ԱՂՕԹՔ
(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)
«Թող կատարուի Քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ»:
բ) Երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները:
Այս խնդրանքին մէջ Տէրը կը սորվեցնէ մեզի Աստուծոյ կամքին կատարումը երկրի վրայ ինչպէս որ երկինքի մէջ: Այստեղ հարցումը, որ կու գայ իւրաքանչիւր հաւատացեալի միտքին մէջ, այն է, թէ երկինքին մէջ որո՞նք են Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները: Պատասխանը հոգեւոր՝ հաւատացեալ մարդուն համար պարզ եւ յստակ է՝ հրեշտակները1: Այս ճշմարտութեան վկայութիւնը կը քաղենք նոյնինքն Սուրբ Գիրքէն, երբ կը կարդանք. «Օրհնաբանեցէ՛ք Տէրը, ո՜վ հրեշտակներ, Անոր հրամանները լսող եւ գործադրող հզօր էակներ» (Սղ 103.20). «Աստուած Իր հրեշտակները ստեղծեց որպէս պատգամաւոր հոգիներ, եւ Իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս» (Սղ 104.4). «Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն Իմ երկնաւոր Հայրս» (Մտ 18.10). «Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ Իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն» (Եբր 1.14): Ահաւասիկ, մի քանի աստուածաշնչեան համարներ, որոնք կը փաստեն, որ հրեշտակները Աստուծոյ կամքը կատարողներն են, եւ որովհետեւ անոնք երկինքի մէջ կը բնակին, ատով յայտնի կը դառնայ, թէ Տէրունական աղօթքի մէջ այս խնդրանքը կապուած է անոնց, որով Տէր Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, հրեշտակներուն նման աշխատիլ Հօր Աստուծոյ կամքը կատարել:
Որոշ մարդիկ սակայն կը տարուին մտածելու, թէ այս խնդրանքը երկմտութիւն կը յառաջացնէ հաւատացեալ մարդուն մօտ, որովհետեւ հրեշտակներուն մէջ կային նաեւ չար հրեշտակներ, որոնք ապստամբեցան եւ հակառակեցան Աստուծոյ կամքին դէմ, եւ երբ մենք Աստումծէ կը խնդրենք, որպէսզի Իր կամքը կատարուի երկրի վրայ ալ՝ ինչպէս կը կատարուի երկինքի մէջ, ատով Աստուծմէ խնդրած կ՚ըլլանք նաեւ ապստամբութեան եւ հակառակութեան ոգի: Այդպիսիներուն Ս. Պետրոս եւ Ս. Յուդա առաքեալները այսպէս կը պատասխանեն. «Որովհետեւ Աստուած մեղանչած հրեշտակներն իսկ չխնայեց, այլ՝ զանոնք տարտարոս նետել տուաւ, ուր խաւարին կապանքներով կապուած՝ կը պահուին մինչեւ դատաստանի օրը» (Բ.Պտ 2.4). «Յիշեցէ՛ք նոյնպէս, թէ ի՛նչպէս վարուեցաւ այն հրեշտակներուն հետ, որոնք իրենց տրուած իշխանութեամբ չգոհանալով՝ իրենց սահմաներէն դուրս եկան, եւ Աստուած զանոնք մշտնջենական շղթաներով կապուած կը պահէ խաւարին մէջ, մինչեւ որ դատաստանի մեծ օրը գայ» (Յդ 6). սրբազան առաքեալներուն գրածները կարդալով, յստակ կը դառնայ մեզի, որ Տէրուանական աղօթքին մէջ հնչած այս խնդրանքը, ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի չար հրեշտակներուն եւ անոնց գործած մեղքին հետ, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ կողմէ շղթայուած են եւ պահուած՝ վերջին դատաստանին համար, այլ խօսքով, մեղանչած հրեշտակները արդէն իսկ Աստուծոյ կամքէն դուրս եկած են եւ այս խնդրանքը անոնց հետ առընչութիւն չունի: Հետեւաբար, երբ կը խնդրենք Աստումծէ, որ Իր կամքը կատարէ երկրի վրայ՝ ինչպէս երկինքին մէջ, ատով անուղղակի կերպով խնդրանք կը ներկայացնենք Աստուծոյ նմանելու այն հաւատարիմ հրեշտակներուն, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց տրուած կոչումին՝ ծառայել Աստուծոյ՝ կատարելով Անոր սուրբ կամքը:
գ) Երկրի վրայ որո՞նք պէտք է Հօր Աստուծոյ կամքը կատարեն:
