ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Է.

ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ» (Յհ 7.33):

Մեկնութիւն. Չորս բանէ կ՚երեւի. նախ՝ թէ այժմ չէք կրնար բռնել զիս, սակայն կարճ ժամանակ մը ետք, Ես կամովին Ինքզինքս ձեր ձեռքը պիտի տամ՝ խաչելու, որովհետեւ այս օրէն մինչեւ խաչելութիւնը վեց ամիս կը թուի: Երկրորդ՝ իբրեւ հրեաներուն ըսել, թէ հիմա չէք կրնար բռնել զիս, քանի որ տակաւին ձեզի հետ եմ՝ ուսուցանելու եւ հրաշքներ գործելու: Երրորդ՝ կարճ ժամանակ մը՝ տնօրինութիւնս կատարելու համար ձեզի հետ եմ՝ աշխարհի օգուտին համար: Չորրորդ՝ կարճ ժամանակ մը խաչին վրայ կ՚ըսէ, երբ բազմաթիւ նշաններ եղան՝ զիրենք յանդիմանելու եւ Քրիստոսի Աստուածութեան մասին քարոզելու:

Խօսք. «Պիտի երթամ Անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յհ 7.33):

Մեկնութիւն. Թէեւ Աստուածութեամբ անբաժանելի էր Հօրմէն, սակայն Հօր դիմաց խոնարհեցաւ՝ Անկէ մարմինին համար փառք ստանալու համար: Դարձեալ՝ երկինք համբարձումին համար կ՚ըսէ, որ Աստուծոյ տեղն է կ՚ըսուի, որովհետեւ Աստուծոյ զօրութիւնն ու մեծութիւնը աւելի այնտեղ կ՚երեւի:

Խօսք. «Պիտի փնտռէք զիս, բայց պիտի չգտնէք» (Յհ 7.34):

Մեկնութիւն. Չորս կերպով կարելի է հասկնալ. նախ՝ պիտի փնտռէք զիս նշաններ եւ բժշկութիւն կատարելու, սակայն պիտի չգտնէք: Երկրորդ՝ համբարձումէն ետք, երբ առաքեալներուն գործած նշանները տեսան, շատեր ապաշխարեցին եւ Քրիստոսի հաւատքին եկան, սակայն ըստ մարմինի զՔրիստոս չգտան, թէեւ ճշմարիտ հաւատացեալները հոգեպէս գտան: Երրորդ՝ հռոմայեցիներուն պաշարած օրը գիտցան, թէ Քրիստոսի համար անպարտ մահ եղաւ, կը ցանկային, որպէսզի փրկուին, սակայն Փնտռուածը չգտան: Չորրորդ՝ քանի որ բոլոր անհաւատ հրեաները Քրիստոսի մահէն ետք կը փնտռէին զՔրիստոս, եւ հիմա եւս կը փնտռեն ու չեն գտներ, որովհետեւ Քրիստոս եկաւ, սակայն չհաւատացին:

Խօսք. «Դուք չէք կրնար գալ» (տե՛ս Յհ 7.34):

Մեկնութիւն. Եւ թէեւ հիմա կրնային բռնել զՔրիստոս, սակայն յետոյ չեն կրնար այլեւս բռնել եւ վնասել. նախ՝ որովհետեւ չէին կրնար հասնիկ երկինքի երանութեան, առանց Քրիստոսի հաւատքին: Դարձեալ, չէին կրնար երկինք հասնիլ, վնասելու համար Քրիստոսին:

Հրեաները զարմացած կ՚ըսէին.

