անոր շուրջ «բոլորուած» գործիչներուն մեծ տոկոսը համամիտ է, որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմի բռնուի Իրանի հետ։

Աւարտին ու հաշուի առնելով Թրամփի որդեգրած «վախցիր պատերազմներէն» մօտեցումը այսօր դարձած է «խաղ»ի գլխաւոր կանոններէն մին։ Այնուամենայնիւ, նման խաղաոճ մը՝ եթէ շրջանը հեռու կը պահէ ամեհի պատերազմներու վտանգներէն, այլապէս ալ առկայ խնդիրները լուծելու փոխարէն զանոնք կը փոխադրէ դէպի աւելի մտահոգիչ եւ աւելի խճճուած ընդհանուր տեսարան մը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019