ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՀԱՐՍՏԱՑԱՒ ՔԱՐԷ ԵՒ ՓԱՅՏԷ ԳԵՂԵՑԻԿ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐՈՎ
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ամերիկաբնակ երաժիշտ Աշոտ Տիգրանեանի աջակցութեամբ Դսեղի մէջ՝ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի յարակից տարածքէն ներս, կ՚ընթանան սանհանգոյցի եւ յուշանուէրներու կրպակի կառուցման աշխատանքները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուեցան ծրագրի նախաձեռնողները։
«Անցեալ տարի թանգարանին մէջ նշուեցան թումանեանական օրերը։ Ղեկավարութեան հետ զրոյցներու ընթացքին պարզուեցաւ, որ այստեղ լուրջ խնդիրներ կան. մասնաւորապէս սանհանգոյցի, ենթակառուցուածքներու բացակայութիւնը հնարաւորութիւն չի տար այցելուներուն երկար ժամանակ անցընել այստեղ, վայելել բնութիւնը», նշեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։
Ամիրեանի խօսքով՝ դեկտեմբերեան կարճատեւ ուղեւորոււթիւններէն մէկուն ժամանակ օդանաւին մէջ հանդիպած է երաժիշտ Աշոտ Տիգրանեանին, զրուցած է Հայաստանի մշակոյթի կեանքէն, ինչպէս նաեւ թանգարանի առջեւ ծառացած խնդիրներէն։ Աշոտ Տիգրանեան փափաք յայտնած է զանոնք լուծելու մասին։
«Շինարարութիւնը գրեթէ վերջացած է։ Մնացած են յարդարման աշխատանքները, որոնք մինչեւ Օգոստոսի վերջ ամբողջութեամբ կ՚աւարտին։ Թանգարաններ տանող ճանապարհները նոյնպէս կը վերանորոգուին», ըսաւ նախարարը։
Նախարար Արմէն Ամիրեան նշած է, որ թանգարանի տարածքէն ներս գտնուած ծառերը, որոնք վտանգ ներկայացուցած են կառոյցի համար, հատուած են եւ անոնց բուները օգտագործուած՝ փայտէ քանդակներու համար: «Քանդակներու հեղինակները երիտասարդ ստեղծագործողներ են Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն: Բոլոր կերպարները թումանեանական հերոսներ են, եւ ատոնք պիտի տեղադրուին Դսեղի կեդրոնական շրջանաձեւ այգիին, տուն-թանգարանին մէջ։ Այսպէսով Դսեղը աւելի աշխուժացնելու եւ տարածքը գեղեցկացնելու նպատակով», ըսած է Արմէն Ամիրեան։
«Զարմանալի հէքեաթային մթնոլորտ ստեղծուած է, եւ մարդ կը ցանկայ երկար մնալ այստեղ: Կը կարծեմ, որ քանդակները նոր շունչ պիտի տան թանգարանին, համայնքին», շեշտած է Ամիրեան եւ աւելցուցած է, որ նման ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ այլ մեծերու թանգարաններու տարածքին:
Իսկ Աշոտ Տիգրանեան երկար տարիներէ ի վեր կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Եկայ Հայաստան եւ այստեղ բացի «Աշոտ Տիգրանեան մշակոյթի եւ երաժշտութեան հիմնադրամ»ը։ Յովհաննէս Թումանեան կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւր հայը։ Ան պատմական հանճարեղ կերպար է, զոր կը ճանչնայ ամէն մարդ։ Եւ ես շնորհակալ եմ Պարոն Ամիրեանին, որ այս կարճ ժամանակահատուածին կազմակերպեց թանգարանի նորոգումը։ Արդիւնքին նոր սանհանգոյց ունեցաւ կառոյցը, ենթակառուցուածք, ուր յուշանուէրներու կրպակ պիտի ըլլայ։ Նորոգման աշխատանքներու համար տրամադրած եմ 8 միլիոն դրամ», ըսաւ Տիգրանեան։
1869 թուականի Փետրուարի 19-ին այդ տան մէջ ծնած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան։ Այստեղ անցուցած է իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը։
