ԱԿՆԱՐԿ - 24 - ԱՆԲԱՆՆԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞ՆՔ

Անցեալ շաբթուան մեր ակնարկը կը կրէր՝ «Եկեղեցին սրբավա՞յր, Աստուծոյ տո՞ւն, թէ՞ մարմիններու ցուցադրութեան վայր» վերնագիրը, ուր ընդհանուր առմամբ անդրադարձանք Եկեղեցւոյ մասին, միւս կողմէ մատնանշեցինք սովորական դարձած «անսովոր» ու «բարոյականութենէ զուրկ» երերւոյթ մը, գլխաւորաբար իգական սեռին վրայ կեդրոնանալով, անոնց անպատշաճ հագ ու կապով եկեղեցի մտնելու վերաբերալ:

Այսօրուան մեր գրութեամբ պիտի անդրադառնանք արական սեռին՝ մատնանշելով մի քանի անպատշաճ ու անվայել երեւոյթներ:

Վստահաբար մեզմէ շատեր, յաճախ ամրան ականատես կը դառնանք կարճ տաբատներով (շորթերով), անթեւ շապիկներով, երբեմն ալ երկարաթեւ շապիկներով, սակայն շապիկներուն կոճակներուն վերի կողմէն երկուքը կամ երեքը արձակ… եւ մուճակներով այրերու՝ մանուկ, պատանի, երիտասարդ եւ մեծահասակ, որոնք հանգիստ կերպով եկեղեցի կը մտնեն… Շատերու համար երեւոյթը բնական դարձած է, ոմանք կ՚արդարացնեն, ըսելով թէ տաք է, այդպէս աւելի յարմար է, եւ նման հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերեն:

Բնականաբար, ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն կրնայ արդարացնել նման անյարգալից վերաբերմունք մը հանդէպ Աստուծոյ եւ Անոր տան: Աւելին, յայտնի է, որ անոնք որոնք այդ հագ ու կապով եկեղեցի կու գան, չե՛ն գիտեր, թէ ուր եկած են: Շատ յաճախ այդպիսիները հանգիստի վայրերն ու զբօսավայրերը կը շփոթեն եկեղեցւոյ հետ:

Հիմա ընթերցողը պիտի հարցնէ, թէ մանուկներն ու պատանիները ի՞նչ մեղք ունին այս բոլորին մէջ, որ վերի տողերուն մէջ զանոնք եւս մատնանշեցիք: Մանուկներն ու պատանիները ո՛չ մէկ մեղք ունին, մեղքը այս պարագային այդ մանուկներուն ու պատանիներուն ծնողներունն է, որովհետեւ իրենք է որ փոքր տարիքէն պէտք է դաստիարակեն ու սորվեցնեն իրենց զաւակներուն ուր ինչպէ՛ս երթալ, ինչպէ՛ս վարուիլ, ի՛նչ հագնիլ, եւ այլն:

Այս ուղղութեամբ՝ զաւակները դաստիարակելուն, տեսէ՛ք թէ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը ի՛նչ կը գրէ. «Ինչ որ Աստուծմէ որպէս պարգեւ ստացար եւ ունիս, դարձեալ Աստուծոյ պիտի պարգեւես եւ տաս։ Որդիիդ բարեպաշտութեանդ փորձառութիւնը տուր եւ ո՛չ թէ մեծ ունեցուածք։ Աղքատներու բազմութեան նկատմամբ քու հոգածու գթութեամբ անոր ձգէ Աստուծոյ անսահման գթութիւնը եւ ո՛չ թէ տմարդութեան չարիքը։ Անոր սորվեցուր զԱստուա՛ծ պաշտել եւ ո՛չ թէ մամոնային։ Սորվեցո՛ւր անոր երկնայինը ցանկալ եւ ո՛չ թէ երկրայինը։ Սորվեցո՛ւր անոր վերին պատիւը սիրել եւ ո՛չ թէ այն ունայն կեանքի՝ ծաղիկի նման անցաւոր փառքը։ Սորվեցո՛ւր անոր սիրել՝ ո՛չ թէ համակ դառնութեամբ ու թշուառութեամբ լեցուն այս անցաւոր կարճ կեանքը, այլ կայունը, մնայունը եւ բիւրապատիկ հանգստութեամբ լեցուածը»: Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը իրենց զաւակներուն նկատմամբ անփոյթ ու անպատասխանատու ծնողներուն մասին հետեւեալը կը գրէ. «Ով որ անփոյթ է իր երեխաներուն նկատմամբ, ան թէեւ միւս հարցերուն մէջ լաւ եւ կարգին մարդ ըլլայ, միեւնոյնն է, այդ մեղքին համար ծանրագոյն պատիժի պիտի արժանանայ։ Իսկ եթէ կ՚ուզէք ճիշդը իմանալ, որ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ միւս գործերը լաւ վիճակի մէջ ըլլան, իսկ երեխաներու փրկութեան մասին հոգ չտանինք, մենք ծանրագոյն պատիժի կ՚ենթարկուինք։ Ինչպէս նաեւ զաւակներուդ հարստութիւն ժառանգ մի ձգեր, այլ՝ բարեպաշտութիւն, համեստութիւն, պարկեշտութիւն»:

Մանուկն ու պատանին իրենց ծնողներէն է որ կը սորվին, այլ խօսքով՝ ծնողները իրենց զաւակներուն ամենէն առաջին ու ամենէն լաւագոյն դաստիարակներն են, ո՛չ թէ խօսքով միայն, այլ՝ առաւել եւս, գործով, ՕՐԻՆԱԿՈՎ: Հետեւաբար, ծնողները փոքր տարիքէն պէտք է սորվեցնեն իրենց զաւակներուն պատշաճ հագ ու կապով եկեղեցի մտնել, սորվեցնեն թէ այդ վայրը սովորական վայր մը չէ, այլ՝ սուրբ վայր մըն է, Աստուծոյ տունն է, ուր առիթ կ՚ունենանք մեր Երկնաւոր Հօր հետ հանդիպելու, Անոր ներկայութիւնը վայելելու: Իսկ որպէսզի զաւակները ճիշդը սորվին, առաջին հերթին ծնողները իրենք պէտք է իրենց հագ ու կապին ուշադրութիւն դարձնեն, անվայել հագ ու կապով եկեղեցի չմտնեն երբեք, եւ երբ այդպէս վարուին վստահ կրնան ըլլալ, որ իրենց զաւակներն ալ նոյն կերպով պիտի վարուին իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Այր մարդոց պարագային ուրիշ արատաւոր երեւոյթ մը կայ եկեղեցի երթալու հետ կապուած: Անցեալ շաբթուան մեր գրութեան մէջ անդրադարձած էինք, թէ ինչպէս իգական սեռի ներկայացուցիչները բաց հագուած եկեղեցի կու գան… Արական սեռի ներկայացուցիչներէն շատերը, որոնց ձմեռ ժամանակ երբեք եկեղեցի գալը չես տեսներ, եղանակը միայն սկսի տաքնալ, յանկարծ եկեղեցի կը սկսին գալ… Ընթերցողը կարծեմ ենթադրեց, թէ ինչո՞ւ համար… Այդ մարդիկ կու գան եկեղեցի, որպէսզի իրենց աչքերը «յագեցնեն», «վայելեն» ձրիաբար իրենց մատուցուած մարմնացուցադրութիւնը… Ո՛չ միայն անտրամաբանական երեւոյթ, այլեւ անմարդկային մօտեցում:

Այդպիսիներուն իրենց վարմունքին պատճառաբանութիւնը, կամ աւելի ճիշդ արդարացումը այն է, մենք ի՞նչ ընենք եթէ ան այդպէս հագուած եկած է, աչք է՝ կը նայի, աչք է՝ կը վայելէ, թող իրենք այդպէս չգան, մենք ալ չենք նայիր… Ասկէ աւելի անասնական մտածում կամ պատճառաբանութիւն, արդարացում կրնա՞ք երեւակայել: Աս ո՞ւր հասած էք, որ նման կերպ կը մտածէք: Սեպենք, փողոցը քալած ժամանակ մերկ աղջկայ մը կամ կնոջ մը հանդիպիք, ի՞նչ է, դուք ալ պիտի մերկանաք, վազէք այդ աղջկան կամ կնոջ ետեւէն եւ ձեր անասնական կիրքը յագեցնէ՞ք, ա՞յս է ձեզի համար բնականը… Անբան անասուններէն ինչո՞վ կը տարբերիք այդ պարագային, յետոյ, այդ ձեր զազիր ու գարծելի ցանկութիւնները յագեցնելու համար ուրիշ վայր չէ՞ք գտած բացի եկեղեցիէն…

Անդին, անոնք որոնք այս կերպ կը մտածեն, դուք մայր կամ քոյր չունի՞ք, թէ ունիք, սակայն անցեալ շաբթուան մեր գրութեան մէջ յիշած կիներուն ու աղջիկներուն խումբերուն կը պատկանին, որ դուք ձեզ այսպէս կը պահէք ու այսպէս կը վարուիք… Այն նայուածքներով ու այն մտայնութեամբ որ դուք օտար կիներու եւ աղջիկներու կը նայիք, պահ մը մտածեցէք, պիտի ուզէի՞ք, որ ուրիշ մը նոյն կերպով ձեր մայրերու կամ քոյրերուն նայէր… ու նոր միայն շարունակեցէք ձեր անասնական բնազդին յագեցում տալու մասին մտածել ու վայրեր փնտռել…

Ազգովին զգաստանալու կարիքն ունինք: Անցեալ կիրակի օր՝ 16 յուլիսին մեր Առաքելական Մայր Եկեղեցին նշեց Տէր Յիսուսի Այլակերպութեան՝ Պայծառակերպութեան տօնը, աղօթենք եւ խնդրենք մեր Տիրոջ, որպէսզի այլակերպէ՛ մեզ, պայծառակերպէ՛ մեր մտածումները, մեր հոգիներն ու սիրտերը, որպէսզի մենք մեզ թօթափենք մեղքերէն ու մեղքի ստրկութենէն եւ դառնան ի լոյս Աստուածգիտութեան, ապրելու համար Աստուածավայել ու մարդավայել կեանք մը, յանուն մեր հոգիներու անդորրութեան ու փրկութեան եւ ի փառս Ամենակալ Աստուծոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

17 յուլիս 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 20, 2023