ՊԱՐՈՆ 5%-Ի՝ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ

Երբ Հայոց պատմութեան անցքերուն մէջ կը շրջինք եւ ականաւոր գործիչներու կեանքն ու կատարած ներդրումը կը փորձենք արժեւորել, անկախ մեզմէ, մեր տեսադաշտէն դուրս կը մնան այնպիսի անհատներ, որոնց պատմական ու հասարակական դերն ու նշանակութիւնը, իրականութեան մէջ, պակաս չէ՛ քան քաղաքական, ռազմական, մշակոյթի ու գիտութեան գործիչներունը։

Խօսքը, գործարար աշխարհի հայ ներկայացուցիչներուն եւ առաւելապէս անոնց ծաւալած բարեգործութեան մասին է, որովհետեւ ո՛չ այնքան իրենց վաստակած դրամով, այլ այդ դրամը բարի՛ նպատակներու ծառայեցնելով, անոնք արժանի եւ պատուաւոր տեղ զբաղեցուցած են պատմութեան մէջ։

Բոլոր ժամանակներու հայ անուանի գործարարներուն շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի Գալուստ Կիւլպէնկեան. աշխարհահռչակ գործարար մը, որ տակաւին երիտասարդ հասակին յանդգնեցաւ մտնել քարիւղային գործարարութեան ասպարէզ եւ դարձաւ արդիւնաբերութեան այդ ճիւղի գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը՝ քարիւղային խոշորագոյն ընկերութիւններու մեծագոյն բաժնետէրն ու աշխարհի ամենահարուստ անհատներէն մէկը։

Ան, հայ ազգին առաջին միլիառատէրն էր եւ միակը հայ գործարարներէն, որուն կշիռն ու մեծ վաստակը իրեն թոյլ տուած էին մեծագոյն պետութիւններու իշխանական ամենավերին խաւերուն հետ կապեր հաստատել, ազդել քաղաքական ու տնտեսական միջազգային խոշոր գործընթացերուն վրայ եւ միջնորդել երկիրներու միջեւ ծագած տնտեսական խնդիրները հարթելու համար։

Մշտապէ՛ս տարուած ըլլալով միջազգային տնտեսական գործընթացերու եռուզեռով, եւրոպական գործարարութեան շրջանակին մէջ գտնուելով եւ այդ խաւին յատուկ սովորոյթներով ու հետաքրքրութիւններով ապրելով հանդերձ, Կիւլպէնկեան չդաւաճանեց իր հայկական արմատներուն ու երես չթեքեց իր ազգէն. մանաւանդ այդ ծանր օրերուն, երբ Մեծ եղեռնի հետեւանքով, աշխարհի տարբեր երկիրներով սփռուած հայութեան բեկորները, զրկանք ու կարիքի մէջ, կը փորձէին իրենց ուժերը վերագտնել կեանքի վերադառնալու եւ արժանապատիւ ապրելու համար։

Գալուստ Կիւլպէնկեան ծնած է 1869-ի մարտ 23-ին, Պոլիս, Սկիւտար, կեսարացի հարուստ գորգավաճառ՝ Սարգիս Կիւլպէնկեանի ընտանիքէն ներս։

Սարգիս Կիւլպէնկեանը, ժամանակին օգտակար ծառայութիւններ մատուցած էր սուլթանին, որոնց դիմաց՝ ան Թրապզոնի կուսակալ նշանակուած էր։

Հայ վաճառականը այս պաշտօնէն մեծ օգուտներ քաղած էր իր եւ պետութեան համար. մասնաւորապէս ապահոված էր Ռուսաստանէն Թուրքիա քարիւղի ներդրման գործը։ Այն ատենէն յստակ էր, որ քարիւղի արդիւնաբերումն ու վաճառքը աշխարհի ամենաեկամտաբեր գործն էր ու պիտի մնար, ուստի, երբ հարց ծագեցաւ, թէ ի՞նչ զբաղմունք պիտի ունենայ որդի Գալուստը, առանց երկմտելու, հայրը առաջարկած էր անոր իւրացնել քարիւղարդիւնաբերութեան նրբութիւնները։ Մինչ այդ, պատանին աւարտելով Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանն ու Մարսէյլի Սեն Ժոզէֆ դպրոցը, ընդունուած էր Լոնտոնի Քինկս քոլէճը ու զայն աւարտած՝ հանքարդիւնաբերութեան ճարտարապետ որակաւորումով։