Խօսք. «Ինչու ո՞ւր պիտի երթայ…: Արդեօք հեթանոսներուն մէջ ցրուած հրեաներո՞ւն [սփիւռք]» (Յհ 7.35):

Մեկնութիւն. Երեք կերպով կարելի է հասկնալ. նախ՝ սփիւռք հեթանոսներուն համար կ՚ըսէին, որովհետեւ աշխարհով մէկ ցրուած էին, իսկ իրենք Երուսաղէմի մէջ էին: Երկրորդ՝ կռապաշտութեան պատճառով ցրուած ու տարածուած կ՚ըսէին, իսկ իրենք՝ մէկ հաւատքի մէջ: Երրորդ՝ հեթանոսները արհամարհելով ցրուած էին, որպէս յարդ ցրուած ու անկարգ վիճակով ձգուած, եւ իրենք զիրենք իբրեւ ցորեն կը համարէին՝ շտեմարաններու մէջ հաւաքուած:

Քրիստոս երբ Իր վարդապետութեան ծնունդը ցոյց տուաւ, ասկէ ետք մարդիկը կը հրաւիրէ Իր վարդապետութիւնը լսելու համար:

Խօսք. «Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը» (Յհ 7.37):

Մեկնութիւն. Վերջին օր կը կոչուի Տաղաւարահարաց տօնին եօթներորդ օրը, եւ վերջին օրը աւելի հանդիսաւոր կերպով կը կատարէին, ինչպէս առաջին [օրը]: Եւ կամ վերջին է Տաղաւարահարացի ութերորդ օրը, որ կը կոչուէր «Տօն ժողովման», որ սրբութեամբ կը կատարէին եւ իւրաքանչիւրը իր բնակավայրը կը վերադառնար, ինչպէս գրուած է Ղեւտացւոց եւ Թուոց գիրքերուն մէջ, որ կը նշանակէ ութերորդ դարուն սուրբերու ժողովումին Վերին Երուսաղէմին մէջ:

Խօսք. «Յիսուս ոտքի կանգնած» (Յհ 7.37):

Մեկնութիւն. Այսինքն՝ կանգուն: Իսկ Ձիթենեաց լերան վրայ նստած կ՚ուսուցանէր աշակերտներուն՝ առ ի խրատ վարդապետներուն, երբ ժողովուրդին կը քարոզէ՝ կանգնիլ, իսկ աշակերտներուն երբ դաս տայ՝ նստիլ: Իսկ թէ ի՞նչ է պատճառը, ըսուեցաւ այնտեղ՝ Մատթէոսին մէջ, ինն երանութիւններուն մէջ:

Խօսք. «Բարձրաձայն կ՚ըսէր» (Յհ 7.37):

Մեկնութիւն. Նախ՝ որպէսզի բոլորը լռեն: Երկրորդ՝ որպէսզի հեռու եղողները լսեն: Երրորդ՝ որպէսզի արթնցնէ թմրածները: Չորրորդ՝ որպէսզի անոնց հոգիներուն լսելի ըլլայ, ինչպէս նաեւ խուլերուն: Հինգերորդ՝ որովհետեւ խօսքը մեծ էր եւ լսողներուն համար օգտակար: Վեցերորդ՝ քանի որ ջերմ էր ի սէր խօսքին, այսինքն՝ անոնց փրկութեան համար: Եօթներորդ՝ որպէսզի ազդողական ըլլայ անոնց միտքերուն: Ութե-րորդ՝ ցոյց տալու Իր արիութիւնը, ինչպէս նախապէս ցոյց տրուեցաւ:

Որովհետեւ ջուր է Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ սուրբ հաւատքը:

Խօսք. «Ով որ ծարաւ է՝ թող Ինծի գայ եւ խմէ» (Յհ 7.37):

Մեկնութիւն. Ոսկեբերանը ջուրը հաւատքն է կ՚ըսէ, եւ ծարաւը՝ փափաքն է, իսկ գալը՝ յօժարիլը, որովհետեւ հաւատքը չորս տապ[երը] կը մարէ. նախ՝ անհաւատութեան տապը, երկրորդ՝ կռապաշտութեան, երրորդ՝ տգիտութեան, չորրորդ՝ մեղքերու ցանկութեան:

Իսկ ուրիշներ իմաստութեան ջուրը կ՚ըսեն, որ կենարար վարդապետութիւնը կը փափաքի ու դէպի ան գալը, անոր հաւատալը: Եւ ապա մարդը կրնայ իմաստութեան կենարար ջուրը ըմպել, ոչ միայն բաւականութեան, այլ՝ ի յաւելուած, որ միւսներուն վրայ ալ կը տարածուի:

Խօսք. «Ով որ Ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ» (Յհ 7.38):

