ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ի՛ՆՉ ՀԻՄՔԵՐՈՎ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ՃՈՆ ՊՈԼԹԸՆԸ

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եզրագծին նոր եւ բաւական կարեւոր զարգացումի մը կը սպասուի։ Խօսքը ոչ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար նոր դեսպանի մը նշանակման մասին է, այլեւ՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւան տալիք այցի մասին է։ Պոլթըն, որ այս մասին գրառում մը կատարած է իր թուիթըրի էջով՝ նշած է, թէ իր այցելութիւնը սկիզբ պիտի առնէ Մոսկուայէն, ուրկէ պիտի անցնի Պաքու, Երեւան եւ վերջապէս Թիֆլիզ։

Նշուած երկիրներէն միայն մէկը՝ Վրաստանը Ռուսաստանի դաշնակիցն է։ Ուշագրաւը այն է, որ Պոլթըն այս «սպասուած» այցելութեան ընթացքին պիտի չգոհանայ միայն Թիֆլիզ այցելութեամբ, այլեւ պիտի «հանդիպի» Մոսկուա, Պաքու եւ Երեւան։ Ճոն Պոլթընի քաղաքական կենսագրութեան ծանօթները լաւ գիտեն, թէ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներու, յատկապէս Ճորճ Պուշ կրտսերի, նստաշրջանին դարձեալ կարեւոր դիրք զբաղեցուցած Պոլթըն կը համարուի Սպիտակ տան արտաքին քաղաքականութեան ամենակարեւոր ճարտարապետներէն մին։ Զանազան առիթներով զինք անուանած են «Փորձառու աղուէս» կամ ամերիկեան քաղաքականութեան ամենակարեւոր «արծիւ»ներէն մին։ Իսկ Միջին Արեւելքի քաղաքական տեսարանին վրայ Պոլթըն դարձած է Իսրայէլի ամենէն վստահելի գործընկերէն մին, միեւնոյն ժամանակ «վայելելով» հակաամերիկեան թե-ւերու ատելութիւնն ու թշնամանքը։ Լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ Պոլթըն կը համարուի 2005 թուականին (անշուշտ վարչապետ Հարիրիի սպանութենէն ետք) Լիբանանի մէջ «բռնկած» Մայրիներու յեղափոխութեան գլխաւոր «ճարտարապետ»ը. անոր անմիջական թելադրանքներով ու ցուցմունքներով է, որ այդ երկրի հակասուրիական թեւը կարողացած է դառնալ քաղաքական կայուն եւ ազդեցիկ ուժ։ Ուրեմն յստակ է, որ մենք գործ ունինք նման ազդեցիկ եւ Թրամփի մօտ «մեծ արժէք» ունեցող գործիչի մը հետ։ Եթէ փորձենք հաշուի առնել Պոլթընի անցած քաղաքական ուղին, ապա պարտաւոր ենք ուշադրութիւն դարձնել անոր սոյն այցելութեան, որ սովորական չ՚երեւիր։ Այս մէկը սովորական այց մը չէ Ռուսաստանի համար, որ այսօր դարձած է ամերիկեան պատժամիջոցներու մշտական թիրախ։ Սովորական այց մը չէ Պաքուի համար, ուր ամերիկացի նման որակով բարձրաստիճան գործիչի մը ժամանումը կը համարուի «խիստ կարեւոր»։ Սովորական այց մը չէ ամերիկամէտ Թիֆլիզի համար, որ կը պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններու։ Եւ վերջապէս սովորական այցելութիւն մը չէ Հայաստանի համար, որ այսօր ունի քաղաքական իշխող նոր վերնախաւ մը եւ յեղափոխական իրավիճակէ դուրս ելած երկիրը կը պատրաստուի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու։

ՍՈՒՐԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանի կարծիքով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է պատրաստի առաջարկներով «դիմաւորեն» Ճոն Պոլթընը։ Ան այս կապակցութեամբ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ճոն Պոլթընի Երեւան կատարելիք այցելութեան ընդառաջ եւ նախքան սպասելիքներուն անդրադառնալը՝ պէտք է խօսիլ, թէ Հայաստան ինչ կրնայ առաջարկել, որովհետեւ իրականութեան մէջ ստանալու շատ բան կայ, իսկ որեւէ բան ստանալու համար պէտք է հետեւողականօրէն աշխատիլ»։ Սարգսեան նաեւ յիշեցուց, թէ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ իր հրաժեշտի առթիւ զանգուածային լրատուական միջոցներու հետ վերջերս ունեցած էր հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձած էր այս տարուան ընթացքին Հայաստանին տրամադրուելիք լրացուցիչ նիւթական օժանդակութեան։ Սարգսեանի կարծիքով՝ ԱՄՆ-ի համար շատ կարեւոր է մշակել եւ զարգացնել համակարգային բարեփոխումներու երկարաժամէտ ծրագիրներ, իսկ ներկայ դրութեամբ ալ շատ բնական է, որ արտաքին գործոց գերատեսչութեան ղեկավարութիւնը հանդէս գայ այդ մօտեցումներով։ «Այս, ի հարկէ, կարեւոր օժանդակութիւն մըն է, որ Միացեալ Նահանգներ արդէն յետյեղափոխական Հայաստանին կու տայ։ Ըստ էութեան, այդ մէկը պիտի ըլլայ Հայաստանին տրամադրուող առաջին գանձատրական աջակցութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, որոնց նկատմամբ մեր օրակարգին։ Ծանօթ է, որ Ուաշինկթընի մօտ կան որոշ բարդութիւններ` կապուած Սուրիոյ մէջ մեր մարդասիրական առաքելութեան ընկալման հետ: Այստեղ մենք պէտք է ներկայացնենք, թէ ի՛նչ ժամկէտներով, ի՛նչ նպատակով եւ ինչ հիմքերու վրայ Հայաստան դեր կը ստանձնէ Սուրիոյ մէջ։ Հայաստան պատասխանատուին պէտք է բացատրէ նաեւ, թէ որո՛ւ հետ պիտի համագործակցի, մանաւանդ, որ այնտեղ կան սակրաւորներ, ինչ որ չափազանց կարեւոր է ԱՄՆ-ի համար: Միեւնոյն ժամանակ, գիտէք, որ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կ՚աջակցի ԱՄՆ-ին՝ անոր Աֆղանիստանին ուղղուած քաղաքականութիւնը, ռազմավարութիւնը իրականացնելու առումով, ինչպէս նաեւ լուրջ օժանդակութիւն կը տրամադրէ Ուաշինկթընին:

«Մենք նոյնպէս կրնանք որոշակի աջակցութիւն առաջարկել։ Առաջին պարագան՝ որպէսզի ներգրաւուած ըլլանք նաեւ այս տարածքաշրջանի մէջ, երկրորդ՝ որպէսզի կարողանանք հաւասարակշռել Ատրպէյճանի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները, որոնք ներկայ դրութեամբ աշխուժօրէն կը զարգանան եւ կը խորանան յատկապէս՝ Աֆղանիստանի ռազմավարութեան ուղղուած արարքներու կապակցութեամբ: Այս շրջանակներէն ներս ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները այսօր աւելի սերտ են, քան՝ մօտաւոր անցեալին»։

Ըստ Սարգսեանի` յաջորդ կարեւոր հանգամանքը, որ Հայաստան իր քաղաքականութիւնը եւ համագործակցութիւնը պէտք է պայմանաւորէ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեամբ եւ պէտք է հասկնալ, թէ որո՛նք են այդ պետութեան առաջնահերթութիւնները։ Իսկ Հայաստան ի՛նչ առաջնահերթութիւններ պէտք է ունենայ, որպէսզի կարողանայ աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլ ԱՄՆ-ի հետ: Ըստ քաղաքագէտին` այստեղ նոյնպէս կան օրակարգային կարեւոր հարցեր: Ան կը յիշեցնէ, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի համար այս պահու դրութեամբ ամենակարեւորը անվտանգութեան ապահովումն ու տնտեսական զարգացումն է։ Այս կէտին ալ Հայաստան ԱՄՆ-ի հետ կրնայ համագործակցիլ, մանաւանդ, գործի եւ առեւտուրի զարգացման ոլորտներուն մէջ։