Գալուստը գերազանց ուսանող էր եւ ունէր այն ամէնը, որ անհրաժեշտ էր ապագայ գիտնականի մը համար, ուստի, քոլէճի դասախօսները առաջարկեցին անոր Ֆրանսա մեկնիլ բնագիտութեան մէջ հըմտանալու եւ հաւանաբար այդպէ՛ս ալ ընթանար ամէն ինչ, եթէ համաձայն ըլլար անոր հայրը, որ յստակօրէն յայտարարած էր՝ «Գալուստը պիտի ընտրէ գործարարութեան ասպարէզը…»։

Ան Գալուստը անմիջապէս Պաքու ուղարկեց քարիւղային գործը ուսումնասիրելու եւ ճի՛շդ այդ ուղեւորութեան ընթացքին էր, որ ուշիմ երիտասարդը լիարժէք համոզուեցաւ, թէ իր կեանքի կոչումը՝ քարիւղային արդիւնաբերութիւնը պիտի ըլլար…։

1889-ին, Գալուստ Կիւլպէնեան ֆրանսական առաջատար պարբերականներէն մէկուն մէջ հրապարակեց ռուսական քարիւղի մասին շարք մը յօդուածներ, որոնք մեծ արձագանգ ունեցան։

Երկու տարի անց, այդ յօդուածները հաւաքուեցան գիրքի մը մէջ, որ իր տեսակով, դարձաւ քարիւղի յատկութիւններուն, անոր կիրառման հեռանկարներուն եւ արդիւնաբերութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն վերաբերող միակ գիտական- վերլուծական աշխատութիւնը։

Կիւլպէնկեանի գիրքին հրատարակութենէն վերջ, Օսմանեան կայսրութեան հանքի նախարարը պատուիրեց Գալուստին ուսումնասիրել Պարսից ծոցի ափամերձ շրջանները, պարզելու համար՝ թէ արդեօք այդտեղ կա՞ն քարիւղի հարուստ պաշարներ։

Կիւլպէնկեան իրեն պատուիրուած հետազօտութիւնը կատարեց առանց այդ տարածքները մեկնելու, իր ուսումնասիրութեան հիմք ընդունելով մինչ այդ ուրիշներու կողմէ կատարուած դիտարկումները եւ յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ Պարսից ծոցի շրջանին մէջ քարիւղի պաշարները անսահման են…

Թուրքերը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունեցին այս լուրը, լրիւ գիտակցելով, որ այդ քարիւղը արդիւնահանելու համար իրենց անհրաժեշտ էին բարձրակարգ մասնագէտներ եւ նիւթական մեծ միջոցներ…

Անոնք ո՛չ առաջինը ունէին, ո՛չ ալ երկրորդը եւ ստիպուած էին դիմել Կիւլպէնկեանին՝ այդ բոլոր հնարաւորութիւնները միատեղ ունեցողին։

Քաջ գիտակցելով, որ ան կանգնած է դարի մեծագոյն նիւթական-տնտեսական գործարքի ակունքին, Կիւլպէնկեան որոշած էր օգտուիլ իրեն ընծայուած առիթէն. «Չօգտուիլը՝ անմտութիւն պիտի ըլլար», ինչպէս յետագային արտայատուած էր համաշխարհային մամուլը…

Այսպէս սկսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի յարաբերութիւնը Միջագետքի քարիւղին հետ. յարաբերութիւն մը, որ անխախտ մնաց ամբողջ կեանք մը՝ մօտ 60 տարի։

1892-ին, 23-ամեայ Գալուստը, Լոնտոնի մէջ ամուսնացած էր Նուարդ Եսայեանի հետ, որուն շնորհիւ Կիւլպէնկեաններուն տունը վերածուած էր իսկական բարձրակարգ սալոնի, որուն մշտական այցելուները, արուեստի, քաղաքականութեան եւ գործարար աշխարհի ամենաերեւելի ներկայացուցիչներն էին։

Անշուշտ, որ աս հանգամանքը առաւել եւս նպաստած էր Կիւլպէնկեանի համբաւի ձեւաւորման գործին, քանզի գործարար աշխարհին մէջ խոշոր յաջողութիւնները անհնար են, առանց հասարակական տարրատեսակ կապերու…

Անոնք ունեցան երկու զաւակ. Նուպար-Սարգիսն ու Ռիթա-Սիրվարդը։

1898-ին, Կիւլպէնկեանը նշանակուեցաւ Լոնտոնի եւ Փարիզի թրքական դեսպանատուներու նիւթական հարցերու խորհրդական։ Ան բեղուն գործունէութիւն ծաւալեց եւրոպական խոշոր ընկերութիւններու եւ անհատներու Պարսից ծոցի քարիւղի արդիւնահանման գործին մէջ գրաւելու համար։

Բրիտանական, գերմանական եւ ամերիկեան ընկերութիւնները հետաքրքրուեցան այս հեռանկարով եւ ճի՛շդ այդ ժամանակաշրջանին սկսաւ իրաքեան քարիւղի հանքերու տնօրինման թէժ պայքարը…

1902-ին, Անգլիան, որուն փաստացի քաղաքացին էր Կիւլպէնկեան, խնդրեց հայ գործարարէն բանակցութիւններու սեղան նստեցնել շահագրգռուող ընկերութիւնները, բոլորին համար շահաւէտ համաձայնութեան մը հասնելու համար։

Գալուստ Կիւլպէնկեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ Turkish Petroleum Company ընկերութիւնը, որուն բաժնետոմսերուն 25 առ հարիւր տոկոսին տիրացաւ Անգլիան, 35 առ հարիւրին տոկոսին՝ Թուրքիոյ Ազգային դրամատունը, 25 առ հարիւր տոկոսին՝ գերմանացիները, մնացած 15 առ հարիւր տոկոսին՝ Կիւլպէնկեանը, բայց ան Թուրքիոյ Ազգային դրամատան բաժնետոմսերուն 30 առ հարիւր տոկոսի սեփականատէրն էր, ինչ որ իրաւունք կու տար անոր ձեռք ձգել քարիւղի արդիւնահանման յիշեալ բաժնեմասը, բացի այդ, անգլիացիները յաջող գործարքի համար պարտական էին անոր փոխանցել սեփական եկամուտներու 2.5 առ հարիւր տոկոսը…

Բաժնետոմսերու այսպիսի վերաբաշխումը մեծ կշիռք բերաւ հայ գործարարին, որ փաստացի տնօրինողն ու վերահսկողը դարձաւ ամբողջ Պարսից ծոցի քարիւղարդիւնաբերութեան գործին։

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն վերջ, Միջագետքի քարիւղարդիւնաբերութեան բաժնետոմսերը վերաբաշխուեցան. պարտուած Գերմանիան ստիպուեցաւ հրաժարիլ իրաքեան քարիւղի իր բաժնեմասէն, նոյնը՝ Թուիքիան։ Turkish Petroleumը վերածուեցաւ Iraq Petroeium co. LTD-ի, որուն մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան ունէր Միջագետքի մէջ արդիւնահանուող քարիւղի ամբողջ եկամուտին միա՛յն հինգ տոկոսը եւ ճիշդ իր ունեցած այդ հինգ տոկոսին համար է, որ Կիւլպէնկեանին անուան հետ կապուած մնաց այդ կոչումը՝ Պարոն 5 առ հարիւրը։

Անկախ տուեալ այդ շրջանի քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումներէն, Կիւլպէնկեան մի՛շտ կրցաւ պահպանել անհատ ձեռներէցի իր շահերը՝ իր 5 առ հարիւր իրաւունքը։

Սա փաստն էր այն իրողութեան, որ անոր կշիռն ու վարկանիշը գործարար աշխարհին մէջ այնքան բարձր էր, որ դժուար թէ ոեւէ մէկու մտքով անցնէր, թէ Կիւլպէնկեանի պէս՝ աշխարհի մեծ պետութիւններու յարգանքն ու հովանաւորութիւնը վայելող փայլուն գործարարներէն մէկը, դուրս հանէր խաղէն…

Չկար քաղաքական կամ տնտեսական նախաձեռնութիւն մը, որ ձեռնարկէր այս յամառ մարդը ու չհասնէր յաջողութեան, ուստի, համաշխարհային յառաջատար դրամատուները եւ ընկերութիւնները միշտ պատրաստ էին Կիւլպէնկեանի նախաձեռնութիւններուն ընդառաջելու, վստահելով որ ան ի զուր տեղ ոչինչ կը ձեռնարկէ։

