ՀԱՅՐԵՆԻ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ
ԳՆԱՑՔԻՆ ՄԷՋ
Խումբ մը զբօսաշրջիկներ տարբեր երկիրներէ՝ Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, հայրենիքի մէջ կը կազմակերպեն իրենց ամառնային հանդիպումը: Խումբէն անդամ մը, հաւանաբար ամենէն հմուտը կամ տարածութեան ծանօթ անձը, կը ստանձնէ պտոյտներուն կազմակերպումը: Շաբաթուան մը արձակուրդին ընթացքին նախապէս որոշուած է անոնց այցելութիւններուն վայրերն ու թուականները, բոլոր կարգադրութիւնները տեղի ունեցած են ամէն ինչ հանգստաւէտ պայմաններով ընթանալու: Մանուկներ ալ կան խումբին մէջ, որոնց առաջին այցելութիւնն է ու ծնողները կը փափաքին ամէն ինչ ցոյց տալ ու մանուկներուն յարմար ոճերով պտոյտներ ալ կ՚ուզեն որ տեղի ունենան:
Անոնք ժամանեցին ու այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Էջմիածին, Ջերմուկ եւ յարակից վանքերը..., որոշած են նաեւ այցելել Կիւմրի, Երեւանէն Կիւմրի հասնող արագ գնացքին համբաւը հասած է իրենց ունկերուն եւ ահաւասիկ առիթ մըն է մանուկները նաեւ գնացքով ճամբորդութեան ծանօթացնելու:
Ճամբորդները տեղաւորուեցան, գնացքը դանդաղ սկիզբով մը շարժեցաւ, քալեց ու հետզհետէ արագացաւ, սուրաց ճեղքելով հայրենի լեռներն ու ձորերը: Մասիսի զոյգ գագաթները պայծառ տեսք մը ունէին, մշուշը փարատած էր գագաթներէն, մանուկներուն ամենէն մեծը զբաղած էր Մասիսի ժպիտը որսալով ու անընդհատ առձեռնով կը նկարէր ու կը դիտէր նկարները եւ գնացքին սուրալուն ընթացքին կը շարունակէր փորձել յստակ նկար մը ունենալ:
Մանուկներուն ամենափոքրը, սակայն, կը ճչար, նեղացած ըլլալու էր բանէ մը. բնաւորութեամբ ինքնամփոփ այս ձագուկը դիւրին չէր ընտելանար նորութիւններու, մանաւանդ ձայները զինք կ՚անհանգստացնէին, այո՛, ձայները, որոնք ահագնացած ու անհանգստացնող էին գնացքին մէջ. աշակերտական խումբեր, մայրերու ու ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, վերամուտի դպրոցական առաջին պտոյտով կը մեկնէին Կիւմրի. ուսուցչուհիները զբաղած էին ինքնիկներով, իրենց դէմքերուն խտացուած շպարներու ու յարդարուն, բազմերանգ մազերու ցուցադրութեան համար ինքնիկները իսկոյն դիմատետրի էջերը կը զարդարէին եւ՝ «տե՛ս ով է լայքել...», կը լսուէր անախորժ քահքահներուն հետ: Մինչ մանուկին մայրը կը գրէր թուղթի մը կտորին վրայ, որ ստացած էր գնացքի պաշտօնեաներէն, որոնք սովորաբար կը բաժնեն բոլոր ճամբորդներուն հասկնալու համար գնացքի ճամբորդութեան դրական եւ բացասական կողմերը եւ, հաւանաբար, դիմելու ինքնասրբագրութեան:
«Կը խնդրենք, որ ճամբորդներուն աթոռները համարակալուած ըլլան, որ իւրաքանչիւր ճամբորդ ունենայ իր աթոռը»,- գրեց մանուկին մայրը թուղթին վրայ տեղ մը ու յանձնեց պաշտօնեային, ապա գրկեց մանուկը եւ փորձեց զայն խաղաղեցնել, իսկ մանուկին հայրը, հեռաւոր աթոռի մը վրայ նստած, կը փորձէր ժխորէն չանհանգստանալ:
Այսպէս, ցիր ու ցան նստած տասնեակ մը զբօսաշրջիկներ, ըմբոշխնեցին գնացքով Կիւմրի ճամբորդելուն «հաճոյք»ը:
ՉԵՐՔԵԶԻ ՁՈՐԸ
-Այս ի՛նչ գեղեցիկ տեղ մըն է, ուրկէ ալ կը գտնես,- կ՚ըսէ զբօսաշրջիկը ընկերոջ Կիւմրիի այս հրաշալի ձորին գեղեցկութեամբ հմայուած:
-Հապա ի՛նչ կը կարծես, հոս հանգստավայրն էր մեր ֆետայիներուն,- կ՚ըսէ յեղափոխական ընկերը ու առձեռնով ցոյց կու տայ պատկերներ,- տե՛ս, ձմրան այստեղ որքա՛ն աւելի գեղեցիկ կ՚ըլլայ, ճեփ-ճերմակ, ձիւնածածկ ու տեղ-տեղ հոսող սառնորակ ջուրերով, որոնց մէջ կը թփռտան քաղցրահամ ջուրերու մէջ ապրող այս ձուկերը՝ իշխանը, կարմրախայտը...:
-Ակա՛ս, աս սպասեակներուն լեզուէն դուն միայն կը հասկնաս, պէտք եղածը ապսպրէ ալ սա մեր պարապ ստամոքսները լեցնենք,- լիբանանահայը կը միջամտէ խօսակցութիւնը:
Մինչ կիները մանուկները կը պտտցնեն, ցոյց կու տան անոնց արհեստական լճակներուն մէջ լողացող ձկնիկները, մէկուն մէջ՝ նորածիններ, միւսին մէջ միջին չափերով ձուկեր, ուրիշ լճակի մը մէջ միայն իշխանաձուկեր, տեղ-տեղ ցայտաղբիւրները կը զովացնեն չորս դին, քիչ անդին ձիեր պատրաստ կանգնած ուղեւորի կը սպասեն, որ պտտցնեն, ու ահա ամենափոքր մանուկը կը խանդավառուի, կը նստի ձիուն քամակը ու զուարթ դէմքով, երբեմն ձայնեղ ժպիտով կը պտտի ձորի անտառին մէջ, բնութեան գիրկը:
Ձորին դէմի բարձունքին վրայ փշալարերուն կը հսկեն զինուորներ՝
-Ռուս զինուորներ են,- կ՚ըսէ շրջանի պատմութեան ծանօթ զբօսաշրջիկը,- անոնք հոս են հինէն ի վեր...
-Իսկ ինչո՞ւ ձորը Չերքեզի ձոր կը կոչուի,- կ՚ընդմիջէ ընկերը:
-Ձորին անուանումը կապուած է պատմական Հայաստանը Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ մտնելու ժամանակաշրջանին ծաւալած իրադարձութիւններուն հետ: Ռուսական կայսրութեան մէջ ապրող չերքեզները Օսմանեան կայսրութիւն գաղթելու ճամբուն այս ձորին մէջ վրաններ լարած են, որմէ ետք ժողովուրդը ձորին տուած է Չերքեզի ձոր անունը...:
-Պատմութեան գիրք ես, ի՛նչ ես,- կ՚երգիծէ ընկերը գոհունակութեամբ:
Այսպէս, պատմական տեղեկութիւններով յագեցած, բնութեան գեղեցկութեամբ հմայուած ու մանաւանդ ձուկի համեղ տեսականիով կշտացած զբօսաշրջիկները ինքնաշարժներով կը վերադառնան Երեւան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