ՊԱՏԿԵՐԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Երեւանը լի է թանգարաններով, պատկերասրհներով, յուշարձաններով, կոթողներով, յայտնաբերուած ու չյայտնաբերուած պատմամշակութային արժէքներով: Տարուան այս շրջանին բոլոր պատկերասրահներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ զբօսաշրջիկներու: Մենք եւս, ահաւասիկ, խումբ մը ծանօթ զբօսաշրջիկներու հետ կ՚այցելենք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող Ազգային պատկերասրահը, ուր կարելի է ծանօթանալ հայու ծագումէն մինչեւ վերջին դարաշրջանին վերաբերող սխրագործութիւններուն: Կը շրջինք այն պատկերասրահը, ուր զետեղուած են հայազգի հռչակաւոր գծագրիչ Յովհաննէս Այվազովսկիին ծովանկարները:
Ծովը, մանկութենէս ի վեր, տարբեր մագնիսականութիւն մը ունեցած է ինծի համար: Ահա, անզգալաբար, կանգ կ՚առնեմ «Իններորդ Ալիք»ին առջեւ: Բոլոր ծովանկարներուն մէջ նկատելի են գծագրիչին անհանդարտ հոգեվիճակը: Միշտ առկայ է փոթորիկի տեսարանը, ալիքներու հսկայական բարձրութիւնն ու անհանդարտ ծովը, մինչ հոս, այս պատկերին մէջ ալեկոծ ծովուն վրայ նաւ մը կայ, այլեւ մակոյկ մը, որ կը ծփայ բարձր ալիքները դիտելով: Ձեռակերտ մակոյկ մըն է կազմուած ոչ արդիական միջոցներով՝ հաստաբուն կոճղ մըն է, որուն մէջ նստելու յարմարութիւններ ստեղծելու համար միայն փորուած է կարծես: Ուղեւորները՝ ստուարաթիւ ընտանիք մը ըլլալ կը թուին՝ մի քանի անդամէ բաղկացեալ: Պաստառին գոյները՝ կարմիրի երանգներ, դեղինի, նարնջագոյնի, թեթեւ շագանակագոյնի խառնուրդով երկինքէն կը ցոլան ջուրերուն մէջ ու կապոյտին կու տան մթութիւն մը, որ ճնշիչ ազդեցութիւն մը կը դրոշմէ դիտողին տեսահորիզոնին վրայ: Ընտանիքը կարծես կ՚որոնէ փրկութեան ափ մը:
Կեանքն է պատկերուածը պաստառի մը վրայ, դառն կեանք մը: Դժուար կեանքի ճանապարհ մը կը հարթէ մակոյկը կարծես, որուն դժուարութիւնը կը կրկնապատկեն բարձրացող ալիքները: Անոնք աննկատ կերպով յաճախ կը խաղաղին նախապատրաստուելու աւելի բարձր ալիքներու, ուժն ու կամքն են զանոնք կեանքի մաքառումներուն մղողները՝ ալիքներուն մէջ տապլտկող անհատը առկայ է:
Մակոյկը պատկերուած է պաստառին սկիզբը, որ կը խորհրդանշէ կեանքի մը սկիզբը՝ երկունքը, անհատին որպէս մարդ արարած ցաւերով աշխարհ գալը, սակայն ան առանձին չէ շատերու նման, ան շրջապատուած է մարդոցմով: Երբեմն անհատը փորձառութեամբ կ՚ուղղորդուի, կը ղեկավարէ իր մակոյկը, իր գիտցածն ու չգիտցածը ի գործ դնելով ու ներքնապէս հասուննալով ու ուսանելով գալիքը կը դիմագրաւէ:
Կը դիմագրաւէ, այո, բայց արդեօք նո՞յնը՝ ամէն անհատ, ոչ անհնար է. իւրաքանչիւրիս ճակատագիրը տարբեր է եւ իւրաքանչիւրիս աճման հետ կ՚ուրուագծուի հակում մը դէպի նպատակ մը, որուն ճամբուն ընթացքին յաճախ կը հանդիպինք խոչընդոտներու, որոնք ալիք-ալիք կը բարձրանան մեր առջեւ, այլեւ արգելք-արգելք կը գծագրուին, բայց նպատակը կը մնայ հոն, մեր մտապատկերին մէջ, շողշողուն աստղի մը պէս որ գիշերուան մութին մէջ հայեացքները դէպի իրեն կը կանչէ:
Բայց կեանքը լի է անակնկալներով, որոնք երբեմն անձը կը տանին դէպի անդունդ, դէպի յուսալքում. յաճախ նոյնիսկ կորուստներ ալ տեղի կ՚ունենան, ան կը յանձնուի նեղութեան, յուզումին ու ալիքներու հարուածին ցաւը կը տիրէ իր էութիւնը: Ու... կու գայ համակերպում կոչուածը, ալիքներու ելեւէջին հետ անհատը կը սկսի տեսնել միայն կեանքը եւ ատենին գծուած նպատակին աղօտ տեսքը կ՚երեւայ, որ շունչի տեսքով կ՚արտաբերի իր իսկ ներքինէն, կ՚որոշէ շնչել, շարունակել իր երթը ու ահա կ՚ուրուագծուի նոր հորիզոն մը մտքին մէջ, նոր ուղի մը, որ միակն է զինք հեռացնող նախորդ ալիքի ազդեցութենէն, բայց ան հասուն է հիմա, կը գիտակցի, որ թերեւս գալիք ալիքին հարուածը աւելի հզօր ըլլայ, իրմէ աւելի, բայց ի՞նչ փոյթ, ինք պիտի հասնի այդ պատկերին, որ ահա քանի կը մօտենայ ան աւելի կը յստականայ ու պայծառ շող մը կը սփռէ չորս դին, շող մը որ կը լուսաւորէ ամբողջ խաւարը անցեալին, յոյսով ու հաւատքով կ՚ողողէ զինք, կը ծածկէ ծովուն բարձրահասակ ալիքները ու մակոյկը կը կանչէ դէպի զինք, որուն համար մաքառումը հաճոյք կը սկսի պատճառել ու կամքով ու հասնելու մարմաջով զինուած կը յառաջանայ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