Ի հարկէ, սա, Սարգսեանի կարծիքով, մինչդեռ աւելի բարդ է` հաշուի առնելով աշխարհագրութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական այն իրողութիւնները, որոնք կան, այսինքն` Հայաստանի փակ սահմանները եւ այլն… Այսուհանդերձ, Հայաստան պէտք է փորձէ զարգացնել նաեւ առեւտրական կապերն ու յարաբերութիւնները ԱՄՆ-ի հետ:

«Միացեալ Նահանգներ կը հետեւի բոլոր գործընթացներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ մեր գործընկերները կը հետեւին: Մեր հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը այլընտրանք չունի, որովհետեւ չհաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն կը նը-շանակէ՝ քաղաքական եւ միջազգային ինքնասպանութիւն, կամ ուղղակի բոլորի կողմէ ըլլալ մերժուած։ Հիմա Հայաստան պէտք է բազմաթիւ ուղղութիւններով զարգացնէ իր յարաբերութիւնները, որոնք եթէ յառաջ տանի այս գործընկերոջ հետ, պէտք է խորացնէ նաեւ միւսներուն հետ։ Ան պէտք է փորձէ հաւասարակշռել յարաբերութիւնները եւ զանոնք կառուցել ո՛չ թէ հակասութիւններու, այլեւ՝ ընդհանուր առմամբ, համագործակցութեան եւ զարգացող յարաբերութիւններու հիման վրայ: Ես կը կարծեմ, թէ որեւէ խնդիր չ՚ըլլար Ռուսաստանի կողմէ, եթէ մենք մեր յարաբերութիւնները զարգացնենք ԱՄՆ-ի հետ առեւտրական ոլորտէ ներս։ Փոխադարձաբար նոյնը կրնանք ըսել ԱՄՆ-ի տեսակէտէ։ Չմոռնանք, որ երբեք ԱՄՆ-ի կամ Իրանի կողմէ Հայաստանը ընտրութեան առջեւ չէ դրուած։ ԱՄՆ երբեք մեզի չէ ըսած, որ մի՛ շփուիք Իրանի հետ՝ եթէ մեզի հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ կ՚ուզէք։ Հետեւաբար կը կարծեմ, թէ մեր հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը, որ, մեծ հաշուով, հիմանդրուած է անկախութեան առաջին իսկ օրուընէ, պիտի շարունակէ մնալ մեզի համար առաջնահերթութիւն, ինչ որ չափազանց կարեւոր է», կը նշէ Սարգսեան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի դէպի Սուրիա մարդասիրական նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու նիւթին։ Սարգսեանի տեսակէտով՝ Հայաստան այդ օրակարգին կապակցութեամբ պէտք է ըլլայ անկեղծ իր գործընկերներու հետ. ո՛չ միայն ամերիկացի, այլեւ՝ բոլոր գործընկերներուն հետ։ Ան պէտք է իր նպատակները ներկայացնէ, թէ ինչո՞ւ ընդհանրապէս որոշած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները գործուղել Սուրիա, ի՞նչ նպատակով անոնք կ՚երթան, ի՞նչ խնդիրներ դրուած են անոնց առջեւ եւ արդեօք հա՞յ համայնքի պաշտպանութիւնը պիտի ըլլայ անոնց առաջնահերթութիւնը, թէ՝ անոնք այլ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն այնտեղ:

«Եթէ մենք մեր գործընկերներու հետ բաց եւ թափանցիկ աշխատինք, կը բացառեմ, որ որեւէ խնդիր պիտի չըլլայ։ Հաւանաբար հակառակը պիտի ըլլայ եւ բոլորը ճիշդ պիտի ընկալեն մեր մօտեցումները», եզրափակած է Սուրէն Սարգսեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2018