ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ
Միջազգային քաղաքականութեան ընդհանուր տեսարանի ֆոնին կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ Միջին Արեւելքը։ Անցնող տարիներուն տարբեր մակարդակի ընդհարումներու, շահերու բախման եւ ռազմավարական իմաստի «քաշողականութիւն» ունեցող այս տարածքը տարբեր ձեւաչափերով եւ յաճախ հակասական մօտեցումներու բերումով դարձած է համաշխարհային հասարակարգին մէջ իրենց «խօսք»ն ու դիրքը ունեցող գերտէրութեանց «քաշողականութեան առանցք»ը։
Միջազգային հասարակարգին մէջ իրենց ազդեցիկ խօսքը ունեցող պետութիւնները չեն թաքցներ, որ իրենց համար այսօր Միջին Արեւելքը միայն կարճաժամկէտ շահառութեանց համար նշանակութիւն ունեցող սոսկական տարածք ը չէ, այլ աւելին է։
Այս առումով եւս այդ տէրութիւնները չեն թաքցներ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ոչ միայն այսօրուան համար եղած զարգացումներ են, այլ անոնք առաւելապէս կը գծեն այդ ուժերուն «բախման սահմաններ»ն ու անոնց ունեցած վաղուան ծրագիրներուն ընդհանուր սահմանագիծը։ Այս առումով ալ հետաքրքրական է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ըլլալով Հարաւային Կովկասի մէջ գոյակցող «օրկանական» բաղադրիչ մը, ի՞նչ հայեացքներ ունի Միջին Արեւելքի զարգացումներուն, ու աւելի հեռուն երթալով, ի՞նչ կը մտածեն Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարիչները Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին, այսօր հոն տիրող մթնոլորտին ու ամենակարեւորը Հայաստան ինչ «ակնկալիքներ» ու մօտեցումներ ունի Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին մէջ։ Ռուսաստանաբնակ երիտասարդ քաղաքագէտ Սերկէյ Մելքոնեան, օրերս հետաքրաքրական դիտարկումներով հանդէս եկած է։ Քաղաքագէտը, որ յօդուած մը ստորագրելով (յօդուածը լոյս տեսած է «Մետիամաքս» կայքին մէջ) ակնարկած է Հայաստանի նոր իշխանութեանց Միջին Արեւելքի նկատմամբ ունենալիք կեցուածքներուն եւ ցայսօր ալ մեր իշխանութիւններուն որդեգրած թերի կեցուածքներուն։ Ան մեր իշխանութիւններուն առաջարկած է ըլլալ աւելի տինամիք եւ նոր ու արդիական մօտեցումներով նայիլ Միջին Արեւելքին ու բաց աստի որդեգրել քաղաքական ընդհանուր նոր հայեցակարգեր, որոնց ճամբով ալ Հայաստան առաւելագոյնս պիտի կարողանայ ոչ միայն իրեն համար նոր դերակատարութիւն վերցնել, այլ առաւելագոյնս գտնել ուրոյն ու նոր ճանապարհներ, ինչպէս նաեւ նոր գործընկերներ։
Յօդուածին (յապաւումներով) մէջ տեղ գտած մտքերուն ու գաղափարներու այժմէականութեան համար, որոշ յապաւումներ կատարելով զայն կը ներկայացնեմ մեր ընթերցող հասարակութեան։
ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի նկատմամբ կ՚առանձնանայ յատուկ հանդարտութեամբ, որ անթոյլատրելի է՝ հաշուի առնելով մեր երկրի աշխարհաքաղաքական մեկուսացուածութիւնը: Միջին Արեւելքի մէջ ազդեցիկ գործօն դառնալու երեւոյթը շարք մը դրական նախադրեալներ կը ստեղծէ, որոնք կ՚անդրադառնան ինչպէս տնտեսական իրավիճակի բարելաւման, այնպէս ալ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային ընդհանուր իրադրութեան վրայ։