Մեկնութիւն. Այնտեղ կէտը դնել, թէ Գիրքերուն վկայութիւնը Քրիստոսի կը վերաբերի եւ Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ են վկայութիւնները Քրիստոսի մասին, իսկ երբ հաստատական ըսենք, ինչպէս Գիրքերը կ՚ըսեն. «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին» (Յհ 7.38), դժուար է, որովհետեւ ըստ ճառին ո՛չ մէկ տեղ կ՚երեւի մարգարէներու խօսքերէն, այդ պատճառով զանազան կերպերով կ՚ըսեն. նախ՝ Եսայիի խօսքը. «Որ ծարաւ էք, ջուրին գացէք» (Ես 55.1), եւ Քրիստոս կը մէջբերէ, որպէսզի մարգարէութիւնը իր լրումին հասցնէ: Դարձեալ, Սողոմոն կ՚ըսէ. «Քու աղբիւրդ ջուրեր պիտի բխին եւ քու հրապարակներով ջուրեր պիտի հոսին» (Առ 5.16), ոմանք, թէ՝ «կեանքի աղբիւր է արդար բերանը» (հմմտ. Առ 10.11), իսկ ուրիշներ, թէ՝ «մարդուն սիրտը խոր ջրհոր է եւ կեանքի աղբիւրէն բխած գետ» (հմմտ. Առ 10.4): Իսկ ոմանք Դաւիթինը, թէ՝ «գետերուն հոսքերը կ՚ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը», իսկ որովայնը Հոգիին շտեմարանն է կ՚ըսէ, որ [է] միտքն ու յիշողութիւնը:

ԳԵՏԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Իսկ գետերը յոգնակիով ըսելը. նախ՝ որովհետեւ հաւատքի աստիճանները ու առաքինութեան տեսակները բազմազան են: Երկրորդ՝ բազմաթիւ են իմաստութիւններն ու գիտութիւնները: Երրորդ՝ զանազան են սրբութիւնները մեր մէջ: Չորրորդ՝ Հոգիին պարգեւները յոգնապատիկ են:

Դարձեալ՝ ըստ Ոսկեբերանին. նախ՝ քանի որ մշտահոս է եւ անհատ: Երկրորդ՝ յորդ ու առատ: Երրորդ՝ շահաւէտ է եւ օգտակար: Չորրորդ՝ նախ ծածկուած են եւ ապա դուրս կը հոսին, սոյնպէս հաւատքը, իմաստութիւնն ու սրբութիւնը նախ սիրտին մէջ կը հաւաքուին հոգիէն եւ ապա դուրս գալով ուրիշներուն վրայ կը տարածուի:

Խօսք. «Կենսատու ջուրի» (Յհ 7.38):

Մեկնութիւն. Հաւատք եւ իմաստութիւն եւ այլ կենդանի ջուր կ՚ըսուի երկու պատճառով. նախ՝ որովհետեւ անով մարդը կը միաւորուի իր կենդանութեան սկիզբին, որ է Աստուած: Երկրորդ՝ քանի որ միշտ կը նորոգէ բարութիւնը եւ ինքն իրմէ չի պակսիր, այլ՝ միշտ կը բխի, եւ որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւներուն մէջ մեծագոյնն է, որով եւ միւս բոլոր պարգեւները կը տրուին, թէ՝ Հոգին Սուրբ: Այդ պատճառով Աւետարանիչը Քրիստոսի խօսքերը մեկնելով, ասոր յարելով՝ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ Իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին» (Յհ 7.39):

Մեկնութիւն. Պենտէկոստէին օրը, որով առաքելաները Սուրբ Հոգիին պարգեւներով լեցուեցան, եւ ապա անոնցմէ իմաստութեան գետեր բխեցան եւ աշխարհը ոռոգեցին, ըստ այնմ. «Գետերուն հոսքերը կ՚ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը» (Սղ 45.5): Եւ չորս են, որ շնորհները կը բաշխեն, [որ] չորրորդ գլուխին մէջ ցոյց տրուեցաւ, սամարացի կնոջ մասին [խօսած ժամանակ]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 74

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020