Տեսնելէ ետք, թէ երկինքի մէջ Հօր Աստուծոյ կամքը կատարողները հրեշտակներն են, այժմ փորձենք հասկնալ, թէ երկրի վրայ որո՞նք են անոնք, որոնք պարտաւոր են Աստուծոյ կամքը կատարել: Պատասխանը դարձեալ պարզ ու յստակ է. երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարել պարտաւոր են բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսը ճանչցած են որպէս Տէր եւ Փրկիչ եւ մկրտուած են Ս. Երրորդութեան՝ Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով, այլ խօսքով, բոլոր այն քրիստոնեաները, որոնք ճշմարտութեամբ ընդունած են Ս. Երրորդութիւնը եւ կամաւորաբար իրենց ենթակայութիւնը յայտնած են Ս. Երրորոդութեան:
Արդարեւ, տեսնենք, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ՚ըսէ մարդուն՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու մասին: Այսպէս, Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Այն ծառան, որ իր տիրոջ կամքը գիտէ եւ չի պատրաստեր կամ չի կատարեր անոր ուզածը, շատ պատիժ կը ստանայ։ Իսկ ան որ չի գիտեր տիրոջ պահանջածը եւ պատիժի արժանի բաներ կ՚ընէ, այդ ծառան նուազ պատիժ կը ստանայ» (Ղկ 12.47-48)։ Այս տողերէն կը հասկնանք, թէ անոնք որոնք անգամ մը ընդունելով Աստուծոյ պատուիրանները, լսելով Անոր պատգամները, տեղեակ ըլլալով անոր կամքին չջանան կատարել Անոր կամքը, որ արխընըտայայտուած է Անոր պատուիրաններուն ու պատգամներուն մէջ, այդպիսիները իրենց անփթութեան պատիժը պիտի կրեն, որովհետեւ իմանալով ճշմարտութիւնը, ճշմարտութեան հակառակ ընթացք բռնած են: Տարբեր է պարագան անոնց, որոնք ցայժմ չե՛ն լսած Աստուծոյ պատգամները, որոհետեւ այդպիսիները ըստ Առաքեալի խօսքին՝ իրենց խղճին համաձայն պիտի դատուին (տե՛ս Հռ 2.14-16):
Քրիստոսի ժամանակներուն մարդոց մէջ այնպիսի սխալ տպաւորութիւն յառաջացած էր, ըստ որուն, անոնք որոնք Քրիստոսը «Տէ՜ր, Տէ՜ր» կը կանչէին, Երկինքի Արքայութեան պիտի արժանանային2: Այդպիսիներուն մեր Տէրը հետեւեալ պատասխանը կու տայ. «Չկարծէք թէ ով որ ինծի «Տէ՛ր, Տէ՜ր» կ՚ըսէ, Երկինքի Արքայութիւնը պիտի մտնէ. այլ պիտի մտնէ միայն անիկա, որ երկինքի մէջ գտնուող իմ Հօրս կամքը կը կատարէ» (Մտ 7.21). իսկ թէ ի՛նչն է Աստուծոյ կամքը, նախորդ մեր գրութեան մէջ լայն կերպով անդրադարձանք:
Տէր Յիսուս Իր երկնաւոր Հօր կամքը կատարողներուն Իր եղբայրը, քոյրը եւ մայրը ըլլալու պատիւը շնորհեց. երբ առիթով մը Ան ժողովուրդին կը խօսէր, Իրեն զգուշացուցին ըսելով, թէ «մայր եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն հետդ խօսիլ» (Մտ 12.47). Յիսուս այս զգուշացումին ի պատասխան հետեւեալը պատասխանեց. «Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս: Եւ Իր աշակերտները ցոյց տալով՝ աւելցուց. ահաւասիկ մայրս ու եղբայրներս: Որովհետեւ ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» (Մտ 12.48-50). այս կու գայ փաստելու այն ճշմարտութիւնը, որու մասին անդրադարձանք մեր նախորդ գրութեան մէջ, երբ ըսինք, թէ Քրիստոսով մենք Աստուծոյ զաւակներ կը դառնանք, իսկ այդ որդեգրութիւնը կը կայանայ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցիին անդամագրուելով:
Պօղոս առաքեալ խօսելով Աստուծոյ կամքը կատարելու մասին, կը զգուշացնէ մեզի ըսելով. «Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո՛չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ՚ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ՚ուզեն շահիլ, այլ՝ իբրեւ Քրիստոսի ծառաներ, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն սրտանց։ Ծառայեցէք յօժարակամ, ինչպէս պիտի ծառայէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ իւրաքանչիւր մարդ, ծառայ ըլլայ թէ ազատ, իր ըրած բարիքին փոխարէնը Տիրոջմէ պիտի ստանայ» (Եփ 6.6-8). Առաքեալին խօսքերը յստակ են, Աստուծոյ կամքը որպէս պարտականութիւն պէտք չէ կատարել, այլ՝ որպէս պարտաւորութիւն՝ սիրտէն բխած եւ անկեղծութեամբ, յօժարակամութեամբ, եւ երբ մարդ այս կերպով կը կատարէ Աստուծոյ կամքը, այդ անկեղծութեան եւ յօժարակամութեան ի պատասխան, Տիրոջմէ վարձատրութիւն պիտի ստանայ:
Յովհաննէս առաքեալ իր Ընդհանրական առաջին թուղթին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարողներուն հետեւեալ երջանիկ խոստումը կու տայ՝ ըսելով. «Գիտցէ՛ք, սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ» (Ա.Յհ 2.17), ասով կու գայ հաստատուելու այն ճշմարտութիւնը, որ անոնք որոնք յանձն կ՚առնեն այս աշխարհին մէջ չարչարուիլ, այդպիսիները այդ կերպով իրենց համար յաւիտենական երջանկութեան անցագիրը կտրած կ՚ըլլան:
Նոյն Առաքեալը Աստուծոյ կամքի մասին խօսելով, կը գրէ. «Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ Իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։ Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէ պիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք Իրմէ» (Ա.Յհ 5.14-15). այսինքն՝ մարդիկ, որոնք աշխարհի՝ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարողներն են, այն համարձակութիւնը ունին, որով կրնան Աստուծմէ խնդրել ինչ որ կ՚ուզեն, եւ եթէ իրենց խնդրածը Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլայ, Ամենաբարին Աստուած կը պատասխանէ եւ կը կատարէ անոնց խնդրանքները, պատիւ մը, որ միայն մարդ արարածին տրուած է: Հրեշտակները չունին այս պատիւը, անոնք մի միայն Աստուծոյ կամքը կատարողներ են, Աստուծոյ պատգամաբերներն են, որոնք խնդրելու իրաւունք չունին, բայց մարդիկ Աստուծոյ կամքը կատարողներ ըլլալէ անդին, իրաւունք ունին նաեւ Աստուծմէ խնդրելու այն ինչ որ կ՚ուզեն, եւ Աստուած կը լսէ ու կը կատարէ իրենց խնդրանքները, պայմանաւ որ, իրենց խնդրանքները Աստուծոյ կամքին համաձայն ըլլան, որու մասին որ Յովհաննէս առաքեալ գրած է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 10
Վաղարշապատ, 10 սեպտեմբեր 2018
1 Այստեղ յարմար կը նկատենք մէջբերել «Լոյս» շաբաթաթերթին (1908) մէջ հրապարակուած սոյն հատուածը հրեշտակներուն մասին, որ կը կրէ «Հրեշտակները Սուրբ Գրոց մէջ» վերնագիրը: Այնտեղ կը կարդանք. «1) Հրեշտակներու երկրպագութիւն եւ աղօթք.- Ս. Գրքի մէջ հրեշտակներու երկրպագութիւնը եւ պաշտօնը բացարձակապէս արգիլուած է։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Չըլլայ որ մէկը զրկէ ձեզ մրցանակէն եւ ուզէ… հրեշտակներու կրօնքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ» (Կղ 2.18)։ Յովհաննէս իր Յայտնութեան մէջ կ՚ըսէ, թէ երբ ուզեց իր տեսիլքին մէջ երեւցող հրեշտակին ոտքերուն առջեւ երկրպագութիւն ընել, հրեշտակը ըսաւ. «Զգուշացի՛ր, երկրպագութիւն մի՛ ըներ. ինչո՞ւ. որովհետեւ ես քու եւ եղբայրներուդ մարգարէներուն՝ եւ այս գիրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ. Աստուծոյ ըրէ երկրպագութիւնը»։ Նիկիոյ Բ. ժողովը որոշեց՝ որ հրեշտակներու եր-կըրպագութիւն եւ պաշտօն չմատուցուի. «Պաշտամունք պէտք չէ կատարել հրեշտակներու համար, այլ միայն ներելի է յարգանք ընծայել»։ Նախնական եկեղեցւոյ մէջ ժամանակ եղաւ (365-ին), որ արգիլուեցաւ երկրպագութիւնը եւ ոչ իսկ թոյլ տրուեցաւ աղօթք ընել. բաց աստի արդէն Ս. Գրոց եւ Աւետարանի մէջ չկայ համար մը, որ ուղղակի եւ բացայայտ կերպով վկայէ՝ թէ հրեշտակներու պէտք է աղօթել անոնց բարեխօսութիւնը հայցելով։ Հրեշտակները բարեխօսելու համար չեն յատկացուած. անոնք միայն Աստուծոյ կամքը կատարելու սահմանուած են։ Անոր երեսը տեսնելու եւ փառաբանելու։