Ուժերու բեւեռացումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որ կ՚ուղեկցուի տեւական հակամարտութիւններով, աստիճանաբար կ՚արտացոլայ Հարաւային Կովկասի վրայ: Այդ ընդհանուր բնաբանին մէջ, մեր արտաքին քաղաքականութիւնը իրականացնելու ժամանակ անհրաժեշտ է հաշուի առնել շարք մը հաստատումներ: Առաջին՝ շահերու բախման իրավիճակի մէջ տարածքաշրջանէ ներս դաշնակցային յարաբերութիւնները ժամանակաւոր եւ տագնապային բնոյթ կը կրեն: Իրադարձութիւններու ժամանակակից ուժականութիւնը թոյլ չի տար երկարաժամկէտ դաշնակցային յարաբերութիւններ կառուցելու, քանի որ կողմը կը զրկուի խոշոր խաղացողներու շահերու միջեւ ռազմավարութեան հը-նարաւորութենէն, ինչպէս նաեւ անխուսափելիօրէն սպառնալիքի տակ կը դնէ իր ազգային շահերու իրագործումը, որմէ կրնայ կախուած ըլլալ պետութեան ֆիզիքական գոյութիւնը:
Իրանի տիրապետումը տարածքաշրջանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւններու ցանկին մէջ հիմնաւորուած է: Սակայն ան պէտք չէ հիմնուի երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ: Մոսկուայի մերձաւորարեւելեան շահերու մէջ սեփական քաղաքականութեան կառուցումը՝ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ որպէս կապող օղակ հանդէս գալու ցանկութեան պայմաններու մէջ Երեւան յետագային կրնայ յայտնուիլ փակուղիի մէջ։ Ռուս-իրանական յարաբերութիւններու մակարդակի որակական աճը կը պահպանուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ անոնց շահերը կը համընկնին սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ: Սակայն հակասութիւններու կուտակումը ինչպէս սուրիական, այնպէս ալ տարածքաշրջանային այլ հարցերու շուրջ կրնայ յանգեցնել եթէ ոչ շահերու բախման, ապա կողմերու իրարմէ նշանակալի հեռացման: Հաշուի առնելով այդ փաստը՝ Հայաստանը պէտք է սկսի արտաքին քաղաքականութեան զանազանութեան, որ թոյլ կու տայ դաշտ ստեղծել ապագայի ռազմավարութեան համար: Այդպիսի տարածքաշրջանային ուժային կեդրոններ կրնան ըլլալ Սէուտեան Արաբիան եւ Եգիպտոսը: Նման մօտեցում նկատելի է նաեւ ռուսական արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որ կրնայ որպէս յաւելեալ առաւելութիւն ծառայել Հայաստանի համար: Մոսկուայի եւ Գահիրէի միջեւ հաղորդակցութեան վերականգնումը, արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարներու եւ պաշտպանութեան նախարարներու սպասուող հանդիպումը 2+2 ձեւաչափով, ռուս-սէուտական յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած աննախադէպ թռիչքը կրնան լաւ հող նախապատրաստել Երեւանի համար: Սակայն, քանի որ առկայ է վտանգ, որ այդ մէկը ժամանակաւոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ՝ հաշուի առնելով տարածքաշրջանի մէջ շարք մը գործընթացներու զարգացման անկանխատեսելիութիւնը, անհրաժեշտ է ձեռնարկել քայլեր՝ երկրի ներքին վերջնական քաղաքական կայունացումէն անմիջապէս ետք:
Եթէ Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը կառուցել ռուսական ռազմավարութեան համաձայն, ապա օգուտներ ստանալու համար անհրաժեշտ է վերանայիլ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու ձեւաչափը: Ակնառու օրինակ կրնայ ծառայել ԱՄՆ-Իսրայէլ ներկայիս առկայ յարաբերութիւններու ընդհանուր ձեւաչափը: Հանդէս գալով որպէս Ռուսաստանի շահերու հաղորդիչ՝ Հայաստանը կրնայ նաեւ ամրապնդել իր դիրքերը: Սակայն անոր համար անհրաժեշտ է, որ յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան իրաւահաւասար դաշինքի վրայ: Երեւանը, դառնալով Մոսկուայի շահերու հաղորդիչը, պէտք է օգտագործէ տարածքաշրջանի մէջ չգործադրուած իր բոլոր միջոցները, խօսքը յատկապէս՝ Սփիւռքի