ՀԱԼԷՊԸ ՄԻՇՏ ԿԻԶԱԿԷՏԻ ՎՐԱՅ

Սուրիոյ հարցով քաղաքական լուծումներ որոնելու ընդհանուր համակարգը կը կաղայ։ Արդէն տարի մը անցած է Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը վայելող Աստանայի ժողովէն, իսկ արեւմտեան երկիրներ, բոլորիս յայտնի պատճառներով, ոչ ալ կը յիշեն կամ կը յիշատակեն Սուրիոյ տագնապին յատկացուած Ժընեւեան ժողովները։

Ի դէպ, Սուրիոյ տագնապի առընթեր արեւմտեան երկիրներու, կամ աւելի ճիշդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ընդհանուր տեսակէտը ամլացած է այն պատճառով, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող ընդդիմադիր խմբակներէն ոչ մէկը այլեւս Ամերիկայի «սիրտին կը խօսի»։ Հաւանաբար այդ պատճառով է նաեւ, որ Ուաշինկթըն անցեալի նման խանդավառ չէ սուրիական տագնապին յատկացուած բարձր մակարդակի ժողովներ կայացնելով։

Միւս կողմէ, ռուսական ճակատին վրայ եւս ակներեւ դանդաղեցում մը կայ։ Մոսկուա, որ մինչեւ տարի մը առաջ հանդէս կու գար որպէս Սուրիոյ տագնապը քաղաքական հարթակ տանող հզօր ուժ մը, այսօր իր առջեւ դրած է աւելի ծանր մակարդակի հիմնահարցեր, որոնց ամենէն կարեւոր եւ հնչեղ երեսակները՝ Իրան-Արեւմուտք հակամարտութիւնն է ու Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց ընդհանուր պրիսմակը, որ ինչ որ տեղ նաեւ Սուրիոյ մէջ կրնայ իր «հասուն» պտուղները տալ։

Իսկ գալով ներսուրիական ընդհանուր իրավիճակին՝ ապա աւելի քան յստակ սկսած է դառնալ, որ պաշտօնական Դամասկոսի քայլերը, յատկապէս Իտլիպի ուղղութեամբ, մեծ հաշուով կախեալ են Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու ուղեծիրէն։ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն, Իտլիպի եւ Հալէպ քաղաքի ծայրամասերուն վերաբերեալ Դամասկոսի ընդհանուր տեսակէտները կամ որոշիչ գործողութիւնները ներկայ փուլին մտած են սպասողական վիճակի մը մէջ։

Այս զարգացումներու հեռանկարին վրայ, անցեալ շաբաթ ամենէն աւելի կիզակէտային կը դառնար Հալէպ քաղաքի ընդհանուր դրութիւնը։

Երկար ժամանակէ ի վեր խաղաղ պայմաններու մէջ գոյատեւող Հալէպը դարձեալ կը յայտնուէր ահաբեկիչներու ուշադրութեան կեդրոնին ու այս անգամ հրթիռներ կ՚իյնային ո՛չ միայն քաղաքի խաղաղ բնակչութեան ծայրամասերուն, այլեւ՝ Քաղաքապետական պալատի շէնքին վրայ։ Մէկէ աւելի առումներով կարեւոր նշանակութիւն ունեցող եւ ահաբեկիչներու ընդհանուր խաղի կանոններուն մէջ ներգրաւուող այս շարժումները հաւանաբար կը մատնեն նոր կարեւոր փուլի մը սկիզբին մասին, որու աւարտին միայն կարելի է յստակօրէն ընդգծել, որ Սուրիան իրապէս մտած է քաղաքական լուծումներու փուլը… Սակայն գետնի վրայ երեւցած շարք մը կարեւոր տուեալներու վրայ հիմնուելով կարելի է յստակօրէն ընդգծել, թէ այդ փուլը տակաւին երեւելի չէ։

Ամէն պարագայի տակ այս բոլորին առընթեր կարեւոր զարգացումներ կրնան կատարուիլ Իրանի շուրջ ու այդ զարգացումներու աւարտին, հնարաւոր պիտի ըլլայ Սուրիան տեսնել աւելի վճռակամ դրութեան մը մէջ։ Մէկ կողմէ իշխանութեան տիրապետութենէն դուրս բոլոր շրջանները պետական հովանաւորութեան վերադարձնելու, իսկ միւս կողմէ ալ գրեթէ ութ տարիներէ ի վեր երկիրը արիւնաքամ ըրած պատերազմին ընդհանուր առանցքը քաղաքական թատերաբեմ փոխադրելու առումով։

Ամէն պարագայի տակ Հալէպի վերջին զարգացումները իմ ընթերցողներուն աւելի յստակ ձեւով ներկայացնելու նպատակով՝ յաջողեցայ զրոյց մ՚ունենալ Հալէպի Նահանգային խորհուրդի հայազգի անդամ Շահէ Մինասեանին հետ։

-Գիտենք, որ, երբ հրթիռարձակումներու ենթարկուեցաւ Հալէպի Քաղաքային խորհուրդի «Քասր ալ Պալատի»ի շէնքը, դուք կը գտնուէիք այնտեղ, ժողովի սրահներէ մէկուն մէջ: Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէ՞ս լսեցիք եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դուրս եկաք շէնքէն:

-Հալէպի Նահանգային խորհուրդի անդամները իրենց քառօրեայ որոշուած ժողովներուն առաջին նիստը կը գումարէին: Ժամը 10.00-ին տեղի ունեցաւ նիստի բացումը եւ սովորականին պէս կը շարունակուէր, երբ յանկարծ, մօտաւորապէս ժամը 13.30-ին, շատ զօրաւոր պայթումի ձայն մը լսեցինք, ինչ որ մեզ մատնեց մեծ անակնկալի, որովհետեւ երկար շրջանէ ի վեր նման պայթումներ չէին լսուեր: Անշուշտ շէնքի ապահովութեան պատասխանատու ուժերը անմիջապէս եկան ժողովի դահլիճ եւ խնդրեցին, որ սրահէն դուրս չելլենք, մինչեւ որ իրավիճակը վերահսկելի դառնայ: Շուրջ 45 վայրկեան վերջ, արդէն մեզի տեղեկութիւն տրուեցաւ, որ պայթումին թիրախն էր «Քասր ալ Պալատի»ն, ուր կը գտնուէինք։ Շէնքը վնասուած էր, բայց ուրախալին այն էր, որ զոհեր չկային, թեթեւօրէն վիրաւորուածներն ալ արդէն Նահանգային խորհուրդի ատենապետի հեռաձայնային կապերով, արագօրէն շտապ օգնութեան մարմիններու կողմէ տեղափոխուեցան հիւանդանոցներ: Այսպէսով, մօտաւորապէս մէկ ժամ ետք, սովորական վիճակ տիրեց եւ այն որ կ՚ուզէր շէնքէն դուրս գալ, կրցաւ հանգիստ դուրս ելլել:

-Տեղեկութիւններ տարածուեցան, որ հրթիռները արձակուած են՝ նպատակ ունենալով թիրախ դարձնել ժողովի մէջ գտնուող Հալէպի Նահանգային խորհուրդի անդամներու հերթական ժողովը, որքանո՞վ ճիշդ է այդ տեղեկութիւնը:

-Գիտէք, որ այս շէնքի՝ «Քասր ալ Պալատի»ին մէջ կը գործեն Հալէպի քաղաքապետին եւ նահանգապետին գրասենեակները, ինչպէս նաեւ նահանգային եւ քաղաքային հարցերով զբաղող բոլոր միւս գրասենեակները, հետեւաբար կարելի է այդպէս հասկնալ, սակայն ստոյգ տեղեկութիւններ չունինք: Բայց, ինչպէս գիտէք, Հալէպի մէջ 2012-էն մինչեւ 2016-ի վերջերը՝ մինչեւ Հալէպի ազատագրումը, այսպիսի յարձակումներ պատահած են նոյն այս շէնքին վրայ։ Բայց եւ այնպէս, ոչ մէկը ազդած էր նահանգապետի կամ Նահանգային խորհուրդի անդամներու աշխատանքին, այլ ընդհակառակն, շատ աւելի դժուար պայմաններու ներքեւ խորհուրդի անդամները շարունակած են իրենց աշխատանքը եւ այսօր ալ նոյնպէս պիտի տանին, որքան ալ ջանան ահաբեկչական պայթումները խանգարել զանոնք:

-Այդ օր հրթիռներ նետուեցան նաեւ Հալէպի քաղաքային բնակչութեան շրջաններուն վրայ, յատկապէս ահաբեկիչներու «Հայ ալ Ռաշիտին» շրջանի դիմացը գտնուող «Հալապ Ժատիտա»ին վրայ, ուր տասնեակ զոհեր արձանագրուեցան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս դէպքը:

-Ճիշդ է, այդ հրթիռները արձակուած էին ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ գտնուուղ Ռաշիտին շրջանէն, որ «Հալապ Ժատիտա»ին մօտ է եւ պատերազմական գօտի կը նկատուի: Եթէ ուզեմ եղելութիւնը գնահատել, կրնամ ըսել, որ այսօր այս հրթիռներուն պատճառը, իմ կարծիքով, ահաբեկիչներու պարտութեան նշաններն են, քանի որ սուրիական զօրքը այսօր զանազան ճակատներու վրայ յաղթանակներ կը տանի։ Ի դէպ, այն շրջանները՝ ուր հրթիռներ ինկան, մեր հայաբնակ շրջաններէն բաւական հեռու են, բայց, մեզի համար Հալէպի բոլոր բնակչութեան ապահովութիւնը կարեւոր է:

-Ահաբեկիչներու մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, արդեօք բանակը կը պատրաստուի՞ նոր ռազմական գործողութեան մը, ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

-Ահաբեկիչներու հարցով, կրնամ ըսել, որ շաբաթավերջին եւ այլ առիթներով նետուած հրթիռները անոնց պարտութեան նշաններն են եւ անոնք այլեւս ընելիք բան չունին: Ինչ կը վերաբերի սուրիական զօրքին, ես կը կարծեմ՝ սուրիական զօրքը շատ լաւ գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ճակատներ պիտի բանայ։ Անշուշտ այս մէկը զինուորական հարց է, զինուորական պատասխանատուներու գիտակցութեան ձգուած է եւ իրենք կ՚որոշեն ժամանակը եւ տեղը։ Բայց ես, ինչպէս նաեւ բոլոր սուրիացիները կը հաւատան, որ այլեւս ահաբեկիչները ոչ մէկ բան ունին ընելիք, բացի սուրիական զօրքին յանձնուելէ, քանի որ սուրիական զօրքը կայուն է, տիրապետած է ընդհանուր ճակատներուն վրայ եւ որեւէ մէկ ներում պիտի չտայ, այլ պիտի շարունակէ իր յաղթանակները։

-Գիտենք նաեւ, որ Հալէպը տնտեսական բարդ դրութեան մէջ է, արդեօք այդ մէկը կապ ունի՞ քաղաքական իրավիճակին հետ, յատկապէս, որ շատեր կ՚ըսեն, թէ արեւմտեան ուժեր կը փորձեն տնտեսական առումով ծունկի բերել Հալէպը, հետեւաբար նաեւ Սուրիան. ի՞նչ կ՚ըսէք այդ առումով:

-Ինչ կը վերաբերի տնտեսական հարցին, կրնանք ըսել, այո, այսօր Սուրիան տնտեսական ծանր պայմաններու տակ է, որովհետեւ եւրոպական երկիրները եւ մանաւանդ Ամերիկան իրենց պատժամիջոցներով ճնշումներ կը բանեցնեն Սուրիոյ վրայ եւ որուն զոհ կ՚երթայ ժողովուրդը: Սուրիոյ ժողովուրդը սակայն պատրաստ է ամէն տեսակ դժուարութիւն դիմակայելու, հաւատալով, որ այս շրջանը եւս կ՚աւարտի ու Ամերիկան ալ այլեւս կը հասկնայ, թէ ինչպէս որ զինուորական գետնի վրայ չկրցան յաղթանակ տանիլ, նոյն պարտութիւնը պիտի տանին նաեւ տնտեսական դաշտին մէջ: Մենք ասկէ աւելի ծանր պայմաններ անցուցինք, կը կարծեմ այս օրերն ալ շատ աւելի հանգիստ պիտի անցընենք:

Անշուշտ այս առիթը օգտագործելով կ՚ուզեմ, որպէս Հալէպի Նահանգային խորհուրդի հայ անդամ, ըսել, որ Հալէպը շատ աւելի լաւ վիճակ պիտի ունենայ եւ մեր գաղութը արդէն շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ է այսօր, քան ինչ որ էր պատերազմի ծանր օրերուն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019