ՀԵՏԱԶՕՏՈՂԻ ԴԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ (Ա.)
Նախորդ երկու յօդուածներովս գրեցի Թուրքիոյ մէջ որպէս պէյրութահայ փորձառութեանս մասին։ Քիչ մը դուրս գալով հետազօտութեան անմիջական շրջանակէն՝ փորձեցի բացատրել, թէ ինչպիսի՞ զարգացում ապրեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ իմ կեցուածքս այդ երկրի մէջ անցած գրեթէ երկու տարուան ընթացքին։
Այս անգամ կը վերադառնամ հետազօտութեանս, թէեւ լուսարձակս ձեւով մը կը պահեմ դարձեա՛լ իմ վրաս. սակայն ոչ թէ ենթակայական ու ներաշխարհային հարցերու մասին կը խօսիմ, ինչպէս նախորդ անգամներուն, այլ իմ ու հետազօտութեանս յարաբերութեան։ Այլ խօսքով, ի՞նչ կ՚ենթադրէ որպէս պէյրութահայ Թուրքիոյ մէջ Թուրքիոյ հայերու մասին հետազօտութիւն ընելը, նոյնինքն հետազօտութեա՛ն դիտանկիւնէն։ Ի՞նչ դժուարութիւններ, հայ ուսումնասիրողի մը համար կան ի՞նչ անպատեհութիւններ, զորս պիտի չդիմագրաւէր, օրինակ, անգլիացի հետազօտող մը։ Միւս կողմէ, կա՞ն նաեւ առաւելութիւններ. որո՞նք են անոնք։ Վերջապէս, ինչպէ՞ս նաւարկել այս բոլորին մէջ, չվնասելու համար հետազօտութեան ընթացքը։ Ահա այս խնդիրներուն է, որ կը փափաքիմ անդրադառնալ այս մէկ, երկու, կամ երեք սիւնակներով։
Սկսիմ ըսելով, որ Թուրքիոյ հայերու թեմայով ուսումնասիրութիւն մը կատարող սփիւռքահայ հետազօտողիս կացութիւնը կը յարմարի «կէս» հետազօտող-մարդաբանի սահմանումին։ Ակադեմական շրջանակներու մէջ օգտագործուող այս բառակապակցութիւնը (բնօրինակը՝ halfie anthropologist, իսկ թարգմանութիւնս՝ երեւի անյաջող) կ՚օգտագործուի ա՛յն հետազօտող մարդաբաններու համար, որոնք ո՛չ ամբողջովին օտար են իրենց կողմէ ուսումնասիրուած հասարակական դաշտին մէջ, ո՛չ ալ մասնիկն են այդ դաշտին. մէջտեղը տեղ մը կը գտնուին։ Իմ պարագայիս, օրինակ, հետազօտողս հետազօտ-ւողին հետ կը բաժնէր ինքնութեան որոշ տարրեր, իմա՛ հայ ըլլալը, մինչեւ դար մը առաջ քիչ թէ շատ նոյն պատմութեան կրողը ըլլալը, արմատներով նոյն տարածքաշրջանին կապուած ըլլալը, եւ ուրեմն այս կամ այն չափով նոյն հաւաքական յիշողութիւնը կրելը։ Միւս կողմէ սակայն, բնականաբար կը մնայի «դրսեցի» մը. առնուազն դար մը տարբեր պատմութիւն ու զարգացումներ կը բաժնէին զիս այն մարդոցմէ, որոնց կը փորձէի մօտենալ, հասկնալ, բացայայտել։ Այս դիրքաւորումը, ինչպէս վերն ալ ըսի, իր հետ կը բերէ թէ՛ առաւելութիւններ, թէ՛ անպատեհութիւններ։ Կը սկսիմ վերջինէն, առաւելութիւնները թողելով յաջորդող սիւնակներուն։
Առաջին անպատեհութիւնը, հաւանաբար ընթերցողը մտածէ, կողմնակալութեան խնդիրն է։ Երթալ որպէս հայ, պատմական զոհի կարգավիճակով եւ բարդոյթով, ուսումնասիրելու համար Թուրքիան ու անոր հայութիւնը, կրնայ թերեւս անգիտակցաբար ազդել եզրակացութիւններուն եւ վերլուծութեան վրայ։ Բարեբախտաբար, սակայն, այս խնդրին գրեթէ չեմ բախած (կամ այդպէս կը կարծեմ), պարզ այն պատճառով, որ ուսումնասիրութեանս հիմնական թիրախը ո՛չ պատմական դէպքերն ու ընթացքն էին, ոչ ալ ներկայ հայ-թրքական յարաբերութիւնները. այլ, ինչպէս շարքիս հետեւող մը արդէն լաւ պիտի գիտնայ, Թուրքիոյ հայերը, իրենց բազմազանութեամբ, ներքին խնդիրներով, սահմանագծումներով։ Անշո՛ւշտ, եւ բնականաբար, զիրենք չեմ ուսումնասիրած թրքական իրականութենէն կտրեալ վիճակով. ի վերջոյ իրենց խըն-դիրներն ու ինքնութեան ձեւաւորումը նոյնիսկ խորապէս կապակցուած են Թուրքիո՛յ մէջ ըլլալու հանգամանքին։ Այդ առումով, այո՛, անդրադարձած եմ նաեւ պետութեան քաղաքականութեան, պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու ճնշումներուն ու հալածանքներուն, բայց որպէս երկրորդական հետազօտութիւն, հիմնուած արդէն իսկ կատարուած հետազօտութիւններու վրայ, որոնց հեղինակները նաեւ, ի շարս այլոց, թուրքեր ալ կը ներառեն։
Անշուշտ չեմ կրնար հարիւր տոկոսով բացառել, որ երեք հարիւր եօթանասունէն այս կամ այն էջիս այս կամ այն նախադասութեան շարադրութիւնը կամ բառերու ընտրութիւնը իր մէջ ենթակայական-զգացական լիցք եւս ունեցած ըլլայ։ Բայց հետազօտութեանս էական հարցադրումները, ինչպէս արդէն ըսի, ուղղակի կերպով չեն առընչուիր այդ խնդրին։ Այլապէս ալ, կարեւոր էր անշուշտ գիտակից ըլլալ հետազօտական դիրքաւորման այս երեսակին, խուսափելու համար գիտական-քննականէն զգացական-ենթակայական հնարաւոր շեղումներէ։ Ընթերցողին կը մնայ դատել, թէ ինչքան յաջողած եմ, ինչքան ոչ։
Ահա սիւնակս լրացաւ, բայց նշուած անպատեհութիւններու եւ դժուարութիւններու քննարկումը՝ ոչ։ Վերադառնա՛նք անոնց գալ շաբաթ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