եւ Հայոց Եկեղեցիին վստահուած դերին մասին է։ Փոխարէնը Ռուսաստան կը պարտաւորուի ուժեղացնել Հայաստանը ռազմական առումով, եւ եթէ ամբողջութեամբ չհրաժարի, ապա էապէս կը նուազեցնէ սպառազինութիւններու մատակարարումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին: Սակայն ներկայիս այլ մարտավարութիւն է, որ կ՚իրագործուի. ժամանակակից սպառազինութիւններ մատակարարելով Ռուսաստան կը թուլացնէ իր ռազմավարական դաշնակիցին դիրքերը ու նաեւ կը մեծցնէ անոր ռազմական եւ քաղաքական կախուածութիւնը իրմէ: Դաշնակիցի հնարաւորութիւններու սահմանափակման արդիւնքով նոր խնդիրներ կը ստեղծէ, որ կրնան բացասաբար անդրադառնալ տարածքաշրջանի մէջ Ռուսաստանի վերադարձի եւ ամրապնդման ռազմավարութեան վրայ: Հայաստանի նոր իշխանութիւնները Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ հայկական գործօնը պահպանելու համար պէտք է ռուս-հայկական յարաբերութիւններու նոր՝ փոխադարձ շահի վրայ հիմնուած օրակարգ առաջարկեն:
Երկրորդ՝ անհրաժեշտ է յարմարուիլ տարածքաշրջանի մէջ առկայ նոր իրողութիւններուն: Հակաիրանական միութեան աստիճանական ձեւաւորումը, որու առաջապահը Իսրայէլն ու Սէուտեան Արաբիան են՝ ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ, որոշակի վտանգներ կը ստեղծեն Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի մէջ անոր շահերու համար: Հնարաւոր է նոր բորբոքում, որ ուղղակի ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածքաշրջանային աշխուժացման վրայ եւ կրնայ յանգեցնել պետութիւններու բեւեռացման: Այդ պարագային ճիշդ դիրքորոշումը կրնայ ըլլալ չէզոք կարգավիճակ պահպանելը՝ զուգորդուած հակամարտող կողմերու հետ համագործակցութեան զարգացմամբ: Նման պայմաններու մէջ գլխաւոր առաւելութիւնը կրնայ ըլլալ յետագային բանակցութիւններու համար հարթակ տրամադրելու պատրաստակամութիւնը, որ կը բարձրացնէ Հայաստանի կարգավիճակը տարածքաշրջանին մէջ: Անոր համար անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, հասնիլ կողմերէն իւրաքանչիւրի հետ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու հաստատման: Այդ առումով, Հայաստանը կրնայ օգտագործել իր շարք մը առաւելութիւնները: Առաջին՝ գտնուելով տարածքաշրջանային առաջնորդութեան ձգտող երկու ուժային կեդրոններու (Թուրքիա եւ Իրան) սահմանագիծին՝ Հայաստանը տեղակայուած է տարածքաշրջանի ծայրամասի մէջ, որ կը չէզոքացնէ անոր դիմակայութեան մէջ ներքաշելու տարածքաշրջանային խաղացողներու հնարաւորութիւնները: Երկրորդ առաւելութիւնը կրօնական բաղադրիչն է: Ըլլալով քրիստոնէական պետութիւն՝ Հայաստանը կրօնական պարտաւորութիւններով կապուած չէ տարածքաշրջանային դերակատարներու հետ, որ չի կաշկանդեր անոր արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը:
Այդ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար կարեւոր է զարգացնել յարաբերութիւնները Պարսից ծոցի երկրներու հետ: Առաջին՝ այդ կը ցրէ կապերը ամերիկամէտ եւ իրանական ճամբարներու միջեւ ահագնացող բեւեռացման շրջանակի մէջ: Հայաստանը տարածքաշրջանի մէջ պէտք չէ ընկալուի որպէս երկիր, որ կողմնորոշուած է բացառապէս դէպի Իրանը: Եթէ նոր իշխանութիւնները պատրաստ չըլլան աշխուժացնելու քաղաքականութիւնը տարածքաշրջանի մէջ՝ օգտագործելով այդ ուղղութիւնը, ապա առնուազն պէտք է առաւելագոյն օգուտը քաղեն Իրանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններէ: Անոր համար առկայ է երկու կարեւոր նախադրեալ՝ իսրայէլեան ազդեցութեան ուժեղացումը Ատրպէյճանի մէջ եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացումը Ռուսաստանի հետ, որոնք կը պահպանուին կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ: Հայաստանը, ընտրելով նշուած այլընտրանքային ուղին, կը բարձրացնէ Իրանի հետաքրքրութիւնը յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցին մէջ, քանի որ իսրայէլեան եւ սիւննիական ազդեցութեան աճը իր հիւսիսային սահմաններու մօտ անթոյլատրելի է Թեհրանի համար: Ուստի, փոխլրացնող քաղաքականութիւնը, որ կ՚իրագործուի 2000-ականներու սկզիբներէն, կրնայ իրագործուիլ մերձաւորարեւելեան ուղղութեամբ՝ հաշուի առնելով փոփոխուող իրողութիւնները:
Երկրորդ՝ Ծոցի արաբական պետութիւնները, որոնք հսկայական տնտեսական միջոցներ կը տնօրինեն, նոյնպէս հետաքրքրուած են ներդրումային ուղղութիւններու ցրման հարցին մէջ: Նոր իշխանութիւնը, որ կը ձեւաւորուի իրեն նախորդին հակադրելով, չի վարկաբեկեր իր վճռականութիւնը, որ թոյլ կու տայ տնտեսական միջոցներու հասանելիութեան: Կարեւոր ենթակառուցուածքային նախագիծերը, որոնց կարիքը ունի Հայաստանը, կարող են աջակցութիւն ստանալ Ծոցի երկիրներու կողմէ ինչպէս տարածքաշրջանի ծայրամասի մէջ իրենց ազդեցութիւնը մեծցնելու, այնպէս ալ իրանական գործօնի հաւանական դերը նուազեցնելու նպատակով: Օրինակ, շարք մը ընկերութիւններ, ինչպիսիք են՝ Najd Investments-ը եւ Public Investment Fund սէուտական ինքնիշխան ֆոնտը, կրնան հետաքրքրուած ըլլալ գիւղատնտեսութեան ոլորտի մէջ ներդրումներու հարցին շուրջ, որ Հայաստանի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի: Վերջինը «Սէուտեան Արաբիոյ տեսլական 2030» ռազմավարութեան շրջանակի մէջ պէտք է յառաջատար դիրքեր զբաղեցնէ համաշխարհային ներդրումներու մէջ: Հայկական շուկան, չնայած յարաբերական սահմանափակութեան, կրնայ անոր հէնքը ըլլալ Անդրկովկասի մէջ: Այդ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ ոչ միայն տնտեսութեան, այլեւ հայկական պետութեան պաշտպանունակութեան բարձրացման վրայ, քանի որ Ծոցի երկիրներու դիրքերու ամրապնդման պարագային վերջիններս կը ձգտին ապահովել իրենց ներդրումներու անվտանգութիւնը:
Արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր հայեցակարգի վրայ հիմնուած Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու կառուցման ռազմավարական մօտեցման բացակայութեան պարագային, Հայաստանը կը շարունակէ յետագային եւս զերոյի հաւասարեցնել իր դերը տարածքաշրջանային գործընթացներու մէջ: Առկայ լուրջ միջոցները՝ մտաւորական եւ Սփիւռքի ներուժի տեսքով, չէզոք քաղաքականութեան պայմաններու մէջ կրնան կորսնցնել իրենց արդիականութիւնն ու նշանակութիւնը: Որպէս արդիւնք, հայկական գործօնի նուազումը կը յանգեցնէ արտաքին քաղաքական գործողութիւններու մէջ սահմանափակութեան ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլեւ առհասարակ ընդհանուր դերակատարներու հետ յարաբերութիւններ կառուցելու ժամանակ: Նոր իշխանութիւնները, արտաքին քաղաքականութեան մէջ թոյլ տալով անթոյլատրելի սխալներ, որոնք բնորոշ էին նախկին իշխանութիւններուն, կրնան նմանիլ անոնց, որոնց իրենք դէմ էին:
(*) ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ՝ Նախաբանը գրեց եւ Սերկէյ Մելքոնեանի յօդուածը
արեւմտահայերէնի վերածեց
Երեւան