1942-ին, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ամենաթէժ տարիներուն, Կիւլպէնկեան բռնատիրական Գերմանիոյ կողմէ չգրաւուած եւ ռազմական գործողութիւններէն հեռու վայր մը փնտռեց եւ ընտրեց Լիզպոնը։ Փորթուգալի մայրաքաղաքը շուտով համակրելի դարձաւ մեծ գործարարին, որ որոշեց հոն տեղափոխել իր ամբողջ կարողութիւնները եւ այնտեղ ալ շարունակեց իր կեանքը։

Կիւլպէնկեան մահացաւ 1955-ի յուլիս 20-ին, Լիզպոն, բայց իր կտակին համաձայն՝ անոր աճիւնները փոխադրուեցան Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ կառուցած էր ինքը՝ Կիւլպէնկեանը, Հաղբատի զանգակատան օրինակով, երբ 1920-ին իրեն դիմած էր Լոնտոնի հայ համայնքը, այնտեղ հայկական եկեղեցի մը ունենալու հարցով։ Ըստ Կիւլպէնկեանի կտակին, այդ եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւնները անվճար են մինչեւ այսօր։

Կիւլպէնկեանի խոշոր բարեգործական միջոցառումներէն է նաեւ 1929-ին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին կից կառուցուած «Կիւլպէնկեան Մատենադարան»ը։

Ան միշտ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին։

1920-1940 թուականներու ընթացքին, իր հովանիին տակ եղած են Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի եւ Իրաքի հայկական դպրոցներն ու բժշկական կեդրոնները:

1936-ին, Կիւլպէնկեան 400.000 տոլար նուիրած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին՝ թանգարանի վերակառուցման եւ պարիսպներու վերականգնման համար։

Կիւլպէնկեանի մահէն յետոյ, իր կտակին համաձայն, 1956-ին, Լիզպոնի մէջ հիմնադրուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»ը՝ մօտ 840.000.000 տոլար, որ ինչպէս Նոպէլեան մրցանակը՝ պէտք է նպաստէր համայն մարդկութեան օգտին։

Այս հիմնարկութեան կը պատկանի 1969-ին, Լիզպոնի մէջ բացուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան թանգարան»ը՝ Կիւլպէնկեանի անձնական հաւաքածոն, որ իր կառուցուածքով, հնադարեան, արեւելեան եւ եւրոպական բազմաթիւ եւ ինքնատիպ արուեստի իր նմոյշներով, աշխարհի բացառիկ թանգարաններէն մէկը կը համարուի։

Մեծ բարերարը միշտ երազած էր Հայաստան երթալ եւ Հայաստանին կտակել իր ամբողջ հարստութիւնը՝ «Գիտութեան մարդ եւ երազող պարտէզի մը մէջ՝ իմ ուզածիս համաձայն, ահա երկու բաներ՝ կեանքիս մեծ նպատակները, որոնց չկրցայ հասնիլ…»։

Նոյնիսկ այսօր՝ 150 տարի անց, անկարելի է փաստաթուղթի հիման վրայ, վերականգնել անոր իրականացուցած բարեգործական ծրագիրներուն եւ նուիրատուութիւններուն լրի՛ւ ցանկը…

Գալուստ Կիւլպէնկեանի նախաձեռնութեամբ ու նիւթական միջոցներով, աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ՝ Թուրքիա, Խորհրդային Միութիւն, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Ֆրանսա, Յունաստան, Անգլիա, Փորթուգալ, Լատինական Ամերիկայի պետութիւններ եւ այլուր կառուցուեցան հայկական որբանոցներ, դպրոցներ, գրադարաններ, եկեղեցիներ, քաղաքային բնակելի ամբողջ թաղամասեր ու աւաններ։

Անոր սահմանած կրթաթոշակներով, աշխարհի բարձրակարգ համալսարաններու մէջ ուսանեցան եւ դեռ կ՚ուսանին հազարաւոր ուսանողներ, անոր միջոցներով հրատարկուեցան ու դեռ կը հրատարակուին հարիւրաւոր գիրքեր եւ ուսումնական ձեռնարկներ…

Այն, որ ըրաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հայութեան համար, համեմատելի է միա՛յն պետական մակարդակի ծրագիրներու հետ…

Այսպիսին էր Պր. 5 առ հարիւրը, «Քարիւղի արքա»ն, իր ժամանակին՝ աշխարհի ամենահարուստ գործարարը եւ ամենաէականն ու հազուագիւտը՝ նիւթական իր կարողութիւններով որակաւոր մարդուժ պատրաստելու սկզբունքով գործած մեծ բարերարը։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019