Մեր Ս. Եկեղեցին արդեօք ե՞րբ սկսած է հրեշտակներու տօնախմբութեան. թէեւ ստուգապէս չենք գիտեր այդ մէկը, բայց կ՚երեւի, թէ ուշ ժամանակի կարգադրութիւն է։ Սուրբերու բարեխօսութիւնը կ՚ընդունինք եւ կը հաստատենք Ս. Գիրքով, բայց հրեշտակներու համար չկայ որոշ եւ բացայայտ ակնարկութիւն։ Ս. Գրքի եւ Աւետարանի այն համարները, որոնք կը մէջբերուին, իբր թէ ի նպաստ հրեշտակներու բարեխօսութեան, բոլորովին տարբեր նշանակութիւն եւ ակնարկութիւն ունին։ Ահա՛ այդ համարները. «Եւ հրեշտակը ըսաւ, Ես եմ Գաբրիէլը, որ Աստուծոյ առջեւ կը կենամ» (Ղկ Ա. 19). «Անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն Իմ Հօրս երեսը որ երկինքն է» (Մտ 18.10). «Օր մը Աստուծոյ որդիները (հրեշտակները) Տիրոջը առջեւ կեցան» (Յոբ 1.6, 2.1)։ Այս համարներուն մէջ ստորագծուած խօսքերը ուրիշ բան չեն նշանակեր, բայց միայն Աստուծոյ սա խօսքը, թէ հրեշտակները Աստուծոյ առջեւ կեցած են ու Անոր հրամաններուն կը սպասեն՝ Իր կամքը կատարելու համար։ Յայտնութեան գիրքին մէջ յիշուածները ի նպաստ բարեխօսութեան՝ զուտ այլաբանական են եւ մեկնութիւն չեն վերցներ։
2) Մեղանչող հրեշտակները.- Յովսեպոս՝ Առաքելոց ժամանակակից հրեայ րաբբի պատմիչը՝ իր «Հնախօսութիւնք Հրէից» անուն գրքին Գ. գլխուն մէջ կ՚ըսէ՝ թէ հրեշտակներ իրենց արժանիքն ու պատիւն չճանչնալով զուգաւորուեցան «մարդոց աղջիկներու» կոչուած կիներու հետ եւ ծնան որդիներ, որոնք նման էին Յունաց Հսկաներուն։ Հին Կտակարանի մէջ միայն Ծննդոց գրքին մէջ է, որ մեղանչող հրեշտակներու մասին ակնարկութիւն մը կայ. «Աստուծոյ որդիները (հրեշտակները) մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ ամէն իրենց ընտրածներէն իրենց կին կ՚առնէին» (6.2,4)։ Հին Կտակարանի մէջ ուրիշ ոչ մէկ տեղ կը կարդանք այս կէտը շօշափող ո՛րեւէ պարագայ։ Միայն Ենովքայ անկանոն գրքին մէջ մեծապէս ընդլայնուած է անկեալ հրեշտակներու աւանդութիւնը եւ Նոր Կտակարանի մէջ ասիկա անուղղակի կերպով կը հաստատուի (Բ. Պտ 2.4։ Յդ 6)։
3) Գլխաւոր հրեշտակներ կամ հրեշտակապետներ.- Երկնային անթիւ հրեշտակներէն եօթն գերագոյն են, իշխանապետներն են հրեշտակներու, որ հրեշտակապետներ կը կոչուին։ Տովբիթի Գրքին մէջ կը կարդանք. «Ես եմ Ռաֆայէլ, մին՝ եօթը սուրբ հրեշտակներէն»։ Ենովքի եւ Բ. Եզրի 5.20 համարին մէջ այդ եօթը հրեշտակներէն չորրորդը կը համարուի Ուրիէլը։ Գաբրիէլը եւ Միքայէլը մասնաւորապէս անուանուած են հրեշտակապետներ, եւ եօթը հրեշտակներու մէջ առաջին եւ երկրորդ տեղերը կը գրաւեն։
Եօթը հրեշտակապետներու խորհրդաւոր թիւը, 7, կը տեսնուի նաեւ Եզեկիէլի Թ. գլխուն մէջ»:
2 Այսօր եւս նոյն հաւատալիքը կայ աղանդաւորականներուն մօտ: Անոնք իրենց վերնատունները՝ ուղեղները անջատած, կը կարծեն, թէ զՔրիստոս որպէս Տէր եւ Փրկիչ ընդունելով եւ այդ բանաւոր կերպով յայտարարելով, կը փրկուին եւ յաւիտենական կեանքին կ՚արժանանան: Բայց, ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալը գիտէ, որ ատիկա պարզապէս խաբկանք է եւ ճշմարտութեան չի՛ համապատասխաներ, որովհետեւ Երկինքի Արքայութեան հասնելու ճանապարհը կ՚անցնի Աստուծոյ կամքը կատարելու ճանապարհով: