ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆԱՑՈՒՄ (Բ.)

Այո՛, այս կէտին կարելի է յիշել միջին դասակարգի յառաջընթացի եւ ընդլայման իրողութիւնը, որ դրականօրէն ազդեց ժողովրդային մակարդակի բարձրացման եւ ժողովրդականացման զարգացման վրայ: Միջին խաւը երբեք այսքան զարգացած ու տարածուած չէ եղած պատմութեան մէջ, իսկ ժողովրդականացումը իր նուաճումներէն կրնանք համարել:

Մեր ժամանակներուն նոյնիսկ թագաւորական ընտանիքներ կ՚ուզեն այսպէս ըսած՝ ժողովրդականանալ, իսկ այս մէկը նաեւ սերտ կապուած է եւ կը մարմնաւորուի հագուստի եւ նորաձեւութեան աշխարհին հետ: Այս մարզէն ներս եղած են մեծ փոփոխութիւններ եւ լիակատար յեղափոխութիւն՝ հասանելիութեան եւ համատարածութեան կապակցութեամբ: Կրնանք նկատել, որ մարդիկ, հաւաքականութիւններ ու ժողովուրդներ այսքան անդասակարգ ու իրերանման չեն եղած իրենց հագուստներով ու ոճերով: Նոյնիսկ հագուստի եւ նորաձեւութեան գերճոխութեան դարուն կրնանք տեսնել նոյնականացման ու պարզութեան մղում մը բոլորին մօտ եւ ամէնուրեք, ինչ որ ժողովրդականացման յատկանիշ մըն է, անկախ գերհարստացող դասակարգէն:

Ժողովրդականացումը կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, քաղաքական վերիվայրումներու հետ կապուած չէ, կրնայ երկիր մը քաղաքացիական պատերազմի մէջ ըլլալ ու յետամնաց, բայց իր քաղաքացիներուն մէկ մասը -ժողովրդային վիճակով եւ ապրուստով- ստեղծած ըլլան նախանձելի ժողովրդականացումներ: Հաւանաբար, մշակութաբանական ու համամարդկայնութեան համար ժողովրդականացումը արժէք կամ, նուազագոյն պարագային, գործիք համարուի, քանի ան մարդկային էութեան հոգեհարազատ կրնայ դասուիլ: Անկախ կրօնական դասակարգումներէն, հետաքրքրական է դիտարկել, օրինակի համար՝ ժողովրդականացման մարմնաւորումը մահմետական հասարակարգերուն մօտ: Կրնանք նկատել, որ մահմետական երկիրներու մէջ ժողովրդայինը աւելի հեզասահութիւն ունի կամ նոյնիսկ կը խթանուի, քան թէ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Մահմետականութեան ընկերային բնոյթին հետ կապ ունի՞ այդ մէկը, դժուար է պատասխանել, բայց կը տեսնենք, որ քրիստոնէական կամ քրիստոնէական ենթահողով ու պատմութիւնով հասարակութիւններու մօտ ժողովրդականացումը աւելի նոր ու ընդլայնող «արժէք է»՝ քան մահմետականին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, պատմական իրողութիւն է, թէ ժողովրդայինը վերածուեցաւ աւելի յարգելիի եւ անվիճարկելիի՝ քան ուրիշ ընկերային հասկացողութիւններ։ Բայց եւ այնպէս, պատմական երկար ճանապարհ կտրեց ժողովրդայինը, որ առաւելապէս քաղաքական ու տնտեսական է. այդ ճանապարհին մեծ դերակատարութիւն ունեցան այն պայքարները, որոնք մղուեցան մարդկային արժէքներուն ու համամարդկայնութեան համար:

Այո՛, ժողովուրդն է հիմքը ամէն ինչին, բայց անցեալ եւ ներկայ դարերուն անոր հանդէպ ու անոր կայացման համար մաքառումը երբեմն բռնազբօսիկ ու կեղծ մղումներ ալ ստացաւ:

Մինչ այդ, կարելի է յիշատակել համայնավարութեան փորձը՝ ազգերն ու ժողովուրդները ժողովրդականացնելու կապակցութեամբ: Զանազան ուղղութիւններով կրնայ գործադրուիլ ժողովրդականացումը, երբ այդ մէկը քաղաքական նպատակ կը կրէ իր մէջ:

Համայնավարութեան չինական ու ռուսական փորձերը, բացի իրենց միւս ձախողումներէն, ձախող կրնան համարուիլ նաեւ ժողովրդականացման տեսակէտէ։ Ժողովրդականացումը ունի ինքնատիպութիւն մը. զայն շրջանցնելը արդէն իսկ կ՚ոչնչացնէ անոր իմաստը։ Ան չի կրնար կեղծ համարուիլ եւ նոյնիսկ կեղծանուանով գործել. օրինակ՝ ժողովրդավարութիւն խաղացող երկիրներու վարչակարգերուն ժողովրդային ու ժողովրդականասէր քարոզչութիւնները: Ժողովրդականացման գնահատանքի ու աստիճանաւորման միջոց կամ գործօն մը չկայ, ան պարզապէս կայ կամ չկայ, քանի այդ մէկը անհրաժշտութիւն մը կամ հիմնական գործօն չէ հասարականութիւններու զարգացման համար: Ան մշակութային ու ընկերային-ընկերաբանական երեւոյթ մըն է: Այո՛, ժողովրդականացումը օգտաւէտ կրնայ ըլլալ՝ ժողովրդավարութիւն կառուցելու իմաստով, բայց ժողովրդավարութեան էական ու շարժիչ գործօնը չէ:

Զանազան երկիրներ եւ հասարակութիւններ ունին իրենց զատորոշուած ժողովրդականացման եղանակները, բայց, հաւանաբար, գովազդային ու տարածուածութեան չափանիշ մը ստեղծելու իմաստով՝ արեւմտեան ժողովրդային արուեստը (Փօփ Արթ) կը մնայ արուեստի դրսեւորմամբ ամենաուղենշային ու տիրական սահմանում մը տալու մօտեցումը՝ մեր օրերու ժողովրդականացման: Մինչ այդ, բաղդատմամբ զանազան երկիրներու ժողովրդականացման, ամերիկեանն ու արեւմտեանը կը ջլատէ զայն, քանի անոնց ետեւ կանգնած է համաշխարհայնացումը, որ կը գործէ արեւմտեան գերակայութեամբ։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2024