Տուն-թանգարանի շէնքը վերանորոգուած է սփիւռքահայ Գունտաքճեան եւ Փուչիկեան ընտանիքներու նիւթական օժանդակութեամբ 2002 թուականին՝ «Հայաստան» հիմնադրամի միջոցներով։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին մեծ գրողի կեանքն ու գործը ներկայացնող շուրջ երեք հարիւր մեծարժէք ցուցանմոյշներ։ Բակին մէջ տեղադրուած է գրողի կիսանդրին, որու հեղինակն է Այծեմնիկ Ուրարտու, եւ 1994 թուականին կառուցուած է մատուռ, ուր ամփոփուած է բանաստեղծի սիրտը։ Թանգարանը երկյարկանի է ու բաղկացած՝ վեց սենեակներէ։
Միւս կողմէ, Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ տասներկու քարէ եւ տասը փայտէ իւրայատուկ քանդակներ պիտի զարդարեն Դսեղի կեդրոնական հատուածը եւ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի տարածքը: Կերպարները Թումանեանի ստեղծագործութիւններու յայտնի հերոսներն են` Անոյշը, Սարօն, Գիքորը, Քաջ Նազարը եւ այլք: Լրագրողները քանդակները տեսնելու եւ ատոնց հեղինակներուն հետ ծանօթանալու հնարաւորութիւն ունեցան Դսեղի մէջ:
Իսկ փայլտէ քանդակներու մի քանի հատին հեղինակը՝ Սէրկէյ Աբովեան ըսաւ, որ հէքեաթներու հերոսները փոքրիկները շատ կը սիրեն։ «Դեռ աշխատանքը ընթացքի մէջ է, բայց անոնք կու գան ու զարմանքով, սիրով կը հետեւին մեզի։ Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ մեծանուն գրողի տուն-թանգարանի տարածքէն ներս իր գործերը կը տեղադրուին, որուն համար շատ ուրախ եմ», նշած է Սէրկէյ Աբովեան, որ աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիան։
Նոյն ակադեմիոյ մէջ կրթութիւն ստացած քանդակագործ Նարեկ Մկրտչեան ընդգծեց, որ փայտէ արձանները գեղեցիկ տեսք ունին, քանի որ թանգարանի այցելուներու մեծ մասը փոքրիկներ են, ու անոնց հետաքրքրութիւնը անհրաժեշտ է։ «Մրցոյթի մասին լսելով՝ էսքիզներ ուղարկեցինք։ Բնականաբար հաճելի է մեր ստեղծագործութիւններուն այստեղ տեղադրուիլը։ Ներկայիս վեց քանդակ կայ եւ չորս հատ եւս պէտք է տեղադրուի։ Բոլոր գործերը պէտք է պատրաստ ըլլան մէկ ամսուան ընթացքին», շեշտած է Մկրտչեան։
Արցախի Մարտունիի շրջանէն Հայաստան եկած, Երեւանի Գեղարուեստի ակադեմիոյ ուսանող Մուշեղ Մուսայէլեանն ալ շեշտեց, որ մեծ սիրով ու պատասխանատուութեամբ կը մասնակցի այս ձեռնարկին։ Ան քանդակած է Սարօն եւ Անուշը։ «Ընտրեցի Թումանեանի Անուշը, քանի որ ան շատ մօտ է իրականութեան։ Փորձած եմ քարի մէջ արտացոլել Անուշը հէքեաթի բովանդակութիւնը իմ պատկերացմամբ եւ ընկալմամբ», ընդգծած է Մուսայէլեան։ Ան չ՚օգտագործեր ժամանակակից միջոցներ քանդակը կերտելու ժամանակ։ Ան կը նախընտրէ աւելի աշխատատար գործիքներ, քանի որ անոնք արհեստական չեն։
Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գոլէճի քանդակի բաժնի ուսանող Սուրէն Գրիգորեանի խօսքով՝ ինք կերտած է Գիքորը, քանի որ իրեն համար աւելի հասանելի, աւելի յուզիչ կերպար չկայ։ «Կը փափաքիմ իմ ստեղծագործութեամբ պատկերել ոչ միայն Թումանեանի Գիքորը, այլեւս մեր օրերու մէջ ապրող բոլոր Գիքորները, որոնք, աւա՜ղ քիչ չեն», ըսաւ ան։ Գրիգորեան շեշտեց, որ ոգեւորութիւն ապրած է, երբ իմացած է, որ շահած է մրցոյթը։ «Նախապէս աշխատած եմ կաւի ու փայտի հետ. առաջին անգամն է, որ գործ ունիմ նման մեծութեամբ քարի հետ ու ոչ միայն հաճելի է, այլեւ իմ առաջին գործը պիտի տեղադրուի Դսեղի մէջ եւ հասանելի պիտի ըլլայ հանրութեան», ըսաւ ան։